Կողքի նկարը վստահաբար Փարիզի կամ Միլանոյի նորաձեւութեան ընկերութիւններու գրասեղաններուն վրայ, քննութեան առարկայ կը դառնայ: Մասնագէտներ եւ նորաձեւութեան կերտիչներ հաւանաբար խոշորացոյցով կը փորձեն այս պատմութիւն կերտած հնամաշ կօշիկի մէկ օրինակին հիմնուած…ապագայ նորաձեւութիւններ, նորանոր »մոտել«ներ կերտել:
Իսկ, ոչ միայն մարզասէրներ, այլ ընդհանրապէս աշխարհի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան կիզակէտը, այս օրերուն ուղղուած է Աշխարհի Հարաւային կիսագունդ՝ Հարաւային Ափրիկէ, ուր կը կատարուին ոտնագնդակի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներ: Կլոր գնդակի մը տիրանալու եւ զայն բերդէն ներս զետեղելու (յետսապահներու եւ յատկապէս բերդապահներու պարագային… իրենց անմիջական բերդէն հեռացնելու) մարմաչով , մարզիկներ…այս օրերուն բուռն պայքար կը մղեն: Իսկ միլիոնաւոր հանդիսատեսներ, այս մարզիկներու շարժումները, միջամտութիւններն ու հարուածները ըմբոշխնելով, անուղղակիօրէն կը վայելեն անոնց կրած զանազան տեսակի, վաճառանիշի եւ գոյնի կօշիկները:
Այսպէս, Հայաստանի մէկ հեռաւոր քարայրներէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած այս 5500 տարուայ կեանք ունեցող կօշիկը, երբ իր պաշտօնը կը կատարէր, չկային »Փրատա«ի կամ »Տոլչէ ի Կապանա«ի նման կօշիկի գործարաններ, չէր ծնած Աշխարհի ոտնագնդակի գաղափարը յղացող Ժիւլ Րիմէն: Նոյնիսկ գոյութիւն չունէին երկիրներ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւններ, համադաշնակցութիւններ, եւայլն հասկացողութիւնը: Վերջապէս, »ճազ« երաժշտութեան սիրահարներուն համար, բնականաբար ամերիկացի կիթարահար Չարլի Պըրտի (19251999) մէկ հետաքրքրական գործը՝ »Scherzo for an old shoe«, կարելի է ձօնել այս հնամաշ…եւ նախնական փոխադրամիջոցին:
Հայաստանի մէջ հետազօտութիւններ իրականացնող հնագէտներու խումբը, 2008ին Վայոց Ձորի տարածքին գտնուող »Թռչունների քարայր« կոչուած քարանձաւի մը մէջ յայտնաբերած է աշխարհի ամենահին կաշիէ կօշիկը« որ մօտ 5500 տարեկան է: Ըստ »Ասօշիէյթըտ Փրէս« լրատուական ընկերութեան« կօշիկը պատրաստուած է աջ ոտքի համար:
»Սովորաբար մենք կը գտնենք միայն կոտրուած սափորներ« իսկ այս կտորը մեզ հնարաւորութիւն կու տայ հասկնալու« թէ ինչպէ°ս եղած է այդ դարաշրջանի մարդոց կենցաղը«« ըսած է խումբի ղեկավար, իրլանտացի Ռոն Փինհազին, Իրլանտայի Քորք քաղաքի համալսարանէն, որ հետազօտութիւններու առաջնորդներէն մէկն էր:
Ըստ անոր« մինչեւ այս կօշիկին յայտնուիլը, ամէնահին կօշիկները համարուած էին Ալպեան լեռնաշղթայի սառոյցներուն մէջ յայտնաբերուած 5375 տարուայ պատմութիւն ունեցող կօշիկները, որոնք կարուած են եղջերուի եւ արջի մորթով:
Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած կօշիկը պատրաստուած է կովի մորթէ եւ աւելի ամբողջական է: Անիկա նման է Եւրոպայի մէջ յայտնաբերուած աւելի ուշ շրջանի կօշիկներու« որ հնարաւորութիւն կու տայ ենթադրելու« թէ ոտնամաններ կարելու այս եղանակն ու ձեւը գոյութիւն ունեցած են հազարաւոր տարիներ առաջ: Փինհազիի կարծիքով« կօշիկը գործածուած եւ պահուած է խնամքով:
Այսպէս, Հայաստանի Վայոց Ձոր նահանգի, Արէնի գիւղին մօտիկ քարայրի մը մէջ պղումներու ընթացքին, գտնուեցաւ այս կօշիկը 24.5 սմ. երկարութեամբ, (ամերիկեան կնոջական թիւ 7, եւ եւրոպական թիւ 37):
Քարայրի մէջ տիրող կլիման է որ պաշտպանած է կօշիկը:
Կապերով ապահովուած է այս նախնական փոխադրամիջոցը: Առջեւի երեսը 15 զոյգ կապերու ծակերով, իսկ ետեւը չորս զոյգ: Կօշիկը գործածուած ու նորոգուած էր, բայց եւ այնպէս մաշած չէր: Լեցուած՝ խոտերով, որուն նպատակը, ըստ մասնագէտներու, կամ կօշիկի ձեւի պահպանումն էր, կամ ալ իբրեւ այսօրուան գուլպան՝ ոտքը տաքուկ ու հանգիստ պահելու համար:
»Այս կօշիկին յայտնաբերումը մեզ կը յայտնէ մարդուս կարողութիւնը պատրաստելու այսպիսի իրեր, թէ արդէն իսկ 5,500 տարիներ առաջ մարդիկ կօշիկ կը հագուէին (Հաւանաբար ալ աւելի առաջ) եւ թէ իւրայատուկ եւ յառաջացած մարդիկ որոնց մասին շատ բան չգիտենք, կÿապրէին այսօրուան Հայաստանէն ներս՝ Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանին վրայ (Վայոց Ձոր Նահանգ)«, կը շարունակէ Փինհազին:
Այս հետազօտութիւններուն նաեւ մաս կազմեցին Պօրիս Գասպարեանը եւ Տայանա Զարտարեանը՝ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիոյ Հետախուզութեան եւ ազգաբանութեան հիմնարկէն, Կրէկըրի Արէշեան՝ Եու.Սի.Էլ.Էյ.ի Քոթսըն Հետախուզութեան հիմնարկէն եւ Ալեքսիա Սմիթ՝Քընեթիքէթի Համալսարանէն:
Հոս հետաքրքրական է հարց տալ, թէ ի՞նչպէս Արենի քարայրի պղումները սկսան: »Պօրիս Գասպարեանը, հայ պատասխանատուն այցելեց քարայրը 1993ին, մտածեց որ այդ վայրը հետախուզական կարողութիւն/ապագայ ունի: Ուրեմն մենք փորձպեղեցինք վայրը Դկտր. Քիթ Ուիլքինսընին հետ, 2007ին, եւ գտանք շատ մը հին առարկաներ, ամաններ, եւայլն«, բացատրեց Փինհասին: Անոնք ի՞նչ բաներ կÿակնկալէին գտնել. »Փալէօլիթիք խաւեր (կանուխ արդի մարդիկ եւ նէանտըրթոլզ)«, ըսաւ Փինհասին:
Հայկական կօշիկին յայտնաբերումէն առաջ, ամէնէն հին կօշիկը պատկանած է Օդզի Սառնամարդուն (Iceman), որ ապրած է 33653118 տարիներ Քրիստոսէ առաջ: Օդզիին կօշիկներէն մասեր գտնուած էին. Անոնք շինուած էին եղնիկի եւ արջի կաշիէ, եւ ներքին խոտէ գուլպայ ունէին:
Արենիի քարայրին մէջ գտնուած էին նաեւ երեք մարդկային գանկեր, երեք ամաններու մէջ: Այս երեքէն մէկը կը պարունակէր ուղեղի մաս մը, իր կարմիր եւ ճերմակ գնդիկներով, շնորհիւ քարայրի խոնաւ օդին, եւ որ կը սեպուի ցայսօր գտնուած ամէնահին ուղեղը – եգիպտական ֆարաօններու մամիններէն 1,0001,200 տարիներ առաջ:
Քարայրը գործածուած է բնակութեան եւ ծիսական արարողութիւններու համար, ինչպէս նաեւ ինչ որ կը սեպուի – բայց եւ այնպէս դեռ ուսումնասիրութիւններու կարիքը կայ – մեծաքանակ գինի պատրաստելու ամէնահին վայրը:
Հետազօտութեան աշխատանքները երաշխաւորեցին Ամերիկա Ընկերութեան Կֆէօլըր ֆոնտին հայ ճիւղը, »Նէշընըլ Ճէօկրաֆիք«ը, Բրիտանական Ակադեմիան, Եու.Սի. Էլ.Էյ.ի Քոթսըն հիմնարկը, »Սթայնմեվ« հիմնարկը, Չիթճեան թրասթը, եւ Պուշըվեր հիմնարկը:
Read Time:3 Minute, 31 Second