ՔՈՍՈՎՈՅԻ ՕՐԻՆԱԿՈՎ ԵՒ ՏԱՐԲԵՐԱԿՈՎ…

0 0
Read Time:1 Minute, 25 Second

Լա Հէյի Միջազգային Դատարանի՝ Քոսովոյի անկախութեան հռչակման շուրջ տուած որոշումը դուռ բացաւ բազմաթիւ յայտարարութիւններու, վերլուծումներու, մամլոյ ասուլիսներու եւ պաշտօնական հաղորդագրութիւններու:
Փոքր հողատարածքի մը շուրջ անհամաձայնութիւն, բուռն վիճաբանութիւն, ուժի գործածութիւն եւ վերջապէս Միջազգային Դատարան: Աւելին, կատարուած բաղդատութիւններն ալ նոյնանման փոքր հողատարածքներ, որոնք միեւնոյն կացութիւնը ստեղծած են ռազմաքաղաքական բնագաւառէն ներս: Այս յար եւ նման կացութիւններէն մէկն է Արցախը:
Որքանո՞վ կարելի է այսպիսի կացութիւններ համադրել եւ միատեսակ որոշումներ տնօրինել: Մանաւանդ որ, ամէն մէկ հողատարածք ունի իր իւրայատուկ պատմութիւնն ու անցեալը:Հետեւաբար այս դիտանկիւնէն դիտուած, կարելի է շուտով հաստատումներ ու վերլուծումներ կատարել…Քոսովոյի օրինակով եւ տարբերակով:
Քոսովոյի օրինակով կարելի է որ Արցախ յայտարարէ միակողմանի անկախութիւն, այդ ալ ինքնուրոյն կերպով: Անկախութիւն մը որ երբեք պիտի չնկատուի անօրինական: Տարբերակն այն է թէ Քոսովոյի պարագային, մութ եւ անյստակ պատճառներով, յանկարծ միջազգային աշխարհն ու հանրութիւնը գործի լծուեցաւ եւ ամէն գնով փորձեց կանխել յաւելեալ արիւնահոսութիւն ու աղէտ եւ նոյնիսկ քիչ մըն ալ աւելի անդին երթալով ձօնեց անկախութիւն մը, Լա Հէյի Միջազգային Դատարանի հովանիին տակ: Արցախի պարագային, գոյութիւն չունին այս դիւրութիւնները: Ժողովուրդը ինքն է որ կը պայքարի յաչս անկախութեան եւ հողերու ազատագրութեան: Այսուամէնայնիւ, այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ յստակ է թէ Լա Հէյի դատարանի՝ Քոսովոյի անկախութեան վերաբերեալ որոշումը թէ որեւէ սկզբունք գերակայ չէ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին, խիստ կարեւոր ու անկիւնադարձային իրադարձութիւն մըն է« որ իրեն հետ քաղաքական բնագաւառ պիտի փոխադրէ աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակ: Հետեւաբար, նմանօրինակ որոշում,  նախընթացային բնոյթ ունի եւ ուղղակիօրէն կրնայ ազդեցութիւն ունենալ Արցախի խնդիրի լուծման գործընթացին մէջ:
Այս տարբերակն է որ կրնայ յատուկ ազդեցութիւն չունենալ, Արցախի գծով, ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն վրայ:
Բնականաբար բոլորովին տարբեր մօտեցում ունի Պաքուն, որ հետզհետէ բազմապատկած է իր յարձակողական գործողութիւններն ու «ապակառուցողական» քաղաքականութիւնը, շարունակ  ռազմատենչ ու ծաւալողապաշտ դիրքորոշումներ արտայայտելով, ոճ մը որ երբեք հանդուրժելի չէ, Լա Հէյի նման դատական ատեանի մը կողմէ, որուն պարտականութիւնն է կասեցնել նմանօրինակ ընթացք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles