Read Time:41 Second
Ռաֆֆի Սարգիսեան
Նեխած է սիրտը մարդկութեան,
եւ արդէն խաւարած է այդ երկինքը`
որուն կապոյտին անկեղծութեան մէջ,
մեր ազատութիւնը կը բնակէր:
Այժմ` երկինքն է սոսկալի ապականած,
մարդասպաններու փսխած թոյներով,
որուն տակ կը թախանձեն ընդունիլ`
նենգ հանգամանքներ ու կանոններ:
Բայց կա՛ն խիտ անտառներ,
յամառ ճիւղերով երկինք պարզուած,
որ պղծութիւնները կը խոցեն,
գարշ երկինքէն բարիքներ զտելով`
կը կաթեցնեն դէպի աշխարհ,
թմրածները կենդանացնելու,
սնանկ հոգիները ճշմարտութեամբ ջամբելու,
լոյսը փրկելու յոյսով:
Քնարիդ լարերը թաց, կը լսուին դեռ՝
մինչ մայրեր դե՛ռ կը հեկեկան,
արդարութիւնը, որուն ճակտին թքեցիր`
բացակայ է դե՛ռ,
եւ քու արդարահայց գրիչով անիծած,
դաւաճաններն ու ոհմակները անկաշկանդ`
«Մահուան Տեսիլ»-դ, կրկին դժոխքէն կենդանութեան կը կոչեն։
Բայց, ինչպէս երէկ, այսօ՛ր ալ,
պիտի տեսնենք կրկի՛ն,
քո՛ւ աւետած «Դարերու Վրէժ» ը,
պիտի յարինք քու անանց խօսքերուն
եւ որոտանք միաբերան
«Մեր Անունն է
Պայքար եւ Վախճանը Յաղթանակ»։