Հին Ու Նոր Մտահոգութիւններ

0 0
Read Time:5 Minute, 29 Second

Գէորգ Պետիկեան

Ասկէ առաջ, եւ գրեթէ ամէն առիթով, աժմէական ու հիմնական կարգ մը «վերնագիրներու» մասին փորձած եմ քանի մը մատնանշումներ կատարել: Որովհետեւ, բոլորին նման, ես ալ մտահոգ եմ: Կը կարծեմ, որ իբրեւ մտահոգ հայ, նման «բաներ» պէտք է կրկին անգամ լոյսին բերել:

Միտքս պարզեմ:

Անցեալ տարիէն ի վեր, աշխարհի պատմութիւնը խառնեց իր էջերը, որովհետեւ անօրինակ համաճարակ մը հասաւ իր գլխուն: Այլ խօսքով, «Քորոնա» ժահրը յանկարծ անողոք եւ անզիջող «բուսաւ եւ իր ներկայութեամբ, այս մեր գեղեցիկ ու կապոյտ երկրագունդը բոլորովին անծանօթ հունի մը մէջ մտցուց: Մարդիկ սկսան իրենց վախէն ու մահուան սպառնալիքէն, տուներէն ներս նոյնիսկ սարսափած՝ կամաւոր ամփոփուիլ: Ինքնամեկուսանալ: Ու այս ձեւով հեռախօսն ու հեռատեսիլը, ինչպէս նաեւ համակարգիչը, դարձան զիրար միաւորող միակ անմիջական կամուրջները:

Ասոնք նորութիւններ չեն: Գիտեմ: Նաեւ աւելցնեմ, որ իրարու ետեւէ զանազան արժէքներ ալ կորսուեցան: Մարդոց օրերը, իրենց երկար ու կարճ ժամերով, յոգնեցան: Միութիւններ, կազմակերպութիւններ, վարժարաններ, կրթական եւ ուսումնական մեծ ու փոքր կեդրոններ, համալսարաններ եւ տեսակաւոր հաստատութիւններ ու զանազան ծրագիրներ, իրենց մեծ ու փոքր առաքելութեան մէջ, եթէ ոչ բոլորովին, բայց մեծ մասով, անգործութեան դատապար-տուեցան, կաղացին, միաժամանակ մեծ նահանջ ու բաց մը արձանագրելով իրենց սովորական ընթացքին մէջ: Մէկ խօսքով, աշխարհը կարծես դժբախտութեան հետ ակամայ դաշինք կնքած ըլլար, ու այսպէս անժամանակ տագնապի մը մէջ սկսաւ գալարուիլ: Մարդիկ, կորսնցուցին իրենց ներքին անդորրութիւնն ու հոգեկան խաղաղութիւնը:

Կեանքը, թէեւ կը կարծուէր, որ նոյնն էր, եւ սակայն այլեւս նոյնն ալ չէր: Եւ ահա տարի մը եւ աւելի՝ յատկապէս այս օրերուն, այս բոլորը հնութիւններ դարձած են, բայց ուզենք կամ ոչ, «վարժուեցանք» այս նոր ապրելակերպին: Թէեւ յաճախ խուճապով ապրեցանք, եւ մեր ժամերը տժգունեցան, ու մանաւանդ մեր բնականոն կեանքէն զրկուեցանք, թոռներէն եւ զաւակներէն հեռու մնացինք ու կարծես կամաց-կամաց սկսանք անճանաչելի դառնալ, բայց հիմա մեր տուներէն կամ բնակարաններէն դուրս ելլել չենք ուզեր: Ուտելիք, կամ ուրիշ որեւէ անձնական կամ էական թուող ամէն տեսակի կարիք կամ պիտոյք, մինչեւ տանդ դուռը կը բերեն: Ուստի, ինչո՞ւ դուրս, փողոց ելլել, քիթ-բերան գոցելով շուկայ երթալ: Տեսակ մը ծուլութեան վարժուեցանք: Ու այս նոր կեանքը ձեւով մը մեզի համար հաճելի սկսաւ թուիլ: Սովորութիւն: Դարձանք տեսակ մը նոր մարդ եւ մարդկութիւն:

Ու եթէ այս բոլոր «բաները» համայն մարդկութեան համար էին, հապա՞ հայերուս պարագային, ասոնց վրայ նաեւ աւելցաւ, ցարդ այս դարուս իր ճակատագրի ամէնէն սարսափելի պատահարը՝ Արցախեան պատերազմն ու անոր արհաւիրքը: Ու խորունկ ցաւը լեցուեցաւ մեր հոգիներուն մէջ, առանց խտրութեան: Ամէն օր աղօթքի մրմունջներ սկսան թեւածիլ հայկական բոլոր եկեղիցներէն, մինչեւ եռաբլուրի տարածքին: Աշխարհով մէկ, բոլորս ալ շալկեցինք եւ տակաւին պատերազմի ամբողջ ծանրութիւնը: Ամէն ինչ գորշ է: Այս է իրականութիւնը: Անստոյգ ներկայ եւ նոյնքան ալ՝ ապագայ: Հասկնալի եւ անհասկնալի: Անկայուն եւ վտանգաւոր վիճակ: Տեսակ մը մեզի համար անվայել: Ահա քեզի կեանք եւ հայու իրավիճակ: Եւ տակաւին այս մղձաւանջներուն վրայ նաեւ աւելցան հին ու նոր մարտահրաւէրներ ալ:

Գիտեմ նաեւ, որ այլեւս շատերուն բերնին ծամօն դարձած է այս մարտահրաւէր բառը: Խե՜ղճ բառ. քեզ ամէն անգամ տեղի կամ անտեղի որքա~ն օգտագործած են: Մաշեցուցած են քեզ կազմող բոլոր տառերդ: Հինցուցած են իմաստդ, նոյնիսկ՝ իմաստազրկած: Բայց իմ կարծիքով, մէկ կողմ նետելով այս բազմազան «մարտահրաւէրները», այս օրերուն կարեւորը՝ նախ ախտաճանաչումն է: Մեր ինքնագիտակցութիւնը: Եթէ կ’ուզէք՝ մեր ինքնաքննադատութիւնը: Որովհետեւ այն ինչ որ այսօր, հայրենի մեր հողին վրայ տեղի կ’ունենայ, կը կարծեմ, որ շատ մտահոգիչ է: Անտէր դարձած է մեր երկիրը: Ո՛չ գլուխ ունի եւ ո՛չ ալ՝ ոտք: Ցաւալի է: Բայց ո՞վ է, լսողը, կարդացողը, մտիկ ընողը…:

Ու հակառակ այս բոլորին, անկեղծօրէն կը հաւատամ՝ «Սփիւռքը՝ Հայաստանին եւ Հայաստանը՝ Սփիւռքին համար» լոզունգին: Ինծի համար ասիկա՛ է հայութեան մէկութիւնը արտայայտող միակ լոզունգը եւ կամ լոզունգներուն ամէնէն կենսականը, եթէ կ’ուզէք: Ամէն սրտով եւ հոգիով կ’ուզեմ, որ նոր էջ մը բացուի հայութեան համար:

Ի՞նչն է մեր ամէնէն մեծ թշնամին: Արդեօ՞ք մեր անմխիթար կացութիւնը, թէ ոչ՝  յուսահատու-թիւնը, եւ կամ մեր կորսնցուցած ժպիտը, որուն բացակայութեամբ տխուր ազգ մը դարձած ենք:

Ուրեմն, ի՞նչ պարտինք ընել:

Գիտենք, որ ամէն հայրենիք եւ ամէն ազգ իւրայատուկ պայմանները ունի հաւաքական կենսու-նակութեան համար: Եթէ մենք մեր թերութիւններու մասին չխօսինք, անպայման պիտի տուժենք: Վկայ մեր պատմութիւնը: Մինչեւ հիմա, պատերազմէն կէս տարի ետք, տակաւին  ամէն բան յստակ չէ: Անոր համար կը մտածենք, կ’աղօթենք, կը մաղթենք եւ կ’երազենք: Ո՞ւր մնացին մեր մեծ բաղձանքները, յոյզերը, խորհուրդները եւ ակնկալութիւնները: Չենք ուզեր, որ մեր երկիրը իբրեւ անտունի կամ մուրացկան, ուրիշներու դռներուն առջեւ պտտի: Լաւատեղեակ ենք, որ  ենթակայ ենք քաղաքական աղտոտ պայմաններու: Ու շուարած ենք, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք երթեւե-կել այս ներկային մէջ: Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք շնչել հայրենի այս մթնոլորտին մէջ: Ու այս եւ նման մտածումներ կը շարունակուին չարչրկել մեր մտքերը: Գիշեր-ցերեկ կը մտածենք, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք վերագտնել կորսուածն ու կորսուածները: Նման կացութեան զգացումը արդէն բոյն շինած է մեր միտքերուն մէջ: Զարմանալի չէ: Բոլոր ժողովուրդներն ալ ունեցած են յաղթանակ եւ պարտութիւն, բայց ազգը իր նկարագրով կրցած է յաղթահարել: Հապա՞ մենք: Արդեօ՞ք այս գաղտնիքին լաւատեղեակ ենք: Յայտնի է, թէ ինչպէ՞ս մեր մօտ տեղ մը, ազգային գիտակցութիւնը տեղի տուած է եւ մեր մտքի ու հոգիի աւերումը թափով շարունակուած: Նաեւ կը կարծենք, որ ճանչցած ենք իրականութիւնը, բայց չենք անդրադառնար, որովհետեւ ընդհանրա-պէս մեծամոլութենէ կը տառապինք: Ձրի հպարտութիւնը, սնապարծութիւնը իմաստ չունին: Չենք ուզեր աշխարհին նայիլ մորթուած գառնուկի աչքերով: Մեզի վայել չէ: Այս մէկը կրկնած եմ միշտ: Մեր կեանքը պէտք է տրոփէ մեր սիրտը: Որովհետեւ մեր պատմական վերջին դէպքերը, իրենց բազմատեսակ օղակներով, բոցի գոյն առած են: Անոր համար շատ տուժած ենք:

Անոր համար ալ, նաեւ կը տագնապինք:

Ըսինք, թէ ճիշդ է, որ ունէինք թշնամիներ, բայց միւս կողմէ ի յայտ եկաւ, թէ կարծեցեալ դաշնակիցներ ալ ունեցած էինք եւ մեր յոյսերը անոնց կապած: Ու չսորվեցանք, որ հայրենիքը շուկայ չէ, որ ուզած ատենդ հոնկէ առնես, թափես, սրբես, ծախես: Այլ՝ սրբազան գաղափար է: Իրականութիւն է: Անկախ պետականութիւնն է մեր փնտռածն ու ուզածը, եւ որուն տեւականու-թիւնը օտարէն կախեալ չէ՝ այլ մեզմէ: Կարծես կորսնցուցած ենք մեր հայու հոգին եւ պահած՝ միայն ձեւը:

Ժամանակն է, որ ստեղծենք յարմարագոյն եւ օգտաշատ ազգային մթնոլորտ մը, մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը հետաքրքրող եւ ներառնող ու միաժամանակ գնահատենք մեր երկրի բոլոր արժէքները: Քանի-քանի անգամներ, հայ մամուլը այս մասին անդրադարձած է: Բայց ո՞վ է կարդացողը: Բոլորս ալ անհամբեր կը սպասենք հայու գիտակցութեան եւ սթափումին: Կը ցանկանք, որ հայը անպայման եւ շուտով ինքզինք պիտի գտնէ, եւ իր ներկայութիւնը պիտի հաստատէ այս աշխարհի քարտէզին վրայ:

Հերի՛ք է, շատ երկարեցան հիւանդոտ միտքերով մեր արտայարտութիւնները: Վերջապէս երազին ե՞րբ պիտի յաղթենք: Խօսքէն գործի անցնելու ժամանակն է: Մեզի նոր առաքելութիւն է պէտք, ու նաեւ ազգային ոգիով լիցքաւորուած՝ ղեկավարութիւն, սակայն եւ անպայման հայրենի կեանքին նոր բանալի ապահովող ղեկավարութիւն: Կուռքեր ստեղծելու ժամանակը շատոնց անցած է: Կը կարծեմ, որ տակաւին մեզմէ շատեր, նման հարցերու արմատներէն ալ հեռու են:

Արդ, շատ տխուր պիտի ըլլայ, եթէ իրապէս չճանչնանք իրականութիւնը: Ա՛յս ուղղութեամբ պէտք է տարուին բոլոր աշխատանքները, որպէսզի հայու ամբողջութիւնը կանգուն մնայ: Ու ահա հին ու նոր մղչաւանջները: Բայց հակառակ այս բոլորին, էական է, որ ծանօթ եւ անծանօթ ձեռքերով մեր յոյսերը չմորթուին: Ժամանակն է, նաեւ վերագտնենք մենք զմեզ եւ մեր մեր լիութիւնը:

bedig43@aol.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles