Ա.Ա.
Նիկոլ Փաշինեան «Արմթայմզ»-ի մէջ 23 Մայիս 2001ին ստորագրած՝ «Մենք ու Մեր Շահերը» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը գրէր։ « Այն, որ Մեղրին պէտք է թուրքերուն եւ Միացեալ Նահանգներուն, ուղղակի հոյակապ է, որովհետեւ այդ դէպքում Մեղրին սովորական տարածքից կը վերածուի յաղթաթուղթի, ու դա մեր յաղթաթուղթն է։ Ինձ համար անհասկնալի են տեսակէտները այն մասին, որ մեր յաղթաթուղթը մեր կրծքին սեղմած պէտք է պահենք։ Սա մանկամիտ մօտեցում է։ Հայաստանի դիրքորոշումը այս հարցում մէկը պէտք է լինի։ Եթէ Թուրքիա կամ Ատրպէյճան ուզում են հաղորդակցուել Մեղրիով, թող հաղորդակցուեն։ Թող օգտագործեն մեր տարածքը, թող օգտագործեն մեր երկաթուղին ու վճարեն դրա համար, ինչպէս ընդունուած է աշխարհում»։
Նշելով, որ ոմանք հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը կը շփոթեն հող յանձնելու հետ, եւ ակնարկութիւնը յստակօրէն կ՛երթար այդ օրերու նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, Փաշինեան կ՛եզրակացնէր՝ իբրեւ վերջաբան։
«Իսկ ոեւէ մէկը մտածե՞լ է, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ Մեղրին յանձնելուց յետոյ։ Անմիջապէս կը հետեւի Թուրքիա – Նախիջեւան երկաթուղիի կառուցումը, որից յետոյ Հայաստան ընդհանրապէս կը վերածուի Փակուղիի։ Իսկ քանի դեռ սա տեղի չի ունեցել, մեզ պատմական շանս է տրուած դառնալ այս տարածաշրջանի սիրտը, Արեւմուտքի եւ Արեւելքի հատման կէտը՝ սրանից բխող բոլոր հետեւանքներով։ Այս շանսը օգտագործելու համար պէտք են հետեւեալ պայմանները։
ա.Կտրել ցանկացած ձեռք, որ կը փորձի Մեղրին կամ Մեղրիի վերահսկողութիւնը յանձնել ուրիշին։
բ.Գիտակցել, որ Հայաստան կարող է ունենալ ռուսական շահերէն տարբերուող շահեր։
գ.Գիտակցել, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մեր հարեւաններն են եւ նրանց հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը կենսական հարց է։
դ.Հայաստան Թուրքիոյ համար ճանապարհ է դէպի Կեդրոնական Ասիա։ Թուրքիա Հայաստանի համար ելք է դէպի Եւրոպա։ Ատրպէյճան Հայաստանի համար ելք է դէպի Կեդրոնական Ասիա։ Հայաստան Ատրպէյճանի համար ելք է դէպի Թուրքիա, այսպիսով նաեւ՝ Եւրոպա։ Ահա հաղորդակցութիւններու այն կծիկը, որուն փոխկապակցուած գործնական կիրառումը կը նպաստի տարածաշրջանի կայունացման եւ զարգացման։
Յօդուածին միտք բանին բաւական յստակ է՝ ինչ կը վերաբերի Մեղրիի, որ «յաղթաթուղթ» մըն է Հայաստանի համար։ Նաեւ, թէ՝ գիտակցիլ, որ Հայաստան կրնայ ռուսական շահերէն տարբեր շահեր ունենալ, կամ՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մեր դրացիներն են եւ անոնց հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը կենսական հարց է։
Մեղրիի յաղթաթուղթ, ռուսականէն տարբեր շահեր եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւում։ Երեք բաւական մեծ խորագիրներ, որոնք քառասուն չորս օր տեւած այս աղէտալի պատերազմին օրերուն ուրուականներու նման իսկապէս թեւածեցին հայոց երկնակամարին վերեւ եւ պատերազմին աւարտով ալ յստակ դարձաւ, որ Մեղրին, որ չէր յանձնուեր թշնամիին, կը վերածուէր կապի միջոցի՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Ռուսականէն տարբեր շահեր ունենալու Հայաստանի կացութիւնը յանգեցաւ բոլորիս յայտնի արդիւնքին, իսկ դրացիներուն՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը թարգմանութիւն գտաւ Շուշին, Շահումեանի մեծ մասը, Քաշաթաղը, Հատրութը, Ասկերանէն, Մարտունիէն եւ Մարտակերտէն բաժիններ, ու մնացեալ շրջանները Ատրպէյճանի վերադարձմամբ՝ պատերազմական գործողութիւններու պատճառով թէ պարտադրաբար։
