ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Այս տարի կը լրանայ մեր գրականութեան մեծ եւ անկորնչելի դէմքերէն՝ Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան (1866) 155ամեակը: Ուզեցինք օգտագործել պատմական այս տարեդարձի պատեհութիւնը, վերյիշելու համար անոր կեանքի կարեւորագոյն դրուագներէն մէկը՝ երկամեայ բանտարկութիւնը ռուսական բանտերու մէջ, ցարական բռնապետութեան օրով եւ ապա փրկութիւնը՝ օտար ականաւոր դէմքերու միջամտութեան շնորհիւ:
Մեր խօսքը կը վերաբերի այն մեծ ու գարշելի դաւին որ, նիւթուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ, ցարական Ռուսաստանի վարչապետ Սթոլիփինի եւ անոր գործակատար, Կովկասի փոխարքայ՝ Վորոնցով Տաշքովի կողմէ, 1908-1909 թուականներուն,ւ որուն հետեւանքով 500է աւելի դաշնակցական կամ Դաշնակցութեան համակիր դէմքեր, Անդրկովկասի հայութեան բոլոր խաւերէն, ձերբակալուեցան եւ նետուեցան բանտերը, ի նախապատրաստութիւն այն մեծադղորդ դատավարութեան, որ տեղի ունեցաւ Յունուար-Մարտ 1912-ի ամիսներուն:
«Ծանրակշիռ» մեղադրանքներով ամբաստանուած եւ ձերբակալուածներուն կարգին էր նաեւ Աւետիս Ահարոնեանը: Ան եւս, ինչպէս միւսները, առանց հիմնական ամբաստանութեան, քայքայուած առողջութեամբ քշուած էր բանտէ բանտ: Առաջին հերթին 1909ին ան նետուած էր Մետեխի բանտը, ուրկէ կը փոխադրուէր Պաքու եւ հոն բանտարկուելով, կը հիւանդանար ծանրօրէն: Բաւական դարմանուելէ ետք, 1910-ի վերջերը կը տարուէր Ռոստով եւ ի վերջոյ կը բանտարկուէր Նովոչերկասկի վատանուն բանտը:
Ցարական իշխանութիւնները իրենց աժան «յաջողութիւններով» լրբացած, ամբողջ երկու տարի բանտարկուած պահեցին Ահարոնեանը: Հանրային կարծիքին վրդովումը հասած էր իր գագաթնատկէտին, մանաւանդ երբ իմացուած էր, որ հարոնեան հիւանդ է եւ լուրջ դարմանումի կարօտ: Արտասահմանի հայութիւնը, իրար անցած, ամէն դուռ զարկաւ, ապահովելու համար անոր փրկութիւնը, եւ երբ կացութիւնը ծանրացաւ, ֆրանսացի խումբ մը ականաւոր դէմքեր, իրենց կարգին զարկին ցարական բռնատիրութեան դռները, պահանջելով բանտարկեալ գրագէտին ազատ արձակումը: Այս առիթով անոնք հրատարակեցին կոչ մը, որուն արձագանգը եղաւ միջազգային մամուլը եւ որ բաժնուեցաւ ֆրանսական եւ օտար շրջանակներու մէջ, հիւանդ կալանաւորը բռնութեան ճիրաններէն փրկելու համար:
Կատարուած դիմումները տուին իրենց արդիւնքները եւ օրին մէկը, 1911-ի Փետրուարին, Ահարոնեան ազատեցաւ բանտէն, երաշխաւորութեամբ 20,000 ռուպլիի, զոր նուիրեցին Վառվառէ Քանանեան, Սամսոն Յարութիւնեան եւ Լեւոն Մանթալեան: Ազատ արձակման պայմաններէն մէկն էր անշուշտ այն, որ Ահարոնեան պիտի ներկայանար դատարան, իբրեւ ամբաստանեալ, երբ դատավարութիւնը սկսեր: Բանտէն օձիքը ազատած գրագէտը, սակայն, չսպասեց այդ երկար դղրդալից եւ ծաւալով ու կարեւորութեամբ աննախընթաց դատավարութեան: Եւ, 1911ի ամառը, ինք ու իր երկու ընկերները՝ Գարեգին Խաժակ եւ Աւետիք Իսահակեան, գաղտնօրէն անցան եւ ռուս-թրքական սահմանը: Հին Պայազիտի եւ Ալաշկերտի վրայով հասան Կարին եւ հոնկէ, Բաբերդէն անցնելով հասան Տրապիզոն, համաժողովրդական ընդունելութեանց արժանանալով ամէն տեղ: Այնուհետեւ, Տրապիզոնէն շոգենաւ առնելով, անոնք փոխադրուեցան Պոլիս, 1911ի Օգոստոսին: Աւետիս Ահարոնեան առաջին անգամն ըլլալով ոտք կը կոխեր հայոց կիսուած հայրենիքի արեւմտեան մասը, եւ, այս իսկ պատճառով, իր յուզումն ու ապրումները սահման չճանչցան: Պոլիս հասնելով, իր տպաւորութիւնները սկսաւ հրատարակել «Ազատամարտի» մէջ, «Երազներիս Աշխարհը» ընդհանուր խորագրին տակ:
Այդ օրերուն (Օգոստոս 17-Սեպտեմբեր 17) Պոլսոյ մէջ կը գումարուէր Հ․Յ․Դաշնակցութեան Զ. Ընդհանուր ժողովը, եւ կարելի է երեւակայել, թէ որքան՜ մեծ եղաւ իր ուրախութիւնը, երբ հոն գտաւ իր վաղեմի սիրելի ընկերները՝ Ռոստոմը, Ակնունին, Զաւարեանը, Արմէն Գարօն, Շահրիկեանը, Վարդգէսը, Զարդարեանը, Մուրատը, Սեպուհը, Վրամեանը, Վարանդեանը, Հրաչը, Սարգիս Մինասեանը եւայլնը: Պոլիս ժամանումէն ամիս մը ետքն էր, որ «Փըթի Շան» թատրոնի սրահին մէջ, Ռ. Զարդարեանի նախագահութեամբ կայացաւ հրապարակային մեծ ժողով մը, ուր բանախօսեց Ահարոնեան, ժողովրդական խելայեղ ցոյցերու մէջ: Արդէն անոր Պոլիս ժամանումը ստեղծած էր բացառիկ խանդավառութիւն մը այն իրողութեամբ, որ երկու տարի տեւած տառապանքէն ետք, վերագտած էր իր ազատութիւնը: Կը մնար այնուհետեւ դարմանել իր քայքայուած առողջութիւնը, որուն համար ան Պոլսէն անցաւ Եւրոպա:
Ուրեմն, Սեպտեմբերի վերջը, Աւետիս Ահարոնեան գացած էր արդէն Զուիցերիա եւ շնորհիւ բժիշկներու խնամքին վերագտած էր իր առողջութիւնը, եւ կազդուրուած՝ վերսկսած էր իր գրական աշխատանքին:
Մեծանուն գրագէտը Զուիցերիա եւ Ֆրանսա մնաց մինչեւ 1916: Այդ շրջանին, անգամ մը եւս գնաց ան Պոլիս, Սիմոն Զաւարեանի մահուան առթիւ: 1913-ի Հոկտեմբերի վերջերը, խօսեցաւ շատ յուզիչ դամբանական մը եւ բանախօսեց այդ առթիւ Սամաթիոյ մէջ կազմակերպուած սգահանդէսին: Ապա Կովկաս վերադարձաւ 1916ին եւ նուիրուեցաւ դարձեալ ազգային հասարակական եռանդուն գործունէութեան:
Ա. Ահարոնեան, Լոզանէն երախտագիտական նամակ մը գրած էր գրագէտ Արշակ Չոպանեանին, որ ֆրանսական շրջանակներու մօտ իր անձնական կամ գրաւոր բազմատեսակ դիմումներով, ամէն ճիք ի գործ դրած էր փութացնելու համար իր ազատ արձակումը բանտէն եւ այդ նպատակով գործակցած էր մանաւանդ երեւելի ֆրանսացիներու հետ: Ստորեւ նամակը․
ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳՐԻՆ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ, 10 ՕԳՈՍՏՈՍ 1920, ՓԱՐԻԶ
Կեանքիս ամենաերջանիկ օրն է այս: Երեսուն տարուայ պայքարս, բողոքս, տառապանքս ու յոյսերս պսակուեցին փառաւոր յաջողութեամբ: Թրքական դաշնագիրն ստորագրուեց եւ բոլոր պետութիւնների համաժողովն այսպիսով հռչակեց ՄԻԱՑԵԱԼ, ԱՆԿԱԽ, ԱԶԱՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆը, Սեւրի սրահի մէջ:
Այսօր ճաշից յետոյ, ժամը 4ին, երկու օթոմոբիլներով մեկնեցինք Փարիզից: Ինձ ուղեկցում էին կինս, խորհրդականներ Պ. Պ. Էնֆիաճեան, դոկտ. Նեւրուզ եւ երկու քարտուղարներ:
Սեւրի պալատի առջեւ ձգուող ծառուղին երկու կողմից բռնուած էր զինուած պատուոյ պահակների երկու շարքով, որի միջով մեր կառքերը անցան մինչեւ հանդիսաւոր մուտքը:
Առաջին յարկի ընդարձակ դահլիճը, ուր բարձրացանք, արդէն շարուած էին պատուիրակների սեղաններն ու աթոռները եւ նրանց հետեւներում տեղեր պատրաստուած իւրաքանչիւր պատուիրակութեան քարտուղարների համար: Իմ աթոռը գտնւում էր չեխօսլովակների եւ ռումէնների ներկայացուցիչների կողքին: Սեղանի վրայ առջեւս մի քարտ կար, որ կ՛ըսէր «Լիազօր Հայաստանի»
Իմ դէմ առ դէմ, հակառակ պատի տակ տեղ ունէր յունական պատուիրակութիւնը, գլուխ ունենալով Վենիզելոսը: Նրանից վար թիւրքերի տեղն էր: Ճակատի պատի տակ տեղ էին բռնել մեծ դաշնակիցները: Հետզհետէ սրահը լցուեց պատուիրակներով: Ժամը ուղիղ 4ին հասաւ Միլըրան, նախագահը խորհրդաժողովի: Եւ գրեթէ անմիջապէս յետոյ ներս հրաւիրեցին թիւրքերին վարի յարկից, ուր նրանք սպասում էին: Կարգադրիչը, ներս առաջնորդելով թիւրք երեք պատուիրակներին, բարձրաձայն ասաց․ «Պարոնայք լիազօրներ Օսմանեան կայսրութեան»: Ամէնքը ոտքի կանգնեցին, թիւրքերը ողջուեցին գլխի շարժումով եւ բռնեցին իրենց տեղերը:
Տիրեց ընդհանուր լռութիւն: Բոլոր այս հանդիսութիւնը մահուան պատիժի ի կատար ածումի պատկեր ունէր: Պատժուողը Թիւրքիան էր: Ընդհանուր լռութեան մէջ ոտքի կանգնեց Միլըրան եւ ասաց հետեւեալը, «Պարոններ՛ կը յայտարարեմ, որ դաշնագիրը զոր պիտի ստորագրենք հիմա, իր ամբողջութեան մէջ ճիշդ կերպով համաձայն է բնագրին»: Ապա հրաւիրեց թիւրքերին ստորագրել առաջինը:
Տեղից բարձրացաւ Հագի փաշան, նախագահը եւ հաստատ, վճռական քայլերով առաջացաւ դէպի կեդրոնի սեղանը, ուր դրուած էր դաշնագիրը, առաւ իրեն մեկնուած գրիչը եւ ջղուտ շարժումով, արագութամբ ստորագրեց ցոյց տրուած տեղը: Նրան հետեւեցին իր երկու ընկերակիցները՝ Ռիզա Թեւֆիք բէյ եւ Ռէշիտ բէյ: Վերջինի դէմքը ջղաձգաբար շարժւում էր, թէեւ նա աշխատում էր առհարկի անյոյզ երեւալ, իսկ Ռիզան ծնօտն էր ջղայնօրէն շարժում: Ստորագրեցին Թիւրքերը եւ շտապով գրաւեցին իրենց տեղերը:
Այնուհետեւ հերթով եկան ստորագրելու Անգլիայի, Ֆրանսայի, Իտալիայի, Ճապոնիայի ներկայացուցիչները: Երբ հերթը հասաւ փոքր դաշնակիցներին, այբուբենական կարգով, Հայաստանը լինելով առաջինը, ինձ հրաւիրեցին ստորագրել: Ես ստորագրեցի երեք փաստաթուղթ՝ 1- բուն թիւրքական դաշնագիրը, 2- փոքրամասնութիւնների ստատուտը (վիճակ) Հայաստանի եւ մեծ պետութիւնների մէջ կայացած եւ 3- արձանագրութիւն այն մասին, թէ եուգոսլաւները եւ հէջջազները, որոնք բացակայ են եւ կարող են ստորագրել:
Երբ վերջացաւ ստորագրութիւնները եւ բազմութիւնը վեր կացաւ, Վենիզելոսն առաջինը վազեց դէպի ինձ, ձեռքս բռնեց երկու ձեռքով եւ գրեթէ բացագանչեց յուզուած ըսելով, «ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ, ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀ, ՁԵԶՄԷ ՅԵՏՈՅ ԵՍ ԵՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՄԵՆԱԵՐՋԱՆԻԿ ԱՆՁԸ»:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