Մակար ի Գաղիա, 20 Սեպտեմբեր 2021
Կիրակի: Հայաստանի անկախութեան տարեդարձէն երկու առաջ, Արմենակ եւ Էլպիս, իրենց դրացի Փօլ Տրամերեանի հետ, այցի եկան: Պարոն Փօլ թոշակառու է, դրամատան մը մէջ տարիներ աշխատած է եւ գիտէ դրամ հաշուել:
Մակարուհիի սուրճին հետ Էլպիսի պատրաստած պոլսական «հելվա»ն վայելեցինք: Հայաստանի հեռատեսիլը հայելիի միւս կողմէն դիտող իրազեկ Արմենակ սկսաւ իր ճառը.
– Սփիւռքի հայ ուսուցիչին, վարդապետին, քահանային, դերասանին, գրողին եւ այլ հանրային աշխատաւորներուն ինչո՞ւ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄը պարգեւավճար չի տար: Հայաստան, տիրոջ իրաւունքով, հարիւր միլիոն տոլար առած է ՀԻՄՆԱԴՐԱՄէն, կարիքի համար: Այդ մոռնալով, կառավարութիւնը լիաբուռն պարգեւավճարներ կը բաժնէ պետական պաշտօնէութեան: Եթէ պարգեւավճարի համար միլիոններ կան, ինչո՞ւ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄի հարիւր միլիոնը չի ծառայեր իր նպատակին եւ մտած է կառավարութեան գանձը:
Փօլ Տրամերեան, որ թոշակառու ըլլալէ ետք սկսած է ազգով զբաղիլ, հարցուց.
– Հայաստան Հաշուական Պալատ, Քուր տէ Քոնթ չունի՞: Երբ ան մեծագումար պարտքեր ունի, ինչպէ՞ս պարգեւավճար կը բաժնէ: Ընկերութիւնները իրենց պաշտօնեաներուն պարգեւավճար կու տան,- primes,- երբ մեծ շահեր ունին, փոխանակ տուրք տալու պետութեան: Հայաստանի արտաքին պարտքը, գաղտնիք չէ, շուրջ տասը միլեառ է: Անտրամաբանական է, որ այդքան պարտք ունեցող երկիր մը պարգեւավճարներ շնորհէ:
– Այդքան մեծ թիւերու խելքս չի հասնիր, ըսաւ Արմենակ: Գիտէք, տասը կամ տասնըմէկ միլեառ, տարբերութիւն չունին չունեցողին համար: Արդէն միջազգային յարաբերութիւններու մէջ սովորական է, որ երկիրներու պարտքերը ջնջուին: Կարեւոր գանձելիներ ունեցողները անոնց կարիքը չունին: Իսկ պարգեւավճարներ բաժնող կառավարութիւնը այդպէս կ’ապահովէ ներքին խաղաղութիւնը: Պէտք է պարգեւավճարները դարձնել օրէնք, հասնիլ կարիքաւորներուն եւ թոշակառուներուն:
Փօլ Տրամերեան զարմացած կը լսէր: Երբ Արմենակ աւարտեց իր պարգեւավճարային տեսութեան ներկայացումը, ան ըսաւ.
– Պարոն Արմենակ, տնտեսութիւն մը այդպէս չի տեւեր: Եթէ պարտատէրը յանկարծ որոշէ, որ տասը միլեառին վրայ մէկ միլեառ ալ պիտի չաւելցնէ, երկրի տնտեսութիւնը խեղդամահ կ’ըլլայ, կը յայտարարուի սնանկութիւն, ան ո՛չ ալիւր կրնայ գնել, ո՛չ նաւթ, ո՛չ ինքնաշարժ…:
– Ուրե՞մն,- հարցուց Էլպիս:
Արմենակ եզրակացուց.
– Մենք հաւատացեալ ժողովուրդ ենք: Կ’աղօթենք, Յիսուս կու գայ եւ քանի մը հացը բազմապատկելով կ’ապրեցնէ մեր ժողովուրդը: Ի զուր չէ ըսուած, որ հաւատք քո կեցուցէ զքեզ: Պարգեւավճարները այսօր կ’երջանկացնեն: Հիմա թուրքերուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու կը պատրաստուինք, եւ կը թուի թէ կը գործենք անոնց առածներու իմաստութեամբ. «Մէկ օրուան պէյութիւնն ալ պէյութիւն է:
Կեդրոնականցին արտասովոր քաղաքական վերլուծաբան է: Հայաստան եւ սփիւռք զինք միշտ պէտք է լսել: