ԿԱՊԱՆ.- Համայնքապետ Գէորգ Փարսեան յայտնեց, թէ Գորիս-Կապան ճամբան վերաբացուած է եւ այդտեղ ռուս-ազրպէյճանական անցակէտեր տեղակայուած են:
«Ճամբան ամբողջութեամբ բացուած է, բայց Որոտան եւ Նոր Առաջաձոր բնակավայրերու հատուածին` ճամբուն մէջտեղը, ռուս եւ ատրպէյճանցի սահմանապահ ուժերու միացեալ անցակէտ տեղադրուած է: Հայ սահմանապահները հաւանաբար անոնց դրացնութեամբ պիտի գտնուին», նշեց համայնքապետը:
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) տեղեկացուց, որ Օգոստոս 27 -ին վերաբացուած է Գորիս-Կապան միջպետական ճամբան, որ փակուած էր Օգոստոս 25-ին:
Գորիս-Կապան միջպետական ճամբու փակման անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունը` յոյս յայտնելով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման կապուած տարակարծութիւնները կը լուծուին խաղաղ մթնոլորտի մէջ` առանց որեւէ լարուածութեան: