Հրանդ Տինքի Յիշատակին (Իր Մահուան 18-րդ Տարելիցին Առթիւ)

0 0
Read Time:4 Minute, 19 Second

 

 

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Յունուար 19, 2007-ին մահաբոյր օրը, Օգիւն Սամասթ կոչուած 17-ամեայ պատանի մը՝ ատրճանակի երեք փամփուշտներով վերջ դրաւ պոլսահայ ականաւոր լրագրող Հրանդ Տինքի երկրաւոր կեանքին:

Անտարակոյս, քաղաքական ոճիր մըն էր ասիկա՝ ի գործ դրուած կարգ մը մութ ուժերու կողմէ, որոնք ատենէ մը ի վեր հալածանքի թիրախ դարձուցած էին տարաբաղտ խմբագիրը երկլեզուեան Ակոս շաբաթաթերթին: Ան յաճախ նախատական սպառնալիքներ կը ստանար յայտնի կամ անյայտ տեղերէ, հարցաքննութեան համար կը կանչուէր ապահովութեան գրասենեակներէ եւ նոյնիսկ պաշտօնապէս ամբաստանուած էր որպէս «Թրքութիւնը նախատող եւ Թուրք ազգային ինքնութիւնը դաւաճանող անբաղձալի տարր մը»:

Եւ ինչո՞ւ: Անոր համար, որ Հրանդ քաջութիւնը ունեցած էր կոչ ընելու իր Թուրք հայրենակիցներուն իրենց անցեալը քննելու առարկայականօրէն, յատկապէս ընդունելով 1915-1923 տարիներուն հայոց հանդէպ գործած զանգուածային բռնահանութիւնն ու ջարդերը: Ան նաեւ ջատագով հանդիսացած էր խօսքի եւ մամուլի կատարեալ ազատութեան: Քննադատած էր երկրին մէջ տիրող մարդկային իրաւանց բռնաբարումը, կրօնական ազատութիւններու վրայ դրուած կարգ մը արգելքները, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութեանց հանդէպ եղած խտրականութիւնը:

Այս ամէնը հռչակել Թուրքիոյ հողին վրայ, թրքական պետութեան սրտին մէջ … ան ալ հայու մը կողմէ՝ բաւական էին որ Թուրք իշխանութիւններ եւ ազգայնամոլ տարրեր չհանդուրժէին Հրանդ Տինքին: Մանաւանդ որ թրքական քրէական օրէնքի 301 յօդուածը երբեք չէր արտօնէր, որ մէկը այս ձեւով «անարգէր թուրք ազգը»: Այդ տխրահռչակ յօդուածը առիթ տուած էր թուրք ծայրայեղականներու, որ օրէնքը իրենց ձեռք առնելով «դաս մը սորվեցնեն Հրանդ Տինքին եւ իր նմաններուն»: Եւ իրենց «սորվեցուցած դասը» ա՛յն էր, ինչ որ իրենք ալ իրենց կարգին սորված էին իրենց նախնիքներէն, Սուլթան Համիտէն, Թալաաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ Փաշաներէն եւ Քեմալ Աթաթիւրքէն, — բիրտ ուժով լռեցնել արդարութեան ձայնը …:

Ո՞վ էին հեղինակները այդ անարգ ոճիրին: Այդ սպանութեան բուն հեղինակը պատանի Օգիւն Սամաթը չէր, թէեւ ան գործակատարը եղաւ իր ետեւ կեցող մոլեռանդ եւ ազգայնամոլ շարժումի մը: Այդ ծայրայեղական շարժումը կը կոչուէր Derin Devlet (Խորունկ Պետութիւն)—«կառավարութեան մէջ կառավարութիւն» եղող ազգայնական համակարգ մը, որ կը հետապնդէր եւ հալածանքի եւ «մաքրագործում»-ի թիրախ կը դարձնէր, բոլոր բարեփոխումներու կողմնակիցները: Այս շարժումը մուտք գործած էր բանակի, ապահովական եւ մտաւորական բոլոր կառոյցներէն ներս: Թուրք կառավարութիւնը, մամուլը եւ իրաւապահ մարմինները լռելեան համաձայնած էին հետապնդելու եւ ահաբեկելու այն մտաւորականները, որոնք անհամաձայն կը գտնուէին պետութեան բռնած ուղեգիծին: Արդարեւ, ստեղծուած էր մթնորլորտ մը, որով մտաւորականներու դէմ յարձակումները կը նկատուէին որպէս հայրենասիրական քայլեր:

2006-ի Ամերիկա իր վերջին այցելութեան ընթացքին, Հրանդ Տինք, իր բոլոր հանրային ելոյթներուն եւ անհատական խօսակցութեան մէջ, բացայայտօրէն կը յայտնէր, թէ իրեն համար լուրջ հարց էր Թուրքիոյ մէջ ազատ կարծիքներու արտայայտութեան կաշկանդումը, յատկապէս իրեն, Օրհան Փամուքի, Էմին Գարատայի եւ այլ մտաւորականներու դէմ բացուած դատերը եւ մամլոյ ազատութեան կաշկանդումը:

Ափսոս որ այս քաջասիրտ եւ աներկիւղ հայ լրագրող-մտաւորականը, որ աշխատեցաւ քաջալերել մամուլին անկողմնակալութեան ոգին, պայքարեցաւ ի խնդիր մարդկային իրաւունքներուն եւ իր կեանքը նուիրեց իր ժողովուրդի իրաւունքներուն, զոհ գնաց անարգ սպանութեան մը:

Ո՞վ էր Հրանդ Տինք: Մալաթիայէն Պոլիս հաստատուած ընտանիքի մը անդրանիկ զաւակն էր, որ իր կրտսեր երկու եղբայրներուն – Խոսրովի եւ Երուանդի – հետ միատեղ ապաստան գտան Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ «Պատանեկան Տուն»ին մէջ, 1961 թուականին:

«Պատանեկան Տուն»ը եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ հիմնուած գիշերօթիկ հաստատութիւն մըն էր հիմնուած 1957-ին: Անոր հիմնադիր եւ վարիչ տնօրէնը՝ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Հրանդ Կիւզէլեանն էր, որ 1950-ական թուականներուն՝ իր զինուորական ծառայութեան շրջանին տեսիլքը ունեցած էր Թուրքիոյ ներքին գաւառներու մէջ ապրող եւ կրօնքէ ու ազգութենէ ուծանալու վտանգին ենթակայ հայ մանուկները ազատագրելու իրենց դժբախտ ճակատագրէն:

Հրանդ Տինք եւ իր եղբայրները, ուրիշ հայ տղոց եւ հայ աղջիկներու հետ միասին մեծցան: Նախախնամական հրաշալի կարգադրութեամբ մը, Աստուած Պատանեկան Տուն բերաւ նաեւ հեռաւոր Մարտին գիւղաքաղաքէն քրտացած 9-ամեայ հայ աղջնակ մը՝ Ռաքէլ անունով, որ ապագային Հրանդի կեանքի ընկերը պիտի դառնար: Այսպէս, Հրանդ եւ Ռաքէլ իրենց քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը ստացան Պատանեկան Տան մէջ: Երկուքին ալ նկարագիրը, թրծուեցաւ նոյն յարկին տակ:

Եթէ ընտիր նկարագիրը կերտողը դաստիարակն է, անկասկած Պատանեկան Տան գլխաւոր դաստիարակը Հրանդ Կիւզէլեան ինքն էր: Ի՜նքն էր, որ իր հոգածութեան յաձնուած հայ մանուկներուն բարոյական եւ հոգեւոր աճումը իրեն կեանքի կոչում եւ սրբազան առաքելութիւն դարձուց: Ի՛նքն էր որ իր կեանքի օրինակովը ներշնչեց եւ իրենց մտքին ու սրտին վրայ դրոշմեց մեր հոգեւոր եւ տոհմիկ վսեմ իտէալները: Ի՛նքն էր, որ իրենց սորվեցուց սիրել հայ ազգն ու Հայաստանը, հայ լեզուն եւ հայոց պատմութիւնը:

Հրանդ Տինքի մահուընէ ի վեր հարիւրաւոր յօդուածներ գրուեցան իր կեանքին եւ իր գործին մասին, անոնցմէ բացառաբար քանի մը հատը միայն Պատանեկան Տան եւ անոր ետին կեցող մղիչ ուժ հանդիսացող՝ Հրանդ Կիւզէլեանի բախտորոշ դերին մասին անդրադարձան: Ճշմարտութիւնը այն է, որ առանց Կիւզէլեանի խաղցած ճակատագրական դերին Հրանդ Տինք պիտի չըլլար այն ինչ որ եղաւ եւ պիտի չընէր այն ինչ որ ըրաւ:

Կիւզէլեանէն ետք, թերեւս ամէնէն ազդու եւ զօրաւոր ազդեցութիւնը Հրանդ Տինքի կեանքին վրայ եղաւ իր տիկինը՝ Ռաքէլ Տինքը: Այս բարեպաշտ, իմաստուն, անձնուրաց եւ առաքինազարդ հայուհին Հրանդի կեանքին ներշնչման աղբիւր եղաւ ինչպէս նաեւ իրենց ամուսնական փոխ-յարաբերութեան մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ: Անոնք որ Ռաքէլը անձամբ չէին ճանչնար, կամ անոր մասին շատ բան չէին գիտեր, Հրանդի տարաբաղտ մահէն ետք միայն ճանչցան Ռաքէլի մտքի, բայց մանաւանդ հոգիի արժանիքները—անոր քաջասրտութիւնը, արդարադատութիւնը, համարձակախօսութիւնն ու զօրաւոր եւ ապառաժանման հաւատքն առ Աստուած: Արդարեւ, Ռաքէլի ունեցած ելոյթները Հրանդի մահէն ետք, իր գրած նամակները Թուրք հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին եւ դատարանի պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ իր բազմաթիւ «սրտի խօսք»երը՝ Հրանդին յետ-մահու ընծայուած մեծարանքներու առիթով՝ պերճախօս վկայութիւններ են իր նկարագրի բարեմասնութիւններուն:

Անտարակոյս, հանգուցեալ Հրանդ Տինք եւ իր շնորհազարդ կողակիցը՝ Ռաքէլ պատանեկան Տունին լաւագոյն ներկայացուցիչները հանդիսացան: Ռաքէլ իր ամուսնոյն մահէն ետք տակաւին անյողդողդ հաւատքով կը շարունակէ Հրանդ Տինքի անաւարտ առաքելութիւնը:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

Օրհնեալ ըլլայ Հրանդ Տինքի յիշատակը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles