Գրեթէ քսան տարիէ ի վեր, ոչ ամբողջական, սակայն տը ֆաքթօ գոյութիւն ունի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան մը: Փոխարէն սակայն ժողովրդավար եւ յատկապէս ընկերվար Հայաստանի մը տեսլականը, ցայսօր կը մնայ տը ժիւրէ իրավիճակի մէջ, ուր դեռ բաւական աշխատանք կայ կատարելիք եւ իրագործելիք…գէթ նմանօրինակ միջավայր մը ստեղծելու բերկրանքով եւ սլացքով: Հետեւաբար, որեւէ երկիր, որ կը ձգտի ազատութեան եւ մարդկային հիմնական իրաւունքներու ամրագրման, իրեն համար պահանջ պէտք է դնէ արդարութեան գաղափարի հաստատումն ու առ այդ, արդար օրէնքներու որդեգրումը:
Արդարութիւնը՝ իբրեւ գաղափար, կը նշանակէ հաւասարութիւն եւ ազատութիւն, ինչպէս նաեւ այն միտք բանին, որ բոլոր քաղաքացիները օրէնքին առջեւ նոյն իրաւունքները եւ պարտականութիւնները ունին: Այս գծով, Հ.Յ.Դ. իր ծնունդէն ի վեր կառչած է ընկերվարական սկզբունքներուն եւ համոզուած է որ, շնորհիւ Ընկերվար Միջազգայնականի հետ կատարած իր աշխատանքին եւ փոխադարձ գործակցութեան, պիտի կարենայ Հայաստանի մէջ ներկայիս գոյութիւն ունեցող ընկերայինտնտեսական բեւեռացումը նուազեցնել:
Այս բոլոր ուղղութիւններով գաղափարական կենսունակութիւն դրսեւորելու հրամայականը շեշտելու կու գայ Ընկերվար Միջազգայնականին մէջ, Հ.Յ.Դ. վստահուած պատասխանատուութիւնն ու ստանձնած բանալի դերը:
Ընկերվար Միջազգայնականը, Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան տարածքին համար ընտրած է Հ.Յ.Դ. իբրեւ գործընկեր կուսակցութիւն: Բնականաբար Հ.Յ.Դ. ըլլալով այդ շրջանին մէջ Ընկերվար Միջազգայնականի միակ լիիրաւ անդամ կուսակցութիւնը, այս դերը պիտի ստանձնէր, սակայն երկար տարիներու գործակցութեան իբրեւ արդիւնք՝ ստեղծուած էր փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ մը, եւ ինքնաբերաբար, այդ վստահութեան մթնոլորտին արդիւնքն էր այս համանախագահութեան պաշտօնի ստանձնումը, գործունէութիւնն ու վերջապէս անցեալ շաբաթավերջի խորհրդաժողովը՝ Երեւանի մէջ:
Գաղափարներու տարածման աշխատանքի ծիրէն ներս, Ընկերվար Միջազգայինի որդեգրած համամարդկային սկզբունքներով եւ արժէքներով, աշխատանք կը տարուի հանդիպումներու եւ դասախօսութիւններու միջոցով ստեղծել գաղափարական այնպիսի միջավայր եւ մթնոլորտ, որոնք կարենան նպաստել այդ գաղափարներու տարածման աշխատանքին: Այդ գաղափարներուն մէջ առաջնահերթ է ժողովրդավարութեան հաստատումը, մարդկային իրաւանց յարգումը եւ մարդ անհատի ազատ ու անկաշկանդ զարգացումը:
…Եւ այդ գծով, ողջունելի էր եւ անշուշտ անակնկալ մը չէր արտաքին բեւեռացման նուազում ներշնչող Ատրպէյճանի ընկերվար կազմակերպութեան ներկայացուցիչին ներկայութիւնը:
«Հայրենիք»
Յունիս 18, 2010