«ԳՈՐՇ ԳԱՅԼԵՐ»-ՈՒ ՎՏԱՆԳԸ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՇՈՒՇԻ

0 0
Read Time:3 Minute, 9 Second

  Ա.Ա.

Երբ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր4-ին Ֆրանսայի կառավարութիւնը որոշեց երկրին տարածքին արգիլել թրքական ծայրայեղ աջակողմեան եւ ահաբեկչական բնոյթի յանցագործութիւններու հաստափոր թղթածրարներ ունեցող «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան գործունէութիւնը, Եւրոպական Միութեան ղեկավար պետութիւններէն՝ Գերմանիոյ մէջ ընթացք առաւ քաղաքական- հասարակական պահանջ մը, երկրին մէջ եւս արգիլելու «Գորշ Գայլեր»-ու գործունէութիւնը։ Ֆրանսական որոշումէն ընդամէնը երկու շաբաթ ետք, Պունտըսթակի մէջ կանաչներու եւ ձախակողմեան կուսակցութիւններու խմբակցութիւնները միացեալ նախագիծով մը առաջարկեցին Գերմանիոյ տարածքին արգիլել «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան գործունէութիւնը՝ յատկապէս ներկայացնելով երկու ընկերակցութիւններու ծաւալած աշխատանքները, որոնց շուրջ բացուած հետաքննութիւնները բացայայտած էին անոնց ահաբեկչական, ցեղապաշտական ու ատելութեան բնոյթը։ Գերմանական Ժողովրդավարութեան Գաղափարախօսութեան Թրքական Ընկերակցութիւններու Դաշնակցութիւնն ու Եւրոպական Թուրք- Իսլամական Մշակութային Ընկերակցութիւններու Միութիւնը ներկայացուեցան իբրեւ այն երկու գլխաւոր կազմակերպութիւնները, որոնց անդամները Գերմանիոյ տարածքին ահաբեկչական յարձակումներ, աւազակութիւններ, թմրեցուցիչներու մաքսանենգութիւն եւ փոքրամասնութիւններու անդամներու վրայ յարձակումներ կը կատարէին։ Երկուքն ալ կապեր ունէին «Գորշ Գայլեր»-ու հետ, որովհետեւ այս կազմակերպութիւններուն անդամները միշտ զիրար կը բարեւէին «Գորշ Գայլեր»-ու յատուկ բարեւով։ Տեղին է նշել, որ նոյն բարեւը կը փոխանակեն նաեւ Ռեճէփ Էրտողան եւ ծայրայեղ ազգայնական Ազգային Շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլէթ Պահչելի։

Գերմանիոյ տարածքին գործող այս երկու կազմակերպութիւններուն եւ «Գորշ Գայլեր»-ու միջեւ կապերու փաստը բնականաբար միայն բարեւը չէր։ Երեւան եկած էին բազմաթիւ ապացոյցներ, որոնք կը փաստէին անոնց եւ թուրք կռփամարտիկներու «Օսմանեն Ճերմանիա» միութեան միջեւ կապերը։ “Օսմանեն Ճերմանիա» հռչակաւոր է «Գորշ Գայլեր»-ու եւ Թուրքիոյ գաղտնի Սպասարկութեան՝ Միլլի Իսթիհպարաթ Թեշքիլաթիի հետ իր կապերով։ Այսպիսով ահա «Գորշ Գայլեր»-ու եւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան միջեւ կապերն ալ երեւան կ՛ելլէին։

«Գորշ Գայլեր» – Անգարայի իշխանութիւններ  գործակցութեան հոլովոյթին մէջ չափազանց կարեւոր իրադարձութիւն մըն է երեք նոյեմբեր 1996-ին Թուրքիոյ Պալըքշեհիր նահանգի Սուսուրլուք շրջանին մէջ պատահած ինքնաշարժի արկածը, որուն զոհ գացին ինքնաշարժին մէջ գտնուող չորս անձերէն երեքը՝ Թուրքիոյ նախկին գեղեցկուհի Կէօնճա Ուս, բարձրաստիճան ոստիկան Հիւսէին Քոչատաղ եւ Ապտիւլլա Չաթլի։ Չորրորդ ուղեւորը քիւրտ ցեղապետ մըն էր՝ Սետաթ Քիւչաք, որ ծանր վիրաւոր վիճակի մէջ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ եւ ապրեցաւ։Ան թրքական բանակին հաշւոյն կը գործէր՝ քիւրտ ազգայնականներու թաքստոցներուն տեղերը ցոյց տալով։ Քիւչաք նաեւ երեսփոխան էր եւ անդամ՝ արկածէն ութ ամիս առաջ վարչապետի պաշտօնը լքած՝ Թանսու Չիլէրի Ճշմարիտ Ուղի կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան։

Սակայն Ապտիւլլա Չաթլիի վերաբերեալ բացայայտումներն են, որ երեւան հանեցին պետութիւն – «Գորշ Գայլեր» յարաբերութիւններն ու սերտ գործակցութիւնը, երբ ինքնաշարժէն գտնուեցաւ Մեհմէտ Օզպայ անունը կրող Չաթլիի կեղծ անձնաթուղթը, որուն վրայ կը գտնուէր Անգարայի եւ Պոլսոյ նախկին ոստիկանապետ Մեհմէտ Ակարի կնիքը։Ինքնաշարժի արկածին ժամանակ Ակար թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն էր։ Ան հերքեց,որ կեղծ անձնաթուղթը ինք հաստատած է։ Սական պարզուեցաւ, որ ստորագրութիւնը կեղծուած չէ։Ակար հրաժարեցաւ կառավարութենէն, բայց ոչ խորհրդարանէն, որպէսզի երեսփոխանական անձեռնմխելիութեան շնորհիւ չդատուի։

Մինչ այդ նաեւ պարզուեցաւ, որ Չաթլի ահաբեկած է անձնաւորութիւններ՝ հրահանգները ստանալով թրքական գաղտնի սպասարկութիւններէն։Բայց ինչ որ ամէնէն նշանակալիցն է, այդ օրերու փոխ վարչապետ Թանսու Չիլեր Չաթլին համարեց հերոս մը, որ մարդ սպաննած է՝ Թուրքիոյ պետութեան շահերը պաշտպանելով։ Չաթլի իբրեւ “գորշ գայլեր»ու հերոս թաղուեցաւ ծայրայեղ ազգայնական Ազգային Շարժում կուսակցութեան պանթէոնին մէջ։

Սուսուրլուքի արկածէն ետք է, որ եւրոպական տարբեր պետութիւններու գաղտնի սպասարկութիւններ անցան գործի եւ իրարու ետեւէ բացայայտուեցան «Գորշ Գայլեր»-ու բջիջներ եւ խմբաւորումներ, որոնք Եւրոպայի տարածքին կը գործէին մարմնամարզութեան, արուեստներու, մշակութային թէ այլ «անմեղ» միութիւններու անուան տակ։ Թուրք կռփամարտիկներու «Օսմանեն Ճերմանիա» միութեան գործունէութեան դէմ հաստատուած արգելքը հիմնուած էր այն բազմաթիւ անհերքելի փաստերուն եւ ապացոյցներուն վրայ, թէ միութեան կռփամարտիկները խորքին մէջ «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան անդամ են։

Այս օրերուն Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութիւններուն ուշադրութիւնը դարձեալ կեդրոնացած է «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան վրայ, որովհետեւ քանի մը օր առաջ հրապարակուեցաւ հաւաստի զեկոյց մը, որ պատրաստուած է Ամերիկեան- Հրէական Կոմիտէին կողմէ, որ կը հաստատէ, թէ “գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը, հակառակ բոլոր արգելքներուն, Գերմանիոյ մէջ վերածուած է ծայրայեղ աջակողմեան եւ ահաբեկչական ամէնէն ուժեղ կազմակերպութիւններէն մէկուն։

“գորշ գայլեր»ու վտանգը ամէնուրէք է։ Անիկա հասած է նաեւ Արցախ, ուր գրաւեալ Շուշիի մէջ կը ծրագրուի հիմնել “գորշ գայլեր»ու քաղաքական թեւին՝ Ազգային Շարժում կուսակցութեան ֆինանսաւորմամբ արուեստներու դպրոց մը։ Եւրոպայի տարածքին արուեստներու միութիւններու անուան տակ գործող ահաբեկչական այս կազմակերպութիւնը արուեստներու ճամբով մօտ օրէն Շուշի պիտի հասնի։Վտանգը համազգային մտահոգութիւն պէտք է պատճառէ՝ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ Սփիւռքեան օճախներ, որպէսզի զայն չէզոքացնելու ծրագրեր մշակուին։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles