Կիրակի՝ Մայիս 2-ին, ճոխ բովանդակութիւն պարունակող յայտագրով մը, որ համացանցին վրայ, սփռուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 130-ամեակը։
Հ.Յ.Դ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի (https://hairenikweekly.com/46813) կողքին, յատուկ ուղերձներով հանդէս եկան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Վեհափառ հայրապետներ՝ Գարեգին Բ․ եւ Արամ Ա․, յարանուանութեանց պետերը, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. եւ ուղեկից միութիւններու աշխահասփիւռ կառոյցներու ներկայացուցիչները։ Հ.Յ.Դ. արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի ուղերձը փոխանցեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան։
Ստորեւ, ուղերձը․-
Դաշնակցութեան Օր նշելու աւանդոյթը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հասցէին գովասանքի խօսքեր շռայլելու նպատակ չունի: Նպատակը, առարկայականօրէն մեր ժողովուրդի դատին ներկայացնել մեր որդեգրած սկզբունքները, տարած աշխատանքները, արձանագրած յաջողութիւններն ու դժուարութիւնները:
Իբրեւ Հ․Յ․Դ․ համահայկական կառոյցի մէկ մասնիկ, մենք եւս, հաւատարիմ մեր երդման, առաջնորդուած ենք յարատեւ պայքարի գիտակցութեամբ, մեր բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դնելով Հայաստանի ու հայութեան ծառայութեան գործին:
Ես կը գտնուիմ 122 ամեայ յարատեւ ծառայութեան ու պայքարի պատմութիւն կերտած եւ Սփիւռքի մէջ ոգեղէն Հայաստան դարձած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայրենիք հաստատութեան շէնքին մէջ, որուն կենսագրութիւնը կերտուած է հայոց նորագոյն պատմութեան բազմահազար ակնառու նուիրեալներու ներդրումի հանրագումարով, իբրեւ Ակնունիի, Սիամանթոյի, Նժդեհի, Արմէն Գարոյի, Դարբինեանի, Շիրակեանի, Դրոյի ու այլոց միտքի, շունչի ու կամքի արգասիք:
Այստեղ մասունքի պէս պահուած է Սեւրի Դաշնագրով սահմանագծուած Հայաստանի հարիւրամեայ քարտէզը իբրեւ ուղենիշ մեր պահանջատիրութեան: Այստեղ պահուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան Հռչակագիրը, իբրեւ խորհրդանիշ անկախ պետականութեան այն վէմին, որուն վրայ կանգնած է մերօրեայ հայրենիքը: Այստեղ խնամքով պահուած է արդարահատոյց Արշաւիր Շիրակեանի աջը, իբրեւ վկայ, դահիճներուն ու դաւաճաններուն պատժող բազուկի կոչ:
Այս բոլորը լոկ պատմութիւնը յիշելու համար չեն, այլ բազմահազար նմոյշները մէկտեղած արխիւը պատմութենէն դասեր քաղելու համար են, յանուն ներկայի ու ապագայի: Վայ այն հաւաքականութեան, որ իր ներկան կը փորձէ խզել անցեալէն, որովհետեւ այդ հաւաքականութիւնը ապագայ չունենար:
Դժբախտաբար, այսօր ականատես ենք այնպիսի քաղաքականութեան մը, որ կը փորձէ մեզ մեր անցեալէն խզել, մեր ներկան խորտակել, փոշիացնել տարիներու աշխատանքը եւ անհեռանկար ապագայ ուռուագծել մեզի ու գալիք սերունդներուն համար: Այդ յանցաւոր քաղաքականութեան աւերիչ հետեւանքները խիստ զայրոյթ ու բողոք կը յառաջացնեն եւ ժամ առաջ զայն կասեցնելու անյետաձգելի պարտաւորութեան տակ կը դնեն իւրաքանչիւրիս: Արդ, արտաքին ճակատի վրայ մեր ազգի ու հայրենիքի իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ կ’աւելնայ ներազգային ջլատիչ, պարտուողական ու ապազգային քաղաքականութեան դէմ անհաշտ պայքար ծաւալելու պարտաւորութիւնը: Այդ կասկածելի քաղաքականութիւնը արդէն մեծ աւերներ գործած է, ուստի նժդեհեան ոգին ու դրաստամատեան կամքը բոլոր ժամանակներէ աւելի, այսօր հայ դատի յանձնախումբերուն, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամին ու դաշնակցականին համար առաջնորդող ուղեցոյց են եւ մեր ուժերը կրկնապատկելու կոչ, յանուն Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին:
Համաշխարհային կառոյցի ողջոյնի խօսքերէն ետք, ձեռնարկը ամբողջացաւ Հ․Յ․Դաշնակցութեան պատմութեան 130-ամեայ երթը յատկանշող պահերու եւ գործունէութեան անդրադարձող կարեւոր կէտերու նշումով։ Յատուկ տեղ գրաւած էր Արցախի վերջին պատերազմը, որուն մասնակցած էր կամաւորներու յատուկ ջոկատը։
Յայտագիրը ամբողջութեամբ տեղադրուած է համացանցին վրայ, զոր կարելի է դիտել Դիմատետրի https://www.facebook.com/arfdofficial/videos/808704200023831/ էջէն։