Յ. Պալեան
Կը կարծենք, որ Հայաստանը սփիւռքէն հանգիստ դիտել կարելի է: Ինքնախաբէութիւն. քանի որ կամայ-ակամայ ներառնուած ենք երկրի ապրած խառնակ վիճակին մէջ: Եւ շուարած: Ընդվզած: Կը դիտենք, չենք հասկնար:
Բայց միշտ՝ կողմնորոշուած, դիրքորոշուած. թեր, դէմ: Թէ ինչպէ՞ս այդ կարելի է, չեմ հասկցած, օրուան իշխանութիւնը արդէն երեք տարիէ ի վեր բան գործ ձգած կը կռուի իր որպէս խրտուիլակ ստեղծած «նախկիններ»ու դէմ, ընդդիմադրութիւնը, որուն ըսածներուն տասներորդը եթէ հասցէագրուած ըլլար քաղաքակիրթ երկրի մը իշխանութեան, ան արդէն հեռացած կ’ըլլար:
Բայց երկրի եւ իշխանութեան քաղաքական պատկերը կը մնայ անփոփոխ, ամէն օր կը կրկնուին քննադատութեան եւ ինքնապաշտպանութեան նոյն ճառերն ու նոյն կարգախօսները: Նաեւ ամբաստանութիւնները: Բեմ բարձրացողի կամ խօսափողի առջեւ գտնուողի ըսածն ու ըսելիքը այնքան կրկնուած են, որ սպառած են, կանխաւ յայտնի են: Եթէ պարզապէս ըսեն՝ «երէկ ըսածիս նայեցէ՛ք», կը հասկնանք: Իսկ ժողովուրդը կ’ապրի իր առօրեան, հաշտուած եւ պատշաճած, այնքա՜ն պատշաճած՝ որ զատկական ձուի համար աղմուկ կը ստեղծէ:
Այս անհատնում վէճերը եւ քննադատութիւնները, թերեւս աւելի քաղաքակիրթ եղանակով, կրնային քաղաքական խաղ համարուիլ ապահով եւ կազմակերպուած երկրի մը մէջ: Իսկ դառն պարտութիւն կրած, հազարաւոր երիտասարդներ զոհ տուած եւ տասնեակ հազարով հաշմանդամներ ունեցած Հայաստանը կը վերածեն ովկիանոսի վրայ ծփացող ուրուական նաւու մը: Կարծէք երկրորդական դարձած են հինգ հազարէ աւելի զոհուածները եւ անոնց ընտանիքներու ողբերգութիւնները, տասնեակ հազարով հաշմանդամները եւ աճող թշուառութիւնը:
Փոխարէն՝ հազարաւոր ոստիկաններով կը տեղափոխուի վարչապետը, դժուարութիւններու դիմաց կանգնած երկրին մէջ պետական այրերը իրենք իրենց կը սահմանեն պարգեւավճարներ, ոստիկանութեան աշխատավարձերը առատաձեռնութեամբ կ’աճին:
Բացայայտւմ եւ քննադատութիւն «նախկիններ»ու կողոպուտի, բացայայտում եւ քննադատութիւն «թաւշեաներ»ու կողոպուտի: Անկարելի է կացութեան գնահատումը ընել եւ կողմնորոշուիլ:
Ի տես եւ ի լուր այս պատկերին սփիւռքահայը թեւաթափ կ’ըլլայ, կը հետեւի մամուլին, Հայաստանի հեռատեսիլի կայաններուն, ուր պաշտօնական տեղեկատուութենէն անկախ, կը լսուին բուռն խօսքեր: Այն տպաւորութիւնը կը ստացուի, որ թերթեր եւ հեռատեսիլի կայաններ դարձած են ժողովրդական դատարաններ, առանց վճիռներ արձակելու եւ գործադրելու հնարաւորութեան: Հայաստանի քաղաքացին, նաեւ սփիւռքի հայը, եթէ հետեւին բոլոր ըսուածներուն եւ գրուածներուն, կը դառնան յոռետես, կը խորհին, որ հեռու չէ այն օրը երբ հայրենիքը կը փլուզուի:
Այս մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ վարչապետ ընտրելու-չընտրելու-քուէարկելու-կրկին-քուէարկելու խաղը կը շարունակուի: Ժողովուրդը, ներսը եւ դուրսը, շատ, քիչ կամ բնաւ շահագրգռուածի անխօս դերին մէջ է, մինչդեռ ինք պէտք է ըսէր, եւ ըսէ, թէ ինք է տէրը երկրին, եւ իշխանութիւնները հրաւիրէ կարգի կամ փոխէ: Բայց ան բացակայ է, անտարբե՞ր է անցած-դարձածին, թէ՞ յուսահատած՝ սպասելով հրաշքը, արտագաղթելու հնարը, լոսի դռները բացող «կանաչ թուղթ» վիճակահանութեան պարգեւը:
Պատերազմ, պարտութիւն, պառակտում, պատասխանատուութիւններ, քննադատութիւններ, խառնակ վիճակ, անհանդուրժողութիւն, համագումար՝ յոռետեսութիւն: Այս կը տեսնուի սփիւռքէն, որ սահմանափակուած բարեսէրի դերին մէջ, անզօրութեան զգացումով կը հետեւի իրադարձութիւններուն: Կարծէք սփիւռքը հայրենասէրի պարտքէն զատ հայրենատէրի իրաւունքներու յոյսէն զրկուած է: Հաշտուած ենք այն գաղափարին հետ, որ Հայաստանի խնդիրները կ’որոշուին Հայաստանի մէջ: Երբեք չխօսուեցաւ եւ չի խօսուիր ազգի աւելի քան կէսի մասին, որ Հայաստանի հանդէպ սէր եւ յանձնառութիւն ունենալը ընդունած է, բայց անոր նաեւ «տէր» ըլլալու իրաւունքը անտեսուած է, ան կարծիքի իրաւունք չունի որոշումներու կայացման մէջ: Անբնական կացութիւն:
Աւելի պարզ խօսինք, գործածելով ընդունուած տարազները: Հայաստանի ռազմավարական եւ մարտավարական ընտրանքներուն եւ քաղաքականութեան մէջ ազգի աւելի քան կէս սփիւռքը կարծիք ունի՞: Պէ՞տք է ունենայ: Օգտակա՞ր է որ ունենայ: Ազգի մէկութեան հայեցակէտէ բնական եւ օգտակար պիտի չըլլա՞ր, որ Սփիւռքը մասնակցութիւն ունենար՝ յանձնառութիւն եւ պարտաւորութիւն ստանձնելու համար:
Ֆրանսերէն ըստ ամենայնի հակաֆեմինիստ եւ անընդունելի հին խօսք մը կայ. «Եղի՛ր գեղեցիկ եւ լռէ՛» (Sois belle et tais-toi): Այդպէս է սփիւռքի հանդէպ Հայաստանի վերաբերումը, որ լիիրաւ հայրենատէր չի դարձներ հայկական տասնըհինգ միլիոնը եւ մեր կարողականութիւնը կը մնայ կաղ: Հայաստան ազգի եւ հայրենիքի ճակատագիր որոշելու ընթացքին մէջ դեր չի տեսներ Սփիւռքին, բացի հիմնադրամի մասնակցութենէ եւ տուրիստական հայրենասիրութենէ:
Իրաւունքը կ’ենթադրէ պարտաւորութիւն, պարտաւորութիւնն ալ կ’ենթադրէ իրաւունք:
Մեր պարագային, հայկական մեծաթիւ սփիւռքը ազգային աւազանի մէջ պահելու համար, անհրաժեշտ է իրաւունք-պարտաւորութիւն զոյգը չբանտարկել «եղի՛ր գեղեցին եւ լռէ»ի ամլացնող վիճակին մէջ:
Այս հարցին տրուած իմաստուն լուծումը, որ կ’իրականացնէ իրաւունքի եւ պարտաւորութեան օրինականացումը, մասնակցութեան եւ յանձնառութեան դռները բանալով, կը դառնայ ազգի եւ հայրենիքի միացման եւ հզօրացման ազդակ, անտեսելով հրիէի եւ հեթանոսի տարբերութիւնները:
Ինչո՞ւ քարացած մտայնութիւնները գերանցելով այս հարցերով հեռանկարային վիճարկում չունենալ:
Ինչո՞ւ չմտածել եւ չգործել ֆրանսացի մեծ մտաւորական Փոլ Վալերիի իմաստութեամբ. «Համատեղենք ինչ որ լաւ ունինք եւ հարստանանք մեր փոխադարձ տարբերութիւններով»:
Որպէս հասուն քաղաքացիներ, այս ընել ներսը, դուրսը, ներսը ու դուրսը՝ միասին:
Երբ փլուզումը պատահի, իրաւունք ուեցողը, քննադատողը, սխալողը, հաւասարապէս աղէտի մէջ պիտի գտնուին:
Պէտք է մտածել ոչ միայն պատմութեան դատաստանի մասին, այլ գալիք սերունդներու որպէս ազգ գոյատեւման:
Նաեւ ազգի պատմութեան բեմին վրայ կարենալ մնալու մասին, որուն համար աթոռ, դիրք, իւրայինի դէմ յաղթանակի երաշխաւորութիւն չեն: