ԿիզակէտՅօդուածներ

Բարսեղ Կանաչեան Քեսապի Մէջ

 

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Բարսեղ Կանաչեանի Երգչախումբը Քեսապի Մէջ: Նկարին կեդրոնը` Բարսեղ Կանաչեան:
Ա. շարք (աջէն ձախ).- Սաթենիկ Յովսէփեան, Ռիթա Կանաչեան, Զուարթ Պասմաճեան (սոփրանօ), Մարի Ապտուլեան, Ալիս Պասմաճեան (ալթօ),  Մարի (Նեճիպ) Մկրտիչեան եւ Արաքսի Մահշիկեան: 
Բ. շարք (աջէն ձախ).- Գոհարիկ Պէօճիկեան, Ռահել Ինճէճիկեան,
տիկին Կանաչեան, Մարօ (Սամուէլ) Մկրտիչեան, (Կիւլի Կարպուշեա՞ն), Ովսաննա Քորթեան եւ Այտա Կանաչեան:
Գ. շարք (աջէն ձախ).- Նշան Սարգիսեան (թենոր – Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս), Արտաւազդ արք. Թռթռեան, ……………..Սողոմոնեան, Շահէ Շահպազեան, Պետրոս Աֆարեան, …….., Յակոբ Մկրտիչեան, Նեճիկ Մկրտիչեան (պաս) եւ Ժոզեֆ Պասմաճեան (պաս):

Սոյն գրութիւնս կը նպատակադրէ լոյս սփռել Բարսեղ Կանաչեանի` Քեսապի մէջ կեցութեան վրայ, սակայն` խուսափելով ուսումնասիրութիւն մը ներկայացնելու յաւակնոտութենէն:

2014-ի Մարտ 21-ին զինեալ խմբաւորումներ Քեսապ ներխուժեցին, անոնք ու ներքին ցեցեր ծնողացս թէ մեր տունը տակնուվրայ ըրած էին: Ինչ որ կրնային գողնալ, տարած էին, իսկ շատ մը իրեր կրակի տուած էին: Այդպէս, անոնք հրկիզած էին մեր տան երաժշտական գործիքները (երգեհոն, ձեռնադաշնակ, կիթառ, ջութակ եւ սրինգներ), որոնք կը պատկանէին զաւակներուս, ինչպէս նաեւ ծնողներուս թէ կողակիցիս` Սեւանին նկարահանած պատկերները: Անոնց մէջէն մազապուրծ փրկուած քանի մը լուսանկարներէն ազատած էր պատմական լուսանկար մը` Բարսեղ Կանաչեանին եւ Քեսապի մէջ անոր կազմած երգչախումբին նկարը:

Երբ գտայ այդ նկարը, ուրախութեանս չափ ու սահման չկար. առաջին ակնարկով նկատեցի, որ երգչախումբին մաս կը կազմէին մօրենական մեծ հայրս` Ժոզեֆ Պասմաճեանը, ինչպէս նաեւ` մօրս երկու իրմէ մեծ քոյրերէն Զուարթն ու Ալիսը:

Այդ «գիւտը» խթան հանդիսացաւ, որ փորձ մը կատարեմ այդ սերունդէն ողջ մնացած անձերէն տեղեկութիւններ հաւաքելու (ափսո՜ս, միայն պատառիկներ) այդ պատմական լուսանկարին ու հոն գտնուող ոեւէ անձի մասին:

Մայրս, որ պահած էր այդ նկարը, մահամերձ էր, թէեւ բաւական տեղեկութիւն կրնար տալ ինծի:

Ճարահատ` նախ դիմեցի Հայաստան տեղափոխուած մօրաքրոջս` Շաքէին (Պասմաճեան-Բատոյեան). ան հայրենիք հաստատուած էր Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն ետք: Մօրաքոյրս երկար տարիներ ուսուցչութիւն ըրած էր Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին ու Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութեան մէջ:

Աւելի ուշ, երբ տեղեկացայ, որ Կանաչեանին երեք դուստրերէն Սեդա Թիւսիւզեանը ողջ է (96 տարեկան) ու կը բնակի Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքը, դասընկերուհիիս` Վարդուկ Միհրանեան-Չիլոյեանին միջոցով անոր եւս հասայ, թէեւ շատ յառաջացած տարիքին պատճառով անկարող եղաւ բոլոր հարցումներուս գոհացում տալու:

Հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ մերօրեայ` Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի ղեկավար Գրիգոր Ալոզեանը:

Իմացած եմ, որ փրոֆ. Անդրանիկ Տագէսեանը հատոր մը յատկացուցած է Կանաչեանի կեանքին, գործունէութեան եւ գործերուն: Սակայն Քեսապի սուրիական իրականութենէն մեկնած` դժուար էր այդ հատորին ու անոր մանրամասնութիւններուն հասնիլ ու ծանօթանալ. համացանցի կայքերը եւս շատ ժլատ են Կանաչեանին առնչուած տեղեկութիւններով:

Աւելի վաղ, նախքան 2014-ը, այդ տարի մահացած մօրմէս հատուկենտ տեղեկութիւններ իմացած էի: Մայրս հաւանաբար բաւական տեղեկութիւններ կրնար տալ ինծի, սակայն անձս թերացած է այդ գծով:

* * *

Բ. Կանաչեան Քեսապ եկած է 3 ամառներ. ոմանք ըսին` 2 տարիներ, իսկ իր դուստրը, Սեդան, ըսաւ, որ երկար տարիներ եկած է Քեսապ: Ան` Կանաչեանը, հաւանաբար, բացի օդափոխութենէն, ունեցած է ժողովրդական երաժշտութեան պատառիկներ հաւաքելու նպատակ (ինչպէս` «Կէմէր ֆըստան» երգը եւ այլ երգեր…):

Իր վարձակալած բնակարանը եղած է Քեսապի «Ղալա»-ի բարձունքին վրայ գտնուող Ապտուլեաններուն տունը:

Նոյն ժամանակահատուածին յաճախ Քեսապ օդափոխութեան եկած են կարգ մը մտաւորականներ, որոնցմէ եղած են Եդուարդ Տասնապետեանը, Մինաս Թէօլէլեանը եւ ուրիշներ:

Այդ մտաւորականներուն առօրեայ հանդիպման վայրը եղած է Քեսապի հարաւային կողմը գտնուող, 3-4 քմ հեռու Քեսապէն, Չինար գիւղին Ճուրեան ընտանիքին պատկանող համեստ սրճարան-ճաշարանը, ջրառատ ու կարկաչող աղբիւրի մը մօտ, ու այդտեղի հաստաբուն ու հսկայ սօսի ծառին շուքին տակ:

Այսօր թէեւ աղբիւրն ու սօսի ծառը կը շարունակեն գոյատեւել, սակայն սրճարանին տեղ բարձրացած է երեք յարկանի շէնք մը:

Չինար գիւղին` սրճարանին մօտիկ վայրի մը մէջ, մեծ հայրս` Ժոզեֆը, ունէր թզենիներով ու նշենիներով կանաչացած փոքր այգի մը ու ամառնային միասենեակ համեստ տուն մը:

Մեծ հայրս Ազգ. ուսումնասիրաց վարժարանին մէջ (40 տարիներ) ծառայած է իբրեւ ուսուցիչ ու տնօրէն: Ան` 1907-ի ծնունդ, «վայելած էր» Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքները, հասնելով Ռաքքա նահանգի անապատը ու մազապուրծ ազատած` սպանդէն ու որբանոցէ որբանոց տեղափոխուած (Ուրֆա, «Թռչնոց բոյն», Անթիլիաս ու Ալեքսանտրեթի որբանոցները), ստացած էր բաւարար ուսում ու կրթութիւն` տիրապետելով քանի մը լեզուներու ու կը շարունակէր պարապիլ ուսուցչութեամբ:

Ան երաժշտասէր անձ մըն էր ու հմտօրէն ջութակ կը նուագէր. իր նուագին յաճախ կ՛ընկերակցէին իր հինգ քաղցրաձայն դուստրերը` երգելով: Ուրեմն, շատ բնական պիտի ըլլար, որ ան մասնակցէր Բ. Կանաչեանին կազմած երգչախումբերուն (պաս), եւ զաւակներէն Զուարթը սոփրանօ, իսկ Ալիսը ալթօ ձայներով երգէին երգչախումբին մէջ:

Մէջբերեմ, որ վերոյիշեալ մտաւորականներուն մշտական ընկերակիցը հանդիսացած էր մեծ հայրս` մերթ իր տան մէջ, մերթ յիշեալ սրճարանին:

Այդ պատմական լուսանկարին մէջ կան նաեւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ անոր մնայուն ընկերը` Արտաւազդ արք. Թռթռեանը:

Երգչախումբին մաս կազմած են նաեւ Կանաչեանին կողակիցը եւ իրենց երեք դուստրերը` Սեդան, Ռիթան ու Այտան:

Ինչպէս վերի տողերուն մէջ գրեցի, թէ Կանաչեանի դուստրերէն Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեան յառաջացած տարիքի հասած է, ուստի իմ հարցումներուս անոր տուած պատասխանները եղած են ժլատ:

Ան յայտնած է, որ Կանաչեան Քեսապ սկսած է գալ 1937 թուականէն սկսեալ, եւ որ Կանաչեանի երգչախումբերը միշտ անուանուած են «Գուսան», նոյնպէս` Քեսապի երգչախումբը:

 

Անոնց մեկնաբանած երգերուն մեծամասնութիւնը եղած են Կանաչեանի մշակումներն ու դաշնաւորումները («Նանօր» «Տալիլօ», «Հոյ նար»…), ներառելով Կոմիտասէն` ինչպէս «Հորովել»-ը, կամ` Թաթուլ Ալթունեանի կտորներէն… Ան յայտնած է, որ Կանաչեանին կը պատկանի Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի քայլերգներուն քառաձայն մշակումը:

Բարսեղ Կանաչեանի դուստրը նշեց նաեւ, որ ինք (Սեդան) Քեսապ այցելած է 1990-էն մինչեւ 2000 թուական` միշտ հիւրասիրուելով տիկին Էպլիղաթեանին (Անահի՞տ, բժ. Մելքոն Էպլիղաթեանին կողակիցը) կողմէ:

Տիկին Սեդային այցելութիւնը զուգադիպած է Լիբանանէն Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին Քեսապ այցելութեան: Անոնք համերգ հրամցուցած են Քեսապի Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ:

Այստեղ աւելորդ պիտի չըլլայ նշել, որ «Գուսան» երգչախումբի ղեկավար Գրիգոր Ալոզեանը 22 օգոստոս 2009-ին, ղեկավարելով «Առաքելոց» երգչախումբը, համերգ մը տուած է Քեսապի մէջ, իսկ 23 օգոստոսին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերած է ս. պատարագին, զոր մատուցած է Շահան արք. Սարգիսեանը:

Նախքան գրութեանս վերջակէտը` կ՛ուզեմ զուարթ դրուագ մը արձանագրել Կանաչեաններուն առնչուած:

Օր մը Բ. Կանաչեան, երբ այցելութեան կ՛երթար մեծ հօրս, անցնելով անոր այգիին մէջի  ճանապարհէն, ճաղատ գլուխը կը բախի թզենիի մը հաստ ոստին եւ կ՛արիւնի:

Իր դուստրերէն` Ռիթան, հօրը դիմելով կ՛ըսէ.

– Հայրի՛կ, չտեսա՞ր ծառին ոստը:

Հայրը ժպտելով անոր` կը պատասխանէ:

– Աղջի՛կս , երեւի մոռցար, որ հայրդ չի տեսներ:

Բ. Կանաչեան, հայկական երաժշտութեան աշխարհին, պատմական արժէքով հարուստ ժառանգութիւն մը ձգելով, նախքան աչքերը առյաւէտ փակելը, փափաք յայտնած է, որ յետմահու իր աճիւնները տեղափոխուին Հայաստան, անոր այդ փափաքը տակաւին կը մնայ անկատար եւ անոր աճիւնները ցարդ ամփոփուած են Լիբանան, Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան իր հողաթումբին մէջ, որուն վրայ գրուած է. «Քուն եղիր, բալաս»:

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button