ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ «ԱՂԷՏ» ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ՔՈՆԿՐԷՍԷՆ ՆԵՐՍ

0 0
Read Time:35 Second

Գերմանացի փաստագրող Էրիք Ֆրիտլերի «Աղէտ՝ Ցեղասպանութիւն Մը» վաւերագրական ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ, Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու տան աշխատանքային սրահներէն մէկուն մէջ: Ժապաւէնը կը տեղեկացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ 1915-ի ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին:

Այս ժապաւէնի ցուցադրութիւնը կազմակերպողներուն շարքին էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ, մեծ ներդրում ունեցող դեմոկրատական քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ: Ներկայ եղած են նաեւ Քոնկրէսէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի մասին աշխատանք տանող քոնկրէսականներ՝ Ֆրենք Փալոն, Պրետ Շերման, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվընզ, ինչպէս նաեւ նոյնինք Ֆրիտլըր՝ ժապաւէնին հեղինակը, որ այս գծով կը յայտնէ.- «Չեմ գիտեր, արդեօք իմ ժապաւէնս ամերիկեան Քոնկրէսին մէջ որեւէ ազդեցութիւն պիտի ունենա՞յ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ: Ամէն պարագայի, մեծ պատիւ է ինծի համար, որ այսօր հոս եմ, եւ այդ ժապաւէնը կը ներկայացուի Քոնկրէսէն ներս»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles