Մ. Յ.
Փարիզ
Կրնայի խորագրել նաեւ՝ «Անդառնալի ամօթանքի մի՛ դատապարտէք հայն ու Հայաստանը»:
Այսօր, Շաբաթ 19-ի երեկոյեան հայաստանեան մամուլի հաղորդած լուրերը մտահոգիչէ աւելի են, ահազանգային են:
Կարդացի.
«Ինչպէս հաղորդում է Mika Badalyan Տելեգրամ-ալիքը` որոշ ընտրատեղամասերում յայտնաբերուել են ծակ յատակով քուէատուփեր, ինչն ակնյայտօրէն նախատեսուած է քուէաթերթիկների լցոնման համար»:
Այլ տեղ կարդացի նաեւ.
«Սկանդալ (գայթակղութիւն, Մ.Յ.) Արմաւիրի մարզի 14/29 ընտրատեղամասում:
«Տեղամասային ընտրական յանձնաժողովում «Փաստինֆօ»-ի աղբիւրի փոխանցմամբ` քուէաթերթիկներն ստանալու ընթացքում յանձնաժողովի անդամներն ու դիտորդները նկատել են, որ «Պատիւ ունեմ» դաշինքի` մի քանի հարիւր քուէաթերթիկների վրայ կան կողմնակի նշումներ` կատարուած կապոյտ գոյնի թանաքով, որոնք ենթադրաբար կարող են առիթ հանդիսանալ այդ քուէաթերթիկները չեղեալ համարելու համար:
«Յիշեցնենք, որ նման նշումներ յայտնաբերուել են նաեւ «Հայաստան» դաշինքի քուէաթերթիկների վրայ, ինչի մասին բարձրաձայնել էր փաստաբան Արամ Վարդեւանեանը` հարցի վրայ հրաւիրելով ԿԸՀ-ի ու դիտորդների ուշադրութիւնը` ակնկալելով ստանալ սպառիչ պատասխան»:
Չեմ ուզեր հաւատալ, որ այսքան սպասուած ընտրութեան համար տեղի ունենալիք քուէարկութիւնը զաւեշտ պիտի ըլլայ, ինչպէս կը սիրեն ըսել՝ ֆարս, որ չի խնդացներ: Զաւեշտի քուէատուփերով եւ զաւեշտի քուէաթերթիկներով արդէն իսկ ամենէն միամիտ քաղաքացին անգամ չի կրնար յուսալ, որ քուէարկութիւնը պիտի ըլլայ ազատ արտայայտութիւնը ժողովուրդի անխարդախ կամքին:
Ի՞նչ բանի կրնայ յանգեցնել այս կացութիւնը, այս ներազգային վիրաւորանքը, կրնաք ըսել՝ ակրեսիան:
Ո՞վ, որոնք եւ ինչպէ՞ս առաջքը պիտի առնեն ինքնաքանդումի այս վատութեան: Հաւատացեալները կրնան ըսել Աստուած, բայց ան վաղուց իր ականջները խցած է, հայէն եւ Հայաստանէն եկող ձայները չի լսեր:
Վաղը, 20 յունիսը, հայրենատիրութեան մա՞հը պիտի աւետէ, կամ՝ սկիզբը եղբայրասպան կռիւներու, որոնցմէ երեսուն տարիէ ի վեր զերծ մնացած ենք, խուսափած ենք:
Վաղը քաղաքացիներ պիտի երթան քուէարկելու, եթէ երթան, եթէ չխափանուի քուէարկութիւնը:
Այսօր հայաստանեան մամուլին մէջ կարդացի նաեւ հետեւեալը, որ իմաստազուրկ կը դարձնէ ընտրել-ընտրուիլ թատրոնը:
«Ամենակարեւոր լուրերը Հայաստանից Telegram-ում յունիս 19, 2021 19:58
«Վայոց Ձորից եւս 10 գիւղ պէտք է զիջենք, եթէ Ադրբէջանի եւ Թուրքիայի միջեւ կնքուած Շուշիի հռչակագիրը կեանքի կոչուի:
«Կան անվտանգային խնդիրներ, որոնք այդքան էլ տեսանելի չեն, բայց շատ կարեւոր են: Խօսքը ջրային անվտանգութեան մասին է: Սիւնիքում եւ Գեղարքունիքում 11 հազար հեկտար ադրբէջանական ուժերի կողմից գրաւելը նաեւ նպատակ ունէր այդ մարզերի գիւղերին ջրային ռեսուրսներից զրկելու…:
Եւ այլ ահազանգային լուրեր:
Այս բոլորը իմանալով հարց պէտք է տալ, թէ ո՞ւր կ’երթայ Հայաստանը, ո՞ւր կ’ուզեն տանիլ, որոնք են այդ ուղղութեամբ գործողները եւ անոնց մեղսակից հայերը:
Եւ քանի որ Հայաստանի ժողովուրդն է որ իր քուէով թերեւս կրնայ բան մը փոխել յուսահատական ընթացքէն որուն մէջ առնուած են Հայաստան եւ հայութիւն, պէտք է ամէն գնով դիմակները վար առնել, խօսիլ եւ գործել առանց սպիտակ ձեռնոցներու, սեւին սեւ ըսել, ճերմակին՝ ճերմակ:
Այսօր 10 գիւղ, ոչ մէկ երաշխիք կայ որ վաղը այդ 10 գիւղին վրայ պիտի չգումարուին ուրիշներ ալ, մինչեւ որ…
Հայաստան կը քուէարկէ: Երբ այս տողերը կարդացուին, քուէարկութիւնը կրնայ աւարտած անգամ ըլլալ:
Յետո՞յ:
Ի տես եւ ի լուր պարզուող պատկերին եւ իրադարձութիւններուն, Վոլթէրի լաւատես Քանտիտի ժառանգ պէտք է ըլլալ չխրելու համար յոռետեսութեան մէջ կամ չտրուիլ վաղուան յոյսը կրող ԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐԱԿԱՆ ԻՐԱՒ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ…
Փոխանակ միայն երգելու, որ «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար», այսօր մեր տասնըհինգ միլիոնը, որ կանգնած է պատի դիմաց, անոր փլուզման տակ չթաղուելու եւ չանհետանալու ճանապարհը ԵՍ ու ՔԱՂՔԵՆԻՈՒԹԻՒՆ յաղթող «խենթերու հնարը» պէտք է ըլայ… Առանց այլընտրանքի, առանց միջին ճանապարհներու վրայ խուսանաւումներու:
Կրնա՞ք հանգիստ քնանալ, ձեռնածալ նստիլ, երբ յատակը ծակ քուէատուփեր նախատեսուած են, երբ անվաւեր հռչակուելու կոչուած կապոյտով դրոշմուած քուէաթերթիկներ պատրատուած են եւ տասնեակներով գիւղեր կը պահանջուին եւ կը տրուին:
Ինչպէ՞ս պիտի արթննանք 21 յունիսին…
Ի՞նչ ընելու համար…