ՏԱՐԲԵՐ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՎ ԽՕՍԻԼ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ՞ ՆՈՅՆ ՄԻՏՔԵՐՈՒ ԵՒ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

0 0
Read Time:5 Minute, 15 Second

Յ. Պալեան

Շրջադարձը բիրտ էր: Գործածական լեզուն փոխելու ընթացքի մէջ էի եւ այդ կ’ենթադրէր մտերիմ յեղափոխութիւն մը: Ջղահոգեբոյժները ուսումնասիրութիւններ գրած են այդ մասին: Կը հասկցուինք տարբեր ձեւով, կ’ըսենք բաներ զորս ըսած պիտի չըլլայինք, քիչ մը տարբեր ձեւով կը մտածենք, նոյն ձեւով չենք հակազդեր: Գործածական լեզուն կ’ազդէ մարմնի եւ երազներու վրայ: Տարբեր մշակոյթ մը կը ներթափանցէ աննախատեսելի անցքերէ, կ’իւրացնենք երգեր, կատակներ, կը հասկնանք ըսուածի ետին թաքնուածը, սրամտութիւնը կարելի կ’ըլլայ: Երբ ամբողջ օրը նոր լեզու մը կը խօսինք, գոյութիւնը տարբեր ուղղութիւն կրնայ ստանալ եւ անոր նկարագիրը փոխուիլ:

Թերեզա Գրէմիսի, La triomphante, էջ 71

 

            Հեղինակը բոլորովին անծանօթ էր եւ գիրքը պատահմամբ գտնուած էր գրասեղանիս վրայ: Ինքնատիպ ինքնակենսագրական վէպ մը: Մանկութեան եւ մշակութային շրջանակը պարտադրաբար փոխած անձի մը պատմութիւնը, որ ստիպուած եղած է ապրելու եւ գործելու կեանքի նոր լեզուով: Տունը, մանկութեան եւ պատանութեան տարիներուն սորված ընտանեկան եւ դպրոցական լեզուները դադրած են գործածական ըլլալէ:

            Լեզուով կը մտածենք: Առանց լեզուի մտածում չկայ: Կան բնախօսական ընթացքներ: Ի զուր չէ, որ ֆրանսացի իմաստասէր Լէոն Պրէօնշվիկ ըսած է. «Բառերու ժառանգութիւն, գաղափարներու ժառանգութիւն»: Լերան մը տրուած ԱՐԱՐԱՏ անունը բառ մըն է, աշխարհագրական անուանում մը, չինացիին, հնդիկին, կամ նորվեկիացիին համար: Պահ մը կանգ առէ՛ք եւ մտածեցէ՛ք ԱՐԱՐԱՏ բառով ձեր ներաշխարհին, մտածումներուն եւ զգացումներուն մէջ տեղի ունեցող մակընթացութեան մասին, եթէ հայ էք, մանաւանդ եթէ հայերէնը մայրենի լեզու է, բառը կը խօսի ձեր բջիջներուն, կը թափանցէ: Այդ գիտնալ չէ, ապրում է: Փորձը կրկնեցէ՛ք ԿՌՈՒՆԿով եւ ԱՐԱԳԻԼով:

            Թերեզա Գրեմիսի վերլուծականը կամ գրախօսականը պիտի չընեմ, թէեւ երկիրներու քաղաքական վերիվայրումներու հետեւանքով իր եւ ընտանիքին ծնած եւ ապրած միջավայրէն պարտադրաբար հեռացումը այլապէս հետաքրքրական է: Կրնանք զուգահեռներ գծել հայրենահանուած, սփիւռքացած եւ սփիւռքի մէջ ալ տեւաբար տեղափոխուող հայերու հետ, որոնք իրենց գիտցած գործնական առօրեայի լեզուները ստիպուած են փոխարինել, հայերէնը, արաբերէնը, թրքերէնը անգլերէնով սպաներէնով, փորթուկալերէնով, հիմա նաեւ հնդկերէնով, չինարէնով, ճաբոներէնով: Նաեւ արտագաղթող հայաստանցիները, որոնք հայերէնը, անցեալի սովորական գործածական ռուսերէնը, ստիպուած են փոխարինել իրենց կայք հաստատած երկիրներու լեզուներով, գերմաներէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, նորվեկերէն, շուէտերէն:

            Պարզ է, որ իւրաքանչիւր լեզուի հետ կ’իւրացնենք մտածելու եւ զգալու ձեւեր, որոնք կը փոխարինեն մայրենի լեզուի հիմնականը: Այսինքն, կը դառնանք տարբեր՝ արմատներուն բաղդատած: Կը փոխուին մեր տեսնելու, դատելու եւ զգալու կերպերը: Նոր լեզուով մեր ինքնութիւնը շապիկ կը փոխէ, մանաւանդ երբ ան կը փոխարինէ մայրենին:

            Այս մասին մտածողը կը կանգնի մեր ժողովուրդի իրարհասկացողութեան դժուարութիւնները, հակասութիւնները, անհասկացողութիւնները ըմբռնելու փորձի առջեւ, քանի որ լեզու մը եւ անով ստացուող մշակոյթը կը բերեն ըմբռնումներ, արժէքներ: Հիմա առօրեայի մէջ քիչ հայերէն խօսող, օտար եւ այլազան լեզուներով հաղորդակցող հայերը, բնականօրէն փոխհասկացողութեան դժուարութիւն ունին: Արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, հազարաւոր օտար բառերու իւրացումով այլացած արեւելահայերէն, երկու տարբեր ուղղագրութիւններ: Ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ նոյն ձեւով մտածենք, հետեւաբար նոյն ձեւով գործենք, երբ հաղորդակցական միջոց(ներ)ը իսկական Կափառնայում է, այլազան եւ խառնիճաղանճ:

            Կը յիշեմ Սօս Սարգսեանի երեսուն տարի առաջ հրատարակած եւ այսօր բոլորովին մոռցուած «Չորուկ Ճիւղեր» գիրքը, որուն մէջ նշդրակող իմաստութեամբ կ’ըսէր, որ Մեսրոպ լեզուով միացուց ազգը, մենք լեզուով զայն բաժնեցինք: Հիմա ոչ թէ լեզուով կը բաժնուի ազգը, այլ՝ լեզուներով: Եւ կարծէք ոչ ոք կ’անհանգստանայ: Կրաւորականութեամբ կ’ընդունինք:

            Լեզուն բոլոր ժողովուրդներու համար ազգային հիմնահարց է: Հաղորդակցելու, անցեալ ժառանգելու եւ նոյնանալու միջոց:

            Երբեմն մեր գլուխը մեր աւազանի ջուրէն դուրս պէտք է հանենք, տեսնելու եւ լսելու համար, թէ ի՞նչ գնահատանք եւ ի՞նչ վերաբերում ունին ուրիշներ իրենց ազգային լեզուին հանդէպ, ինչպէս կ’ըսենք սովորաբար՝ քաղաքակիրթ ազգեր: Ըստ ֆրանսական հարցախոյզներու IFOP կեդրոնին, ֆրանսացիներու 80%ի կարծիքով, լեզուն առաջնահերթ տարրն է ազգի պատկանելիութեան: Քիչ մըն ալ աւելի առաջ երթալով, ըստ նոյն ուսումնասիրութեան, ֆրանսացիներու 80 տոկոսը, ազգային պատկանելիութեան տեսակէտէ լեզուն նախամեծար կը համարէ այլ արժէքներէ, ինչպէս՝ Հանրապետութենէն, Ֆրանսայի պատմութենէն, մշակոյթէն եւ դրօշէն: Թէեւ, հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ  երիտասարդներու մօտ այդ վերաբերումը կը նուազի: 35 տարեկանէն նուազ տարիք ունեցողներու պարագային այդ տոկոսը միայն 69%, իսկ 66էն վեր եղողներու պարագային այդ տոկոսը 88%: Ուսումնասիրութիւնը կը ճշդէ միաժամանակ, որ լեզուի իւրացման մակարդակը պէտք է բարձր ըլլայ, որպէսզի երիտասարդները զայն չլքեն:

            Հայաստան նման հարցախոյզ չկայ, իսկ սփիւռքի պարագային այդ անկարելի երազ է: Բայց Հայաստան, զանազան առիթներով, ինչպէս այս կամ այն մակարդակի քննութիւններու, տուեալներ կ’ըլլան, որոնք ցոյց կու տան, որ լեզուն որակով չ’իւրացուիր: Հոս պէտք է նշել, որ երեւոյթը զարմանալի չէ, քանի որ երկրի վերնախաւը, սիրուած բառով էլիտան, աւելի դիւրին կը խօսի ռուսերէն, հիմա կը սիրէ խօսիլ նաեւ ամերիկերէն: Գումարեցէ՛ք օտար բառերու վայրագ ներխուժումով աղքատացող եւ այլացող լեզուի պարագան: Թէեւ ըսողներ կան, որ այս ձեւով լեզուն կը հարստանայ, չըսելու համար որ կը կորսուի:

            Այս բոլորը կ’ըսեմ, խորհելով, որ լեզուի աղճատումով, այլ լեզուներ խօսելով, սփիւռքի պարագային՝ ի հեճուկս հայերէնի կամ պարզապէս զայն մոռնալով, կը մտածենք, կը զգանք եւ կը դատենք գործածուող լեզուներէ ստացուող արժէքներով եւ հոգեբանութեամբ: Սօս Սարգսեանի «լեզուով բաժնեցինք»ը կը վերաբերէր ուղղագրութեան, հիմա պէտք է խօսիլ իրապէս խօսուող տարբեր լեզուներու ազդեցութեամբ յառաջացած տարբերութիւններու մասին::

            Հանդիպած եմ միամիտներու, որոնց համար «զգացումով հայ» պատկանելիութիւն էր, ըստ ինծի անբաւարար, երբ չկայ փոխանցման հասարակաց ենթահող:

            Բաժնուած ենք լեզուներով, բաժնուած ենք արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով, բաժնուած ենք ուղղագրութեամբ, այսօր նաեւ կապկուած վայրագ բառապաշարով:

            Պայքարի եւ քաղաքական կարգախօսները լաւ են, կը շաղախեն տարբերութիւնները՝ յանձնառութեան եւ զոհողութեան ճամբով, Բբայց այս շաղախը կայ հայկական տասը կամ տասնըհինգ միլիոնի քանի՞ տոկոսի պարագային: Յաճախ կ’ըսեմ, որ «ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառը», բաժակաճառի գովերգութեան առարկայ բացառութիւնները հաւաքական ուժ չեն ծնիր:

            Սադայէլի շրջանակին մէջ ենք: Ինչպէ՞ս անկէ դուրս գալ:

            Լեզուն պէտք է վերադարձնել իր արմատներուն եւ մաքրութեան, քաղաքական որոշումով, զայն գործադրելու միջոցներ տրամադրելով, եւ գործը առաջնորդել մասնագիտական եղանակով: Քաղաքական-պետական եւ ոչ միայն համայնքային առաջադրանք պէտք է ըլլայ հայերէնի իւրացումը իւրաքանչիւր հայու կողմէ: Այս ընելու համար պէտք է ունենալ տեսիլք Հայաստանի եւ սփիւռքի համար:

            Համաշխարհայնացման թոհուբոհին մէջ երկար չենք դիմանար խառնածին եւ կոտորակուած լեզուով, այսինքն հիմնական նոյն արժէքներու շուրջ պէտք է միանալ ուժ ըլլալու համար:

            Մեր ժողովուրդին համար այսօր էական են երկու խնդիրներ:

            Ըլլալ ներկայ հայրենատէր եւ Պըվըրլի Հիլզ նստած Արարատի գագաթը վառած մոմի լոյսով չջերմանալ, պահել ինքնութիւն առանց խուսանաւելու,  այդ ընելու համար լեզուի նախամեծարութեան համոզուած պէտք է ըլլալ, որ ոգեկանութիւն է: Այս շատ լաւ նկատած եւ զգացած է Նելսըն Մանտելա, երբ կ’ըսէ. «Եթէ մարդու մը կը խօսիք իրեն համար հասկնալի լեզուով մը, կը խօսիք իր գլխուն: Եթէ անոր խօսիք իր լեզուով, կը խօսիք իր սրտին»: Սրտին չխօսող լեզուով ինչպէ՞ս յանձնառութեան եւ զոհողութեան ալիք կը ստեղծուի:

            Այս հիմնահարցերը փակագիծի մէջ պէտք չէ դնել էսթէպլիշմընթային եւ մարդորսական որձեւէգ ճառերով: Ներսը եւ դուրսը:

            Այս բոլորին համար Հայաստան եւ սփիւռք օրը օրին պատշաճելով ապրելէ տարբեր, ունի՞նք իսկական ազգային ճշմարիտ համապարփակ գաղափարախօսութիւն:

            Եթէ ունեցած ըլլայինք…

            Ինչո՞ւ չունենալ այդ համապարփակ գաղափափարախօսութիւնը՝ անմիջական մանրուքներէն անդին՝ նախատեսելու եւ կերտելու համար ապագան:

            Ինչպէ՞ս ստեղծել այդ գիտակցութիւնը եւ կամքը: Բայց ի՞նչ բանի համար են ղեկավարութիւնները:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles