Հ.Ե.Դ.-ը Ընդդէմ Մեկուսացման

0 0
Read Time:2 Minute, 54 Second


Շանթ Շ. Արմէնեան

Սեպտեմբեր 2020-ի կիսուն Շիքակօ հասայ։ Ինծի համար բոլորովին նոր միջավայր մը, որ նաեւ անակնկալօրէն յեղափոխական զարթօնք մը ներշնչեց։ Իմ համալսարանական այս առաջին տարին իր հետ բերաւ զանազան դժուարութիւններ որ Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութիւնը լուծեց։ Ընդհանրապէս, համալսարանի սկզբնական օրերը կ՚ըլլան հաճոյքով լեցուած. բայց ներկայի քորոնա ժահրը բոլորովին նոր կացութիւններ ստեղծեց այս տարի մեզի համար։ Կը յիշեմ առաջին գիշերս. դպրոցի հանրակացարանի այլանդակ եւ ճնշող լռութիւնը։ Նոր ուսանող ծանօթանալը ճիգ կը պահանջէր, ընկերական յարաբերութիւններ մշակելու ընդունուած առիթները անհետացած էին։ Սեպտեմբերի համալսարանական վերամուտի առաջին շաբթուան ընթացքին էր որ հայ ազգին անակնկալօրէն պարտադրուեցաւ Արցախեան գոյութենական պատերազմը։ Պատերազմական անմիջական այս վիճակին հետ կապուած զգացումներս, համալսարանական օտար ընկերներս չէին հասկնար, բան մը որ զիս աւելի կղզիացուց այս նորօրինակ միջավայրին մէջ։ Բայց շնորհիւ Հ․Ե․Դ․-ի կապերուս, ազգային ու մշակութային աշխարհս աւելի զօրացաւ եւ մեկուսացման մտահոգութիւններս փարատեցան։
Շուտով հասկցայ որ Հ․Ե․Դ․-ը ընտանեկան տաք մթնոլորտ կը պարգեւէր նոր ընկերներու, լայն շրջանակով ու տեղական մասնաճիւղի ջերմ մօտեցումով։ Կը յիշեմ իմ առաջին ժողովներէս մէկը։ Քիչ մը ամչցած հասայ հեռաւոր հաւաքոյթին, ու հազիւ հասնելուս, քեռիիս պէս, ընկեր մը ինծի «Շանթօ» կանչեց։ Այդ առաջին շաբաթներու մտահոգութիւներս կամաց – կամաց անցան, ու ամիսներ ետք, աւելի մօտ զգացի ընկերներուն։ Շարունակական ընկերական մթնոլորտը մենակեաց փորձառութիւնէն զիս մղեց ոգեւորութեան։ Առաջին անգամուան համար շրջապատուած էի երիտասարդներով, որոնք հետաքրքրուած էին իրենց հաւաքական պատմութեամբ ու ժառանգութեամբ։ Այս տաքուկ մթնոլորտն էր, որ զիս ոգեւորեց մասնակցութիւն բերելու մեր հայ դատին, գտնալով միջոցներ, ուր կրնայի գործել եւ ամէն ճիգ թափել։ Անդամակցեցայ տարբեր դաստիարակչական յանձնախումբերուն, որոնց միջոցաւ կրցայ Հ․Ե․Դ․ ընտանիքի պարտաճանաչ անդամը դառնալ։
Երբ պատերազմը սկսաւ, բազմաթիւ հարցումներ ծագեցան մեր համար։ Ի՞նչ է կացութունը ճակատի վրայ։ Ինչպէ՞ս զանազանենք սխալ եւ ճիշտ լրատւութիւնը այս պայմաններուն մէջ։ Ինչպէ՞ս պիտի հետապնդենք մեր հայ դատը։ Այս դժուար հարցումները պատասխանելու համար բարեբախտաբար կար Հ․Ե․Դ․-ը, որ ցուցմունք կու տար։ Ամէն երկուշաբթի անհամբեր կը սպասէի Շրջանային Վարչութեան պատրաստած ժողովներուն, որոնց ընթացքին կը ներկայացնէին յատուկ նիւթեր պատերազմի կացութեան մասին, հրաւիրելով երէց եւ Հայաստանէն ընկերներ։ Հակառակ որ շատերս օտար աղբիւրներէ կը հետեւէինք պատերազմի պատահարներուն, Հ․Ե․Դ․-ի ժողովները կը ներկայացնէին ամբողջական պատկեր մը, տարբեր հեռանկարներով։
Շրջաններէն ներս կազմակերպուած ցոյցերը առիթը ստեղծեցին մեր բողոքը արտայայտելու, մինչ այդ համալսարանական այլ ուսանողներ անտարբերութիւն ցոյց կու տային։ Ցոյցերու ընթացքին ընելիք տարբեր գործեր կային որ կը ծառայէին մեր ձայնը աւելի բարձրացնելու։ Կը յիշեմ ինչպէս աջ ու ձախ կը վազէի Միշիկըն պողոտայի մէկ կողմէն միւսը, թռուցիկներ յանձնելով անծանօթներու՝ շեշտելով մեր պայքարի կարեւորութիւնը. նոյն ատեն աչքերս բաց, կը հսկէի մեր շրջապատը, փնտռելով ազերի դրօշներով շրջող թշնամի հակառակորդներ։ Այս «գաղտագողի» գործերու ընթացքին ինքզինքս Մալխասի «Զարթօնք»-ի մթնոլորտին մէջ կը տեսնէի։
Նաեւ, շուտով ծանօթացայ Հ․Ե․Դ․-ի մշակութային գործունէութեան, որ նպաստեց զօրացնելու իմ մայրենի լեզուս եւ վերահաստատելու հետաքրքրութիւնս։ Հայկական վարժարանս աւարտելէն ետք, իմ ամէնօրեայ հայերէն խoսակցութիւնս կանգ առած էր։ Ընկերներուս քաջալերութեամբ միացայ Հ․Ե․Դ․ի- շաբաթօրեայ «Զրոյց – Մրոյց» ժողովներուն. 15-20 ընկերներ մէկ-ու-կէսէն հինգ ժամ կը նստինք ու կը զրուցենք միայն հայերէնով։ Հետաքրքրական նիւթեր շատ լաւ կը ներկայացուին մեր երիտասարդ սերունդին կողմէ։ Հայերէնով կը խօսինք, օրինակ՝ արդի հայ երաժշտութեան մասին, ինչպէս նաեւ սիրոյ եւ եկեղեցւոյ մասին։ «Զրոյց – Մրոյց»-ի յատկութիւններէն է որ ան դատողական չէ։ Մասնակիցները ազատ են իրարու հետ խօսելու առանց մտահոգուելով իրենց կիսատ-պռատ հայերէնով։ Անձնապէս, «Զրոյց – Մրոյց»-ը ինծի քաջալերած է շարունակելու իմ ամէնօրեայ հայերէնի գործածութիւնը։ Հիմա յաճախ կը փնտռեմ առիթները հայերէն կարդալու եւ գրելու։
Մօտաւորապէս մէկ տարուայ Հ․Ե․Դ․-ի անդամակցիլս ինծի կը շեշտէ սփիւռքի հայ կազմակերպութիւներու կարեւորութիւնը, մեր ներկայ իրականութեան մէջ։ Ցուլումի պերճանքը ընդունելի չէ։ Պէտք է կեդրոնանանք մեր ազգային ռաջնահերթութիւններուն եւ մշակոյթին վրայ։ Մեր ազգային կազմակերպութիւներն են, որոնք կը մէկտեղէն մեր մշակոյթը զարգացնելու ու քաջալերելու միջոցները։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles