Գէորգ Պետիկեան
Անկեղծօրէն եւ մտերմիկ, նախ ըսեմ, որ ամերիկահայ մեր ներկայ վիճակը նման չէ Սփիւռքի այժմու գրեթէ բոլոր գաղութներուն: Հարցը ճշմարտութեան լոյսի բերելով նաեւ ըսեմ, որ հսկայ տարբերութիւններ կան սփիւռքահայու (յատկապէս՝ Միջին Արեւելքի) եւ ամերիկահայու ներկայ ապրելակերպին, գործելակերպին, մտածելակերպին ու կենցաղին միջեւ: Թերեւս շատեր տեղեակ են այս բոլորին: Այլ խօսքով՝ հոն եւ հոս իրարմէ յստակօրէն կը տարբերին: Նորութիւններ չեն: Բայց, միտքս պարզեմ:
Հո՛ն, ովկիանոսնէն անդին, հայահոծ համախմբուածութիւն կայ ազգային մթնոլորտին, հայ վարժարաններու ցանցին, հայ մամուլին, թատրոնին ու ակումբներու կողքին: Կան մարզական խումբեր, գեղարուեստական բաժիններով միութիւններ, մշակութային հարստութեան գիտակցութեամբ գործող քաղաքական եւ մարդասիրական հայ կազմակերպութիւններ: Կաթողիկոսարանի կողքին կան նաեւ պատրիարքարան, ճեմարաններ, հայ մամուլ, առաջնորդարաններ եւ ազգապահպանման զօրաւոր ազդակներ: Աւելին՝ հոն հայ տան մէջ եւ դպրոցը հայերէն կը խօսուի: Հայերէն գիրք, թերթ կը կարդան, եւ կարդացողներուն թիւը «հոսկէ» կամ «մեզմէ» համեմատաբար աւելի է: Ու ամէնէն յատկանշականը, հոն կարգ մը երկիրներու մէջ կը թոյլատրուի եւ կը յարգուի, ու մանաւանդ, կը պահուի համայնքայինը: Ասոնք բոլորն ալ կը խոչընդոտեն ձուլումին կամ, գոնէ զայն կը դանդաղեցնեն:
Իսկ հոս՝ Ամերիկա կոչուած այս հսկայ տարածութեան վրայ, «ասանկ բաներ» չկան, որովհետեւ հոս, բոլոր փոքրամասնութիւնները իրարու հաւասար են: Հաւասար քաղաքացիութեան ըմբռնողութիւնը կայ եւ ցեղային գերադասութիւն չկայ: Ու այս հաւասար քաղաքացիութիւնն է, որ կ’արագացնէ ձուլումը:
Ահա հո՛ս «թաղուած է շան գլուխը», ինչպէս սովոր է ըսել:
Նաեւ Միացեալ Նահանգներ երկիրը ոչ միայն քաղաքներու եւ նահանգներու միջեւ, այլ նաեւ նոյն նահանգին մէջ զգալի եւ հսկայական հեռաւորութիւններ ունի: Տեսած, կարդացած կամ լաւատեղեակ էք, թէ մեր մօտ, հո՛ս, հայութիւնը ցրուած կ’ապրի եւ ասիկա կազմակերպչական գետնի վրայ մեծ խոչընդոտ է: Կարծես կը նմանինք աշնան տերեւներուն: Հովը իր թեւերուն մէջ առած է մեր համրանքը: Այո՛, հոս, այս երկրին մէջ, մենք թափառական համրանք ենք: Մեր մօտ դժուար եւ գերծանր աշխատանք է հայեցի դաստիարակութիւն փոխանցելը: Մեր ներկայ համրանքին մեծ տոկոսը նախկին հայաստանահայեր են: Ամբողջ Ամերիկային համար ընդհանրապէս, Քալիֆորնիա նահանգին համար յատկապէս՝ յատուկ, յստակ ծրագրուած այս ռազմավարութիւն մը չկայ: Յաճախ փողոցը, շուկան կամ գործատեղին երկու հայեր զիրար չեն հասկնար: Հոս մեծցած կամ ծնած մեր զաւակները իրենց տարեկից արեւելահայ ընկեր-դասընկերներուն խօսակցական լեզուն չեն հասկնար: Նոյնն ալ արեւելահայերը՝ մերինները: Այդ պատճառով նոր համար, երկու կողմերն ալ կը դիմեն միջին եզրին՝ անգլերէնին: Պարզ, սահուն եւ առանց բարդոյթի: Ճիշդ է, որ կարգ մը համալսարաններու հայկական ամպիոններ ունինք եւ հայկական թէզերը հայերու ու հայութեան մասին կը գրուին, սակայն այդ բոլորը անգլերէն հրատարակութիւններ են, որոնք անկասկած, իրենց բարերար դերերը ունին եւ կը խաղան…: Բայց, միւս կողմէ, մեր քաղցրահնչիւն մայրենին տուներէն ներս բացակայ է: Բոլորս ալ գիտենք, որ առանց մեր լեզուի