ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆԻ ԺՈՂՈՎԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:2 Minute, 27 Second

Անցեալ շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ իր աշխատանքը աւարտեց Ընկերվար միջազգայնականի Ա.Պ.Հ.ի երկիրներու« Կովկասի եւ Սեւ ծովեան պետութիւններու յանձնախումբի խորհրդաժողովը: Այս համագումարին մասնակցեցան 13 կուսակցութիւններ, որոնց կարգին՝ Գերմանիոյ« Ռուսաստանի« Վրաստանի« Ղազախստանի« Պելոռուսիոյ« Մոլտաւիոյ« Յունաստանի« Հունգարիոյ« Լեհաստանի« Շուէտի« Պաղեստինի եւ Ատրպէյճանի ընկերվարական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները:
Ժողովի նպատակներէն էր նաեւ« որ նոր առաջարկներով« նոր գաղափարներով կազմակերպութիւնը կարողանայ աջակցիլ երկրի քաղաքական դաշտի կայունացման եւ զարգացման:
Խորհրդաժողովին արդիւնքները ներկայացնելով՝ Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա յայտնեց« որ իրենք յաջողած են իրականացնել այն ամէնը« ինչ որ երկու օրուան ընթացքին ծրագրած էին: Ան նաեւ ընդգծեց« որ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչին մասնակցութիւնը այս համագումարին նոր հանգրուան բացած է« ինչ որ կրնայ նպաստել հայատրպէյճանական երկխօսութեան խորացումին: Լուիս Այալան կարեւորելով Երեւանի մէջ ժողովը դիտել տուաւ որ Ընկերվար Միջազգայնականը կը յուզեն նաեւ տարածքային« ազգային« ցեղային կամ կրօնական հակասութիւնները: Հիմնախնդիրներու լուծման միակ բանալին« ըստ Լ. Այալայի« երկխօսութիւնն է:
»Մենք հակամարտութիւններու լուծումը կը տեսնենք երկխօսութեամբ« բանակցութիւններով« եւ որեւէ այլ միջոց մեզի համար անընդունելի է«« ըսաւ ան պատասխանելով այն հարցին« թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն դիմաց, ինչպէ՞ս կարելի է արծարծել եւ առաջադրել երկխօսութիւն
»Մեր հիմնական նպատակն է ժողովրդավարութիւն տարածել այն բոլոր երկիրներուն մէջ« ուր մենք ներկայացուած ենք: Իսկ շարք մը երկիրներու մէջ« ինչպէս՝ Հայաստանը« մենք կրցանք բաց հասարակութիւն ձեւաւորել« իսկ որոշ երկիրներու մէջ այդ հոլովոյթը շատ երկար կը տեւէ«« նշեց Այալա եւ եզրակացուց թէ միջազգայնականի հիմնական նպատակը ժողովրդավարութիւն եւ խաղաղութիւն տարածելն է« որուն շուրջ արդիւնաւէտ քննարկումներ տեղի ունեցան համագումարին ընթացքին: Նշենք թէ, Վրաստանի ճանապարհով Հայաստան ժամանող Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը առաջին օրը չէր հասած ժողովին:
Ռուսաստանի ներկայացուցիչ« »Արդար Ռուսաստան« կուսակցութեան անդամ Թաթիանա Մոսկալկովա կարեւոր համարած է հաւաքը՝ նշելով« որ անիկա կը նպաստէ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման եւ երկխօսութեան ծաւալման: Անոր համոզումով« ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը ամէն ինչ կþընէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար:
Ժողովին ներկայ էր եւ ելոյթով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
Նշենք« որ Այալա այցելեց նաեւ Արցախ«ուր հանդիպումներ ունեցաւ պատասխանատուներու հետ: »Պէտք է ըլլայ արդար եւ հակամարտութեան կողմերու համար ընդունելի լուծում« որպէսզի անիկա յաւիտեան ըլլայ«« Արցախեան խնդիրի լուծման առնչութեամբ կարծիք յայտնած է ան՝ աւելցնելով« որ իրենք այդ ուղղութեամբ կÿաշխատին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն հետ:
Այալա յայտնեց թէ, Ընկերվարական Միջազգայնականը համաշխարհային կառոյց է« սակայն անդամակցող շարք մը քաղաքական գործիչներ նաեւ իրենց ազգային խորհրդարաններու կամ միջազգային այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ են: »Մենք, որպէս առանձին կառոյց« ունինք մեր օրակարգերը եւ մեր ջանքերը հիմնականօրէն կեդրոնացուած են երկխօսութեանը նպաստելու« հասարակական լուծումներ գտնելու« ժողովուրդներու ապագան ճիշդ կառուցելու ուղղութեամբ«« ըսաւ գլխաւոր քարտուղարը:
Ընկերվար Միջազգայնականի Ա.Պ.Հ.ի« Կովկասի եւ Սեւծովեան տարածաշրջանի յանձնախումբի համանախագահ« Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալբանդեան« ասուլիսին ընթացքին կարեւոր համարած է այն հանգամանքը« որ Ընկերվար Միջազգայնականի գլխաւոր քարտուղարը բազմիցս այցելած է Հայաստան եւ լաւ ծանօթ է մեր երկրի արտաքին քաղաքականութեան« ընկերվարտնտեսական իրավիճակին« ինչպէս նաեւ այդ հարցերու շուրջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան դիրքորոշումներուն: »Այս ժողովի գումարումը Երեւանի մէջ երկար տարիներու աշխատանքի արդիւնք է« եւ այսօր« վերջապէս« կարելի է ըսել« որ Հայաստանը կը դիտուի իբրեւ ընկերվարական գաղափարախօսութեան նոր կեդրոն«« ըսած է Մարիօ Նալպանտեան:
Յատուկ օրակարգի վրայ էր նաեւ Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս, ընկերվարդեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ պուլկարացի պատգամաւոր Եւգենի Քիրիլովի հեղինակած թիւ 2216 բանաձեւին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles