Աֆղանիստան․ Տարօրինակ Յեղաշրջում Մը

0 0
Read Time:3 Minute, 14 Second

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն

Խմբագրական

Զարմանալի պատմութիւն, աղիողորմ ճակատագիր, կամ արդեօք բա՞խտ։ Եթէ արագ աչք մը նետենք եւ քննարկենք այս երկրի մօտիկ անցեալը, հաւանաբար համակարգիչն իսկ իր «տրամաբանութիւն»-ն ու «հաւասարակշռութիւն»-ը կորսնցնէ եւ դադրի գործելէ։

Ի՞նչ որ պատահեցաւ շաբաթասկիզբին, Քապուլի եւ յատկապէս անոր միջազգային օդակայանին մէջ, բաւական նման էր Ապրիլ 30, 1975-ին, Սայկոնի (Վիեթնամ) մէջ պատահածին։ Ուղղաթիռի փոխարէն, վիթխարի օդանաւ մը ժամանած էր՝ փոխադրելու ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմն ու գործակիցներ։ Սայկոնի մէջ ալ, 46 տարի առաջ, Միացեալ Նահանգներու օգտին աշխատող տեղացիներ (յիշենք «Օփըրէյշըն Ֆինիքս»-ը) կը փորձէին ամէն գնով տեղ գրաւել «փրկարար» ուղղաթիռներուն մէջ։ Պարագան նոյնն էր Քապուլի մէջ, ուր անցարգելներ խորտակելով՝ օդակայան մուտք գործած էին «Օփըրէյշըն Օմեկա»-ի (տարբեր անունով նոյնանպատակ գործողութիւն մը) պատկանող տեղացիներ, որոնք ո՛չ միայն իբրեւ թարգմաններ գործած էին արեւմուտքցիներու կողքին, այլ նաեւ հետապնդած, ձերբակալած ու չարչարած էին օտար ուժերու ներկայութիւնը մերժող «թալիպանամիտ» տեղացիներ։

Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ, Աֆղանիստանի բանակը կը հաշուէր երկու հարիւր հազարէ աւելի։ Հաւաստիք կար, որ արեւմտեան երկիրներու մասնագէտներու կողմէ լաւապէս մարզուած եւ արդի զէնքերով սարքաւորուած այս բանակը ունէր ծանր հրետանի եւ նոյնիսկ օդուժ: Այդ բոլորը փուլ եկան քանի մը օրուան մէջ, հիմա, մօտաւորապէս 25 տարի ետք վերստին երկրի ղեկին տիրացած է «թալիպան»-ը, օժտուած՝ ցնցոտիներով, հողաթափներով, «քալաշնիքոֆ»-ներով, «Ար. Փի. Ճի»-ներով եւ… խարխլած ինքնաշարժներով. կ’ըսուէր, թէ անիկա  հազիւ հարիւր հազար կը հաշուէ։

Դաւիթին եւ Գողիաթին պատմութեան համեմատելը իմաստ չունի, որովհետեւ դասական առումով արիւնահեղ ընդհարումներ տեղի չունեցան, գիւղ առ գիւղ յարձակում, կամ տարածք առ տարածք յառաջխաղացք չկատարուեցաւ։ Եղածը այն էր, որ լայնածաւալ գործողութիւններով, Քապուլի եւ անոր պաշտպաններուն ընդդիմացող ուժը շատ արագօրէն գրաւեց շրջանային մայրաքաղաքները, իր հակակշիռին տակ առաւ երկրին մեծ մասը, եւ Քապուլին կը մնար նոյն ձեւով անձնատուր ըլլալ առանց արիւնահեղութեան…:

Ամիսներէ ի վեր կը պատրաստուէր այս «սցենար»-ը, որ հրավառութենէ աւելի՝ կրակի հետ խաղ մըն էր. Քապուլի միջազգային օդակայանին մէջ պատահեցան անհաւատալի թուացող իրադարձութիւնները, եւ աշխարհը տեսաւ, թէ ինչպէ՛ս հազարաւոր տեղացիներ ամէն գնով կը փորձէին հասնիլ իրենց «փրկութեան լաստ»-ին՝ ամերիկեան օդուժի վիթխարի օդանաւին։

Տարիներէ ի վեր այս տարբերակը «կ՛եփուէր», երբ տակաւին Սպիտակ Տան վարձակալը Տոնըլտ Թրամփն էր։ Այդչափ ալ գաղտնի չէին բարձր մակարդակի հանդիպումները, որոնք տեղի կ՛ունենային Քաթարի մայրաքաղաք՝ Տոհայի մէջ։ Մասնակցողներու շարքին էին տարիներ շարունակ Կուանթանամոյի մէջ բանտարկուած եւ ապա ազատ արձակուած «թալիպան» ղեկավարներ․․․։

Պատմութեան էջերուն մէջ  նշուած է, թէ Աֆղանիստանի մէջ ծնունդ առած Պեն-Լատընի «Ալ Քայիտա»-ն, որ կազմակերպած էր Սեպտեմբեր 11, 2001-ի ահաբեկչական արարքը, նախապէս մարզուած է Ուաշինկթընի մէջ. օրին կարգ մը թերթեր խօսած են «Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութեան համար գործող՝ արեւմտասէր» Պեն-Լատընի մասին։ Նոյնիսկ  նախագահ Ռէկընի օրերուն, հանրածանօթ «Հէրիթէյճ Ֆաունտէյշըն»-ը «թի-շըրթ»-եր պատրաստած էր, տպելով Պեն-Լատընի նկարը եւ անոր տակը գրելով՝ «Ան կը պայքարի ազատութեան համար»։

Աւելին, Պեն-Լատընի մահէն ետք, զանազան աղբիւրներէ բազմիցս կ՛իմացուէր, թէ զայն փոխարինող Այման Զուահիրին երկար ժամանակ պահուըտած է… Պաքուի ամերիկեան դեսպանատան մէջ, վայելելով տեղւոյն «մարինզ»-ին հսկողութիւնը։ Զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ Քապուլի կառավարական կառոյցներուն մէջ կրկին երեւի այս տիպարը, ստանձնելով կարեւոր պաշտօն մը։

Թրքական հովանիին տակ գործող «ժիհատ»-ականներ ալ կը գտնուին տարածաշրջանէն ներս։ Ի վերջոյ կը խօսինք հողատարածքի մը մասին, որ ծանօթ է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին։  Ութսունականներուն, ան դեռ հռչակ չսփռած, իր «Իսլամ Եղբայրներ»-ու գործողութեամբ այցելած էր Քապուլ եւ տեսակցած՝ Հեքմաթիարի հետ (յետագային վարչապետ) ։

Մօտ ատենէն, աշխարհը ինքզինք պիտի գտնէ նոր Աֆղանիստանի մը դէմ jանդիման: Աֆղանիստան մը, որ այլապէս հռչակ շահած է իբրեւ աննուաճելի երկիր եւ «կայսրութիւններու գերեզմանոց»։

Մինչ այդ, այսօրուան ամենէն կենսական ու անմիջական հարցը այն է, թէ արդեօք իսկապէս պիտի յարգուի՞ն մարդկային իրաւունքները, սկսելով ի նպաստ արեւմուտքին աշխատող տեղացինէրէն՝ մինչեւ կիներու տարրական ազատութիւնները։ Իշխանութեան ղեկին հասած ուժը արդէն դրական անակնկալներու դիմաց կը դնէ աշխարհը, յայտարարելով, որ օտարներուն ծառայողներուն դէմ վրէժխնդիր պիտի չըլլայ, ներում պիտի շնորհէ, «հիներուն» հետ գործակցողները կը հրաւիրէ գործակցելու իրեն հետ…: Կիներուն համար ալ դրական խոստումներ կան: Սպասելով իրականացման՝ արեւմտեան մամուլը արդէն բացած է «թալիպան»-ին դէմ քարոզչութեան նոր էջերը: Անդին, Քապուլի ղեկը ստանձնողները կը հաւաստեն, որ ամերիկացիներու դէմ յարձակում պիտի չգործեն, այսպէսով անուղղակիօրէն արձագանգելով Սպիտակ Տան պետի (քարոզչական) սպառնալիքին:

Եւ… Աֆղանիստանի նոր էջերը կը սկսին կուտակուիլ իրարու վրայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles