Ազգային Ժողովը Կազմաւորուեցաւ, Հերթը Կառավարութեան Է

0 0
Read Time:2 Minute, 14 Second

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Վերջապէս աւարտեցաւ Ազգային ժողովի 12 մնայուն յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութեան գործընթացը: Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը, որ Ազգային ժողովի մէջ մեծամասնութիւն ունի, առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու մնայուն յանձնաժողովը վերածած էր երկու անջատ յանձնաժողովներու` տասնմէկի փոխարէն յանձնաժողովներու թիւը բարձրացնելով տասներկուքի, որ, ըստ Սահմանադրութեան, յանձնաժողովներու առաւելագոյն թիւն է: Այս քայլով կանխուեցաւ յաւելեալ որեւէ նոր մնայուն յանձնաժողովի կազմութիւնը, եւ օրինականացաւ ընդդիմութեան առաջարկով Արցախի հարցով մնայուն յանձնաժողով կազմելու մերժումը` մեծամասնութեան կողմէ: Թէժ քննարկումներ եղան, մեծամասնութիւնը փորձեց իր մերժումը պատճառաբանել… Արցախի հարցին կարեւորութեամբ եւ յանձնաժողով ստեղծելով երկու հանրապետութիւններու Ազգային ժողովներու խառն յանձնաժողովի «բարձր» մակարդակէն նուազում չկատարելու յանձնառութեամբ:

Այդ խառն յանձնաժողովը կը գումարուի տարին երկու անգամ եւ… վերջ երկու տարիներուն չէ գումարուած: Պարզ է, որ Արցախի հարցով որոշումներ կայացնելու իրաւունքը մեծամասնութիւնը վերապահած է միայն իրեն, այսինքն` բացառապէս գործադիր իշխանութեան:

Տասներկու յանձնաժողովներու նախագահներու առաջադրումը եւ առանձին քննարկումները վերածուեցան մեծամասնութիւն-ընդդիմութիւն բանավիճային սուր բախումներու: Յաճախ մոռցուեցաւ բուն նիւթը, այսինքն` ներկայացուած թեկնածուին ատակ ըլլալը պաշտօնին, անոր մօտեցումները` ստանձնելիք մարզի խնդիրներուն, մարտահրաւէրներուն նկատմամբ:

Նորը կառուցելու փոխարէն, տակաւին կը գտնուինք հինի ու նորի հակադրութեան ամուլ ու երկբեկող տրամաբանութեան մէջ: Տեսակէտ մը պաշտպանելու համար փաստարկներու չգոյութիւնը կը պարտկուի անցեալի, նոյնիսկ շատ հեռաւոր անցեալի դէպքերու վերյիշումով: Մինչեւ հարիւր տարի առաջ Պաթումի պայմանագիրը, Կարսի անկումը, Ալեքսանդրապոլի համաձայնագիրը եւ նմանօրինակ պոլշեւիկեան հակադաշնակցական բարբաջանքներ:

Հիները ոչ միայն պատասխանատու եւ յանցաւոր են 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան համար, քանի որ կառավարութիւնը ճիշդ է, որ պատասխանատու է, բայց յանցաւոր չէ, ժողովուրդը իր քուէարկութեամբ այդպէս որոշեր է:

Հայաստանէն արտագաղթ եղա՞ծ է. նախկին իշխանութիւններն են մեղաւոր: Արտագաղթողները մեղք չունին, նոյնիսկ անոնք, որոնք անգոյ քաղաքական հալածանքներ վկայաբերելով, քաղաքական ապաստան խնդրած են եւ… մերժուած:

Մարդիկ հարստացա՞ծ են. նախկին իշխանութիւններու իրականացուցած թալանին շնորհիւ է: Ոչ ոք արդար աշխատանքով, երբեմն բախտով, խնայողութեամբ բարեկեցիկ կեանք ու հարստութիւն ստեղծած է: Որ ապօրինութիւններ եղա՞ծ են, կասկածէ դուրս է, բայց բոլորն են գողցած: Ինչպէս բացատրենք լաւ ու շքեղ մեքենաներու բազմացումը, հանրախանութներու մէջ մարդոց բազմութիւնը, սրճարաններու ու ճաշարաններու մէջ մարդոց անհոգ զուարճանքը:

Բանակը պարտութի՞ւն կրեր է. մեղաւորը նախկիններն են, որոնք անօթի պահած են զինուորները, ներքնազգեստ չեն տրամադրած, ալան-թալանի ենթարկած են բանակը: Բայց ինչպէ՞ս բացատրենք նախորդած տարիներուն բանակի յաջողութիւնները, սահմաններու անխախտելի մնալը:

Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան խորհրդարանին մէջ վիճակը անտեղիօրէն սրելէ եւ նոյնիսկ ոստիկանութիւնը դահլիճ հրաւիրելէ ետք առաջարկեց վերադառնալ զերօ կէտին ու Ազգային ժողովի աշխատանքները կազմակերպել դրական ուղղուածութեամբ: Հիմա ժամանակաւոր դադար է, մինչեւ կառավարութեան ամբողջական կազմութիւնը եւ ծրագրի ներկայացումը:

Կառավարութիւնը ամբողջանալու համար անհրաժեշտ է արտաքին գործոց նախարարի նշանակումը, որ կ՛ուշանայ: Դիւանագիտական անձնակազմը դէմ է իշխանութեան գործելաոճին, որ կ՛անտեսէ նախարարութեան տեսակէտը եւ կատարուած իրողութիւններ կը ստեղծէ: Նախարարը հաւանաբար նշանակուի դուրսէն: Անկէ ետք կառավարութիւնը իր ծրագիրը պէտք է մշակէ ու ներկայացնէ Ազգային ժողովին: Ծրագիրի մշակումը եւ անոր քննարկման եղանակը կարեւոր քննութիւն պիտի հանդիսանան, գիտնալու համար, որ որքա՛ն հիմնաւոր է գործակցական ոգիով կառավարելու եւ փոքրամասնութեան առաջարկներուն արհամարհանքով չմօտենալու խոստացուած առաջադրանքը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles