Դէպի «Օրէնքի Եւ Իրաւունքի Տիքտատուրա»

0 0
Read Time:2 Minute, 8 Second

 

Photo by KAREN MINASYAN / AFP

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

1 յուլիս 2021-ի կառավարութեան նիստին կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարը զեկուցեց… ծանրաբարձ մարզիկներուն յատուկ որակի ծանրաձողեր տրամադրելու առաջարկին մասին: Աննշան մանրամասնութիւն մը, որուն կառավարութան նիստին զեկուցուիլը եւ որոշում ակնկալելն իսկ տարօրինակ կը թուի: Բայց` ոչ: Մարզիկներուն 20 ծանրաձողեր տրամադրել խոստացեր է դեռ ապրիլին վարչապետ Փաշինեանը ու գրաւոր յանձնարարեր է այդ մասին ԿԳՄՄ նախարարին: Ի՜նչ քննարկում, ի՜նչ ուսումնասիրութիւն. ո՞վ իրաւունք տուեր է 20 ծանրաձողը դարձնել 8, այն ալ երկու ամիս ուշացումով: Վարչապետը յայտնեց, որ իր յանձնարարականները անբեկանելի են ու նախապատուութիւն կը վայելեն: Պրն. Փաշինեան բարկացաւ, թոյլ չտուաւ նախարարին բացատրութիւն տալ ու հարցը փակեց:

Այս պատահարը պատմեցի, որպէսզի հասկնանք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ, պրն. Փաշինեանի համար, կառավարման արդիւնաւէտութիւն ըսուածը, որ շատ կը յորջորջուի վերջերս. թագաւորն ապրած մնայ…

Ընտրարշաւի օրերուն, մուրճը ձեռքին, Նիկոլ Փաշինեան, ժողովրդային մտերմութեան համար ընտրական որմազդներու վրայ` պարզապէս Նիկոլ, պողպատեայ «մանտադ» կ՛ուզէր: Պողպատն ու մուրճը գլուխ ջարդելու գործիքներ են, ու մեղա՜յ, մեղա՜յ, բռնութիւն կը նախանշեն: Ժողովուրդը, իր քուէարկութեամբ մեծամասնութիւն պարգեւելով պրն. Փաշինեանին, արտօնեց թաւիշը փոխարինել պողպատով: Ամբողջատիրական յեղափոխութիւններուն յաջորդող «մաքրագործումներուն» արձագանգը յստակօրէն լսելի է: Կը յայտարարուի, որ նաեւ, ժողովուրդին փափաքածը իրագործելու համար պաշտօնեաներու ջարդ պէտք է կազմակերպել: Վերջ, այլեւս ոչ մէկ խոտոր ձայն պէտք է լսուի, ոչ մէկ առարկութիւն հանդուրժելի է: Բոլորս մէկ մարդու նման, մէկ սիրտ ու մէկ կամք, պիտի ենթարկուինք ժողովուրդի առաջադրանքին, որ… կը սահմանէ նոյն ժողովուրդի սիրելի ընտրեալ Նիկոլ Փաշինեանը:

Անդրադառնալով, որ պողպատին, մուրճին, ջարդին հնչեղութիւնը խիստ անախորժ է ու… հակաժողովրդավարական, Նիկոլ Փաշինեան սրբագրեց նախնական յոխորտանքը ու պողպատէ մանտադը փոխարինեց աւելի բարեհունչ տարազով մը. յաջորդ կառավարութիւնը պիտի հաստատէ «օրէնքի եւ իրաւունք տիքտատուրա»: Վերջին երեք տարիներուն ո՛չ օրէնքն է գործադրուած, ո՛չ ալ` իրաւունքը յարգուած: Ըստ երեւոյթին, իշխանութեան բաւիղներուն մէջ ծուարած «նախկինները» թոյլ չեն տուած: Այլեւս, նման արգելքներ հանդուրժելի չեն. «տիքտատուրա»-ն, որ կը թարգմանուի պարզապէս «ամբողջատիրութիւն», ընթացքի մէջ է արդէն: Նախարարն անգամ, եթէ յանդգնի պետին յանձնարարութիւնը քննութեան առարկայ դարձնել, «օրէնքի ու իրաւունքի» պատին պիտի բախի:

Կ՛ըսեն, որ արեւմտեան ու արեւելեան գործընկեր պետութիւններ կ՛ողջունեն ժողովրդավարութեան յաղթանակը ու կը շնորհաւորեն Նիկոլ Փաշինեանը: Թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ կը մտածեն նմանատիպ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն մասին, ծանօթ չէ մեզի: Ողջունողներուն համար, կարեւորը իրենց շահերն են, աշխարհաքաղաքական իրենց նպատակները: Անոնց համար էական է գիտնալ, թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս կը ծառայէ այդ նպատակներու իրականացման, երբեմն գիտակցօրէն, երբեմն ալ աննախընթաց յաջողութիւն մը իրականացնողի անգիտակից միամտութեամբ:

Յառաջիկայ ժամանակաշրջանը յղի է ծանր տագնապներով: Նիկոլ Փաշինեանին ինքնակամ կառավարելու իրաւասութիւն շնորհած ժողովուրդը ուշ կամ կանուխ հաշիւ պիտի պահանջէ յանձնարարարութիւններով աժան ժողովրդականութիւն մուրացող մեծն ամբոխավարէն: Ուրեմն ժամանակաւոր է նախատեսուածը, որովհետեւ ամբոխավարութեամբ կարելի չէ երկիր կառավարել:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “Դէպի «Օրէնքի Եւ Իրաւունքի Տիքտատուրա»

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles