Արեւոտ կիրակի էր: Արմենակ աւանդական այցելութեան եկաւ: Թզենիի եւ սարփինայի շուքին զրուցեցինք, վայլելով սառնորակ գարեջուր:
Էլպիս եւ Մակարուհին մեզ առանձին ձգեցին:
Կեդրոնականցին, որ խոշորացոյցով եւ մանրադիտակով կը հետեւի հայ կեանքին, պատմեց հետեւեալը.
– Մեր արուարձան քաղաքը ապաստանած է հայ ընտանիք մը, Սուրիոյ Թէլ Ապիատ քաղաքէն: Աւանդական ընտանիք մը. մեծ հայր, մեծ մայր, անոնց զաւակը եւ հարսը, իրենց երեք զաւակներով: Մեծ հայր Ճըրճին յաճախ կը տեսնեմ թաղի հանրային պարտէզը, առանձին նստած՝ համրիչին քարերը կը շխկացնէ: Երէկ հրաւիրեց, որ իր կողքին նստիմ եւ զրուցենք:
– Սուրիոյ քաղաքացիական կռիւի՞ մասին խօսեցաւ,- հարցուցի:
– Ո՛չ: Ճըրճին կարմուճցի է, ուրֆացի, կը խօսի հերոս Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանի մասին: Ըսաւ, որ տունը իրենք միայն հայերէն կը խօսին: Ըսաւ որ հոն եղած ատեն շուկան արաբերէն կը խօսէր: Հոս ծանօթ չունի, միակ զբաղումը Հայաստանի հեռատեսիլն է, բայց լսածին կէսը չի հասկնար, քանի որ ո՛չ անգլերէն գիտէ ո՛չ ֆրանսերէն: Անդադար ուսուցչուհի եղած հարսին կը դիմէ:
– Դուն ի՞նչ ըսիր:
– Ի՞նչ կ’ուզես որ ըսեմ: Ինչու ես ամէն ըսուածը եւ գրուածը կը հասկնա՞մ: Երբեմն ճիգ կ’ընեմ, բառարաններու կը դիմեմ: Օրինակ, բառարանն ալ չօգնեց դեժավյուս կարդացի թերթի մը մէջ: Ոչ Կռանեան եւ ոչ ալ Աճառեան օգտակար եղան: Թէլ Ապիատէն եկած կարմուճցի հայը ըսաւ, որ երբ կ’ըսեն թամպալ, թամաշա, թալան եւ թայֆա կը հասկնայ, բայց դեժավյուն, իլյուզիան, իմիտացիան, իմպիչմենտը չի հասկնար, յաճախ գրոց-բրոց հարսն ալ չի հասկնար:
– Արմենա՛կ, այս հարցին լուծումը հայրենադարձութիւնն է: Կարմուճցի Ճըրճին եթէ Հայաստան երթայ, խօսուածը եւ գրուածը ինք չհասկնայ, օր մը թոռները կը հասկնան:
– Պռաւօ՛, Մակար, խօսեցար ճիշդ ամէն բանի պատշաճող ղեկավարի պէս: Հայերէնը մոռցողները Հայաստան պէտք է վերադառնան, մասնակցին Մեսրոպի մոռացման տօնահանդէսներուն եւ նորահայերէն սորվին:
– Արմենա՛կ, այս խնդիրը առաջնահերթութիւն չէ: Ինչպէս կարգ պատշաճած կուշտեր կ’ըսեն, կը բաւէ զգացումով հայ ըլլալ, մնացեալը, լեզու, աւանդութիւն, բռնագրաւուած Հայաստան, ցեղասպանութիւն, պատմութիւն են: Պէտք է զանոնք ծալել եւ վրան նստիլ:
– Ուրեմն դեժավյու, իլյուզիա…
Արմենակ առանց բառ մը ըսելու, գլխարկը առաւ եւ գնաց:
Երբ Կեդրոնականցիի տեսակն ալ շիջի, կը մնան ամէն բան ծալող եւ վրան նստող աթոռակալները եւ կոչունքներու պատուոյ սեղաններու փքուածները, որոնք յաջորդ օրուան թերթը կը բանան… իրենց պատկերը տեսնելու համար:
Մինչ կարմուճցի Ճըրճիները կը տառապին:
Մակար ի Գաղիա, 14 Յունիս 2021