Կիրակնօրեայ Ընթերցումներ (13).- ՄԵՐ ԲԱՐՔԵՐԷՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 18 Second

Արմենակ Եղիայեան

ա) Պատկեր առաջին

Բարեկամ մը անցած օր ղրկած էր «Նայիրի»-ի 1952-ի մէկ թիւը՝ ուշադրութեանս յանձնելով խմբագիրին՝ Ա. Ծառուկեանի, մէկ գրութւնը, ուր ան ձեւով մը կ’այպանէ արեւմտահայ ընթերցողը, որ սովորութիւն չունի երբեմն գրիչ ձեռք առնելու եւ երկու տող գրելու իր կարդացած թերթի,− որեւէ թերթի,− տնօրէնութեան՝ յայտնելու համար իր գնահատանքը կամ… քննադատութիւնը թերթի բովանդակութեան մասին:

Կը մէջբերեմ. «Հանդիպա՞ծ էք, սակայն, որ հայ ընթերցողը իր թերթին մէջ սխալ մը տեսնէ, անպատեհ գրութիւն մը կարդայ եւ մտքէն անցընէ դիտողութեան երկտող մը գրել թերթին: Ամօթխածութեան թանձր քող մը կայ հայ ընթերցողին եւ թերթին միջեւ: Մէկը կը տպէ, միւսը կը կարդայ, կը մարսէ ճիշդն ու սխալը, լաւն ու վատը: Իսկ թերթը, տեսնելով, որ “ապրանքը կ’երթայ”, կը շարունակէ տպել ու քշել՝ առանց մտահոգուելու»:

Սա պարզապէս հեքիաթային ըլլալ կը թուէր ինծի, չէի կրնար հաւատալ աչքերուս, որ հայ խմբագիր մը,− այնքա՜ն պաղ ու տաք  օրեր տեսած,− կրնար նման բան  գրել: Ուրեմն կա՞յ եղեր, գտնուա՞ծ է եղեր արեւմտահայ խմբագիր, որ նման ակնկալութիւն սնուցէ ի հաշիւ   այն «ամբարտաւան» ընթերցողին,  որ կը համարձակի քննադատել  կարդացած թերթը:

Ըլլալիք կամ տեսնուած բա՞ն է:

Է՜հ, ի՞նչ ըսեմ ու ընեմ. կրակը ինկած տեղը կ’այրէ:

բ) Պատկեր երկրորդ

Տարիներ առաջ էր, գաղութիս ամենաշնորհալի լրագրողներէն աղջնակ մը Նոր տարուան  առթիւ գրած էր յաւուր պատշաճի յօդուած մը: Այստեղ ան կ՝ակնարկէր «Հրէաստանի Հերոդոտոս թագաւորին», որ հրամայեց կոտորել  երկրի բոլոր մանուկները՝ նորածինէն մինչեւ երկու տարեկանը: Անոր նպատակն էր ոչնչացնել Յիսուս կոչեցեալ մանուկ մը, ի դէմս որուն   գուշակները կը նախատեսէին  ապագայ թագաւոր մը, որ պիտի գար գրաւելու Հրէաստանի մէջ իշխող թագաւորին, այսինքն… Հերոդոտոսին  գահը:

Շշմեցայ, չէի հաւատար կարդացածիս, ասի չկլլուելիք պատառ մըն էր:

Առաջին յուզումս յաղթահարելէ ետք նստայ նամակ մը գրեցի թերթի տնօրէնութեան՝ մատնանշելու համար, որ խնդրոյ առարկայ թագաւորը կը կոչուէր Հերովդէս (ֆրանս. Hérode, անգլ. Herod), որ տուած էր այդ հրամանը, եւ թէ Հերոդոտոսը (Hérodotos)  յոյն պատմիչ մըն է, որ ապրած է  5-րդ դարուն Քա., իր պատկառելի աշխատութեան համար կոչուած է  Պատմահայր (չշփոթել Խորենացիով, որ միայն մե՛ր պատմահայրն է, իսկ Հերոդոտոսը…համայն մարդկութեան):

Եւ ուրեմն կը սպասէի արձագանգի մը, որ … կ’ուշանար:

Նախ եւ առաջ կ’ակնկալէի, որ թերթին մէջ դրուէր «վրիպակ մը», ինչպէս կը դրուի ամէն անգամ, որ  կուսակցական, հոգեւորական կամ քաղաքական դէմքի մը յայտարարութեան մէջ սպրդած ինչ-որ սխալ տառ մը, բառ մը կամ նախադասութիւն մը տեսնուի՝ անշուշտ  հազար ներողութեան հայցով եւ  լեզուաբանական այլ հնարքներով  համեմուած, որպէսզի ենթական յանկարծ քէն չպահէ տուեալ թերթին հանդէպ  ու չխզէ կապերը անոր հետ:

Շատ տարտամօրէն կ’ակնկալէի,− գէթ անհաւանական չէի նկատեր,− միւս կողմէ, որ տնօրէնութիւնը տող մըն ալ ինծի գրէր… շնորհաւորելով աչալրջութիւնս, շրջահայեցութիւնս, բծախնդրութիւնս, բարեխղճութիւնս,− ինչու չէ՝ նաեւ…պատմական ու աստուածաբանական խոր գիտելիքներս, ընդհուպ դափնեպսակով մը զարդարէր ճակատս,−  եւ խնդրելով, որ հետագային չզլանամ նման մատնանշումներ կատարել, եթէ հարկը պահանջէ, եւ առ այդ յայտնելով իր կանխայայտ շնորհակալութիւնները:

*   *   *

Այս բոլորէն ոչ մէկը տեղի ունեցաւ:

Եւ ժամանակը հեզասահ  անցաւ՝ «թեթեւ ի գարշապար» պիտի ըսէր Մ. Պեշիկթաշլեան, այսինքն՝ «թեթեւ ոտքով»: Հասանք  յաջորդ Նոր տարուան սեմին:

Եւ ահա ուրկէ-ուր նոյն լրագրողուհին, նոյն փութաջանութեամբ եւ նոյն սիւնակին մէջ կը պատմէր ինչ որ   «Հերորդոտոս թագաւորի» մը մասին, որ «հրամայեց սպաննել Հրէաստանի բոլոր մանուկները՝ նորածինէն մինչեւ երկու տարեկանը»:

Սա՛ տարբերութեամբ,  որ այս նոր յօդուածին մէջ պէտք եղած էր ճիշդ երեք անգամ գործածել Հերոդոտոս անունը:

Անշուշտ շատ հետաքրքիր էք իմանալու, թէ ի՛նչ եղաւ հակադարձութիւնս:

Սակայն ես հակադարձութեամբ հետաքրքրուած չէի այլեւս:

գ) Պատկեր երրորդ

          1962-ին լիբանանահայ ուսուցիչներու ամբողջ խաժամուժ մը հաւաքուած ենք Սրբոց Քառասնից  մանկանց  վարժարանի մէկ սրահին մէջ՝ քննելու համար  հայ ուսուցիչին «տնտեսական անմխիթար կացութիւնը»: Ժողովը վարողն է պերճախօս ու կրակոտ հռետոր մը՝ Մովսէս Այնթապլեանը, որ կ’ելեկտրականացնէր մթնոլորտը՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը վերածելով  մէկական կեղեքեալ յառաջամարտիկի, ու պարզելով կացութեան անհանդուրժելիութիւնը:

Եւ միաձայնութեամբ որոշուեցաւ դիմելու զանազան նախաձեռնութեանց՝ դարմանելու համար  կացութիւնը:

Հիմա մոռցած եմ այդ նախաձեռնութեանց բնոյթն ու ինքնութիւնը, կը յիշեմ միայն ինծի ինկած բաժինը՝ հրապարակային նամակ մը յղել Ազգային իշխանութեանց, հասկացութիւն մը, որուն ծիրն ու տարողութիւնը այն ատեն այնքան ալ յստակ չէին  ինծի համար, թող որ հիմա ալ…շատ յստակ չեն:

Եւ ուրեմն լծուեցայ այդ բաց նամակի շարադրութեան. բաւական դրի ու վերցուցի, չափեցի ու չափչփեցի,  եւ պայծառ օր մըն ալ յօդուածս տարի «Ազդակ»-ի տպարան-խմբագրատունը, որ այն ատեն կը գտնուէր  Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ,  ս. Նշանի վերելքին ճիշդ սկիզբը՝ ձախին:

Ինքզինքս գտայ  միջակ տարողութեամբ սրահի մը մէջ, ուր կ’աշխատէին գրաշար մը եւ էջադրող մը, իսկ մուտքի ճիշդ աջին, շատ նեղ խուցիի մը մէջ ալ կը գտնուէր տնօրէնը՝ Հայկ Պալեանը, որ իր կարգին բաներ մը կը գրէր: Բարեւեցի ու կանգնեցայ սպասողական:

Ու երբ հարցուց, թէ ի՛նչ կ’ուզեմ, ներկայացուցի յօդուածս՝ շատ հակիրճ բացատրականով մը: Ստանձնեց զայն՝ առանց որեւէ հակազդեցութեան:

−Շատ լաւ,−  ու վե՛րջ:

Այնուհետեւ  քանի մը հարիւր ուսուցիչներու կողմէ ակնդէտ կը սպասէի յօդուածիս հրատարակութեան եւ անոր…պարգեւելիք բարեկեցութեան: Իսկ յօդուածս լոյս չէր տեսներ:

Մէկ շաբաթ, երկու շաբաթ, երեք շաբաթ…

Վերադարձայ խմբագրատուն:

Հայկ Պալեան շատ սիրալիր  ընդունեց զիս, աթոռ ալ հրամցուց:

Նման ընդունելութենէն քաջալերուած՝ կ’ակնկալէի, որ ակնարկէր  մոռացումի մը,− ու առ այդ հայցէր ներողամտութիւնս,− ու խոստանար ամենաուշը յաջորդ  օրն իսկ լոյս ընծայել յօդուածս: Մինչ ինք կը նաւարկէր բոլորովին տարբեր ջուրերու վրայ:

−Գիտէք,− սկսաւ,− ասոնք հրապարակաւ  քննարկելի  հարցեր չեն, ուրեմն ձգեցէք մեզի, որպէսզի  պէտք եղած քննութիւնը  կատարենք ու հարկ եղած լուծումը   տանք:

Մինչեւ հիմա ալ չեմ հասկցած, թէ «իրենք» ո՞վ էին, որ պիտի քննարկէին ու հարկ եղած լուծումը տնօրինէին:

Միայն այն գիտեմ, որ մեր կացութենէն… ոչինչ փոխուեցաւ:

armenag@gmail.com

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles