ՔՈՍՈՎՈՅԻ ԱՆԿԱԽԱՑՈՒՄԸ ՇԱՀԵԿԱՆ Է ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ

0 0
Read Time:4 Minute, 59 Second

Լա Հէյի Միջազգային Դատարանը յայտարարեց, որ Քոսովոն Սերպիայէն անջատուելով եւ անկախութիւն հռչակելով միջազգային որեւէ օրէնք չէ խախտած: Դատարանի եզրակացութիւնը կարդաց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Միջազգային Դատարանի նախագահ Հիսասի Օվատան: Ան նախապէս ըսած էր, որ Քոսովոյի անկախութեան հռչակումը չի հակասեր միջազգային օրէնքի արժեչափերուն: Թէեւ դատարանին որոշումը օրէնքի ուժ պիտի չունենայ, սակայն լուրջ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ նոյնինքն Քոսովոյի, ինչպէս նաեւ այլ պետութիւններու եւ այն տարածքներուն վրայ, որոնք կրնան ապագային անջատուիլ: Այս կացութեան մէջ են Արցախը, Հիւսիսային Կիպրոսը, Հարաւային Օսեթիան եւ Ապխազիան:
Փետրուար 17, 2008ին անկախութիւն հռչակած Քոսովոյի նախագահ Ֆաթմիր Սեյտիու իր կարգին ողջունեց Լա Հէյի Միջազգային Դատարանին այն եզրակացութիւնը, թէ Քոսովօ Սերպիայէն անկախութիւն հռչակելով միջազգային որեւէ օրէնք չէ խախտած: Ան ըսաւ, որ այլ երկիրներու կողմէ Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման շուրջ կասկածներ չեն մնացած: Ան յոյս յայտնեց, որ այդ քայլին դիմելու տատամսող երկիրներ, մանաւանդ ափրիկեան եւ արաբական երկիրները, Լա Հէյի դատարանի որոշումէն ետք ճանչնան Քոսովոյի անկախութիւնը:
Ցարդ, 69 երկիրներ ճանչցած են Քոսովոյի անկախութիւնը, որոնց կարգին Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա: Ռուսաստանն ու Սերպիան դէմ եղած են Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ« Վահան Յովհաննիսեանի կարծիքով« Մ.Ա.Կ.ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի, այս որոշումը Քոսովոյի անկախութեան վերաբերեալ« ողջունելի է եւ ի նպաստ Արցախին է: Ըստ Յովհաննիսեանի, միջազգային դատարանի հրապարակած վճիռով« Հայաստան կը ստանայ նոր  հնարաւորութիւն եւ կարելիութիւն՝ Արցախի միջազգային ճանաչման համար:
Այն հարցումին« թէ Հայաստան« Արցախեան հարցի կապակցութեամբ կրնա՞յ նոյնպէս դիմել Միջազգային Դատարան« Յովհաննիսեան պատասխանեց թէ Քոսովոյի պարագային դատարան դիմած էր Սերպիան« երբ վաթսունէ աւելի երկիրներ արդէն ճանչցած էին Քոսովոյի անկախութիւնը: Արցախեան հարցի պարագային« պէտք է դատարան դիմէ Ատրպէյճանը« որ« ըստ Յովհաննիսեանի« երբեք նման քայլի պիտի չհասնի: Արցախի հարցի լուծման առնչութեամբ, Պաքու այլ միջոցներ կը կիրառէ: Ըստ Յովհաննիսեանի« Արցախեան հարցի կարգաւորման գործընթացին կապակցութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ ինչ մօտեցում ալ կիրառուի« կը նշանակէ« որ Հայաստան պէտք է նոր քաղաքականութիւն մշակէ:
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան« անդրադառնալով Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռին՝ յայտնեց« որ »Առկայ են բոլոր իրաւական հիմքերը« որպէսզի Հայաստանը (քաղաքական կամքի առկայութեան դէպքում) ճանաչի Արցախի անկախութիւնը« եւ դիմի այլ պետութիւնների« որպէսզի նրանք եւս ճանաչեն« առանց մտավախութեան« որ այսպիսով միջազգային իրաւունքին հակասող քայլ են առնում«: Մանոյեանն ալ հաստատեց թէ դատարանին վճիռը կրնայ դրական նշանակութիւն ունենալ Արցախի հարցին առնչութեամբ: Արդարեւ, անոր կարծիքով« Հայաստանի դիւանագիտութիւնը՝ բոլոր մակարդակներով« ինչպէս նաեւ քաղաքականհասարակական կազմակերպութիւնները« Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մէջ պէտք է նշեն« թէ Արցախը ոչ միայն միջազգային իրաւունքի« այլ նաեւ նախկին Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն համաձայն« դուրս եկած է Ատրպէյճանի կազմէն« եւ ուրեմն պէտք է ճանչնալ այդ փաստը:
»Այն երկիրները« որոնք ճանաչել են Քոսովոն« եւ այն երկիրները« որոնք ճանաչել են Հարաւային Օսէթիան եւ Ապխազիան« նոյն բանն են ասել իրենց այդ ճանաչումներով: Միջազգային դատարանն էլ« իր հերթին ասում է« որ Քոսովոյի նախադէպը չի հակասում միջազգային իրաւունքին« իսկ այդ իրաւունքում չկայ անկախութեան հռչակման ոչ մի արգելք«« աւելցուց Մանոյեան՝ ընդգծելով նաեւ« որ եթէ Լա Հէյի դատարանին վճիռը կիրառուի Արցախի պարագային« ապա Ատրպէյճանի համաձայնութեան կարիքը ընդհանրապէս չի զգացուիր Արցախի անկախութեան ճանաչման համար: »Հայաստանի կողմից Արցախի իրաւական ճանաչումը աւելի շատ բանակցային գործընթացի իրավիճակից է կախուած: Այսինքն« եթէ բանակցութիւնները մտնեն փակուղի« դիցուք՝ Ատրպէյճանը յայտարարի« որ չի ընդունում խնդրի կարգաւորման սկզբունքները« ապա մենք էլ« որպէս իրավիճակին համարժէք քայլերից մէկը« կարող ենք ճանաչել Արցախը«, պատասխանեց Մանոյեան թղթակիցի մը այն հարցումին« թէ ներկայ իրավիճակին մէջ Հայաստանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը, կրնա՞յ նպաստաւոր ազդեցութիւն ունենալ:

«ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ ԵՆՔ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ»
ԸՍԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Քոսովոյի անկախութեան առթիւ, Լա Հէյի դատարանի որոշումի լոյսին տակ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան« Ստեփանակերտի մէջ, պատասխանեց լրագրողներու կարգ մը հարցումներուն, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: Ըստ նախագահ Բակօ Սահակեանին, Լա Հէյի դատարանի՝ Քոսովոյի անկախութեան վերաբերեալ որոշումը կարեւոր իրադարձութիւն է« որ իրեն հետ կը բերէ աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակ: »Արցախի Հանրապետութիւնը շարունակելու է միջազգային ճանաչման հոլովոյթը«« ըսաւ ան:
Նախագահ Բակօ Սահակեան լրագրողներուն յայտնած է նաեւ« որ խաղաղապահներ շրջան բերելու նիւթը արծարծելը անտեղի եւ վաղ է: Ան աւելցուց թէ Ատրպէյճանի ռազմատենչ դիրքորոշման յայտարարութիւններու աշխուժացման կողքին« կը նկատուի նաեւ ազերի զինուած ուժերու կողմէ Արցախի սահմանային դիրքերու ուղղութեամբ ոտնձգութիւններու սաստկացում:
»Բանակցային հոլովոյթում Արցախի Հանրապետութիւնը, իր հերթին« փորձում է նպաստել ԵԱՀԿի Մինսքի խմբի աշխատանքներին«« յայտնեց նախագահ Սահակեանը« ըստ որուն« այն յարաբերական խաղաղութիւնը« որ այսօր առկայ է շրջանին մէջ« ձեւաւորուած է նաեւ Մինսքի խումբի աշխատանքներուն շնորհիւ: Ան անգամ մը եւս շեշտեց թէ բանակցութիւններուն մեծ արդիւնաւէտութեամբ չընթանալու պատճառը« Արցախի չմասնակցիլն է: »Մենք դեռ չենք համաձայնեցրել Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնը բանակցային հոլովոյթին: Ի՞նչ խաղաղապահների մասին կարող է խօսք լինել«« վերյիշեցուց նախագահ Սահակեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան որդեգրած դիրքորոշումներուն մասին անդրադառնալով, նախագահ Սահակեան ըսաւ.»Ինքնանպատակ պէտք չէ լինի Հայաստանի կողմից Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչումը« սա մի հոլովոյթ է« որն իր հիմնաւորումները պէտք է ունենայ: Մենք պէտք է հաշուի առնենք« որ Հայաստանը պատասխանատուութիւն է կրում միջազգային հանրութեան առջեւ« ուստի չի կարելի մեղադրել Հայաստանին« որ չի ճանաչում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Այսօր Հայաստանի նախագահն իրականացնում է մի քաղաքականութիւն« որը խիստ տարբերւում է հակառակ կողմի իրականացրած ապակառուցողական քաղաքականութիւնից…«:
Նախագահ Սահակեան եզրակացուց թէ Հայաստանի կառուցողական ջանքերը ուղղուած են Արցախի խնդիրի լուծման« որ մեծապէս գնահատուած է միջազգային հանրութեան կողմէ: Ատրպէյճան կը փորձէ իր դրսեւորումներով ձախողեցնել բանակցային հոլովոյթը եւ չնպաստել հոլովոյթի տրամաբանութեան:

ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խորհրդարանական խմբակցութիւնները միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին՝ Լա Հէյի միջազգային դատարանի՝ Քոսովոյի անկախութեան հռչակման շուրջ տուած որոշումին մասին:Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական երեք ուժերու՝ Հայրենիք, ժողովրդավարութիւն եւ Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւններուն հրապարակած միացեալ յայտարարութիւնը կարդաց պատգամաւոր Վահրամ Աթանեսեան:
Ստորեւ յայտարարութիւնը.
»1991 թուականի Դեկտեմբերի 10ին, յենուելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքների վրայ եւ խստօրէն հետեւելով Խորհրդային Միութեան օրէնսդրութեան պահանջներին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը հանրաքուէով անկախութիւն հռչակեց: Անցած շուրջ երկու տասնամեակում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կասեցրել է Ատրպէյճանի զինուած նախայարձակումը, հասել հրադադարի մասին համաձայնութեան եւ լիովին դրսեւորուել որպէս ժողովրդավարական պետութիւն: Մեր ժողովուրդը ձգտում է հռչակած անկախութեան միջազգային ճանաչմանը, որը համահունչ է արդի աշխարհակարգի զարգացման հիմնական միտումներին:
»Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Յուլիս 22ի որոշմամբ հաստատեց եւ իրաւաբանօրէն ամրագրեց, որ ազգերի ինքնորոշման իրաւունքն ու դրա իրականացումը չեն խախտում միջազգային ընդհանուր իրաւունքի որեւէ սկզբունք կամ կանոն, այդ թւում՝ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը:
»Մենք վերահաստատում ենք առկայ խնդիրները միջազգային իրաւունքի հիման վրայ խաղաղ բանակցութիւնների միջոցով կարգաւորելու Արցախի ժողովրդի պատրաստակամութիւնը:
»Գտնում ենք, որ միջազգային յարաբերութիւններում արձանագրուած նոր իրավիճակում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը բանակցային գործընթացի յաջողութեան համար պատրաստ է ստանձնել իր հեղինակութեանն արժանի պատասխանատուութիւն՝ յանուն տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ միջազգային անվտանգութեան«:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles