Խորհրդային Ներքին Սահմանների Եւ Սահմանազատման Բանակցութիւններու Մասին

0 0
Read Time:2 Minute, 38 Second

Կարօ Արմենեան
Նոյեմբեր 22, 2021
Վարչապետ Փաշինեանի Նոյեմբերի 23-ի մամլոյ ասուլիսի նախօրեակին,Դիմատետրի համայնքի ուշադրութեան կը յաձնեմ հետեւեալ կարեւոր հանգամանքը, կապուած՝ խորհրդային ներքին սահմաններու վաւերականութեան հարցին։

Խորհրդային ներքին սահմանները ընտրելով որպէս չափորոշիչ, Նոյեմբեր 9, 2020-ի Եռակողմանի Յայտարարութեան ստորագիր կողմերը (յանձինս Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պետերուն) հաստատած են շատ ծանրակշիռ մէկ նախընթաց, որ յղի է աննախատեսելի հետեւանքներով ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան համար, այլեւ Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակին։

Գաղտնիք չէ, որ Արցախի հողատարածութեան մօտ 70%-ը յափշտակած Ատրպէյճանը այսօր բացայայտօրէն կը խօսի ամբողջ Արցախը իւրացնելու հռետորաբանութեամբ եւ այլեւս կը մերժէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան միջնորդութիւնը։ Գաղտնիք չէ նաեւ, որ ան ունի Թուրքիոյ անվերապահ զօրակցութիւնը այս խնդրին մէջ։ Իսկ թէ ի՞նչ կը մտածէ ներկայիս Մոսկուան այս հարցի կապակցութեամբ ծրարուած է թանձր մշուշի մէջ։

Մէկ կողմէ կը խօսուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին…ներառելով Արցախը եւ միւս կողմէ առաջ կը քաշուի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման դատը։ Այլեւայլ նրբերանգներով, այս է էութիւնը մոսկովեան շփոթ խօսոյթին։

Յամենայն դէպս մէկ կարեւոր հանգամանք հետզհետէ կ՚ուրուագծուի եռակողմանի դիւանագիտութեան խօսակցութիւններու խորապատկերին մէջ։

Խորհրդային ներքին սահմաններուն հապշտապ վաւերականութիւն շնորհելով (եւ Հայաստանն ալ կողմ դարձնելով այս որոշման), Մոսկուա եւ Ատրպէյճան ինքնաբերաբար իրաւական հող կը պատրաստեն ինքնորոշուած եւ ինքնիշխան
Արցախի անկախութեան վերջ տալու։ Իսկ Ատրպէյճանի պարագային, Արցախը ամբողջութեամբ իւրացնելու նպատակ ունեցող ատրպէյճանական յառաջիկայ նախայարձակումը (aggression) այժմէն իսկ արդարացնելու եւ «օրինականացնելու»։ Պարզ խօսքով, խորհրդային ներքին սահմանները չափորոշիչ ընդունելու սկզբունքը ինքնաբերաբար կ՚անտեսէ Արցախի ժողովուրդի մղած ազատագրական պայքարը Ազրպէյճանի լուծէն ազատուելու եւ Խորհրդային Միութեան Սահմանադրութեան իսկ ընձեռած իրաւունքներով օրինաւորապէս ինքնորոշուելու։

Վարչապետ Փաշինեան կը մեղադրէ Ազրպէյճանը իր վերջին ռազմական գործողութիւններով Եռակողմանի Համաձայնագրերու գործադրութիւնը խափանած ըլլալուն համար։ Իրականութիւնը, սակայն, բոլորովին տարբեր պատկեր կը պարզէ։ Խորհրդային ներքին սահմանները չափորոշիչ ընդունելով, ստորագիր եռեակը (Հայաստանի Վարչապետն ալ՝ ներառեա՛լ) ի յառաջագունէ հնարաւոր դարձուցած է Ալիեւի սանձարձակութիւնը։ Հնարաւոր դարձուցած է Ալիեւի անպատիժ յաղթարշաւը Հ․Հ․ անկախութեան իրաւակարգով հաստատագրուած մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը ոտնակոխ ընելու եւ Արցախեան հիմնահարցը ամենէն արագ ձեւով փակուած հռչակելու։ Պր. Վարչապետը՝ ի՛նք – խախտելով իր սահմանադրական պարտաւորութիւնները – իր ամէնօրեայ բառապաշարով եւ դիրքորոշումներով «վաւերականութիւն» ընծայած է մեր հայրենիքի սահմաններէն ներս Ազրպէյճանի կազմակերպած տարածքային բացայայտ կողոպուտներուն։ Պարզ չէ՞, որ Եռակողմանի Համաձայնագրերու կառուցակարգը (institution, ինստիտուտ) ի վերջոյ ստեղծուած է այս չարաշուք նպատակին համար եւ ոչ՝ զայն կանխելու։

Այս բոլորէն կը հետեւի այն, որ խորհրդային ներքին սահմաններուն նոր կիրառութիւն տալու փորձերը նոր ողբերգութեան մը սկիզբն են եւ ոչինչ կայ դրական յիշեալ գաղափարին մէջ։ Սահմանազատման բանակցութիւնները այսօր կեանքի իրականութեան մաս կը կազմեն։ Անոնք պիտի ըլլան բարդ, կնճռոտ, ականապատուած եւ հայկական կողմէն հաստատակամութեան մեծ պաշարներ պահանջող։ Հայաստանը պէտք է մտնէ այդ բանակցութիւններուն մէջ նոր դիմագծով եւ քաղաքական կամքի նոր կարողականութիւններով օժտուած։

Այսինքն՝ նախ եւ առաջ իր կեանքէն դուրս քշելով Նիկոլ Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգը։ Ուրկէ՞ կ՚անցնի ապագայի սահմանագիծը կախուած է բանակցային գործընթացին մէջ ցուցաբերուած կողմերու ուժային յարաբերութիւններէն եւ եռակողմ (եւ բազմակողմ) համակարգը կառավարելու մեր իմաստութենէն։ Խորհրդային ներքին սահմաններու չափորոշիչը, այս պարագային, կը գործէ միայն Հայաստանի գերագոյն շահերուն դէմ։ Ան թշնամին կը դնէ իրավիճակ թելադրողի միահեծան դիրքերու վրայ։ Այդ դիրքերը մենք պիտի զլանանք թշնամիին։

Սահմանազատման բանակցութիւններու ճակատագիրը կախուած է մեր ազգային համատարած զօրաշարժէն։ Այսինքն՝ Հ․Հ․ ընդդիմադիր ուժերու հաւաքական բազուկէն եւ տարածաշրջանի խաղատախտակին վրայ ինքնուրոյն քաղաքական կամքով գործելու մեր անշեղ յանձնառութենէն։ Թշնամին եւ բարեկամը պիտի շուտով համոզուին, որ նոր, կորովի, նպատակախնդիր, ինքնավստահ, երիտասարդ եւ գործունակ Հայաստանն է, որ մտած է գործի ասպարէզ պատերազմի քոշմարը թողնելով իր ետին։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles