«Ժամանակ»
Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի 200-ամեակը նշուեցաւ Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան երդիքին տակ: Համաճարակի պատճառով շուրջ մէկ տարի Մարդասիրական ճեմարանի սաները եւ հայաստանցի ուսուցիչները Հայաստան են, Հնդկաստան են միայն 10-րդ դասարանի սաները եւ հնդկահայ աշակերտները: Հայաստանի մէջ գտնուող ճեմարականները իրենց ուսուցիչներուն եւ ծնողքին հետ ներկայ էին սիրելի կրթօճախին նուիրուած ձեռնարկին:
Զուգահեռ հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր նաեւ Հնդկաստանի մէջ։ Կալկաթայի ճեմարանէն ներս ներկայ էին հնդիկ ուսուցիչները, տեսչութիւնը, հնդկահայոց վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ փոքրաթիւ համայնքէն անդամներ: Հեռավար կարգով իրարու շնորհաւորութիւններ փոխանցուեցան, ինչպէս նաեւ հարազատ կրթօճախին անցեալին ու ներկային նուիրուած խօսքեր հնչեցին: Կրկին համացանցի ճամբով ձեռնարկին միացած էին իրանցի, իրաքցի եւ պուրմացի աշակերտները եւ խումբ մը շրջանաւարտներ, որոնք, ճեմարանը աւարտելէ ետք կը շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը Հնդկաստանի մէջ:
Ճեմարանի նախկին տեսուչը՝ Տէր Մովսէս Վարդապետ Սարգսեան, որ նաեւ հնդկահայոց հոգեւոր հովիւն էր, վերջերս նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ, իսկ մինչ այդ, ան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ վերադարձած ու մեկնած է Արցախ՝ ձգելով Հնդկաստանի մէջ իր ծառայութիւնը: Ան նոյնպէս ներկայ էր Երեւանի հանդիսութեան եւ ջերմ խօսքերով հանդէս եկաւ ճեմարանի մասին, որ այսօր հնդկահայոց համայնքի ամենակենսունակ անկիւնն է: Ճեմարանի նոր տեսուչ նշանակուած է Տէր Հայկ Քահանայ Քոչարեան:
Ցաւօք, ճեմարանը անմասն չէ մնացած Արցախի պատերազմէն. շրջանաւարտներէն Սուրէն Եսայեան զոհուած է ռազմական գործողութիւններու ընթացքին:
Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ յառաջիկային պիտի բացուի թան-գարան մը՝ հովանաւորութեամբ Հայաստանէն բարերար, գործարար Արա Յակոբեանի, որուն զաւակները կ՚ուսանին այնտեղ:
Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի 200-ամեակին առթիւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը թողարկած է արծաթեայ յուշադրամ մը, դիմերեսին՝ Կալկաթայի Հայոց ճեմարանի շէնքի եւ Սուրբ Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ պատկերներէն հատուածներ, իսկ դարձերեսին՝ Հայոց ճեմարանի պատկերանիշը (հեղինակ՝ Լուսինէ Լալայեան):
Հանդիսութեան մասնակիցներու շարքին էին ներկայ եւ նախկին աշակերտներ, ուսուցիչներ, հոգեւոր եւ կրթական մշակներ:
Ճեմարանի 200-ամեակի ձեռնարկները պիտի շարունակուին:
Այս ճեմարանը կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ հայ-հնդկական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Ան ուրոյն խորհրդանշան մը կը համարուի թէ՛ անոնց անցեալի խորութեան եւ թէ համագործակցութեան պատմական արմատներուն շուրջ։
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը հիմնադրուած է 1821 թուականին, Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ մերձակայքը՝ հնդկահայ համայնքի եւ հայազգի բարերարներ Աստուածատուր Մուրատխանեանի եւ Մնացական Վարդանեանի նախաձեռնութեամբ: 1825 թուականին ճեմարանին միացուած է Կալկաթայի Գալուցեան հայկական դպրոցը, իսկ 1949 թուականին՝ 1922-ին հիմնադրուած Կալկաթայի Դաւիթեան օրիորդաց հայկական դպրոցը:
Մինչեւ 1870 թուականը ճեմարանը ունեցած է իր ինքնուրոյն կրթական ծրագիրը, սակայն յետագային անիկա համապատասխանեցուած է Կալկաթայի համալսարանի քննութիւններու պահանջքներուն: 1883-ին հաստատութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուած է որպէս միջնակարգ դպրոց, իսկ 1888-ին դասուած է Կալկաթայի համալսարանի քոլէճներու շարքը:
1888-1891 թուականներուն ճեմարանին կից գործած են յատուկ դասընթացքներ՝ Կալկաթայի համալսարանի արուեստի ճիւղին համար դիմորդներ պատրաստելու:
Ճեմարանը ունի ընդարձակ հողատարածութիւններ, բուժարան, տղոց եւ աղջիկներու համար նախատեսուած զատ կացարաններ:
1828-ին ճեմարանին կից հիմնադրուած է «Արարատեան» գրադարանը, որ ունէր ամենամեծ հայկական գիրքերու եւ ձեռագրերու հաւաքածոներէն մէկը աշխարհի մէջ:
1824-ին հիմնադրուած է տպարանը, որ գործած է շուրջ յիսուն տարի:
Ճեմարանին մէջ դասաւանդած են անուանի մտաւորականներ. օրինակ՝ Յարութիւն Գալուցեան, Մեսրոպ Թաղիադեան եւ այլք:
1999-ին Կալկաթայի Գերագոյն ատ-եանի որոշմամբ Հայոց մարդասիրական ճեմարանը յանձնուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խնամակալութեան: Նոյն դատավճիռով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին վերապահուած է ճեմարանի գործունէութիւնը տնօրինելու իրաւունքը: Կը վերահսկուին ուսումնական ծրագիրները, աշխատողներու նշանակումներն ու փոփոխութիւնները, դպրոցին վիճակն ու խնամքը:
Ներկայիս հաստատութենէն ներս ուսանող աշակերտներուն մեծամասնութիւնը Հայաստանէն է (տարեկան 10-15 աշակերտ), կ՚ուսանին նաեւ հայ աշակերտներ Հնդկաստանէն, Իրանէն, Իրաքէն, Սուրիայէն եւ այլ երկիրներէ:
Սաներուն եւ ուսուցիչներուն կեցութեան, գրենական պիտոյքներուն, ուսման վարձին եւ ամսականներուն ծախսերը ամբողջովին կը հոգայ ճեմարանը: Ուսուցման հիմնական լեզուն անգլերէնն է: Ճեմարանին մէջ, բացի հայագիտական եւ բնագիտական առարկաներէն, աշակերտները կը սորվին նաեւ հնդկերէն, ռուսերէն, պարսկերէն, արաբերէն: Բարձր յառաջադիմութիւն ունեցող աշակերտներուն հնարաւորութիւն կը տրուի ուսումը շարունակել Հնդկաստանի եւ աշխարհի զանազան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն ներս: