Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ
Մայիս 20, 2021
Ոսկրաթեքութիւնը ոսկորներու հիւանդութիւն մըն է: Ան տեղի կ’ունենայ երբ Տէ (vit. D ) կենսանիւթը, կրածինը (calcium) եւ ֆոսֆորը (phophoru) կը նուազին մարմնին մէջ: Այս երեքը շատ կարեւոր ազդակներ են ոսկորներու առողջ աճման, զօրաւոր կազմաւորման եւ առողջութեան: Ոսկրաթեքութիւն ունեցող անհատը կ’ունենայ տկար, կակուղ եւ փխրուն ոսկորներ, աճման դանդաղում եւ ոսկորներու տձեւութիւններ:
Ոսկրաթեքութիւնը ընդհանրապէս մանկական հիւանդութիւն մըն է, բայց կրնայ պատահիլ նաեւ չափահասներու:
Տէ կենսանիւթը կ’օգնէ բարակ աղիքներ հասած կրածինի եւ ֆոսֆորի ներծծման աղիքներու պատերէն դէպի մարմին: Բնականէն նուազ Տէ կենսանիւթի գոյութիւնը աղիքներուն մէջ պատճառ կը դառնայ կրածինի եւ ֆոսֆորի նուազ ներծծման: Տէ կենսանիւթը եւ կրածինը մեր սպառած կերակուրներուն հետ կը կանոնաւորեն ոսկրաթեքութեան ոսկրային հարցերը:
Տէ կենսանիւթի նուազումը մարմնին մէջ կը յառաջացնէ՝
- Մկանային և ոսկրային թուլութիւն.
- Ընկճուածութիւն.
- Ցաւի բարձր զգայնութիւն.
- Լինդային երկարատեւ հիւանդութիւններ եւ արիւնահոսութիւն.
- Արեան բարձր ճնշում.
- Յոգնածութիւն ու քնոտութիւն.
- Տրամադրութեան փոփոխութիւն.
- Դիմադրողականութեան եւ ուժականութեան նուազում.
- Մարսողութեան հետ կապուած խնդիրներ.
- Քերքրտնութիւն.
- Գերզգայնութիւն:
Տէ կենսանիւթի աղիքներուն պատերէն ներծծումը կը նուազի եւ կը խանգարուի կարգ մը հիւանդութիւններու պատճառով: Այս հիւանդութիւններէն են՝ celiac հիւանդութիւն, աղիքներու բորբոքում, cystic fibrosis եւ երիկամային հիւանդութիւններ:
Ոսկրաթեքութեան ախտանշաններն են՝
- Մարմնական ընդհանուր աճման դանդաղում եւ ուշացում.
- Քալելու, շարժելու եւ վազելու անկարողութիւն.
- Ողնայարի, կոնքի եւ սրունքներու ցաւ.
- Ոսկրային տձեւութիւններ՝ աղեղաւոր-կոր (bowed) սրունքներ, ներսադարձ ծունկ (knock knee).
- Դաստակի եւ կրունկի ծաւալում.
- Կրծքաոսկորի (breast bone) ցցունութիւն.
- Ոսկորներու կոտրուածք.
- Ակռաներու հիւանդութիւններ եւ բոսիկներու կազմութիւն.
- Մկանային տկարութիւն եւ պրկուածութիւն:
Ոսկրաթեքութեան ախտապատճառներն են՝
- Տէ կենսանիւթի, կրածինի եւ ֆոսֆորի քիչ սպառում:
- Տէ կենսանիւթը առաւելաբար եւ բնականաբար կը ստանանք՝ արեւու ճառագայթներէն եւ մեր սպառած սննդանիւթերէն, օրինակ՝ ձուկ, ձկան իւղ, հաւկիթ, կաթ:
Ոսկրաթեքութիւն ունենալու հաւանականութիւնը աւելի է՝
- Թուխ-սեւ գոյն մորթ ունեցող անձերուն, որովհետեւ անոնք աւելի մելանին (melanin ) ունին իրենց մորթին մէջ: Մելանինը արգելք կը հանդիսանայ Տէ կենսանիւթի ներծծման մորթէն ներս:
- Յղի կիներուն, որովհետեւ անոնք բաւարար Տէ կենսանիւթ չեն սպառեր:
- Արեւու ճառագայթներուն նուազ ենթակայ եղողներուն:
- Կանխահաս ծնող մանուկներուն (premature):
- Կաթնտու մայրերուն, որոնց կաթը բնականէն նուազ Տէ կենսանիւթ կը պարունակէ:
Ոսկրաթեքութեան հետեւանքով կը պատահին որոշ բարդութիւններ՝ կոր անբնական ողնայար, ոսկորներու ընդհանուր տկարութիւն, ակռաներու տձեւութիւններ եւ մարմնական ցնցումներ:
Կարելի՞ է արգելք հանդիսանալ ոսկրաթեքութեան. Այո՛, հետեւեալ միջոցներով՝
- Օրական 20-30 վայրկեան կէսօրէ առաջ եւ կամ ետք ենթակայ ըլլալով արեւու ճառագայթներուն: Սակայն երկար ժամեր արեւու ճառագայթներուն ենթակայութիւնը ունի իր վնասները, որոնցմէ կարեւորագոյնը մորթի քաղցկեղն է: Հետեւաբար երկար ժամեր եւ մանաւանդ կէսօրուայ ժամերուն պէտք է գործածել յատուկ արեւարգելքներ եւ կամ պաշտպանողական հագուստներ:
- Տէ կենսանիւթով հարուստ սննդեղէններ ուտելով՝ ձուկ, մասնաւորապէս սոլդի (salmon) եւ որթձուկ (tuna), ձկան իւղ, հաւկիթի դեղնուց, Տէ կենսանիւթով հարստացուած կաթ, մածուն, պանիր եւ կարագ:
Ամէն երեխայ ստանալու է բաւարար Տէ կենսանիւթ: Մօր կաթը բաւարար Տէ կենսանիւթ չի պարունակեր, ուստի երեխաներուն տրուելու է ամէն օր յաւելեալ որոշ քանակութեամբ Տէ կենսանիւթ:
Ոսկրաթեքութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի՝
1.Մանկաբուժին կատարած բժշկական քննութեամբ: Ան կը քննէ երեխային ոսկորներուն իրավիճակը՝ կակուղութիւնը, տձեւութիւնները, գլխու ոսկորներուն միացումը, ոտքերու կորութիւնը, կրծքավանդակի ցցունութիւնը եւ դաստակի ու կրունկի հաստութիւնը:
- Ք ճառագայթային նկարումներով:
- Արեան եւ մէզի տարրալուծարանային քննութիւններով:
Ոսկրաթեքութիւնը կը դարմանուի՝
- Տէ կենսանիւթի եւ կրածինի յաւելեալ սպառումով: Բարելաւումը կը սկսի շուտով, նոյն իսկ 15 օր ետք ոսկրային տձեւութիւները կը մեղմանան եւ 3-4 ամսուայ դարմանումէն ետք կ’անհետանան:
- Արեւու ճառագայթներուն օգտագործումով:
Ոսկրային տձեւութիւնները աճման ընթացքին կը կարօտին յատուկ սարքերու շտկելու համար տձեւութիւնները: Յառաջացած տձեւութիւններուն համար վիրաբուժական գործողութիւնները մեծապէս օգտակար կը դառնան:
Երեխաներու աճման շրջանին, 6-36 ամիսներու ընթացքին, տեղի կ’ունենայ արագ աճում, ուստի այս ժամանակաշրջանին երեխաները առաւելագոյն չափով Տէ կենսանիւթի, կրածինի եւ ֆոսֆորի կը կարօտին: