ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՃՈՐՃ ՊՈՒՌՆՈՒԹԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

0 0
Read Time:56 Second

Կիրակի, Օգոստոս 22-ին, իր մահկանացուն կնքած է պատմաբան Ճորճ Պուռնութեանը, որ ծնած էր Սպահան (Իրան), Սեպտեմբեր 25, 1943-ին։

Երկարամեայ համալսարանական դասախօս եւ աւելի քան երեսուն հատորներու հեղինակ ու թարգմանիչ էր փրոֆ. Պուռնութեան։ Անոր գործերն ու ուսումնասիրութիւնները գլխաւորաբար նուիրուած են հայոց, պարսկական եւ կովկասեան պատմութեան։ Իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է 1976-ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ,  նիւթ ունենալով Արեւելեան Հայաստանը՝ ռուսական նուաճման նախօրեակին։ Ան իրանեան եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդած է բազմաթիւ բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններու մէջ (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, Քոլումպիա, Թաֆթս, Նիւ Եորք, Ռաթկըրզ, Քընէթիքըթ, Ռամափօ քոլէճ եւ Կլենտէյլի համայնաքային քոլէճ։ Երկար տարիներ ռուսական եւ խորհրդային պատմութիւն դասաւանդած է Այոնա քոլէճի (Նիւ Եորք) մէջ։ Ան Իրանական հանրագիտարանի քառասուն խմբագիրներէն մէկը եղած է։ 1990-ական թուականներուն դասաւանդած ու դասախօսած է նաեւ «Սիամանթօ» լսարանի աշակերտներուն։

Պուռնութեան բեղուն գրող ու թարգմանիչ էր։ Հեղինակած է շարք մը հատորներ, որոնցմէ հայոց համառօտ պատմութիւնը («A Concise History of the Armenian People») ունեցած է եօթը հրատարակութիւններ։ Այս գործերը թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու, որոնց շարքին՝ հայերէն, սպաներէն, արաբերէն, թրքերէն, ռուսերէն, հայերէն, ճափոներէն եւ պարսկերէն: Ան նաեւ անգլերէնի թարգմանած է ուշ միջնադարեան եւ վաղ արդի շրջանի բազմաթիւ հայ մատենագիրներու գործերը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles