Այս շաբաթ, 8 մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), բացումը կը կատարուի համա-ՀՄԸՄ-ական մարզական առցանց Ա. համագումարին, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է միութեան պատմութեան մէջ: Արդարեւ, 1982-էն սկսեալ, քառամեայ դրութեամբ կազմակերպուած են համա-ՀՄԸՄ-ական սկաուտական համագումարներ, սակայն մարզական համագումար ցարդ չէ կատարուած:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ իրականացուող այս համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միութեան 21 շրջաններէն մարզական պատասխանատուներ եւ մարզիչներ: Հիւրաբար կը մասնակցին Թեհրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններու ներկայացուցիչները:
Համագումարը կ’երկարի երկու շաբաթ օրերու վրայ, 8 եւ 15 մայիս 2021-ին, օրակարգի վրայ ունենալով միութեան մարզական կեանքը հետաքրքրող բազմաթիւ նիւթեր. Շրջաններու մարզական կեանքի ընդհանուր գնահատում եւ արժեւորում, մարզական կեանքի նպատակ եւ առաջադրանքներ, մարզական կանոնագրութեան վերամշակում, մարզական կեանքի պատշաճեցում «Քորոնա»-ի պայմաններուն, առցանց մարզախաղերու ծրագիր, յատուկ խնամքի կարօտ փոքրիկներու «Հրաշք» մարզախաղեր, համա-ՀՄԸՄ-ական ԺԱ. մարզախաղեր (Հայաստան, 2022) եւ այլն:
Համագումարի բացման, կազմակերպիչ յանձնախումբի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքերու կողքին, մասնակիցներուն տեսակապով ողջոյնի խօսքեր կ՛ուղղեն եւ մարզական իրենց փայլուն անցեալին մասին վկայութիւններ կը ներկայացնեն վաստակաշատ մարզիկներ Արա Յակոբեան, Հրաչ Սիսեռեան եւ Սելլա Թնճուկեան: Համագումարին կը ներկայացուին այս առիթով պատրաստուած երեք տեսանիւթեր` ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքին, «Հրաշք» մարզախաղերուն եւ համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու պատմութեան մասին:
Բացման հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը ուղղակի կը սփռուի ՀՄԸՄ-ի դիմատետրի էջի հետեւեալ կապով`
https://www.facebook.com/MyHomenetmen