ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱՍԱՊԵԱՆԻ ԱՆՄԱՐ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 22 Second

ՆԵՐՍԷՍ ՔԱՀԱՆԱՅ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

frvartankassabian

«Մարգարը մեռաւ, Վարդանը ծնաւ« հրճուանքով ըսեր էինք  17 տարիներ առաջ՝ Փրովիտէնսի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Տէր Հօր գրասենեակին մէջ, երբ հաւաքուած էինք Տ. Վարդան եղբօրս քահանայական ձեռնադրութեան համար:  Ձեոնադրիչ Սրբազանը՝ հոգելոյս Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսը, որ իր ազգականն էր, այնքան ուրախ էր այն օրը, որ իր հաստ եւ սեւ ակնոցներու ետեւէն իրեն յատուկ անոյշ ժպիտ մը կը սփռէր իր շուրջը:  Իսկ նորընծան թեւեր առած կը թռչէր եւ իրեն յատուկ ձեռքովոտքով եւ հոգիով  կը խօսէր բոլորիս հետ:
Ճակատագրի դառն կատակով,  Մարտ 17ին դարձեալ հաւաքուեցանք նոյն եկեղեցւոյ յարկին տակ այս անգամ դէպի իր յաւիտենական հանգիստը ղրկելու Տ. Վարդանը, մեր բոլորին սիրելի եւ առաքելատիպ »հսկայ« քահանան:  Մարգարի »մահուամբ« ուրախացեր էինք բայց Վարդանի մահը երեւակայել նոյնիսկ չէինք կրնար:  Ծանր էին բոլոր եկեղեցականներուս սրտերը. բառեր չէինք գտներ խօսելու, անճոկած էինք, եւ չէինք ուզեր մօտենալ իր դագաղին:
Քառասուն օրեր անցեր են արդէն այն տժգոյն օրէն: Գէշ երազէ մը արթնցողի պէս դեռ չենք հաւատար եղածին: Աւագ Շաբթուան մէջ ենք եւ հոգեպէս կը պատրասուինք Քրիստոսի չարչարանաց եւ խաչելութեան արարողութեանց:  Յանկարծ, այս սուրբ օրերուն կը զգամ Տ. Վարդանի բացակայութիւնը, որովհետեւ ամէն տարի, ժամացոյցի ճշդապահութեամբ, տօնական օրերէն առաջ կը հեռաձայնէր ինծի եւ կÿըսէր. »Գիտեմ որ այս օրերուս զբաղած պիտի ըլլաս, ուզեցի  այժմէն քեզի իմ բարեմաղթութիւններս ընել«, որուն կը հետեւէր օրհնանքներու շարանը:  Ձայնը միշտ հնչեղ  իր հոգւոյն պէս, բառերը պարզ՝ իր սրտին պէս եւ իր մաղթանքները անկեղծ:  Տօներէն անկախ, ամիսը  քանի մը անգամ սովորաբար կÿունենայինք հեռաձայնի խօսակցութիւններ:  Բոլոր խօսակցութիւններն ալ միշտ կը վերջացնէր սա բառերով. »Շնորհակալ եմ եղբայրս քու բարեկամութեանդ համար«:
Հեռաձայնը լռեր է հիմա:  Բայց Աւագ Շաբթուան այս օրերուն, երբ կը պատրաստուիմ Քրիստոսի չարչարանաց եւ խաչելութեան յիշատակի մթնոլորտին մէջ մտնելու, Տ. Վարդանի ձայնին կարօտը կը զգամ եւ թուղթին կը յանձնեմ իմ կարօտս եւ եղբայրական սիրով կÿուզեմ անգամ մը եւս իր պատկերը գծել մտքիս պաստառին վրայ:
Տէր Վարդան Մարդը:  Բարի եւ մաքուր՝ աղբիւրի հոսող ջուրին պէս: Աւետարանական հասկացողութեամբ մարդ մը որուն մէջ »ոեւէ նենգութիւն չկայ«: Իր աշխահայեացքին մէջ միշտ արդար եւ ընկերային յարաբերութեան կեանքին մէջ միշտ անկեղծ:  Ընկերանալու բացառիկ յատկութիւն ունեցող եւ բոլոր ընկերներուն սիրտը թեթեւացնող յատկութեամբ լեցուն:  Իր ներկայութիւնը երբեք ձանձրացուցիչ չէր, ընդհակառակը զուարթացուցիչ եւ սփոփիչ:  Աստուածատուր շնորհք ունէր դիմացինը ուրախացնելու իր գողտրիկ ու սրամիտ ասացուածքներով եւ իր կեանքի պատմութիւններով:  Քահանայական մեր բոլոր հաւաքներուն մագնիսի նման բոլորս իրեն կը քաշէր:  Կը սիրէինք իր ներկայութիւնը, երբեմն, այո, քիչ մը խնդալու համար, բայց յետոյ կը զգայինք թեթեւութիւն մը եւ մանաւանդ հարազատութիւն մը  որ իր անձէն կը բղխէր:  Հարազատութիւն մը որ իր արմատները ունէր ամերիկահայ առաջին սերունդին մէջ, Փրովիտէնսի Բալուցիներու կեանքին մէջ եւ մեր պապենական աւանդութեանց մէջ:  Տ. Վարդանը կը շնչէր 21րդ դարու մէջ բայց իր հոգին կարծէք կը տրոփէր մեր անցեալի սերունդի ժամանակին մէջ:
Հայերէն լեզուն ալ, հակառակ իր ամերիկածին ըլլալուն լաւ կը վայլէր իր բերնին: Իր բառերը բծախնդրութեամբ ընտրուած, իր նախադասութիւնները պարզ եւ մաքուր առոգանութեամբ:  Վերջերս Հայաստան այցելելէ վերջ ալ մի քանի արեւելահայերէն բառեր եւ ասացուածքներ ալ ալ մուտք գործած էին իր հայերէնին մէջ:  Այս վերջին տարիներուն իրեն գրաբար ասացուածք մըն ալ սորվեցուցած էի որ շատ սիրեր էր եւ շատ յաճախ կր գործածէր  »Տեղիս անապատ է« կամ »Անբանից մսուր«:  Եթէ մէկը չհաւնէր,  երկար ցուցամատը  օդին մէջ ճօճելով եւ իր սեւ աչքերը վեր նետելով բարձրաձայն կը բացականչէր. »Տեղիս անապատ է« եւ քրքջալով կը խնդար եւ կը խնդացնէր:  Եւ  ես ալ սովորաբար անմիջապէս կÿաւելցնէի »Անբանից մսուր«ը, որուն վրայ իր քրքրիջը կÿերկարաձգէր, յետոյ իր ճարպիկ աչքերը աչքերուս մէջ յառելով կÿըսէր. »Ինծի հետ քիչ մըն ալ ընկերութիւն ընես՝ ունեցած խելքդ ալ պիտի կորսնցնես«:
Այսպէս Տ. Վարդանը միշտ եղած է առաւօտու պէս թարմ, լոյսի պէս թափանցիկ, դաշտի ծաղկի նման վաւերական մարդ մը, որուն պակասը  շատ է մեր արդի ընկերութեան մէջ:
Տ. Վարդան Եկեղեցականը:  Առաքեալ բառը կարծէք իրեն համար ստեղծուած էր: Առաքեալի նման բծախնդիր, առաքեալի նման համոզուած, առաքեալի նման պատասխանատու եւ առաքեալի նման հաւատացեալ եկեղեցական մըն էր Հոգելոըս Տ. Վարդանը:  Հոգեւոր խորութիւն մը ունէր մէջը: 
Իր հաճելի եւ զուարթ արտաքին պատկերին ետին կար լուրջ հաւատացեալի պատկերը:  Իր հաւատքին զօրութիւնը կը զգայի իր արտասանած աղօթքներուն ետին, իր երգեցողութեան մէջ, իր քարոզին մէջ, եւ մանաւանդ իր գրասենեակի հեռաձայնի վրայ արձանագրած երկար հոգեւոր պատգամին մէջ:  Իր անձին պէս, իր հաւատքն ալ պարզ, անպաճոյճ եւ վաւերական էր:
Որպէս քահանայ հոգածու էր իր հօտին եւ ջատագով անոնց հոգեւոր աճման:  Մեր հեռաձայնային խօսակցութեան առանցքը կը դառնար շատ յաճախ Հայ Եկեղեցւոյ մտահոգութիւնները, կարիքները եւ հայ եկեղեցականի ուսերուն դրուած ծանր բեռը:  Երբեմն մտահոգ էր Հայ Եկեղեցւոյ ապագայով: Կը ցաւէր կարգ մը անախորժ երեւոյթներու դիմաց:  Կը տագնապէր, կը տխրէր որոշներու անտարբերութեան դիմաց եւ իր ձայնին յատուկ  շեշտով կը կրկնէր. «Եղբա°յր, այս ժողովուրդը չի հասկնար որ Քրիստոս է մեր եկեղեցւոյ կեդրոնը»:
Հոգելոյս Մեսրոպ Սրբազանը իը յիշեմ, որ զինք ձեռնադրելէ քանի մը տարի ետք, այցելելէ ետք իր հովուած գաղութին ի Կրէնիթ Սիթի, Ազգային Վարչութեան ժողովի ընթացքին արտայայտուելով իր մասին ըսաւ. «Ուրախ եմ որ զինք ձեռնադրեցի: Լաւ քահանայ մը դուրս եկաւ»: Արդար եւ իրաւ Մեսրոպ Սրբազան:
Պէտք է ըսեմ որ Տ. Վարդանի վախճանումը մեծ բաց մը ձգեց Ամերիկայի Արեւելեան մեր Թեմին ու մեր սրտերուն մէջ: Քրիստոնեայ եկեղեցին կորսնցուց մարգարէական հնչեղ ձայն մը, իսկ Հայ Եկեղեցին կորսնցուց առաքելատիպ եւ սրտոտ եւ հաւատարիմ ծառայ մը:  Իսկ մենք քահանաներս կորսնցուցինք սիրալիր եւ բարի եղբայր մը, որուն ներկայութիւնը եւ բարեկամութիւնը տարիներ վայելած էինք:
Տէր Վարդանի ձայնին կարօտը ունինք դարձեալ այս տօնական օրերուն:  Մեզի հեռաձայնող չկայ, տրամադրութիւններս բարձրացնող չկայ:
Սիրելի Տ. Վարդան,  կÿուզեմ որ գիտնաս, թէ քու բացակայութեանդ իսկապէս «տեղիս անապատ է»:  Շնորհակալ ենք քու բարեկամութեանդ համար եւ ինչպէս երգեցինք քու ձեռնադրութեանդ օրը, թոյլ տուր որ նորէն երգեմ ըսելով. «Յաւիտենական յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»:
Օրհնեա¯:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles