Ա Ղ Օ Թ Ք

0 0
Read Time:36 Second

 

Վեհանոյշ  Թեքեան

Սեպտեմբեր 18, 2021

 

Անառիկ կեանք էութեան

Քաղցրահոգի Զօրութի՛ւն,

Դարագոռունչ ապառաժ

Տարագրուած անդաստան,

Խաղաղութեան օթեւան

Կը սարսռային եղեգները յարատունկ

Երբ նորատունկ սերունդի սի՛րտ խրուեցաւ

դաշոյնի հետ դաւադիր,

եւ ծնրադիր՝ հալած խունկի արտօսրի պէս։

 

Ահա ուսերս ծակծկած

Դարձեալ եկայ նոր ուխտի,

Ո՜վ Զօրութիւն բարեշունչ

Նոր պատանքուած տաճարէն դուրս ծորող երդուեալ

Անշարժացո՛ւր Չարի հոգին

անդունդնե՛ր կան անոնց համար։

Տո՜ւր վիրաւոր հայրենիքիս

Ծո՜ւխդ, գութդ ծխանի,

Վերադարձո՛ւր քաղցրութիւնը հոգիիս

ու վեհութիւնը ազգիս։

Սիւնեաց սարե՛ր կ՚ապրին, Շուշիի վարդե՜ր կ՚ապրին

Մեր ատրուշան հոգիներուն մէջ ղուրպան։

 

Փակէ բոլոր անդունդները

փակէ՜՜՜ բոլոր անդունդները,

Եւ տո՛ւր մեզի

Անխղճութեան խրխինջ խեղդած,

Մաղթանքներու, խոստումներու սահմանն անցած

Ճշմարտահեր Առաւօ՛տը Նաւասարդի։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles