Կեդրոնականցի Արմենակ այցի եկած էր: Կանխահաս աշունը մեզ խցկած էր չորս պատերու ետին: Մակարուհին փոխան սուրճի թէյ պատրաստեց:
Երկար չսպասեցինք, լսելու համար Արմենակի այլեւս չցնցող անմիջական լուրերը:
– Մակա՛ր, մեր քաղաքապետը հայերէն դասերու համար կը վարձատրէր հայ ուսուցիչ մը: Պիտի դադրեցէ յատկացումը: Քաղաքապետական Խորհուրդի հայազգի անդամ տիկ. Լիլիան Իսհաք, որուն նախաձեռնութիւնն էր դասընթացքը, դիմած է քաղաքապետին, դադարեցման պատճառը հասկնալու:
Մակարուհին հարցուց.
-Իսկ Լիլիան Իսհաքը ինք հայերէն գիտէ՞:
– Չի գիտեր, զաւակներն ալ չեն գիտեր: Այդ խիղճի պարտք էր, քանի որ հայ համայնքի անունով թեկնածու եղած էր:
– Ի՞նչ պատասխանած է քաղաքապետը,- հարցուցի:
– Գործնապաշտ եւ խնայասէր, ան ըսած է, որ երբեմն Հայաստանի հեռատեսիլը կը դիտէ եւ կը հասկնայ, առանց հայերէն գիտնալու:
– Այդ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ,- ընդմիջեց Մակարուհին:
– Ան բացատրած է, որ ֆրանսացիին համար դժուար չէ հայերէն հասկնալ, քանի որ գործածուած բառերու մեծ մասը ֆրանսերէն են, թերթերու մէջ կարդացուող կամ հեռատեսիլէն լսուող, վերջաւորութեան եղած փոփոխութիւններով: Տուած է օրինակներ. կալկուլացիա, իմիտացիա, պռոկրեսիա, քոմենթ, քաոտիկ, փրոտաքշըն, ցիկլ, ցենտրիզմ, տրիբունալ, ցիցատել, ցերբերներ, տրանսֆերտ, տրադիցիոնալ, տոքսիկ, տրագիկ, տեմպ, տենդենց, ստապիլ, ստագնացիոն…
Մակարուհին կրկին միջամտեց.
– Ուրեմն ան եթէ Հայաստան հրաւիրուի, կամ զինք ընտրող հայերուն հետ զբօսաշրջութեան համար հոն երթայ, կրնայ հեռատեսիլէն հայերէն խօսիլ, վստահ ըլլալով, որ պիտի հասկցուի:
– Ճի՛շդ, Հայաստանէն նախարար, տնօրէնները եթէ Ֆրանսա գան, ֆրանսերէն սորվելու կարիք չունին, քանի որ իրենց հայերէնը ֆրանսականացած է էնտուզիազմով, կոնվենցիայով, ստերիլով, սպեցիֆիկով, սիւբվանցիոնով, սինթէզով եւ սիմպաթիայով: Յիշէ՛ հպարտ վարչապետի խօսքը, որ պինցետով եւ արաղով թագաժահրը, կորոնավիրուսը, դուրս պիտի դնէր, մոռցանք, գէթ հրաշէկ ունելիով այդ ընէ օտար եւ մեզ օտարացնող բառերու դէմ:
Խորհեցայ եւ ըսի հետեւեալը.
– Եթէ Ֆրանսայէն 15.000 ք.մ. հեռու եղող տեսակ մը ֆրանսերէն խօսող Թահիթին Ֆրանսա կրնայ ըլլալ, հայերէնը ֆրանսականացուցած Հայաստանն ալ Ֆրանսա կրնայ ըլլալ, Լոսասէր Հայաստանը՝ Միացեալ նահանգներու նոր նահանգ, դրօշակին վրայ աստղ մը աւելցնելով: Չըսի՞նք եւ չկրկնեցի՞նք, որ համաշխարհային ազգ ենք, համաշխարհայնացման առաջատար:
– Պռավօ՛ Մակար, պէտք է աւետել, որ գտնուած է, յանձին քեզի, Հայաստանի տագնապները լուծելու ատակ նախախնամական առաջնորդ: Բայց Հայաստան ինքզինքէն զատ ուրիշը չի լսեր, եթէ լսէ՝ պարտութիւնը յաղթանակ չի համարեր: Իսկ սփիւռքի բազմամիլիոն հայութիւնը կառքին հինգերորդ անիւն անգամ չէ…
Արմենակ դիմակը դրաւ եւ գնաց: Չսպասեց, որ Էլպիսին բարեւ ղրկենք:
Իրենք զիրենք լուսաւորող ղեկավարներ պիտի ըսեն, թէ՝ պոֆ, ի՞նչ կարիք կայ այս կարգի հարցերու: Մշակենք անմիջական եւ հեռանկարային ռազմավարութիւն: Եւ խօսինք…
Ղեկավարի պէս խորհեցայ, որ եթէ ֆրանսերէն գիտնալ բաւարար է հայերէն խօսելու, խնայողութեան ռազմավարութեամբ փակենք դպրոցները…
Մակար ի Գաղիա, 20 Օգոստոս 2021