Յ. Պալեան
Մարդիկ, ինչ ալ ըլլան իրենց ընկերային դիրքը եւ դերը, կը սիրեն խօսիլ օրէնքի, արդարութեան, իրաւունքի եւ նման հարցերու մասին, բայց նոյն բանը չեն հասկնար, անոնց ըմբռնումը եւ գործադրութիւնը յաճախ իրարմէ այնքա՜ն հեռու կ’ըլլան, ենթակայական, հակասական, այսինքն՝ նոյն բառերը գործածելով նոյն բանը չեն ըսեր. թաղային միութենէն մինչեւ կուսակցութիւն, կառավարութիւն, սրճարանային զրոյցներէն մինչեւ լրատուամիջոցներ:
Օրէնքի, արդարութեան եւ իրաւունքի մասին դատարկ ճառերը քաղաքական կեանքի մէջ գործող պատեհապաշտներու եւ հզօրներու չսպառող դրամագլուխն են, ամպհովանի՝ որուն տակ դիրքեր կը նուաճուին եւ կ’ամրացուին, ներազգային եւ միջազգային հարթակներու վրայ: Մարդը, ինչ ալ ըլլայ իր ընկերային վիճակը եւ դիրքը, երբեք պէտք չէ կորսնցնէ իր իրատեսութիւնը եւ բառերը իմանայ եւ գործածէ իրենց ճիշդ իմաստով:
Բռնատիրական կարգերու տակ ալ (չ)օրէնքներ կան, իշխանութիւնը կը պարտադրէ, որ անոնք յարգուին, իշխողները անոնցմով իրենք զիրենք կ’արդարացնեն, կ’ուզեն ընդունելի համարուիլ, անոնցմով կը գործեն դատարանները: Գաղտնիք չէ, որ իշխանաւորներ, անհատ թէ հաւաքական, օրէնք կը մշակեն եւ կը մեկնաբանեն ըստ իրենց հայեցողութեան, շահերուն, փառասիրութիւններուն: Կարծէք օրէնքը գեղեցիկ շպար մըն է, օր մը՝ կապոյտ, օր մը՝ կարմիր: Այսպէս եղած է միշտ:
Եթէ տիրողներու հոգեբանութիւնը շատ չէ փոխուած անգամ, մարդոց բարոյական ըմբռնումները յառաջդիմած են, իմաստասէրներ խօսած են, սերունդներ առաւել կամ նուազ չափով զանոնք լսած են, անոնց գաղափարներով դաստիարակուած, ճակատ յարդարած են տիրողներու եւ շահագործողներու դէմ, բայց խաղը շարունակուած է, վաղը կանգ պիտի չառնէ:
Բարոյականի, օրէնքի եւ արդարութեան մեծ գաղափարները եւ անոնց հանդէպ յարգանքը եւ անոնց անշեղ գործադրութիւնը տարուբերած են մէկ երկրէ միւսը, մէկ ժամանակէ միւսը: Մտածողը միշտ գտնուած է երկընտրանքի առջեւ. գոհանա՞լ յարգելով օրէնքի տառը, թէ զայն գերանցել՝ վասն նոյնինքն օրէնքի բացարձակութեան, իրա՛ւ բարոյական ըմբռնումով: Այս հակասութիւններու շուրջ հիւսուած են քաղաքական ճառը, դիւանագիտական իմաստուն համարուած խարդաւանանքները, խաբուած կամ լուսաբանուած են զանգուածները:
Ամէն անգամ որ օրէնքի մեկնաբանութեան ճապկումներ կը տեսնեմ, կ’իմանամ, կը յիշեմ հին Յունաստանի պատմութեան մէջ յիշուած Անթիկոնը, որ կը մերժէ ենթարկուիլ քաղաքական իշխանութեան կողմէ հաստատուած օրէնքին, յանուն աստուածներու օրէնքին, այսինքն՝ իրաւ մարդկային-բարոյական օրէնքին: Այս հին եւ նոր պատմութիւն է, քանի որ օրէնքի չարաշահումը յաճախ օրինական կանոն է, ո՛չ օրինաւոր:
Օրէնքի եւ անոր չարաշահման խնդիրը Հին Յունաստանի պատմութեան մէջ ներկայացուած է, եղած է նաեւ գրականութիւն՝ Սոփոկլէսի թատրոնով: Պատմութիւնը կ’ըսէ, որ հակառակ իր եղբայրը թաղելու օրինական արգելքին, Անթիկոն կը հպատակի աստուածային օրէնքին, ըստ որուն ամէն մեռեալի իրաւունք է գերեզման ունենալ, ան կը թաղէ իր եղբայրը, իշխանութիւնը գրաւած թագաւորը զինք կը դատապարտէ մահուան:
Ֆրանսացի գրող Ժան Անույի «Անթիկոն» թատերական երկը բեմականացումն է յաւերժական կրկնութիւն եղող այս օրինաւորի եւ օրինականի բախման:
Այս մարդկային ողբերգութեան մասին խօսած է Ի դարու մարդկային իրաւանց համար պայքարած եւ զոհուած Մարթին Լութըր Քինկ, որուն խօսքը եթէ առաջնորդող ըլլայ ամէն գոյնի եւ ազգի «մեծ»–երուն եւ «որոշող»–ներուն, ճառերու մէջ թութակաբար հնչող արդարութիւնը, իրաւունքը, ճշմարտութիւնը, կը յանգին իրենց անկեղծիք իմաստին: Ան ըսած է.
«Ոչ միայն օրինականութիւն է, այլ բարոյական պատասխանատուութիւն՝ հպատակիլ ճիշդ օրէնքներու: Ընդհակառակն, բարոյական պատասխանատուութիւն է չհպատակիլ անարդար օրէնքներու: Ամէն օրէնք որ կը բարձրացնէ մարդու անձնաւորութիւնը, արդար է: Ամէն օրէնք, որ կը խաթարէ մարդու անձնաւորութիւնը, անարդար է»*:
Արդարեւ վատ օրէնքը գործադրել անբարոյութիւն է, իսկ զայն ընդունիլ եւ անոր հպատակիլ բարոյական անպատասխանատուութիւն: Այս՝ հաւասարապէս անհատական, հաւաքական, քաղաքական եւ միջազգային յարաբերութիւններու պարագային:
Գիտակցիլ եւ հասկնալ կացութիւնները շատ բան չեն նշանակեր, անհետեւանք են, բառերու չարչրկում, եթէ չհետեւի յանձնառութիւնը, մնալով ձեռքերը լուացող Պիղատոսի դերին մէջ, ինչ որ կը նպաստէ վատ օրէնքի տեւականացման եւ անպատասխանատուութեամբ՝ գործադրութեան:
Այս յաւերժական կնիքով անարդարութեան մասին «Անթիկոն» թատերախաղի հեղինակ ժան Անույ կ’ըսէ հետեւեալը. «Լաւ է մեռնիլ բանի մը համար: Ըսելով, որ աւազի փոքրիկ հատիկ մըն ենք, այդքա՛ն, բայց աւելցնելով աւազի հատիկները մեքենային մէջ, օր մը, ան պիտի ճռնչէ եւ կանգ առնէ»**: Այսինքն, արդարութիւն եւ իրաւունք պաշտպան կ’ուզեն, իսկ պաշտպանութիւնը սպիտակ ձեռնոցներով չ’ըլլար, անոնց տէր պէտք է ըլլալ՝ յանձնառութեամբ, ի հարկին ընդունելով անոր գինը վճարել:
Մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի այժմեան կացութիւնը կը թելադրէ մեզմէ իւրաքանչիւրին, ներսը եւ դուրսը, ինչպէս թերթ մը կ’ըսէր, դադրիլ «կենցաղային ազգ» ըլլալէ, չբաւարարուիլ ցուցադրութեամբ, show կազմակերպելով եւ հրճուելով: Բիրտ ճշմարտութիւնները ըսողներ կան, ամբաստանութիւններ կան: Հայաստանի քաղաքական գործիչներէն Հայկ Բաբուխանեան, 19 Նոյեմբերին ըսած է, Հայաստանի վարչապետի եւ անոր կառավարութեան մասին.
«Իր որոշումով էլ երկիրը քանդում է ու տալիս է Թուրքիային, ինչպէս Արցախի մեծ մասը յանձնեց Ատրպէյճանին, իսկ Սիւնիքը կտրեց Հ․Հ․ մնացած մարզերից: Ի հարկէ, ինքն ու իր յետեւում կանգնած ուժերն են որոշում, որ Հայաստանը պէտք է վերացնել ու վերացնում են: Ցանկացած մարդ, եթէ քիչ, թե շատ կաղապարուած չէ ինչ-ինչ պայմանավորուածութիւներով եւ հանգամանքներով, Նիկոլի տեղը լինէր 25 անգամ հրաժարական կը տար ու ամօթից գետինը կը մտնէր, ասելով, թէ էս ինչ բերեցի իմ երկրի գլխին: Իսկ Նիկոլն իր իշխանութեան գալու հենց առաջին օրերից՝ 2018 թուականի մայիսից սկսած՝ հողեր է յանձնում: Այդ ժամանակ Նախիջեւանից մտան ու բաւականին հողեր գրաւեցին Արենիի կողմից, իսկ յետոյ յանձնեցին տարածքներ Արցախից, ապա մտան Սեւ լիճ, Սիսիան ու Ջերմուկ»:
Այս կացութեան մէջ, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն խաղէն առաջ եւ վեր, իր ճակատագրին տէր ըլլալ ուզող ժողովուրդ պէտք է, միշտ՝ ներսը եւ դուրսը: Զարմացումով կը մտածեմ Հայաստանի մտաւորականութեան մասին, որ գեղագիտական թափահարումներէ անդին անցնելով, իր ժողովուրդի առաջնորդութիւնը չի ստանձներ:
Այս մտածումները թուղթին կը յանձնէի, երբ իմացուեցաւ, որ Ֆրանսայի նախագահական ընտրապայքարի ելած հաւանական թեկնածու մը Հայաստան հրաւիրուած է: Անխոհեմ քայլ մը, որ կրնայ պատճառ ըլլալ, որ դաշնակից չունեցող Հայաստանը կորսնցնէ նաեւ իրեն նկատմամբ բարեացակամութիւն ունեցող եւ ցուցաբերող Ֆրանսան: Հայաստան իր բոլոր հարցերը լուծա՞ծ է, եւ հիմա կ’ուզէ հետեւիլ Էրդողանի օրինակին եւ ազդել եւրոպական այս կամ այն երկրի ընտրութիւններուն վրայ: Այս միայն անխոհեմութիւն չէ, այլ ազգավնաս քաղաքական ընթացք: Չե՞ն մտածած այսքա՜ն անմիտ որոշման մը հետեւանքներուն մասին՝ Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակին եւ Ֆրանսայի աւելի քան կէս միլիոն հայկական գաղութի վարկի մասին:
Ի՞նչ պէտք է ընել, որ Հայաստանի մտաւորականութիւնը եւ նուազագոյն ողջմտութիւն պահած ժողովուրդը, լսեն Լութեր Մարթէն Քինկը, դադրին հպատակելէ օրէնքի տառին եւ Անթիկոնի յանդգնութիւնը վերածեն քաղաքացիական արթնութեան:
Միթէ՞ պէտք է կրկնել, որ վաղը ուշ է միշտ: