Քու մէջ կայ մեծ յոյս: Կը պակսի ուրախութիւնը: Բաւական դժուար է ապրիլ քեզմէ հեռու, թէկուզ հայրենիքիդ մէկ ուրիշ անկիւնի մէջ: Երբ կը շնչէի քու մաքուր օդը ու կը վայելէի մեծ ու փոքր սարերուդ, լեռներուդ ներկայութիւնը՝ երջանիկ էի, անհոգ: Երկար բարակ չէի խորհեր: Կ՚ապրէի պահով, ակնթարթով, թէպէտ քաջ կը գիտակցէի, որ այդ լեռներէն շատեր գերեվարուած են: Գերութեան մէջ անգամ անոնք կը շարունակէին շնչել հայերէն: Դրօշակի մը առկայութիւնը չի փոխեր անոնց էութիւնը:
Այստեղ կը շնչէ Աստուած:
Արցախ… դուն աղօթք մըն ես հայու համար: Շնորհակալ եմ ամենակարող Տիրոջը, որ դուն կաս, թէկուզ պատառոտած, քրքրած, վիրաւոր, քու որդիներդ արեան ծովու մէջ սուզուած, սակայն կաս: Կը շարունակես շնչել ու արարել:
Մայրաքաղաքի մէջ եռուզեռ է: Կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին Ստեփանակերտի մէջ գրեթէ վերացուցած են պատերազմի հետքերը: Սակայն Ստեփանակերտը այլեւս առաջուանը չէ՝ հանգիստ ու սակաւամարդ: Այժմ՝ օրուայ իւրաքանչիւր ժամու, քաղաքս լեցուն է բնակիչներով, իսկ ճանապարհները ծանրաբեռնուած ինքնաշարժներով: Պատերազմէ վերջ արցախահայութիւնը հաւաքուած է ափ մը հողին մէջ, հիմնականին մայրաքաղաքի: Իմ այս կարճատեւ այցելութեան ընթացքին ես քաղաքս գտայ այնպիսին, ինչպիսին կը ցանկայի տեսնել տարիներ առաջ՝ բանուկ: Սակայն իմ փափաքը երբեք չէ եղած տեսնել Ստեփանակերտը աշխոյժ ի հաշիւ հայրենիքիս եօթանասունհինգ տոկոս կորուստի…
Շաբաթ մը ակնթարթի պէս թռաւ ու անցաւ, թողնելով լոկ թարմ յիշատակներ ու անսահման կարօտ: Շաբաթուայ մը ընթացքին չկրցայ յագենալ քեզնով, մնացի ծարաւ: Հայկական մէկ մայրաքաղաքէն տեղափոխուեցայ միւսը: Իմ միտքը, սիրտն ու հոգին թողեցի քեզի, աւելի ճիշդ՝ դուն կորզեցիր ինձմէ: Անոնք նոյնպէս կը գտնուին գերութեան մէջ՝ քաղցր ու ցանկալի: Ամէն անգամ դուն կը ստիպես ինծի ապրիլ, լիաթոք շնչել միայն քու գիրկին մէջ, իսկ երբ քեզմէ հեռանամ ծածուկ կը պահես իմ ներաշխարհը, որպէս երաշխիք յաջորդ այցի:
Առաջին անգամ քու գիրկի մէջ մտքով հեռու չգացի, չերազեցի, չխորհեցայ աշխարհի, քու սահմաններէդ դուրս կեանքի մասին: Ուզեցի մնալ ու վայելել: Վայելել իմ դրախտավայրը, իմ սրբավայրը, աշխարհի ամենագողտրիկ անկիւնը:
Արցախ իմ, որդիս ալ քու գիրկին մէջ ուրիշ էր՝ միշտ կայտառ ու զուարթ: Ան ալ կը զգայ, կը շնչէ ու կը վայելէ Արցախը իւր մարմնի ամէն մէկ բջիջով: Ուրիշ մայրերու պէս չխոչընդոտեցի զաւկիս խառնուելու մայր հողին. օր ու գիշեր կը խաղար աւազի, հողի մէջ: Փոշոտած, ձեռքը կամ ոտքը քերծած երեկոյեան հազիւ կը կանչէի տուն: Այս միջոցին մեր թաղամասի մէջ կը կատարուին ասֆալթապատման աշխատանքներ: Ասֆալթի հոտը տակաւին չկայ, սակայն քարշակներն ու միւս խոշոր մեքենաները կ՚աշխատին: Ճանապարհները բաւական լայնացուցին: Ներկայիս կը քաշեն կոյուղագիծերը, այնուհետեւ գեղեցիկ պատ պիտի շարեն եւ վերջում ասֆալթապատեն: Տասնամեակներ անց Արմէնաւանի բնակիչները ցեխի ու փոշիի փոխարէն պիտի քայլեն մաքուր ճանապարհով:
Մեր փողոցի միւս բալիկներու պէս, Զաւէնը նոյնպէս ամբողջ օրը փողոցն էր: Քիչ մը անդին կ՚աշխատին շինարարները, իսկ քիչ մը ասդին ալ մանուկները կը խաղան, կը վազվզեն՝ արձակելով ուրախութեան ճիչեր: Զաւէնը նոյնպէս անմասն չմնաց: Թող խաղայ, թող զգայ հողի բոյրն ու գինը: Այս տարիքէն թող զգայ, որ հողը թանկ է ու անգին, զայն երբեք անկարելի, անընդունելի է զիջիլ:
Դէպի տուն տանող ճանապարհը միշտ կարճ է, իսկ տունէն հեռու՝ անվերջ երկար ու ձանձրալի: Այս զգացումը ապրած եմ միշտ: Շաբաթ կէսօրին մեր հանրաշարժը ճամբայ ելաւ: Ակերու իւրաքանչիւր պտոյտի հետ իմ ուրախութիւնը կը վերաճէր տխրութեան: Իսկ երբ լքեցինք քու սահմաններդ՝ տխրութիւնս փոխուեցաւ լացի: Այն ամէնը ինչ-որ թանկ է ու անգնահատելի՝ պահելով քու մէջ, ամէն անգամ դուն զիս կը ճանապարհես կարօտով: Այս անգամ կարօտի չափաբաժինը բաւական շատ էր: Կրնա՞յ պատահիլ շփոթեցար ու հանրաշարժի մէջ գտնուող բոլոր ուղեւորներու կարօտը տեղաւորեցիր իմ ճամպրուկի մէջ… Եւ կամ այս կերպ կը պատժես զիս աւելի քան մէկուկէս տարի քեզմէ հեռու գտնուելու համար…