ներկայութեան, ազգը կամ անհատը չի փրկուիր: Չե՛նք կրնար փրկել: Հաւատացէ՛ք, հոս՝ «գացող» մեծ հայուն «տեղը» գրաւող չկայ: Այդ «տեղը» բաց կը մնայ: Եւ տակաւին՝ սնդիկի նման, մեր ափին մէջէն յաճախ դուրս կը թափին նոր սերունդի ներկայացուցիչներէն շատ-շատեր: Ու հակառակ այս բոլորին, տակաւին հեռատես ալ չենք: Չենք տեսներ եւ նոյնիսկ չենք ալ գիտեր, թէ ասկէ չորս-հինգ տարի կամ տասնամեակներ ետք ինչե~ր կրնան պատահիլ եւ ո՞ւր պիտի հասնինք, ինչե~ր պիտի ըլլանք եւ դառնանք: Մեր մօտ, մայրենին հիւանդ է: Ո՞ւր կ’երթայ մեր լեզուն՝ չեմ գիտեր: Նոյնիսկ կարգ մը դպրոցներէն ներս ան յաճախ բացակայ է: Մեր լեզուն «կաղ» է եւ դժուար ներկայութիւն: Եկեղեցիներուն մէջ տեսնուած է, որ մեր Աւետարանն ալ անգլերէնով կը կարդան, անգլերէնով կը պատարագեն ու կը քարոզեն, այն համոզումով, որ հաւատացեալը չի հասկնար գրաբարը, ուստի անոր «դիւրամատչելի» թուելու կամ ըլլալու համար, այս միջոցին դիմուած է: Հաւատացեալը՝ եկեղեցիին կապելու միջոց: Վրաս գրէ…: Ուրեմն ո՞ւր մնաց աշխարհի վրայ հայուն առաջին քրիստոնեայ ըլլալը: Նաեւ չմոռնաք, հո՛ս, քրիստոնեայ ենք, տեղացիին չափ եւ անոր պէս: Նոյնիսկ կարգ մը նահանգներու մէջ հայկական Ծնունդը կը տօնենք Յունուար վեցի մօտիկ Կիրակիին: «Ի՞նչ կ’ըլլայ,- կ’ըսենք,-Ծնունդը-ծնունդ է…»:
Այս ձեւով մենք մեզ կ’արդարացնենք: Կարծես վիպական ժողովուրդ դարձած ենք: Միամիտ: Մեզմէ շատեր մեր պատմութիւնը լաւապէս չեն կարդացած, նոյնիսկ՝ կարդացող չկայ, կարդալ գիտցողն ալ հետզհետէ կը պակսի: Անոր համար յաճախ մենք մեզի կ’ափսոսանք: Անոր համար շարունակ «աղէտներու» կը հանդիպինք, որոնց շարքին ե խառն ամուսնութիւններն ու մանաւանդ՝ ամուսնալուծումները: Բայց այնպէս կ’երեւի, թէ մեզմէ շատեր գոհ են իրենց ներկայ այս վիճակէն: Անոնք նաեւ կ’արդարանան, ըսելով, թէ «մենք ասկէ աւելին չենք կրնար ընել… Կարեւորը մեր զաւակները լաւ անգլերէն գիտնան եւ այդ կտոր մը «թուղթ»-վկայականը ձեռք ձգեն… Կարեւորը տոլար շահիլն է…Ա՛յս, այս է, ի՞նչ, որ ալ ընենք…օգուտ չունի…»: Ու ամէն դժուարութիւն տեղականին կը կապեն, ու այս «կապելը» արդէն ինքնին հայ կեանքէն խուսափելու լաւագոյն միջոցն է: Խակ արդարացում: Որովհետեւ նոյն հայերը, այս հողին վրայ ոտք դրած առաջին իսկ օրէն, այս երկրի «ընդարձակ եւ լայն» ազատութիւնը տեսնելով ու վայելելով, արդէն անգիտակցաբար իրենց ձեռքէն հայ ինքնութիւնը յանձնած են այս երկրի ձուլումի ողջակէզին, ուրեմն…կամայ, թէ ակամայ, «պարտուած» են: Անոր համար գաղութը կը հեւայ: Անոր համար, յիմարօրէն նոյն այս տեսակէտի տէր մարդիկ կ’ուրախանան, երբ քաղաքական օտար դէմք մը, քանի մը հայերէն բառեր գործածելով, իրենց ձայներէն կը փորձէ օգտուիլ: Անոր համար մեզմէ շատ-շատեր, հազարաւորներ, հեռու են հայութեան եղունգներէն, «Հայ Դատ»ի կոչերէն եւ հայու աղմուկէն: Բայց, հակառակ այս բոլորին, միւս կողմէ ունինք, փառք Տիրոջ, նաեւ մտահոգ միտքեր, մարդիկ, գրիչներ եւ մամուլ, որոնք այս վիճակէն մեկնած, շատ լուրջ կը մտածեն վաղուան մասին: Անոր համար՝ ուժի եւ հաւատքի ու կամքի կարիքը ունին: Տեսանելի են, մեր նիւթականի մսխումն ու վատնումը: Պարզապէս…: Նաեւ աւելցնեմ, որ ներկայիս համընդհանուր եւ միակամ համակարգ մը չունինք: Չունինք ծրագիր եւ լուրջ ռազմավարութիւն, շրջանները ղեկավարող գիտակից ու փորձառու վստահելի մարմին, ղեկավար մը կամ ղեկավարող խմբակներ: Յաճախ կ’արտայայտուինք ուրիշին բառերն ու խօսքերը ընդօրինակած, կամ զանոնք կը կրկնենք ու կը կարծենք, որ արդէն «հասուն» մարդ-հայ-ամերիկացիներ դարձած ենք: Դատապարտելի անտարբերութիւն: Շատերուն համար, կենսական եւ էական է քաղաքի բլուրներուն վրայ մեծ եւ աւազանով բնակարաններ ունենալը կամ հսկայ եկեղեցիներ կառուցելը: Խուլ մրցակցութիւն: Անհիմն սնապարծութիւն: Կայ նաեւ խուսափում իրական հայութենէ: Տեղացին իր կնիքը դրած է հայուն ապրած սենեակներէն ներս, անոր բերնին, նաեւ աւանդական կենցաղին: Մէկ խօսքով, կորսնցուցած ենք հայկական պարզութիւնը: Յստակ է, թէ աշխարհի զանազան եւ բազմազան ժողովուրդներու նման օր մը մենք ալ ինքնակամ եւ յօժարակամ, ու մանաւանդ՝ մեր ճակատագրի հովերէն քշուած, մեծ երկիրներու քաղաքական խաղերու զոհեր դարձած, երբ իբրեւ փրկութեան լաստ եւ կայան, հեւ ի հեւ եկած ու հաստատուած էինք այս երկրին մէջ, չէինք անդրադարձած, որ պիտի իյնայինք այս համայնակուլ մեծ հալոցին մէջ:
Իսկ հիմա, այս բոլորի կողքին, մեզմէ շատեր նոր սերունդի ինքնութեան լուրջ խնդիրներ ունին: Յաճախ կը կարծենք, թէ կորսնցուցած ենք մեր «ձին»: Ու կը վախնանք: Կը ճգնինք ու կը փորձենք ծրագրել:
Արդ, բաւական «մութ» խօսքերէ եւ հաստատումներէ ետք, մեզ մի՛ դիտէք կասկածի ու տարակուսանքի նայուածքներով,: Կը խնդրեմ: Յանկարծ չկարծուի, թէ մենք հոս նաեւ ձեռնածալ նստած, միայն կը գոյատեւենք: Կը սպասենք: Լաւ յիշեցէ՛ք, տակաւին մենք հայու մեր սիրտն ու ոգին ունինք: Կը պահենք: Որովհետեւ հակառակ այս բոլոր իրականութիւն-դժուարութիւններուն, հոս քաղաքական կարեւոր ուժ կայ: Ունինք: Վկայ՝ «Հայ Դատ»-ը, որ յատուկ եւ աշխոյժ ու յարատեւ աշխատանք կը տանի գերագոյն զոհողութեամբ եւ անսակարկ հաւատքով: Անոր շնորհիւ է, որ ունինք տեղացի եւ օտար բարեկամներ, այս երկրի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներուն եւ ծերակուտականներուն մէջ: Անոր միջոցով է, որ ունեցանք քաղաքական մեծ ու փոքր բարեկամներ, մեզ լաւապէս ճանչցող եւ հասկցող համակիրներ: Բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու կողքին, ունինք գործող հայկական կուսակցութիւններ, որոնք կ’աշխատին այս «հալոց»էն դուրս բերել մեր նոր սերունդը: Պահել: Գուրգուրալ: Նաեւ ունինք ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններու, հայ կեդրոններու ցանցեր հայ մամուլի եւ հայ ու օտար բարերարներու կողքին: Ապահովութեան պատնէշ: Այս բոլորը ունին պատմութիւն:
Այո՛, մտահոգութեան ալիքները միշտ ներկայ են: Ճիշդ է: Իրազեկ ենք: Ու թէեւ ճգնաժամը մեզ առաւել յոռետես դարձուցած է, բայց գիտենք, որ մեր «նաւը» ամէն օր իր դէմ ցցուելիք ալիքներուն յարատեւ կը դիմադրէ յանուն նոր սերունդի հայապահպանման:
Համաձայն ըլլաք կամ ո՛չ, այս այսպէս է…: Բայց ամէնէն կարեւորը մեր մշակոյթին զարկ տալն ու բարգաւաճ պահելն է, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ապագային յաղթողը պիտի ըլլայ հայու ստեղծագործ ոգին: Իսկ ձեզի համար այս հայապահպանումը նպատա՞կ է, թէ՞ միջոց երբեւէ հայրենիք վերադառնալու համար:
Այս մէկն ալ դո՛ւք որոշեցէք: