Հայաստան

Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Բողոքի Ցոյց


ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7-ին, Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը բողոքի ցոյց կատարեց կառավարութեան շէնքին առջեւ` քննադատելով Նիկոլ Փաշինեանի խօսքին, գործին եւ իրականութեան անհամապատասխանութիւնը:

Երբ Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ատենապետ Տարօն Ղազարեան բարձրախօսով սկսաւ յիշեցնել Նիկոլ Փաշինեանի` Շուշիի վերաբերող վերջերս Լիթուանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին կատարած ապազգային եւ անպատասխանատու հերթական յայտարարութեան մասին, ոստիկանութիւնը` ուժի գործադրութեամբ, զայն բերման ենթարկեց:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան նշեց, որ չկայ օրէնք կամ կարգաւորում մը, որով կարելի է բերման ենթարկել անհատ մը բարձրախօս օգտագործելուն համար:

Advertisement Subscribe Today

Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միութեան անդամ Գոռ Սարգսեան ըսաւ, որ համախմբուած են Հայաստանի թիւ մէկ հողատուին ըսելու, որ Շուշիի մէջ այս 30 տարուան ընթացքին բազմաթիւ բաներ կառուցուած են, բազմաթիւ գործեր կատարուած:

Խօսելով ոստիկաններուն կողմէ` բարձրախօսով խօսելուն համար բերման ենթարկուած իրենց ընկերոջ մասին, Գոռ Սարգսեան ըսաւ, որ այդ հարցը բարձրաձայն պիտի արծարծեն, որովհետեւ եղածը բռնաճնշում է:

Լրագրողներուն հետ զրոյցէն ետք, ոստիկանները մօտեցան Գոռ Սարգսեանին եւ զայն եւս բերման ենթարկեցին: Բողոքի խաղաղ ցոյցէն ետք Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց խաղաղ ցուցարարներուն հետ կատարուածը:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button