«Հայաստան» Դաշինքի Վերջին Հանրահաւաքը` Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ

0 0
Read Time:1 Minute, 42 Second

ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 18-ին «Հայաստան» դաշինքը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կատարեց վերջին քարոզարշաւը:

Հայաստանի բոլոր մարզերն ու քաղաքները այցելելէ, հաւաքներու եւ հանդիպումներու ճամբով բնակիչներուն կարիքներուն ծանօթանալէ ու դաշինքի նախընտրական ծրագիրը ներկայացնելէ ետք, «Հայաստան» դաշինքի անդամները Հանրապետութեան հրապարակէն յայտարարեցին, որ իրենք պիտի գործեն Հայաստանի եւ հայութեան գերագոյն շահերուն ի խնդիր:

Հազարաւորներ եկած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու դաշինքին` այն հաւատքով եւ յոյսով, որ դաշինքին ճամբով կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանը դուրս բերել ներկայ մղձաւանջային վիճակէն, վերականգնել հայութեան ազգային արժանապատուութիւնը:

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի եւ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ նախորդող 12 օրերուն ընթացքին «Հայաստան» դաշինքը այցելեց հանրապետութեան բոլոր մարզերը, ներկայացուց երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, անկէ դուրս գալու ուղիները, ինչպէս նաեւ` իր ծրագիրները:

«Անցնող օրերուն մենք առաւելագոյնս անտեսեցինք հակառակ կողմի զրպարտութիւնները, վայրագութիւնները, գոռգոռոցները: Մենք յիմարութիւններու վրայ ժամանակ չվատնեցինք: Մենք խօսեցանք Հայաստանի զարգացման եւ Հայաստանի երաշխաւորուած ապագային մասին: «Հայաստան» դաշինքն է այն քաղաքական ուժը եւ խումբը, որ կրնայ երկիրը դուրս բերել այս իրավիճակէն», ըսաւ ան:

«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ.- «Մենք սկսանք քարոզարշաւով եւ կ՛աւարտենք յաղթարշաւով: Ասիկա պայքար չէ իշխանութեան համար: Ասիկա պայքար է պետականութիւնը մեր ժողովուրդին վերադարձնելու համար: Երկրին առջեւ ցցուած են չորս հիմնական խնդիրներ` պաշտպանութիւն, սահմաններու անվտանգութիւն, Ղարաբաղի ապագան, տնտեսական վիճակ, անգործութիւն, արտագաղթ, ներքաղաքական գերլարուած մթնոլորտն ու ատելութիւնը, զորս երեք տարի շարունակ սերմանեց այս իշխանութիւնը: Այս իշխանութիւնը ի վիճակի չէ լուծում տալ այս խնդիրներուն, որովհետեւ իրենք են այս հարցերը ստեղծողը, օրական դրութեամբ տարածողն ու անկէ սնունդ ստացողը: Մենք եկած ենք վերջ տալու ամէն ինչին: Այսօրուան քաղաքական վերնախաւը պիտանի է մէկ բանի համար` իրենք կրնան վատ օրինակ ծառայել: Մեր դաշինքը եկած է վերջ տալու այս բոլորին. 20 յունիսին ընտրութիւն է արժանապատիւ խաղաղութեան եւ ծնրադիր խայտառակութեան միջեւ, ասիկա ընտրութիւն է տնտեսական վերելք ունենալու եւ տնտեսական ճգնաժամը խորացնելու միջեւ, ասիկա ընտրութիւն է համերաշխութեան եւ թշնամանքի միջեւ: Մենք կը մերժենք այն բոլոր երեւոյթները, որոնք մեզ հասցուցին այս տխուր իրավիճակին»:

«Հայաստան» դաշինքի հանրահաւաքի աւարտին Ռոպերթ Քոչարեան բեմ հրաւիրեց որդին` Լեւոն Քոչարեանն եւ կինը` Սիրուշոն, որ իր երկու երգերէն հատուածներ մեկնաբանեց եւ խանդավառեց ժողովուրդը:

Հանրահաւաքի աւարտէն ետք «Հայաստան» դաշինքի անդամները երթով ուղղուեցան դէպի Ազատութեան հրապարակ:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles