Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը, համագործակցելով Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանին հետ, ուրախ է յայտարարելու որ արդ, արեւմտահայ գրականութեան հսկաներէն Յակոբ Օշականի տպագիր հիմնական ժառանգութիւնը ամբողջութեամբ հասանելի է առցանց՝ բաց եւ անվճար ձեւաչափով։
Այս համագործակցութիւնը կը միտի քայլ պահելու թուային եւ թեքնաբանական աշխարհին հետ, հաշուի առնելով հասանելիութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ծրագիրին հիմնական նպատակներէն է այս հարստութիւնը եւ հաւաքական ժառանգութիւնը տրամադրելի դարձնել բոլորին՝ անվճար եւ առցանց ձեւաչափով, ապահովելով անոր հասանելիութիւնը եւ մատչելիութիւնը, միեւնոյն ժամանակ նպաստելու անոր պահպանումին, տարածումին, եւ եկող սերունդներուն փոխանցումին։
Այս ծրագիրին շնորհիւ թուայնացած է Յակոբ Օշականէն աւելի քան երեսուն գիրք, ներառեալ Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան բոլոր հատորները, Զուգակշիռ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեանց, Խոնարհները, Անգղին կտուցին տակ, եւ աւելին: Բոլոր նիւթերը թուայնացած են ո՛չ միայն պատճէնելով, այլեւ թուանշուած ձեւաչափով, որ թոյլ կու տայ գրութեան մէջ փնտռտուքներ կատարել։
Բոլոր նիւթերը հասանելի են Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանին կայքէջէն՝ https://digilib.aua.am/am/ՅԱԿՈ
Այս ծրագիրին եւ այլ նախաձեռնութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել այս կայքէջը https://gulbenkian.pt/