Միւս կողմէ, յետադարձ ակնարկ մը բաւարար է հաստատելու, որ պատերազմին վերջին քանի մը ժամերուն դրսեւորուած վերաբերումն ու պատերազմէն առաջ գոնէ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին հրապարակային դիրքորոշումներն ու կեցուածքները որքան իրարու անյարիր ու հակասական եղան։
Ամբողջ երկու տարի գործածուած բառամթերքը յուսալի էր։ «Մեր hամբերութիւնը մի փորձէք», «Նոր պատերազմ կը նշանակէ նոր տարածքներու ազատագրում», «Յետագայ զարգացումներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ Ատրպէյճանի ուսերուն», «Հաստատապէս ցաւալի հարուածը պիտի տրուի», «Արցախ Հայաստան է եւ վերջ»։ Ասոնք են այն գլխաւոր նախադասութիւնները, որոնք Երեւանի իշխանութիւններուն ամբոխավարական եւ հռետորաբանական մօտեցումներուն լաւագոյն արտայայտութիւնները եղան եւ որոնք օրին մտածել ալ տուին, թէ ամէն առիթի նման խօսքեր արտասանողները իսկապէս գործնական գետնի վրայ ալ համահաւասար քայլերու, միջոցներու, ծրագրերու դիմած են, խօսքին եւ գործին միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահելու համար։ Ապա հրապարակ նետուեցաւ քանի մը այլ կեցուածքներ։ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին բանակցութիւնները իմ կէտէս սկսելու միտում», «լուծում մը, որ ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն կողմէ» եւ «բանակցութիւններուն սեղանին շուրջ Արցախի ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը անխուսափելի է»։ Երեք ուղղութիւններն ալ շատ արագ ցոյց տուին, որ որքան անհասկնալի, մշուշոտ եւ արգելակիչ են՝ Արցախեան բանակցութիւններուն վերսկսման եւ արդիւնաւէտ շարունակման համար, որովհետեւ առաջինին նկատմամբ անորոշութիւնը եղաւ տիրական, երկրորդին պարագային՝ լուծման հասարակաց պատկերացման անկարելիութիւնը առաւել շեշտուեցաւ, իսկ երրորդը Ատրպէյճանի համար վերածուեցաւ խաղաքարտի, որպէսզի յառաջ մղէ բանակցութիւններուն Թուրքիոյ մասնակցութեան ապահովման կարելիութիւնը։
Առանց մխրճուելու ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներուն մէջ ամէն օր եւ ամէն ժամ հրապարակուող կեցուածքներուն, վերլուծումներուն եւ տեսութիւններուն մէջ, թէ ով է յանցաւորը եւ պատասխանատուն կամ պատասխանատուները այս ամօթալի պարտութեան, կ՛արժէ քանի մը նկատողութիւններով թարմացնել մեր յիշողութիւնը, որպէսզի դէպքերու եւ զարգացումներու շղթային օղակներուն միջեւ զօդումը հասկնալի ըլլայ։
Վերջին առնուազն տասը ամիսներուն ընթացքին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան բաղադրիչները միանշանակ կը բացայայտէին Անգարայի յստակ միտումները՝ հարեւաններու հետ զերօ խնդիրներու քաղաքական ուղեգիծէն ամբողջովին շեղելու եւ իբրեւ շրջանային կեդրոնական ուժ վերադարձի մը ուղղութիւնը։ Սուրիա, Լիպիա, Իրաք, Հիւսիսային Կիպրոս, նուազ չափով պաղեստինեան շրջաններ, Լիբանան, նոյնիսկ ափրիկեան երկիրներ, շատ արագ վերածուեցան թրքական ուշադրութեան առաւել քան առարկաներու, ուր յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ խաղի կանոններու վերանայում, ուժերու վերադասաւորում եւ բաժնեկցութիւններու նոր հայեցակարգեր ստեղծուեցան՝ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ։ Եւ ասիկա էր, որ հայկական դիւանագիտութեան շատ լուրջ, խորազննին եւ մասնագիտական ուշադրութեան պիտի արժանանար։ Վստահելով,որ այդպէս ալ եղաւ։Անցնինք առաջ։
Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ “Էս – 400”-երու գործարքին յաջողութիւնը՝ հակառակ ՆԱԹՕ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու բուռն ընդդիմութեան, կու գար առաւել վտանգաւոր տարողութիւններու հասցնելու ռուսեւթրքական գործակցութիւնը, որուն չարաղէտ հետեւանքներուն առաջին թիրախը Հայաստանն ու Արցախը ըլլալու կարելիութիւնը միայն տեսութեան մը սահմաններուն մէջ պիտի չմնար, որովհետեւ ապագայ զարգացումները հակառակը ցոյց տուին։ Թուրքիա՝ Միացեալ Նահանգներու թէ՛ զգուշացումները եւ թէ առաջարկները հետեւողականօրէն անտեսելով եւ արհամարհելով՝ մինչեւ ծայր գնաց եւ բազմամիլիառ գործարքը յաջողութեամբ պսակուեցաւ, որովհետեւ ատոր դիմաց Ռուսիա Կովկասի դռները պիտի բանար Թուրքիոյ դիմաց։ Այդպէս եղաւ։ Հայկական դիւանագիտութիւնը վստահաբար ասիկա ալ անտես չէր առած եւ արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան վարչութիւններուն մասնագէտները հաշուարկները կատարած էին։
Այլ չափազանց կարեւոր խնդիր մըն էր Էրտողանի գլխաւորութեամբ Յունիս 9, 2020-ին Անգարայի մէջ կայացած՝ Թուրքիոյ պետական բարձրագոյն խորհուրդին նիստին օրակարգը։ Խնդիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անկէ բխող բոլոր խնդիրները եւ հարցերը, որոնց նկատմամբ խորհուրդը տուաւ համապատասխան որոշումներ։ Անշուշտ պէտք չէ այնքան մը միամիտ ըլլալ, որ այս հարցին նման մակարդակով քննարկումը չունէր իր չբացայայտուած օրակարգն ալ, որ աւելի ուշ երեւան պիտի գար եւ առաւել պիտի շեշտուէր յատկապէս Կովկասեան իրադրութիւններուն մէջ։ Հայկական դիւանագիտութիւնը հրապարակային հակազդեցութիւն ունեցաւ եւ վստահաբար նաեւ հաշուի առնուեցան այս որոշումներուն հակադարձելու մեքանիզմներուն կապուած բոլոր խնդիրներուն լուծումներ բերելու կարեւորութիւնները։
Ապա Թուրքիա առաւելաբար Կովկասեան իր դերակատարութեան ապահովման ուղիները գծեց՝ Ատրպէյճանէն մինչեւ Մոսկուա, ուր արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւններուն մէջ Կեդրոնական Ասիոյ թրքախօս եւ թրքացեղ հանրապետութիւնները, նաեւ՝ Ռուսիոյ տարածքին իսլամ բնակչութիւններ ունեցող ինքնավար հանրապետութիւններուն հետ Թուրքիոյ առնչութիւնները սկսած էին առաւել շեշտուիլ։
Մինչ Ատրպէյճանի մէջ իշխանութեան մակարդակի վրայ կը կատարուէին որոշակի փոփոխութիւններ՝ արտաքին գործոց նախարար էլմար Մամետիարովի կայծակնային պաշտօնազրկմամբ եւ ռուսական կրթութեան տէր Ճէյհուն Պայրամովի նախարարի պաշտօնին վրայ հաստատմամբ, նախանշանները սկսած էին երեւան գալ՝ Պաքուի միտումներուն, որոնց թարգմանը սկսած էին հանդիսանալ Ալիեւ, անոր խորհրդականը՝ Հաճիեւ, խորհրդարանի նախագահը՝ Կաֆարովա, պաշտպանութեան նախարարը՝ Հասանով, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր՝ Ապտիւլաեւա։ Եւ մինչ Երեւանի իշխանութիւնները սկսած էին շեշտադրել իրենց կէտէն բանակցութիւններու վերսկսելու, Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն կողմէ ընդունելի լուծման մը եւ բանակցութիւններուն Արցախի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեան կէտերը, անդին Պաքու աստիճանաբար կը բարձրացնէր պատերազմի մը սկսելու հռետորաբանութիւնը, որ հայկական կողմին սթափման գործօն պէտք է ըլլար։ Թէ՛ ալ ուշ էր, կամ ոչ, ատիկա նաեւ պարտութեան դրդապատճառներուն քննարկման ծիրին մէջ պէտք է իր պատասխանը ստանայ։
Հիմա որ ոչ Մատրիտեան սկզբունքներ, ոչ Գազանեան հասկացողութիւն, կամ լուծման այլ տարազ մնաց, իրականութիւններ իրենք զիրենք կը պարտադրեն։ Նաեւ՝ հարցումներ։ Ամբոխավարութիւնը արդիւնք տուա՞ւ։ Երկուքուկէս տարի հայոց բանակին զինումը գոհացուցի՞չ էր։ Հայոց հակօդային պաշտպանութիւնը ինչու չյաջողեցաւ դէմ դնել թշնամիին։ Պատերազմին առաջին շաբաթներուն Փաշինեան ինչու անտեսեց թէ՛ Արցախէն եւ թէ՛ Սփիւռքէն բարձրագոյն մակարդակներէ իրեն ուղղուած բոլոր կոչերը՝ Մոսկուա մեկնելու եւ խնդիրը իր սաղմին մէջ խեղդելու, գիտնալով հանդերձ թէ պատերազմը ուր կ՛ուղղուի եւ ինչ արդիւնքի կրնայ հասնիլ։ Եւ ամէնէն կարեւոր հարցումը։ Չարաբաստիկ համաձայնութիւնը ինչու կնքուեցաւ՝ Շուշիի գրաւումէն ետք։ Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, թէ կը գտնուէին Շուշին յանձնելու պարտաւորութեան տակ, հետեւաբար նախընտրած են պատերազմիլ, հերքուեցաւ անմիջապէս արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին կողմէ։ Հետեւաբար յստակ հարցումը առաւել կը շեշտուի։ Ինչու՞ Շուշին իյնալէն ետք է, որ անձնատուութեան համաձայնութեան տակ ստորագրուեցաւ։
Դաւաճանութիւններ, դասալքութիւններ, ճակատէն հասած լուրերու անմեղունակ խեղաթիւրում, ապատնօրինում եւ ռազմավարական թէ մարտավարական սխալներ։ Դրդապատճառներ եւ պատճառներ, ներքին եւ արտաքին գործօններ։ Շատ բաներու եւ բազմաթիւ ազդակներու գումարն ու արդիւնքն է հայոց պարտութիւնը, ուր կայ մէկ ճշմարտութիւն։ Հայ զինուորին քաջութիւնը, արիութիւնը, կամաւորականներուն անձնուիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը ոչ մէկ դեր եւ բաժին ունին պարտութեան մէջ։ Ճակատի եւ թիկունքի շատ լուրջ խնդիր գոյութիւն կար եւ ասիկա պէտք է ըլլայ քննարկման թեման։ Իսկ իշխանութիւնները բնաւ անմասն չեն պարտութեան ամօթանքին պատասխանատուութենէն։ Բնա՛ւ։ Չքմեղանքները, ուրիշներու յանցանքները մատնացոյց ընելը, միւսը մեղաւոր յայտարարելը, յանցանքը չի կրնար ծածկել։ Ասիկա երեւան հանելու համար ազգովին պէտք է հրաժարինք հռետորաբանութենէ, մեծխօսիկութենէ, աջին ձախին մեղադրանքներ բաշխելէ եւ առարկայական քննարկումներով շատ արագ պէտք է ջուրին երեսը հանուի իսկական մեղաւորին՝ ամբողջ պատասխանատուութիւնը։ Եւ իսկական ու մեծագոյն մեղաւորը ըլլալու մեղադրանքին տակ կը գտնուին Երեւանի իշխանութիւնները։
Read Time:6 Minute, 43 Second