ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Յունուար 14-ին, Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն, ուր բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցաւ, որոնց կարգին յատկապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։
Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ստորագրուեցաւ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթ մը։
Այս ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութեան ստորագրումը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութեան մը պայմաններուն ներքեւ։ Էնթընի Պլինքըն նշեց, որ իր երկիրը կ՚աշխատի Հայաստանի հետ՝ ամրապնդելու ջանքերը ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ։ «Կը ստեղծենք ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողով մը, ինչ որ կ՚ենթադրէ ընդլայնել համագործակցութիւնը տնտեսական, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան, ներառականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտներէն ներս», ըսաւ Էնթընի Պլինքըն եւ աւելցուց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն Ուաշինկթընէն մաքսային եւ սահմանային պարեկային խումբ մը պիտի ուղարկուի Հայաստան՝ աշխատելու համար սահմանային անվտանգութեան կարողութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։
Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ուաշինկթընի ջանքերուն համար՝ ուղղեալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի ամբողջականութեան եւ Հայաստանի անկախութեան աջակցելու համար։ «Երեւան յանձնառու է խաղաղութեան օրակարգին եւ անոր իրագործման, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը Ուաշինկթընի հետ՝ այս ընդհանուր նպատակին հասնելու համար», ըսաւ ան։ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստան կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը իր անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան համար։ Ան աւելցուց նաեւ, որ Հայաստան պատրաստակամ է աշխատելու նոր վարչակազմին հետ։
Ինչ կը վերաբերի կանոնագրին, ապա Միրզոյեան նշեց, որ այդ մէկը կ՚ընդգրկէ բազմաթիւ ոլորտներ. օրինակ՝ տնտեսութիւն եւ ուժանիւթի կապերու ամրապնդում, հաղորդակցութիւններ, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համագործակցութեան խորացում, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդում, արդարադատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան խթանում, նորարարութիւններու եւ բարձր փորձագիտութիւններու զարգացում, ինչպէս նաեւ մարդոց միջեւ շփումներու ընդլայնում։ «Մենք նաեւ կը սկսինք բանակցութիւններ ԱՄՆ-ի հետ միջուկային համագործակցութեան համաձայնագրի շուրջ։ Սա յայտնի է՝ որպէս «123-րդ համաձայնագիր»։ Ան կ՚ընձեռէ խաղաղ նպատակներով միջուկային ուժանիւթի օգտագործման հարցին մէջ համագործակցութեան շրջանակ եւ կը նշանաւորէ մեր յանձնառութիւնը միջուկային ուժանիւթի խաղաղ զարգացման՝ ապահովութեան, անվտանգութեան եւ չտարածման ամենաբարձր չափանիշներով», ընդգծեց Միրզոյեան։
Արարատ Միրզոյեան մատնանշեց, որ համաշխարհային անվտանգութեան նկատմամբ ընդհանուր յանձնառութեան ոգիով Հայաստան մտադիր է միանալ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին։ «Մենք կը հաւատանք, որ համատեղ գործողութիւնները էական նշանակութիւն ունին այս սպառնալիքի հասցէագրման գործին մէջ», ըսան ան։
Հինգ բաժինէ կը բաղկանայ այս կանոնադրութիւնը։ Բացի նախաբանէն, այդ հինգ բաժիններն են,-
1/ Գործընկերութեան սկզբունքները
2/ Տնտեսական, առեւտրային, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի համագործակցութիւն
3/ Պաշտպանութիւն եւ անվտանգութիւն
4/ Ժողովրդավարութեան, արդարադատութեան եւ ներառման ամրապնդում
5/ եւ մարդկային կապերու եւ մշակութային փոխանակումներու խթանում։