Միջին Արեւելք – 2025. Հիմնական Վտանգներ

0 0
Read Time:8 Minute, 36 Second
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
15 Յունուար 2025
haroutchekijian.wordpress.com
Ճէոֆորի՝ ռուսական աշխարհաքաղաքական անկախ նախատեսութեան կեդրոնի GEOFOR, 2025 տարուան գուշակութիւնը հրապարակուեցաւ 9 Յունուար 2025-ին Միհայիլ Լաւրովի Mihail Lavrov կողմէ (1), որ ամբողջութեամբ կը թարգմանեմ ստորեւ, սակայն կարգ մը վերապահութիւններով՝ շեղագիր*.
«2024-ը յատկանշուեցաւ «Ալ-Աքսայի ջրհեղեղով» (Կազա*)՝ տարածաշրջանային իրավիճակը զարգանալով 7 հոկտեմբեր 2023-ի պատահարներու հաստատած տրամաբանութեամբ: Բոլորովին հնարաւոր է, որ Միջին Արեւելքի ընթացիկ տարին յատկանշուի «Սուրիական ձմեռով», զարգանալով 8 Դեկտեմբերի 2024-ի Ասատի վարչակարգի տապալումին տրամաբանութեամբ:
Շատ զարմանալի է, որ Իսրայէլի կողմէ Կազայի, ապա՝ Լիբանանի մէջ թաղամասեր իրենց բնակիչներով միասին գետնին հաւասարեցնելը եւ գործադրած պատերազմական ոճիրներն ու ցեղասպանութիւնը այս յօդուածին մէջ բնա՛ւ նշուած չէ*:
Լիբանանի մէջ իսրայէլեան օդանաւերով ռմբակոծում բնակուած շէնքերու վրայ՝ ցեղասպանութիւն, շուրջ 4000 զոհ եւ 15 հազար վիրաւոր:
Կազայի մէջ Իսրայէլի կողմէ բնակելի թաղամասերու անխնայ խորտակում՝ շուրջ 50 հազար խաղաղ բնակիչներու բնաջնջում՝ ցեղասպանութիւն:
Ընթացող զարգացումներուն սրտին մէջ, կը շարունակենք տեսնել յարատեւող հաւասարակշռութեան ընթացք մը, շրջանային չորս կեդրոններու միջեւ՝ Իսրայէլ, Իրան, Թուրքիա եւ Արաբական աշխարհը՝ Ծոցի թագաւորութիւններ (նաեւ իշխանութիւններ*), Իրաք եւ Եգիպտոս: Անցնող տարուան հետեւանքները կարելի է մօտաւորապէս հետեւեալ կերպով ամփոփել.
– Իրանի ազդեցութիւնը իր գագաթնակէտին հասնելէն ետք, զգալի կերպով նուազած է եւ Թեհրանը կորսնցուցած է Սուրիան ու իր ռազմավարական նախաձեռնութիւնը։ Այժմ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կ՚ուղղուի դէպի ռազմավարական պաշտպանութիւն:
– Թուրքիոյ ազդեցութիւնը կը զօրանայ՝ փոխարինելով Իրանը։ Անգարան իրաւամբ ինքզինք կը նկատէ իբրեւ Դամասկոսի մէջ Ասատի տապալումէն գլխաւոր օգտուողը եւ այժմ նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Թուրքիոյ։
– Իսրայէլը կրցաւ դիմակայել աննախընթաց սպառնալիքներ եւ այժմ պէտք է որոշէ՝ շարունակե՞լ յառաջխաղացքը, եւ՝ նախաձեռնութիւնը Թուրքիայէն խլելու համար պայքարիլ, թէ՞ որոշ ժամանակ «անցնի» եւ կեդրոնանայ ներքին խնդիրներու վրայ։
– Արաբական աշխարհը, ինչպէս միշտ, յայտնուած է երկակի դիրքի մէջ. մէկ կողմէ՝ կը պակսի իր նախաձեռնութիւնը եւ չի կրնար անոր համար մրցիլ՝ ստիպելով, որ յարմարի իւրաքանչիւր պահու փոխուող շարժումին հետ: Միւս կողմէ, ան ունի աղբիւրներ, որոնք հմտօրէն օգտագործելու պարագային, կրնայ ազդել երեք առաջատար խաղացողներուն միջեւ ուժերու կշիռի փոփոխութեան վրայ:
«Այս պայմաններուն տակ վտանգներուն առաջին խումբը, որուն պէտք է ուշադրութիւն դարձնել, կը վերաբերի Իրանին՝ իբրեւ թոյլ օղակ։ Հիմնական հարցը կարելի է այսպէս բանաձեւել. Արդեօք անոր հակառակորդները պիտի փորձե՞ն «վերջացնել» զայն:
«Անկասկած, իսրայէլը կ՚ուզէ հնարաւորինս ուժեղագոյն հարուածը հասցնել թշնամիին «իր որջին մէջ վերջ տալու համար»։ Պատահական չէ, որ կը խօսուի, Սուրիոյ ռազմական ներուժը կարենալ ոչնչացնելէ ետք, հիմա ճի՛շդ ժամանակն է Իրանի միջուկային հիմնարկներուն վրայ յարձակելու: Առաւել եւս, որ այդ իսկ պատճառով անխուսափելիօրէն Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը անկայուն կը դառնայ ու մոլլաներուն վարչակարգի կազմաքանդումին կ՚առաջնորդէ եւ այլն:
«Սակայն, որքան ալ գայթակղիչ ըլլայ այդ, կը թուի, որ հաւանական է բաւարար կամքի ուժ գտնուի զայն մերժելու համար: Այդպիսի դիպաշարի մը պարագան անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէ տարածաշրջանային մեծ աղէտի:
«Իրանի փլուզումը կրնայ յառաջացնել անկայունութեան հզօր ալիքներ, որոնք կը հարուածեն Իրաքը, Հարաւային Կովկասը եւ (արաբական*) Ծոցը: Հետեւանքները աննախատեսելի կ՚ըլլան Իսրայէլի, ինչպէս նաեւ ուժային միւս կեդրոններուն՝ Թուրքիոյ եւ արաբական աշխարհին համար։ Աւելին, ոչ ոք կրնայ գուշակել, թէ Իրանի մէջ ի վերջոյ ո՞ր ուժերը կը հասնին իշխանութեան, կամ՝ որո՞ւն ձեռքը կը յայտնուին իրանեան հրթիռներն ու միջուկային զէնքերը (մենք կասկած չունինք, որ Թեհրանը արդէն իսկ միջուկային զէնք ունի): Նման արկածախնդրութիւն անընդունելի կը թուի։
«Այս չի նշանակեր, որ Իրանը հանգիստ պիտի ընէ: Այնտեղ ներքին լարուածութիւնը կը շարունակէ աճիլ, հնարաւոր դարձնելով վարչակարգի փոփոխութիւն: Այաթոլլաներու «ծաւալապաշտութիւնը» կրնայ փոխարինուիլ «մեկուսացման» կողմնակից ազգայնական գործնապաշտներով։ Կը թուի, որ կացութեան նման շրջադարձ մը կը ծառայէ Իրանի դրացիներուն՝ Թուրքիոյ, արաբական պետութիւններուն եւ իսրայէլացիներու աւելի բանական հատուածի շահերուն։ Այլ խօսքով, փոխանակ զանգուածային, անհակակշռելի ապակայունացումի՝ բոլոր կողմերը նախընտրեն «պալատական յեղաշրջում»: Անկարելի չէ, որ նման բան արդէն իսկ կը մշակուի Իրանի մէջ՝ նախագահ Փեզեշքիանի պաշտօնը ստանձնելէն ետք»։
Շատ զարմանալի եւ անհիմն կը գտնեմ այս պարբերութիւնը, քանի որ իսկական եւ գործնապէս փաստուած ծաւալապաշտները Թուրքիան եւ Իսրայէլն են, որոնք արդէն մտած եւ գրաւած են օտար երկիրներ, իսկ Իրանը՝ երբե՛ք *:
Ծաւալապաշտ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն քարտէսներ կը ցուցադրէ:
Ծաւալապաշտ Իսրայէլի դատապարտուած ոճրագործ վարչապետ Նեթանեահուն  ՄԱԿ-ի ամպիոնէն քարտէսներ կը ցուցադրէ:
«Եթէ իսկապէս այդպէս է, ուրեմն Իսլամական Հանրապետութեան վարչակարգը եթէ փոփոխուի, եւ երկիրը կարողանայ խուսափիլ աւերիչ պայթումէն, ապա ոչ հեռու ապագային աշխարհը կրնայ տեսնել «պատասխանատու» դերակատարութեամբ «նոր Իրան» մը՝ միջուկային զէնք ունեցող, որ բոլորը ստիպուած կ՚ըլլան ճանչնալ եւ ընդունիլ։
Երկրորդ, «Այս խորապատկերին դիմաց, ուշադրութիւն պէտք է դարձնել Միջին Արեւելքի մէջ միջուկային զէնքի յայտնուելուն հետ կապուած վտանգներու այլ խումբի մը վրայ։ Որքան ալ յարակարծական թուի, միջուկային գործօնը որոշ առումներով նոյնիսկ կրնայ օգնել իրավիճակը կայունացնել, քանի որ միջուկային զէնքի ներկայութեան փաստը, առնուազն երկու հակադիր կողմերուն կը պարտադրէ զանազան սահմանափակումներ եւ պարտաւորութիւններ։
«Մենք արդէն ականատես եղանք Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ հարուածներու փոխանակումին, եւ այդ փոխանակումներուն բնոյթը կը թելադրէ, որ երկու կողմերն ալ կը հասկնան սխալ մտածուած, չհամակարգուած գործողութիւններու հնարաւոր հետեւանքները: Կասկած չկայ, որ Թեհրանը եւ Թել Աւիւը հաստատած են կապի վստահելի ուղիներ եւ մշակած են միջուկային պետութիւններու յատուկ անհրաժեշտ կանոններ։
«Եթէ այդպէս է, ուրեմն ի՞նչ վտանգներու մասին է որ կը խօսինք:
«Մենք կը խօսինք Թուրքիոյ մասին, որ կը դժկամի իր ոչ միջուկային վիճակը ընդունիլ, մինչ շրջապատուած է երկու միջուկային զէնք ունեցող դրացիներու կողմէ: Զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ յայտնուի, որ Թուրքիոյ ռազմարդիւնաբերական համալիրը, որ այժմ մեծ վերելք կ՚ապրի, պատրաստ է սեփական միջուկային զէնք արտադրելու։ Ի վերջոյ, Թուրքիան յաջողած է հիմնել համաշխարհային մակարդակի անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութիւն։ Յաջորդը՝ հրթիռներն են. Սոմալիի մէջ արդէն կը կառուցուի հրթիռային արուեստագիտական փորձարկումի վայր: Ինչ կը վերաբերի միջուկային զէնքին, ապա Իրանը, Փաքիստանը, Հիւսիսային Քորէան եւ Հնդկաստանը ցոյց տուած են, որ միջուկային կարողութիւններու ձեռքբերումը անհնար չէ։
«Եթէ Թուրքիան հետեւի Իսրայէլի եւ Իրանի՝ միջուկային կարգավիճակ ունենալու, արաբական աշխարհը կ՚ըլլայ յաջորդը: Արդէն կը խօսուի Սէուտական Արաբիոյ ձգտումին մասին: Հետեւանքը կ՚ըլլայ միջուկային զէնքերով յագեցած նոր որակի Միջին Արեւելք մը: Չափազանցելու համար, միջուկային զէնքերը այնտեղ կը դառնան նոյնքան սովորական, որքան Քալաշնիքովն ու «Ժիհատ մոպիլ»-ը: Այս պարագային, միջուկային զէնքերը կը դադրին կայունացող ըլլալ, ինչպէս՝ եթէ միայն Իրանն ու Իսրայէլը ունենային, փոխարէնը՝ անկայունութեան հզօր ազդակ կը դառնայ:
«Խնդիրը ա՛յն է, որ Միջին Արեւելքի հակամարտութիւններուն տուն տուող պատճառներուն ո՛չ մէկը լուծուած է։ Մենք յստակօրէն կը տեսնենք, թէ այդ մէկը ո՛ւր հասցուցած է տարածաշրջանը: Բայց կարելի չէ պատկերացնել, որ ի՞նչ կը պատահէր, եթէ շրջանի իւրաքանչիւր խաղացող միջուկային զէնք ունենար: Առաւել եւս, որ նման պարագային տարածաշրջանի վրայ ազդելու արտաքին դերակատարներուն կարողութիւնը գրեթէ զէրոյի կ՛իջնէր։
«Վտանգներուն երրորդ խումբը, որ սերտօրէն կապուած է առաջին երկուքին հետ, իսլամականութիւնն է: Ի՛նչ ձեւ ալ որ ըլլայ ան՝ «քաղաքական» իսլամ, ծայրայեղականութիւն, ահաբեկչութիւն, կամ, իսլամական լեզուով «թաքֆիրութիւն», «սալաֆիութիւն» եւ այլն, կասկած չկայ, որ քաղաքական եւ ընկերային կազմակերպման իսլամական մոտելները արդէն կը տարածուին ամբողջ շրջանին մէջ: Սուրիան անոր վերջին զոհն է:
«Ասատի անկումը Սուրիան կրնայ վերածել Աֆղանիստանի մը՝ իսլամականութեան խարիսխի մը: Ապագային այդտեղէն կրնան յարձակումներ գործել դրացի երկիրներու վրայ։ Առաջնահերթ թիրախներ կրնան ըլլալ Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան, եւ ոչ անպայման Իսրայէլը, որ կրնայ հաճոյքով խաղալ «խամաճիկներ վարողի» դերը՝ իր դրացիներն ու մրցակիցները զսպելու համար:
«Կը թուի, որ Թուրքիան մեծ սխալ մը գործեց, որմէ դժուար թէ կրնար խուսափիլ, իր գրաւը դնելով Հայաթ Թահրիր ալ-Շամի վրայ՝ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը, որ արգիլուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ: Ան, վագրը պոչէն բռնած է եւ հիմա գրեթէ անկարելի է ազատ արձակել: Առաջին համաշխարհային պատերազմի արդիւնքը փոխելու (Սեւրի դաշնագիր*) յոյսերը կապելով իսլամականներուն հետ՝ Անգարան ստիպուած պիտի ըլլայ հաշուի առնել անոնց շահերը, նախ՝ Սուրիոյ մէջ, ապա՝ տարածաշրջանին։ Ամենէն վտանգաւոր հեռանկարը, սակայն, Թուրքիոյ ներսի իսլամականներուն ազդեցութեան հաւանական աճն է: Հարցը, հաւանաբար, այն չէ, որ Էրտողանի այժմու վարչակարգը որքանով կը յաջողի վերահսկել իսլամականութիւնը, այլ՝ մինչեւ ե՞րբ կրնայ շարունակել։
«Սէուտական Արաբիոյ պարագային, ապա ան զգալի վտանգի դէմ կը գտնուի՝ վարելով արեւմտականացումի գերաշխոյժ քաղաքականութիւն։ Գահաժառանգ Մոհամմետ պըն Սալմանի այս ընթացքը կը յիշեցնէ Իրանի վերջին շահ՝ Մոհամմետ Ռիզա Փահլավիի գործողութիւնները։ Պէտք չէ շատ զարմանալ, եթէ այդ հրահրէ իսլամ համայնքին ուժեղ հակադարձութիւնը թէ՛ թագաւորութենէն ներս, թէ՛ ալ դրացի միապետութիւններուն մէջ:
«Այս դիտանկիւնէն, կրնայ հարց ծագիլ, թէ՝ Ռուսիոյ համար ինչպիսի՞ ռազմավարութիւն յարմար է:
«Կը թուի, որ Ռուսիոյ համար կարեւոր է Միջին Արեւելքի միջուկային դառնալուն եւ իսլամականացումին նախապատրաստուիլը իր գլխաւոր նպատակը դարձնելը: Տարածաշրջանային կայունութեան վերականգնումի յոյսերը չնչին են: Անշուշտ, կարելի է, որ 2023-ի հոկտեմբեր 7-էն ի վեր բարձրացած կիրքերուն սաստկութիւնը մեղմանայ, սակայն միջին ժամկէտի հեռանկարին մէջ կարելի է տեղական նո՛ր բռնումներ ակնկալել։
«Տարածաշրջանային պետութիւններու՝ միջուկային զէնք ունենալու ձգտումը, որ մեծ արտաքին եւ ներքին սպառնալիք է, պիտի շարունակուի: Պիտի շարունակուի նաեւ ծաւալապաշտութիւնը՝ իբրեւ ազգային շահեր ապահովելու հիմնական միջոց։ Միւս կողմէ, համաշխարհային խաղացողներուն ազդեցութիւնը, թէեւ ոչ թէ զայն գործադրելու փորձերը, կը շարունակեն նուազիլ։ Այս բոլորը կը հանգեցնեն անկանխատեսելիութեան աճի։
«Այս պայմաններուն տակ, անհրաժեշտ է ապահովել ոչ միայն գետնի վրայ ներկայութիւն եւ ճիշդ պահուն միջամտելու հնարաւորութիւն, այլեւ արագ եւ առանց կորուստներու «անջատուելու» հնարաւորութիւն։ Իտէալ պարագային, ոչ շատ հեռու, որպէսզի պահպանուին արագ միջամտելու կարելիութիւնները եւ երբ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին, նոյնքան արագ վերադառնալու համար:
«Նոյն ատեն կարելի է, որ նման ծրագիր կը բացատրէ այն ինչ որ որոշուած է Սուրիոյ մէջ ռուսական զօրակայաններուն վերաբերեալ: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ անոնք կրնան տեղափոխուիլ Լիպիա կամ Ալճերիա։ Կարելի է աւելցնել նաեւ Սուտանը: Յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել Հարաւային Կովկասին, յատկապէս Ատրպէյճանին՝ քանի որ Հայաստանը Ռուսիոյ կռնակ դարձուցած է։
«Պէտք է նշել նաեւ Իրանի հետ յարաբերութիւնները եւ այդ երկրին հետ արդէն ծրագրուած ռազմավարական դաշնագիրը։ Կը թուի, որ այժմ յարմար ժամանակն է կնքելու համար: Թեհրանը տեղափոխուած է պաշտպանական դիրք, որ կը  նշանակէ, թէ Ռուսիան պիտի չներքաշուի անոր ծաւալապաշտական  ծրագիրներուն մէջ ուրեմն վտանգը նուազագոյն է»: Այստեղ կրկին անտեղի է  ծաւալապաշտական եզրը*:
«Պէտք է նկատի առնուին Թուրքիոյ քաղաքականութեան փոփոխութեան հաւանականութիւնը: Սուրիոյ մէջ յաջողութիւնները, եւ ո՛չ միայն այնտեղ, նոր հորիզոններ բացաւ թուրքերուն, սակայն նաեւ մարտահրաւէրներ: Կարելի չէ բացառել, որ Անգարայի գործող իրավիճակի զարգացման հետ կարելի է յառաջանալ ռազմավարութեան կամ ղեկավարութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն։ Անկասկած, Էրտողանը ստեղծած է բոլորովին նոր Թուրքիա մը եւ բոլորովին նոր տարածաշրջանային միջավայր։ Հարցը, սակայն, այն է, որ կարողութիւնը ունի՞ զարգացնել երկիրը եւ տարածաշրջանը, յատկապէս իսլամութեան դէմ:
«Ինչ կը վերաբերի իսլամութեան, ապա Ռուսիան պէտք է վերագնահատէ զայն եւ պարզէ, թէ անոր հետ ինչպէ՞ս պիտի վարուի: Այս ուղղութեամբ քայլեր արդէն կրնանք տեսնել, եթէ նայինք Աֆղանիստանի Թալիպաններուն օրինակին, որ Ռուսիոյ մէջ արգիլուած ահաբեկչական կազմակերպութիւն է։ Նմանապէս, Հայաթ Թահրիր ալ-Շամի պարագային արդէն Կրոզնիէն կոչեր հնչած են: Հետեւաբար, կը թուի, որ կարեւոր է վերանայիլ եւ այժմէականացնել Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը այսպիսի ընդարձակ եւ պարտադրող երեւոյթի մը վերաբերեալ, ինչպիսին է իսլամութիւնը:
Ինչպէս մի՛այն վերջաւորութեան կը յստականայ, յօդուածը ուղղուած է ռուսական քաղաքական դաշտին: Հեղինակին երկու գլխաւոր անտեսումները՝ Սափարովի նշած «լռութիւնները» (2), (3), (4), (5) Իսրայէլի կողմէ Կազայի եւ Լիբանանի վրայ գործադրած ցեղասպանութիւններն են եւ Իսրայէլի ու Թուրքիոյ ծաւալապաշտ արարքները, որոնք վերեւ նշեցի:
* Լուսաբանութիւնները, ընդգծումներն ու նկարները հեղինակին:
1. https://medium.com/@geofor/the-middle-east-2025-key-risks-a52d5cc7fccc
2. https://hairenikweekly.com/?p=62472
3. https://hairenikweekly.com/?p=62483
4. https://hairenikweekly.com/?p=62512
5. https://hairenikweekly.com/?p=62550
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles