ԱՏԱՆԱՅԻ ԿՈՏՈՐԱԾԸ ԵՒ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԸ

0 0
Read Time:8 Minute, 32 Second

 

Վեր. Դոկտ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

p8-9-main1

Այս տարի հարիւրամեակն է Ատանայի Կոտորածին, որուն զոհ գացին շուրջ 30,000 հայեր: 189496 տարիներու Համիտեան ջարդերէն ետք, ասիկա լայնատարած ու համազգային տարողութեամբ երկրորդ ջարդն էր զոր գործադրեցին թուրքերը 1909ի Ապրիլ ամսուն: Այս Կոտորածը յղացուած ու գործադրուած էր Սուլթան Համիտի (18761908) համակիր Ահրար կուսակցութեան, եւ ուրիշ Իսլամ մոլեռանդ  եւ յետադիմական տարրերու կողմէ, որոնք հակառակորդ էին Իթթիհատական Երիտասարդ Թուրքերուն: Այս վերջինները տապալեցին Սուլթան Համիտի կառավարութիւնը 10 Յունիսի 1908ին, եւ իշխանութեան գլուխը անցան: Անոնք ոգեւորեցին ամբոխները »Ազատութիւն եւ Հաւասարութիւն« լոզունգով: Թուրք, հայ, եւ այլ փոքրամասնութիւններ համբուրեցին զիրար  եղբայրութեան անունով: Անոնք գրգռեցին իրենց կուսակից մոլեռանդ ամբոխը, որպէսզի դաս մը տան Համիտի հակառակորդներուն, մինչ կը կատարուէին հակահայ բուռն քարոզչութիւններ:
Իթթիհատ վէ Թերաքքի (Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն) լոզունգը որդեգրած՝ Երիտասարդ Թուրքերու վարչակազմը առ երեւոյթ ազատութիւն, հաւասարութիւն, ու եղբայրութիւն կը քարոզէր, սակայն, ըստ էութեան՝ հակառակ էր ցեղային փոքրամասնութիւններուն: Երիտասարդ թուրքերու ծածուկ նպատակն էր ձուլել ոչիսլամ տարրերը եւ ստեղծել համաթրքական միատարր կայսրութիւն մը: Այս շարժառիթով  էր որ երբ թրքական առաջին յարձակումը սկսաւ Ատանայի հայաբնակ թաղերուն վրայ՝ թուրք ոստիկանութիւնը միացաւ խուժանին, եւ մասնակցեցաւ ջարդին: Անտարակոյս, Իթթիհատականները իրենց լռելեան հաւանութիւնը տուած էին Ատանայի Կոտորածին գործադրութեան: Այսուհանդերձ, երեւոյթները փրկելու համար՝ անոնք դատապարտեցին ջարդարարները: Երբ հայ եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարները իրենց ցասումը յայտնեցին, ու իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին, Իթթիհատականները ուրացան իրենց դերը իբրեւ ջարդարար, ու համաձայնեցան նշանակելու քննիչ յանձնախումբ մը՝ ատենապետութեամբ երեսփոխան Յակոբ Պապիկեանի: Պապիկեանի պատրաստած տեղեկագիրը լոյս չտեսաւ, քանի որ առաւօտ մը ան իր ննջարանին մէջ ու խորհրդաւոր պայմաններու ներքեւ՝ խեղդամահ գտնուեցաւ:
Կասկած չկայ որ Ատանայի Կոտորածը մէկ նախափորձը եղաւ Երիտասարդ Թուրքերու համաթուրանական քաղաքականութեան իրագործման մէջ: Միայն քանի մը տարիներ ետք էր որ գործադրուեցաւ անոնց կանխածրագրած ահաւոր Ցեղասպանութիւնը՝ որով կը յուսային լուծել Հայկական Հարցը:
Դժբախտաբար, մեր եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարներուն մեծամասնութիւնը միամտաբար խաբուեցաւ կեղծաւոր եւ նենգամիտ Իթթիհատական երիտասարդ Թուրքերէն, ու չկրցաւ նախատեսել վերահաս վտանգը:
Երբ Ապրիլ 1, 1909ին, թուրք խուժանը յարձակեցաւ հայաբնակ թաղերու վրայ՝ հայերը դիմեցին ինքնապաշտպանութեան: Միւս կողմէն, Երիտասարդ Թուրքերու կառավարութիւնը դիմեց անգլիական հիւպատոսին, ու խնդրեց անոր միջնորդութիւնը, որպէսզի վերջ դրուին խռովութիւններու ու հայեր իրենց զէնքերը յանձնեն կառավարութեան: Հիւպատոսը կատարեց իր տխուր առաքելութիւնը ու հայեր միամտաբար յանձնեցին իրենց զէնքերը:
Երիտասարդ Թուրքերու կառավարութիւնը գործնապէս չմիջամտեց մինչ կը շարունակուէին ջարդերը: Հետեւանքը եղաւ եղեռական ու ահաւոր: Միայն Ատանայի Նահանգին զանազան քաղաքներուն, գիւղերուն ու աւաններուն մէջ ջարդուեցան մօտ 30,000 անմեղ հայեր: Քանդուեցան եկեղեցիներ, դպրոցներ ու բարեսիրական եւ մշակութային կեդրոններ: Անպատսպար մնացին բազմաթիւ որբեր ու որբեւայրիներ:
Ատանայի եղեռնը մեծ կորուստ պատճառեց Կիլիկիոյ բովանդակ հայութեան: Մեծ կորուստներու ենթարկուեցան հայ եկեղեցական երեք յարանուանութիւնները: Յատկապէս, ու բաղդատաբար՝ մեծ եղաւ Կիլիկիոյ Հայ Աւետարանական համայնքին կորուստը: Կիլիկիոյ Հայ Աւետարանական Միութիւնը կորսնցուց իր հոգեւոր ղեկավարներուն թիւին գրեթէ կէսը: Օսմանիէ քաղաքին Հայ Աւետարանական եկեղեցիին մէջ Ապրիլ 14ի արշալոյսին ողջողջ հրկիզուեցան 7 հոգեւոր հովիւներ, ու 4 աշխարհական ղեկավարներ: Ուրիշ երեք վայրերու մէջ անգթօրէն սպաննուեցան 13 հոգեւոր հովիւներ եւ Միութեան Ժողովի իբրեւ պատուիրակ եկած 9 այր եւ կին անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ 2 ամերիկացի միսիոնարներ:
Այս աղէտը կը զուգադիպէր Կիլիկիոյ Հայ Աւետարանական Միութեան 1909 տարեշրջանի Համաժողովին: Նախապէս, այս Համաժողովը որոշուած էր ունենալ Մարաշի մէջ, Յունիսի վերջաւորութեան: Սակայն, կարգ մը նկատումներով փոխուեցան ժողովին վայրն ու թուականը, ու որոշուեցաւ ունենալ զայն Ատանայի մէջ, 1909ին Ապրիլի կիսուն: Կիլիկիոյ զանազան քաղաքներէն ճամբայ ելած էին դէպի Ատանա մեծ թիւով պատուիրակներ: Այնթապէն ու Մարաշէն եկող պատուիրակներ Ապրիլ 13ի երեկոյեան կը հանդիպին իրարու Օսմանիէ կոչուած գիւղաքաղաքը ու կը յուսան յաջորդ օրը շարունակել իրենց ճամբան դէպի Ատանա: Սակայն, նոյն գիշերը, թուրք ոճրագործներու վոհմակ մը կը յարձակի տեղւոյն Հայ Աւետարանական եկեղեցիին վրայ ուր՝ անտեղեակ կացութենէն՝ օթեւանած էր պատուիրակներու խումբ մը: Թուրքեր վայրագաբար կրակի կու տան ամբողջ շէնքը ու ողջողջ կը հրկիզեն հոն ապաստանած պատուիրակները: Առաւել, թուրքերը կը յարձակին նաեւ ուրիշ քաղաքներէ եկող եկեղեցական ու աշխարհական պատուիրակներու վրայ, ու զանոնք եւս անխղճօրէն կը սպաննեն երեք տարբեր վայրերու մէջ Չայըր Աղզի, Սայ Կիչիտի, եւ Համիտիէյի մէջ:

Ստորեւ ու յարգանօք կը յիշենք այդ նահատակներուն անունները, պաշտօնավայրերը եւ նահատակութեան վայրերը.
Օսմանիէի մէջ
նահատակուեցան.
Փրոֆ. Սարգիս Լեւոնեան  Ուսուցչապետ՝ Թուրքիոյ Կեդր. Գոլէճի  Այնթապ
Վեր. Կիրակոս Ժամկոչեան  Հովիւ՝ Սեւերեկի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:
 Վեր. Նազարէթ Հեղինեան  Հովիւ՝ Մարաշի Հայ Աւետ. Երրորդ Եկեղեցիին:
 Վեր. Զաքարիա Պետրոսեան  Հովիւ՝ Կարմուճի (Ուրֆայի մօտ) Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:
 Վեր. Ներսէս Գույումճեան  Հովիւ՝ Ուրֆայի Ասորի Բողոքական Եկեղեցիին:
 Վեր. Սեդրակ Էքմէքճեան  Հովիւ՝ Ուրֆայի Հայ Աւետ. Առաջին եկեղեցիին:

Չայըր Աղզը 
Օսմանիէյի եւ
Համիտիէյի մէջտեղը.
 Վեր. Յակոբ Գունտաքճեան  Հովիւ՝ Հասան Պէյլիի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:
 Վեր. Ստեփան Յովհաննէսեան  Հովիւ՝ Խառնէի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:
 Պատուելի Թագւոր Յակոբեան  Հովիւ՝ Պաղչէի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:
 Պատուելի Կարապետ Քիւփէլեան  Հովիւ՝ Օսմանիէի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:

Սայ Կէչիտի Մէջ.
 Պատուելի Լեւոն Սողոմէեան  Հովիւ՝ Հաճընի Հայ Աւետ. Երկրորդ Եկեղեցիին:
 Պատուելի Ասատուր Թօփալեան  Հովիւ՝ Ֆէքէի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:
 Պատուելի Մելիտոն Մալեան  Հովիւ՝ Սիսի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:
 Պատուելի Արտաշէս Պոյաճեան  Հովիւ՝ Շարի (Կոմանա) Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:
 Պատուելի Յակոբ Ալպարեան  Հովիւ՝ Կապանի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:
 Պատուելի Կոստանդին Սիյահեան  Հովիւ՝ Կարսպազարի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:

Համիտիէի Մէջ.
 Պատուելի Մարգար Գալուստեան  Հովիւ՝ Համիտիէի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:
 Պատուելի Յովակիմ Գայայեան  Հովիւ՝ Ալպուսթանի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:

Վերոյիշեալ Հայ Հոգեւոր Հովիւներէն անկախ՝ նահատակուեցան ամերիկացի երկու միսոնարներ  Վեր. Դանիէլ Րաճըրզ՝ Ատանայի շրջանի Ամերիկայի Աւետարանչական կազմին ներկայացուցիչը՝ եւ Վեր. Հէնրի Մաուրըր՝ Հաճընի շրջանի միսիոնարը:
Ասոնցմէ զատ նահատակուեցան 13 աշխարհական պատուիրակներ  9 այր եւ 4 կին, որոնց անունները չեն յիշատակուած:
Կասկած չկայ որ Կիլիկիոյ Հայ Աւետարանական Միութիւնը մեծ հարուած մը կրեց Ատանայի այս ահաւոր կոտորածին պատճառաւ՝ որուն ընթացքին բնաջնջուեցաւ իր ղեկավարներուն կէսէն աւելին…: Հրաշքով ազատեցաւ Վեր. Համբարձում Աշճեան (18631938)՝ Ատանա քաղաքամասի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին Հոգեւոր Հովիւը: Աստուած պահած էր զայն որպէսզի յետագայ ամիսներուն ճակատագրական դեր մը խաղար հայ ազգային կեանքին մէջ: Թէեւ ան թիրախ դարձաւ յարձակումի, սակայն, մազապուրծ ազատեցաւ ստոյգ մահէ: Իբրեւ հեռատես, խոհեմ, եւ հասուն եկեղեցական ու ազգային ղեկավար ան խիստ յատկանշական դեր մը խաղաց ջարդին ընթացքին, ու անկէ ետք: Կոտորածին ընթացքին ու ապա յաջորդող ժամանակաշրջանին մեծ եղաւ Վեր. Աշճեանի խիզախ ու դրական ներդրումը բանակցութիւններու ընթացքին: Հազիւ սկսած էր կոտորածը երբ ան իր շուրջը հաւաքեց Ատանայի հոգեւոր պետերը խորհրդակցութեան համար: Պէտք է յիշել որ այն օրերուն Ատանայի Առաջնորդ Սրբազանը Եգիպտոս կը գտնուէր, որով՝ Վեր. Աշճեան քաջութիւնը ունեցաւ առաջնորդի դեր ստանձնելու:
Վերոյիշեալ ժողովին ծնունդ առաւ Հոգեւոր Պետերու Մարմին մը որուն ատենադպիրի պաշտօնը վստահուեցաւ Վեր. Աշճեանին: Քանի մը օտար լեզուներու քաջածանօթ, ու գոլէճական եւ աստուածաբանական բարձրագոյն հաստատութիւններէ շրջանաւարտ, ան վարպետ դիւանագէտի մը հանգոյն կատարեց թղթակցութիւնները Թուրք եւ օտարազգի քաղաքական եւ ուրիշ մարմիններու, ինչպէս նաեւ զանազան հաստատութիւններու հետ: Որպէս
գլխաւոր խօսնակը Հոգեւոր Պետերու Մարմինին, ան ճարտարօրէն վարեց բանակցութիւնները առնչակից բոլոր պաշտօնատարներու հետ: Վեր. Աշճեան կարեւոր եւ դրական դեր մը ունեցաւ հայ երեք համայնքներու միասնական եւ միաճակատ դիրքաւորման մէջ, ինչ որ հիացուց օտար դեսպանատուները եւ դիւանագիտական գործակալները: Նոյնիսկ թուրք պետական անձնաւորութիւններ խորապէս տպաւորուեցան անոնց ցուցաբերած քաղաքական ու համայնքային համերաշխ գործելակերպէն: Կրնան ըսել որ երեք համայնքներու միակամ գործունէութիւնը »ծունկի բերաւ« Ատանայի նոր կուսակալը, որ կոտորածէն տասը ամիս ետք հաշտութեան շքեղ ճաշկերոյթ մը սարքեց, որուն ներկայ եղան թուրք եւ օտար դիւանագէտներ: Այս մէկը տեղի ունեցաւ Փետրուարի 5, 1910ին, որուն ներկայ եղան աւելի քան չորս հարիւր հոգիներ:
Ահա այս ճաշկերոյթին ընթացքին էր որ երեւան եկաւ Վեր. Աշճեանի քաղաքական հասունութիւնը եւ իբրեւ հայ՝ իր աներկբայ ազգասիրութիւնն ու խիզախութիւնը: Թուրք քաղաքապետին եւ կուսակալին ճառերէն ետք ան իբրեւ Հոգեւոր Պետերու Մարմինին խօսնակը ոտքի ելաւ, ու ի միջի այլոց ըսաւ. »Ձեր ազնիւ ներողամտութիւնը խնդրելով, կÿուզեմ հետեւեալ խնդրանքը ներկայացնել: Նախ կը խնդրեմ կառավարութենէն որ չդատապարտէ ամբողջ ազգը (հայութեան դէմ) գործուած ոճիրին համար: Զայն գործադրող սակաւաթիւ մարդիկն են միայն մեղաւորները: Երկրորդ, պիտի խնդրէի մեր իսլամ հայրենակիցներէն որ իրենց շահը չփնտռեն ուրիշներու կորուստին մէջ: Ատանայի այս աղէտին պատճառաւ մենք՝  քրիստոնեաներս՝ մեծ կորուստի ենթարկուեցանք: Արդեօք մեր իսլամ հայրենակիցները այս դժբախտ պատահարին իբրեւ արդիւնք վսեմացա՞ն թէ՝ նուաստացան: Երրորդ, մենք անկեղծօրէն կը սիրենք այս երկիրը, բայց նաեւ ի սէր Աստուծոյ արդարութիւն կը պահանջենք…: Եթէ կը սիրէք ձեր հայրենիքը, եթէ կը սիրէք ձեր կառավարութիւնը, եթէ կը սիրէք ձեր Աստուածը, վերջ տուէք այլեւս այսպիսի վարմունքի, եւ թող (բոլորս)՝ իսլամ եւ ո°չ իսլամ հայրենակիցներ միաբանութեամբ եւ համերշխութեամբ ապրինք, ու պատճառ չըլլանք այս հայրենիքին տկարացման… մէ°կ նպատակով ու մէ°կ սրտով ամրացնենք այս նուիրական հայրենիքը, ու փառաւորենք զայն, որովհետեւ միաբանութիւնով հաստատ կը մնանք, իսկ բաժանումով կÿիյնանք«: (Վեր. Հ. Աշճեան, »Ատանայի Եղեռնը«, Նիւ Եորք, 1950, Հատընտիր հատուածներ, էջ՝ 108112):
Հայ երեք համայնքներու գործակցութիւնը եւ անոնց ներկայացուցիչը եղող Հոգեւոր Պետերու Մարմինը շարունակեց իր համերաշխ աշխատանքը ջարդերէ ետք ալ: Առաջնորդներու այս խումբը ներկայացուց հետեւեալ պահանջները.
ա. Յանցաւորներուն պատժուիլը: բ. նիւթական վնասուց հատուցում: գ. Կառավարութենէն պահանջել պաշտօնական յայտարարութիւն մը որ հաստատէր հայերու անմեղութիւնը Ատանայի Կոտորածին գործընթացին մէջ, ըլլալով լոկ անմեղ զոհերը այդ Կոտորածին:
Հոգեւոր Պետերը հեռագիրով Սուլթանին հաղորդեցին իրենց այս պահանջները: Այս հեռագիրէն օրինակներ յղուեցան նաեւ Մեծ Եպարքոսութեան, Երեսփոխանական Ժողովին, եւ քրիստոնեայ ուրիշ ազգերու պատրիարքներուն: Այս պահանջներուն իբր հետեւանք՝ թուրք հազարաւոր խռովարարներէն եւ ոճրագործներէն միայն 50 հոգիներ պատիժի ենթարկուեցան: Գալով նիւթական հատուցումի, կառավարութիւնը երկու տարբեր առիթներով 350,000 Օսմ. Ոսկի վճարեց: Միւս կողմէն, Մեծ Եպարքոս Հիւսէյն Հիլմի Փաշա պաշտօնապէս յայտարարեց թէ՝ հայերը անմեղ էին Ատանայի դէպքին առընթեր: Դժբախտաբար, Երիտասարդ Թուրքերը չընդունեցին իրենց դերակատարութիւնը Ատանայի կոտորածին մէջ:
Հոս կÿարժէ գնահատանքով անդրադառնալ Հոգեւոր Պետերու միջեւ տիրող ջերմ գործակցութեան եւ համերաշխութեան, ու ասիկա՝ Կոտորածի նախօրեակին, Կոտորածի ընթացքին, ու նաեւ Կոտորածէն ետք: Շնորհաւորելի է որ համազգային այս աղէտը իրարու մօտ բերաւ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական յարանուանութիւնները: Վերցուեցան վերապահութիւնները, իրերամերժ ու խտրական հոգին: Փլեցան բաժանման պատերը, ու սերտ կապեր հաստատուեցան հայ երեք յարանուանութիւններու միջեւ: Տա°նք օրինակ մը: Կոտորածի առաջին օրերուն, հրոյ ճարակ դարձած էր Ատանայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի շէնքը: Բայց պատահեցաւ հրաշք մը. տեղւոյն Հայ Առաքելական Եկեղեցին սիրայօժար տրամադրեց իր սեփական եկեղեցաշէնքը հայ աւետարանականներուն՝ որպէսզի հոն կատարէին իրենց ընթացիկ պաշտամունքները: Քրիստոնէական ազնիւ ժեստ մըն էր այս մէկը որ տակաւ իրարու մօտեցուց նոյն ցեղին պատկանող երկու քրիստոնեայ եկեղեցիները, եւ դուռ բացաւ փոխադարձ սիրոյ եւ գործակցութեան: Կ. Պոլսի հրաժարեալ Պատրիարք՝ Եղիշէ Արք. Դուրեանի, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Սահակ Խապայեանի հաստատած սերտ կապը Վեր. Աշճեանի հետ սրտառուչ գրաւական մը հանդիսացաւ միջհամայնքային գործակցութեան:

***

Ապրիլ 1909Ապրիլ 2009…: Անցան հարիւր երկար տարիներ: Սակայն մենք կա°նք ու կը մնա°նք իբրեւ համայնք եւ ազգութիւն: Ազատագրուած ենք զոհեալի հոգեբանութենէն ու վերածնած՝ իբրեւ պահանջատէր: Վերանորոգուած ենք  ու կենսունակ, ու պատրաստ ենք նոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու: Այսուհանդերձ եւ յատկապէս հարիւրամեակի առիթով՝ մտաբերենք քաղաքական ու դիւանագիտական խաղերը որոնք խաղցուեցան մեր վրայ այդ ճակատագրական օրերուն: Չըլլանք միամիտ, հապա սորվինք ըլլալ իրատես, հեռատես ու շրջահայեաց, որպէսզի պատրանաթափ չըլլանք: Օտարներուն օգնութեան դիմելով եւ ստանալով հանդերձ, մեր փրկութիւնը չսպասենք անոնցմէ: Վերջին հաշուով՝ մեր սեփական միջոցներով կրնանք տիրանալ մեր իրաւունքներուն, պայմանով որ համերաշխութիւն եւ համագործակցութիւն ցուցաբերենք ներազգային տարածքով: Բաւարար չեն տարին մէկ անգամ, եւ կամ ազգային տօներու եւ ոգեկոչումներու առիթով համերաշխութիւն ու միասնականութիւն քարոզել: Այս առաքինութիւնները ուսուցուելու են մեր նորահաս սերունդին, որպէսզի անոնք ընդունին զիրար իբրեւ նոյն ազգին զաւակները, եւ իրենց մատղաշ տարիքին լծուին Հայ Դատին արդար լուծումին:
Արդ, ոգեկոչե°նք Ատանայի Կոտորածին Հարիւրամեակը ու յարգանքով խոնարհինք մեր նահատակներուն յիշատակին առջեւ: Վստահի°նք Աստուծոյ ու ամբողջական իրաւ յանձնառութիւնով արժեւորենք մեր ներկան ու անյողդողդ հաւատքով քալենք դէպի լուսաւոր ապագան:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles