ԽՈՀԵՐ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՈԳԻՈՎ

0 0
Read Time:4 Minute, 1 Second

Մարդ արարածին երկրաւոր կեանքը այնպէս մը դասաւորուած է, ուր գոյութիւն ունի բնական դրութիւն մը ընտանեկան եւ ընկերային միջավայրի, զորս իրենց ներկայութեամբ շատ կարեւոր ներդրում ունին այս կեանքի ապահով ընթացքին ու բնականոն կենցաղի յառաջխաղացքին:
Ծնողքի մը ներկայութիւնը ընտանեկան երդիկին տակ կþիմաստաւորէ անոր հիմքը, սկիզբն ու գլուխը: Զաւակներու ծնունդը ու անոնց բնական աճումը տեղի կþունենայ ծնողքի մը ներկայութեամբ եւ զաւակներու առողջ ու ապահող ընթացքը կախեալ է ծնողական բծախնդրութենէն ու պատասխանատուութենէն:
Հօր մը ներկայութիւնը ընտանիքի մը մէջ տիրական գոյութիւն է եւ ուղղակի ոգի, շունչ ու աւիշ կը պարգեւէ համայն ընտանիքին եւ անոր շարունակութեան:
Մայրերու մասին մեր խօսած ու խորհրդածած ժամանակ անպայման անոնց մէջ կը ներգրաւուին հայրերը եւս, որովհետեւ այր մարդու մը եւ կնոջ միացումը կþենթադրէ անքակտելի կապ մը եւ յաւիտեան միացում մը, որուն հետեւանքը կþըլլայ ընտանեկան առողջ մթնոլորտ ու լաւագոյն կրթութեան ջամբում:
Հօր մը տիպարը վիթխարի մեծութիւն ունի ընտանիքի ըմբռնումին մէջ, հայրերը այդքան նուիրականացած էակներ են մարդկային ընկերութեան մօտ, որ պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն եւ գուցէ ստեղծագործութեան համայնապատկերի գծագրութեան մէջ, ստեղծիչ մեր երկնաւոր Աստուածը ՀԱՅՐ որակած ենք, Հայր Աստուած ըսած ենք, որպէս վաւերական օրինակը երկրաւոր եւ մարմնաւոր մեր հայրերուն:
Յիսուս Քրիստոս երբ աշխարհ եկաւ, ան մարմնաւորեց Հայր Աստուածը, աշխատեցաւ Հօր Աստուծոյ կամքը կատարել, Հօր Աստուծոյ աղօթեց, Հօր Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրեց, Հօր Աստուծոյ յանձնեց իր սիրեցեալ ժողովուրդն ու հետեւորդները, Ան իր մաքրամաքուր կեանքը Հօր Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ աւանդեց, երթալով Հօր Աստուծոյ մօտ:
Քրիստոս մարդկութեան սորվեցուց Հօր Աստուծոյ մասին, Անոր նկարագրին, գործելակերպին ու ծրագրին մասին: Ան սորվեցուց ու աւանդեց մեզ Հօր Աստուծոյ սէրը ու անոր մասին խօսեցաւ, որպէս գերագոյն պարգեւը մարդկութեան ու աշխարհին:
Քրիստոնէական եւ ընկերային որակումներու համաձայն հայր մը գլուխն է ընտանիքին, ինչպէս Քրիստոս գլուխն է եկեղեցւոյ: Հօր մը որպէս գլուխ պաշտօնը իրեն տրուած է կամ կը տրուի որպէս արժանիք, իր գործերէն մեկնելով ու այդ ծանր ու պատասխանատու պարտականութիւնը լիովին կատարելով:
Զաւակները իրենց հօրմէն կը սորվին ընտանիք կազմել ու մանաւանդ զայն առողջ պահել ամէն ձեւով, ինչպէս մօրմէն կը սորվին սէր ունենալ, գուրգուրանք տածել ու կապուիլ ընտանեկան սրբութիւններուն:
Քրիստոնէական եկեղեցին իր ունեցած եկեղեցական հայրերով, որոնք կը կազմեն իր պահպանման ու զարգացման կարեւոր երաշխիքներէն մին, մեծ ազդեցութիւն թողած ու հարստացուցած են եկեղեցին, անոր տալով փայլք ու յարատեւութիւն:
Անոնց գրութիւնները, Աստուածաբանական հաստատումները, աղօթքներն ու ներկայութիւնը, խորք տուած ու ոգի ջամբած են յաջորդող սերունդներուն:
Հայկական իրականութեան մէջ, ուղղուելով դէպի պատմութեան էջեր եւ անկէ սկսելով մինչեւ այսօր, հայ հայրերուն դերը իսկապէս տարբեր եղած է ու չենք կրնար զանոնք բաղդատել այլ ազգաց հայրերուն հետ: Հայ հօր մը պարտականութիւնը շատ մեծ եղած է մանաւանդ արհաւիրքի օրերուն եւ ճգնաժամային վայրկեաններուն:
Իր ընտանիքին գլխուն մնալով ու անոր ապահովութիւնը երաշխաւորելով, շատ յաճախ հայրն է, որ զոհած է իր կեանքը յանուն ընտանեկան մեծութեան ու մնայուն ապահովման:
Թշնամիները տեսնելով ու գիտնալով այս մէկը մեր ազգի մօտ, միշտ ալ միտած են նախ մեր հայրերը ու երիտասարդ տղաքը անյայտացնել ու չքացնել երկրին երեսէն, որովհետեւ անոնց ունեցած կամքն ու ուժը միշտ ալ գերազանցած է զանոնք:
Հայ հայրը միշտ եղած է նախանձախնդիր իր ընտանիքի պատիւին ու արժէքին, զոր շատ յաճախ իր խստութեամբ ու բծախնդրութեամբ կրցած է իր կողակիցին հետ յաջողցնել այդ առաքելութիւնը:
Հօր մը մնայուն հետեւողականութիւնը ընտանիքի բարօրման ու առողջ կենցաղավարութեան կը կազմեն կորիզը ընտանեկան կեանքին ու անոր արժանապատուութեան: Այդ պատճառով հայ հայրը արժանի է ամէն տեսակ բարիքի ու գովասանքի, որովհետեւ ան կրցած է հասկնալ իմաստը հայրութեան ու զայն լաւագոյնս փորձարկել իր իսկ սեփական ընտանիքին ընդմէջէն:
Հօր մը ներկայութիւնը օրհնութիւն է ընտանիքէ մը ներս, զոր միշտ կը ներշնչէ ապահովութեան ու հաստատակամութեան ոգի: Իւրաքանչիւր անդամ ընտանիքի մէջ ունի իրեն յատուկ տեղ ու դեր, հօր մը տեղը ընտանիքէն ներս կը մնայ միշտ ու միշտ իտէալ եւ քաջալերական:
Մեր հայրերու բազուկի ու մտքի աշխատանքները, արդիւնաւորած են մեր գոյութիւնն ու ներկայութիւնը, ապահով կեանքը ու առողջ կազմաւորումը:
Հայ հայրը միշտ իր պատուական կնոջ հետ ձեռք ձեռքի տալով, մարմնաւորած են ճշմարիտ ընտանիքի տիպարը ու երկուքով աշխատած են ընտանիքի բարձրացումին ու լաւագոյն կենցաղին ի խնդիր: Զաւակները միշտ առաջնահերթ եղած են  իրենց համար ու իրենց գոյութեան իմաստը իրենց զաւակներու յաջողութեամբ կþարժեւորեն:
Մեծ են մեր ծնողները, որոնց կը պարտինք մեր կեանքերը ու մանաւանդ այդ կեանքի մէկ կարեւոր երեսը, որ սերունդներ կերտելու, անոնց շարունակականութիւնը ապահովելու, քաջ նկարագիր ունենալու եւ ամէն բանէ վեր նկատելու ընտանիքին արժանապատուութիւնը:
Հայրերը արժեւորած կþըլլանք, երբ կը շարունակենք իրենց սուրբ գործը, վառ կը պահենք իրենց պատասխանատուութեան ու գիտակցութեան ջահը, զոր լոյս կը ջամբէ ու պատիւը կը շարունակէ մեր ընտանիքներուն:
Թող հայրերը միշտ ապրին ու մեր ընտանիքներուն գլուխը ըլլան, որովհետեւ իրենց շատ բան կը պարտինք: Անոնց փոխանցած ոգին ու շունչը ահաւասիկ կերտած են սերունդներ ու բազում գործեր, որոնք եկեղեցւոյ ու ազգի պահպանման երթին մէջ վիթխարի դեր ունին:
Հայ հայրերը իրենց սեփական ընտանիքներու կողքին նաեւ հայրութիւն ցուցաբերած ու պատասխանատու եղած են համայն ազգի անտէր զաւակներուն, ինչպէս նաեւ զանազան կազմակերպութեանց մէջ ղեկավարի ու առաջնորդի դերեր ստանձնելով:
Աստուածային պատուիրանը մէջբերելով կþեզրակացնենք մեր հասկացողութիւնը ու իմաստը մեր ծնողներուն մասին հետեւեալ խրատը եւ պատուէրը ստանալով Հօր Աստուծմէն. «Պատուէ° քու  հայրդ ու քու մայրդ, որպէսզի օրերդ երկար ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի» (Ելք 20.12):
Օրհնեա¯լ ըլլան ու ապրի°ն հայրերը, հայ հայրերը, մեր կեանքին ոգի ու շունչ ջամբող էակները:

ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles