Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անպատիժ Մնալուն Պատճառով Մարդկութեան Դէմ Կրկնուող Զանգուածային Ոճիրները, Արցախի Նման՝  «Սովորական» Եղելութեան Վերածուեցան – Ատրպէյճանի ժողովրդական մշակոյթը կը քաջալերէ հայերուն բնաջնջումը, իրենց նախագահին իսկ կողմէ, որ իր ելոյթներուն մէջ կը գործածէ ցեղասպանական հռետորաբանութիւն – Դ.

1 0
Read Time:6 Minute, 26 Second

 

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

12 Յունուար 2025

Շար. 4 եւ վերջ

haroutchekijian.wordpress.com

Սափարով կը շարունակէ. «Ատրպէյճանի ժողովրդական մշակոյթը կը քաջալերէ հայերուն բնաջնջումը, իրենց նախագահ Իլհամ Ալիեւի իսկ կողմէ, որ իր ելոյթներուն մէջ կը գործածէ ցեղասպանական հռետորաբանութիւն: Այսպէս՝ Կովկասի մէջ հայերու գոյութեան հերքում, 1915-ի հայոց ցեղասպանութեան ժխտում, հայկական մշակութային ժառանգութեան իրերու եւ հետքերու բնաջնջում ու Հունգարիոյ մէջ, ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ հայ սպան քնացած պահուն կացինով սպաննած ազերի Ռամիլ Սաֆարովի, Ալիեւի կողմէ հերոսացումն ու մեծարժէք նուէրներով վարձատրութիւնը: Ուստի, վերոնշեալը չնշելը, հակամարտութիւնը չէզոք մեկնաբանութեամբ ներկայացնելը, երբե՛ք հարազատ չէ եւ կը չարափոխէ ընդհանուր պատկերը։

Զինուորական տարազով ազերիներ հայկական Նախիջեւանի Արաքս գետը եզերող Ջուղայի, այժմ՝ Ջուլֆա քաղաքի շուրջ 5000 խաչքարերն ու գերեզմանաքարերը, ոմանք, 16-րդ դարու՝ կը բնաջնջեն: Անոնց թիւը շուրջ 10 հազար եղած է 17-րդ դարուն, 1987-ին՝ շուրջ կէսը կանգուն էր: 1998-էն սկսեալ, ահաւոր համակարգուած քանդումը կը սկսի: 2002-ին բոլորը գետին տապալած, ամբողջովին քանդած ու զինուորական նշանառութեան դաշտի վերածած են: Տես՝ Տը Կարտիընի յօդուածն ու տեսանիւթը՝ «Ատրպէյճանը եւ 21-րդ դարու յոռեգոյն մշակութային ցեղասպանութիւնը» Azerbaijan and ‘the worst cultural genocide of the 21st century’ (1), (2):

 

«Փորձագէտները 30 տարի շարունակ չէզոք ոճ մշակած են իրենց գրութիւններուն մէջ, չկարենալով արտայայտել նոր իրողութիւնները։ Կողմերուն հայելային՝ եղելութիւններու հաւասար համեմատութիւնները դարձած են գրելու բնական ոճ՝ դժուարացնելով զանոնք փոխելը:

«Արեւմտեան դիտորդները նաեւ, անզգալաբար, իրենց հակառուս կեցուածքը կը տարածեն նաեւ Հայաստանի վրայ, իբրեւ ռուսամէտ դաշնակիցի:

«Ատրպէյճանի նկատմամբ ընտրովի կարճատեսութեան պատճառը նաեւ, սեւ ցանկի վրայ յայտնուելու վախէն ալ կրնայ ըլլալ, ինչպէս կը նկատեն թուրքիոյ մէջ գործող հնագէտները, որոնք դիտումնաւոր կերպով կը խուսափին նշել եւ քննարկել գտածոյ իրերու հայկական ըլլալը, որպէսզի չկորսնցնեն Թուրքիա մուտքի արտօնութիւնը, ինչպէս կը վկայէ Ատամ Թ. Սմիթ» (4): Պետակա՛ն մակարդակի ճնշումով, օտար անպարկեշտ հեղինակներու կողմէ հայոց պատմութեան եւ հնութիւններու խեղաթիւրում եւ զեղծարարութիւն:

«Ակադեմական ուղղամտութիւնը տեղի կու տայ, երբ օտար կառավարական մարմիններ նաեւ, կը նախընտրեն ուժանիւթով հարուստ Ատրպէյճանը՝ աղքատ Հայաստանէն, որպէսզի շահերու բախում չպատճառեն»: Հոգ չէ թէ, այս ձեւով, Ատրպէյճանի անարդար ու միակողմանի ընթացքը կը քաջալերեն:

«Հակամարտութեան բնականոնացում:

«Չէզոք լրատուութիւնը, ընթերցողներուն կողմէ բնական կը համարուի, նպատակ ունենալով հաստատել հակամարտող կողմերուն միջեւ համարժէքութիւն՝ օգտագործելով երեք հիմնական հմտութիւններ:

«Առաջին՝ հեղինակներուն նպատակն է գտնել երկուկողմութիւն՝ համեմատելով երկու կողմերուն գործողութիւնները: Անոնք կ՚ընտրեն այնպիսի՛ փաստեր, որոնք երկու կողմերը կը հաւասարեցնեն, որպէսզի մէկ կողմին բոլոր արարքները արտացոլան միւսի՛ն նմանութեամբ: 22 յօդուածներու մէջ՝ «Ցեղային մաքրագործում» եզրը Հոկտեմբեր 2020-էն Դեկտեմբեր 2022-ի միջեւ, մի՛այն չորս անգամ գործածուած է, փորձելով երկու կողմերուն գործողութիւններուն միջեւ բարոյական հաւասարութիւն ցոյց տալ: Երբ չկա՛ն հայելային համարժէք արարքներ, պէտք է փոխարինողը գտնել, որպէսզի հաւասարեցնէ մէկ կողմին այժմ կրկնուող ռազմական ոճիրները միւս կողմին տարիներ առաջ զետեղած ականներուն հետ:

«Երկրորդ՝ բնագիրը հմտօրէն կը դժկամի երկու կողմերուն արարքներուն աւելի լայն, ընդգրկուն ենթահողը՝ համայնապատկերը (պատմական*) ցոյց տալ: Օրինակ, մէկ կողմին հողահաւաքին նպատակը իր հարազատներուն միանալն է, մինչ միւսինը՝ ջնջել հակառակորդին պետութիւնը: Իւրաքանչիւրին տարածքային շահերը կը գործածուին անոնց արարքները հաւասարակշռելու համար, բայց եթէ դրուին աւելի լայն հեռապատկերին մէջ, անոնք բոլորովին տարբեր իմաստներ կը բացայայտեն:

«Երրորդ՝ Հեղինակները կ՚օգտագործեն այնպիսի մեթոտներ, ինչպիսիք են՝ զանց առնել, կամ ճնշել փաստեր, որոնք կրնան խանգարել հաւասարակշռուած պատկերը, ինչպիսիք են պատերազմական ոճիրները, մշակութային իրերու՝ ժառանգութեան իւրացումը, կամ՝ ոչնչացումը եւ գերեզմաններու պղծումը, որպէսզի ջնջուին հայերու պատմական ներկայութեան հետքերը իր (հազարամեակներու*) հողերուն վրայ եւ վերջապէս, կը քօղարկուի ատրպէյճանական վարչակարգին բռնատիրական բնոյթը՝ հաւասարակշռուած պատկեր մը պահպանելու համար:

«Վերոնշեալ հմտութիւններուն գումարը կը բնականոնացնէ բնագիրը, տալով այն տպաւորութիւնը, որ երկու պետութիւններու միջեւ ընթացող սովորական հակամարտութիւն է այդ, զայն ներկայացնելով իբրեւ աշխարհի մէկ ծայրը գտնուող տարածքային վէճ մը։ Կը բնականացնէ հակամարտութեան անջատողական կողմը՝ կեդրոնանալով ղարաբաղցի հայերուն եւ ատրպէյճանական պետութեան միջեւ ապագայ յարաբերութիւններուն վրայ, իբրեւ անոր ենթակայ։ Սակայն, ասիկա բնաւ հարազատ չէ, քանի որ չենթադրեր յարաբերութիւններ երկու պետութիւններու միջեւ, գիտնալով, որ վերջինս մտադիր է ցեղային զտումներ կատարել:

«Այլ օրինակ է Ատրպէյճանի վիճայարոյց քայլը՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը ջնջելու վերաբերեալ, որ կ՚ենթադրէ առանց միջնորդի, վերահսկել ամբողջ տարածքին վրայ: Տրամաբանօրէն այս կ՚ենթադրէ ցեղային զտումներ եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում»։ Ինչ որ արդէն տեղի ունեցաւ եւ կ՚ունենայ:

Ձախին՝ Նախիջեւանի Հայկական կոթողներու ցուցակը եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք անոնց 100 տոկոս քանդումն ու ոչնչացումը: Աջին՝ Ջուղայի՝ այժմ Ջուլֆա, հազարաւոր խաչքարերը եւ տապանաքարերը նախ կը քանդուին, ապա բեռնակառքերով Արաքս գետին եզերքը կը թափուին:

«Ինչ որ կը քօղարկուի «չէզոք» դիտորդներուն կողմէ, ա՛յն է, որ Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ Ղարաբաղի մը մէջ՝ հայեր երբե՛ք գոյութիւն պիտի չունենան: 2020-ի պատերազմէն ետք հայերը ցեղային մաքրագործումի ենթարկուեցան Ատրպէյճանի գրաւած տարածքներուն մէջ: Ատրպէյճանի մէջ տասնամեակներ շարունակ կանոնաւոր կերպով ոչնչացուած է հայկական պատմական՝ մշակութային ժառանգութիւնը, եւ նոյն ճակատագիրին ենթարկուեցան հայկական հետքերը՝ Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած Ղարաբաղի տարածքներուն մէջ։

«Յստակ է, որ կարելի չէ ամէն ինչ ներառել գրութեան մը մէջ, ուրեմն բնական է, որ կարգ մը իրողութիւններ դուրս կը ձգուին, սակայն, այնքան ատեն, որ զանցառումները չե՛ն խեղաթիւրեր ընդհանուր պատկերը եւ կացութիւնը սխալ չե՛ն ներկայացներ:

«Որեւէ ընդհարումի մը պարագային, ուսումնասիրութիւնը խիստ իւրայատուկ կ՚ըլլայ, սակայն անոր արժէքն ու կարեւորութիւնը կը կայանայ նկարագրութեան պատշաճ ըլլալուն եւ ընդհանուր բնաբանին հետ առընչութեան: Անգա՛մ մը, որ այս հրատարակութիւնները կարգաւորեալ կերպով քննուեցան, կարելի դարձաւ բացայայտել անոնց շարք մը յստակ կաղապարները, հմտութիւնները եւ ընդհանուր մեթոտաբանութիւնը, որոնց անդրադարձանք նախորդող էջերուն մէջ»: Դժբախտաբար, Սափարովի այս աշխատութիւնը ամփոփ ներկայացնելու համար, շատ մը այլ ցայտուն օրինակներ, իրենց աղբիւրներով միասին չներկայացուցի*:

«Ահա այստե՛ղ է հիմնական խնդիրը -, եթէ տարածաշրջանին յատուկ մասնագիտացած անձէ մը (Սափարով*) զգալի ջանք կը պահանջուի, յայտնաբերելու եւ բացայայտելու հակամարտութեան մասին հաղորդումներու ժամանակ գործածուող լռեցնելու եւ քօղարկելու մեթոտները, ապա այդ կը նշանակէ, որ ոեւէ այլ անձի մը կողմէ, որ այդ հարցին ծանօթ չէ՝ գրեթէ անկարելի պիտի ըլլայ  ընդհանուր պատկերը՝ իրականութիւնը գիտնալ:

«Վերոնշեալին շատ կարեւոր եզրակացութիւնը հետեւեալն է -, ուրեմն, սա կը նշանակէ նաեւ, որ այլ շրջաններ, ուր սուր հակամարտութիւններ տեղի կ՚ունենան, ինչպէս՝ Եթովպիա, Սուտան կամ Պաղեստին, որոնց մասին մասնագէտ չեղողը իրողութեան ծանօթ չէ, իրականութենէն երբե՛ք տեղեակ պիտի չըլլայ, հակամարտութիւններու մասին «փորձագէտներուն» կողմէ կիրարկուող նմանատիպ մարտավարութեան պատճառով: Այս պարագան յատկապէս մտահոգիչ է, քանի որ կարգ մը ճակատումներուն մէջ, մենք կրնանք հակամարտող կողմերուն ցեղասպանական մտադրութիւններուն մասին տեղեակ չպահուիլ:

«Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել: Նախ եւ առաջ, չէզոքութիւնը եւ երկուկողմութիւնը հաւասարեցնելու սովորութիւնը պէտք է բացայայտուի, իբրեւ անընդունելի մեթոտ:  Երկրորդ՝ ճակատումին ենթահողին ապահովումը շատ կարեւոր կը թուի ըլլալ, որպէսզի ընթերցողը ի՛ր եզրակացութիւններուն յանգելու հնարաւորութիւն ունենայ:             «Վերջապէս՝ հասկնալով չէզոքութիւնը, իբրեւ հաւասարակշռութիւն երկու կողմերու միջեւ գործողութիւններու քննարկումին, վայրագ հակամարտութիւններ լուսաբանող հեղինակները պէտք է գիտակցին, որ իրողութիւններ զանց առնելը եւ ներկայացնել մի՛այն այդ պատկերին համապատասխանող փաստեր՝ լռեցնելով եւ հեռացնելով բուն ենթահողը՝ ընդհանուր պատկերը, կամ՝ այն փաստերը, որոնք չեն համապատասխաներ երկուկողմութեան՝ կրնայ խեղաթիւրել ընդհանուր բնաբանը, քօղարկելով հաւանական ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը եւ անուղղակի կերպով դիւրացնելով ցեղասպանութիւնը»: Վերջ:

Սափարովի այս գրութենէն ետք, 19 Սեպտեմբեր 2023-էն սկսեալ, Արցախը գրեթէ տարի մը ամբողջութեամբ պաշարելէ եւ սովի մատնելէ ետք, «արեւմուտքին» ու «հիւսիսին» լուռ մեղսակցութեամբ, Ատրպէյճանը հրթիռներով, հրետանիով եւ անօդաչու սարքերով յարձակեցաւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ, պատճառելով բազմաթիւ զոհեր եւ վերոնշեալ միջոցներով դուրս մղեց Արցախի հայ բնակչութիւնը իր հազարաւոր տարիներու բնակավայրէն, գործադրելով ցեղային մաքրագործում՝ ցեղասպանութիւն: Այս բոլորը՝ «փորձագէտներուն» եւ «քաղաքակիրթ» աշխարհին լուռ մեղսակցութեամբ:

Պէտք է նշել սակայն, որ 44-օրեայ պատերազմին 26-րդ օրը, ըստ օտար աղբիւրի մը, Ատրպէյճանը Արցախի հանրապետութեան մի՛այն 10 տոկոսը կրցած էր գրաւել, իսկ այլ աղբիւրի մը համաձայն, 14 Հոկտեմբեր 2020-ին՝ 21-րդ օրը, ատրպէյճանական ուժերը գրաւած էին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին ընդամէնը 2,8 տոկոսը մի՛այն (5)։ 26 օր հերոսութեամբ դիմադրող մեր հզօր բանակին ի՛նչ պատահեցաւ… Արդեօք անարժան այս վարչապետը՝ «գերագոյն հրամանատարը» պատերազմական ճակատները իր դաւադիր «մի դիմադրէք», «ետ քաշուեցէք» հրահանգներով, որ զարմացուց ճակատի հրամանատարները, փուլ առ փուլ թշնամիի՞ն վաճառեց…

 

* Լուսաբանութիւնները, ընդգծումներն ու նկարները իմ կողմէս:

  1. https://www.theguardian.com/artanddesign/2019/mar/01/monumental-loss-azerbaijan-cultural-genocide-khachkars
  2. https://youtu.be/JZu2zqFE_gI
  3. https://yerkramas.org/article/151200/alievskij-rezhim-skryvaet-fakt-unichtozheniya-avtoxtonnoj-armyanskoj-kultury
  4. Smith, A.T. 2022. Unseeing the past archaeology and the legacy of the Armenian genocide. Current Anthropology 63, no. 25: S56–90. doi:10.1086/722380.
  5. «Դրօշակ», 78-րդ տարի, թիւ 9, Սեպտեմբեր 2024, «44-օրեայ պատերազմին արիւնոտ դասերը» Սարգիս Սարգսյան, էջ 20:
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles