Վարդան Գրիգորեանի Հրաժեշտը
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 15-ի երեկոյեան, իր մահկանացուն կնքեց «Քարնըկի» հիմնարկի նախագահ, ամերիկահայ պատմաբան, դասախօս, բազմաթիւ մենագրութիւններու հեղինակ Վարդան Գրիգորեանը, որ նախապէս ղեկավարած էր նաեւ Նիւ Եորքի գրադարանն ու «Պրաուն» համալսարանը:
Ան 2015-ին, Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի հետ, հիմնած էր մարդասիրական «Օրորա» նախաձեռնութիւնը:
Վարդան Գրիգորեանը ծնած է 1934-ին Իրանի Թաւրիզ քաղաքին մէջ: Տարրական կրթութիւնը ստացած է Իրանի մէջ, միջնակարգ կրթութիւնը` Լիբանան: Ան աւարտած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանը: 1956-ին ընդունուած է Սթենֆըրտի համալսարան, որ աւարտած է 1958-ին գերազանցութեամբ` մասնագիտանալով պատմութեան եւ մարդկային գիտութիւններու ոլորտներուն մէջ: 1964-ին դասաւանդած է Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի պատմութիւն Սան Ֆրանսիսքոյի պետական քոլեճին մէջ, Քալիֆորնիոյ (Լոս Անճելըս) եւ Թեքսասի (Օսթին) համալսարաններուն մէջ:
1972-ին տեղափոխուած է Փենսիլվանիոյ համալսարան, ուր նշանակուած է պատմութեան «Թարզեանական» փրոֆեսէօր եւ Հարաւային Ասիոյ պատմութեան փրոֆեսէօր:
1974-ին դարձած է Փենսիլվանիոյ համալսարանի Ճշգրիտ եւ մարդկային գիտութիւններու բաժանմունքի հիմնադիր վարիչը: Քսան տարուան գիտական գործունէութենէ ետք Վարդան Գրիգորեան գլխաւորած է Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանը:
1969 թուականին Տանֆորթ հիմնադրամին կողմէ արժանացած է Հարպիսոնի անուան Ականաւոր ուսուցիչի մրցանակին: Բազմաթիւ պարգեւներու եւ կոչումներու արժանացած է Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Աւստրիոյ եւ Փորթուգալի կառավարութիւններուն կողմէ: Վարդան Գրիգորեանին շնորհուած է Ազատութեան նախագահական շքանշան եւ Մարդկային գիտութիւններու պետական շքանշան:
1997-էն ի վեր կը պաշտօնավարէր իբրեւ Անտրիւ Քառնըկիի հիմնադրած հաստատութեան` Նիւ Եորքի «Քառնըկի» ընկերակցութեան 12-րդ նախագահ:
Հայ մամուլի եւ յատկապէս «Հայրենիք»-ի մօտիկ բարեկամ, ան միշտ ալ օժանդակութիւններ կատարած էր։
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
«Հայրենիք» հաստատութիւնը իր խորին ցաւակցութինները կը յայտնէ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն: Բարերարին մահը մեծ կորուստ մըն էր հայ մշակոյթին եւ կրթական կեանքին:
***
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը խոր կսկիծով կը գուժեն Համազգայինի շքանշանակիր, Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ նուիրատու
ՓՐՈՖ. ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 15 Ապրիլ 2021-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ: