ԱՐԽԻՒԸ՝ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԿՏԱԿԸ

0 0
Read Time:52 Second

Ազգի մը սուրբ զաւակներն են.
Պատմութիւն կերտած աննկուն գործիչները.
Ոսկեայ գրչի տէր մտաւորականները,
Մշտնչենական յիշատակելի նահատակները,
Աննկուն  յեղափոխականներն ու շուքի մէջ մնացած, մերթ մոռցուած, մերթ աննկատ հերոսները՝ ազգային նուիրեալները:
Ժողովուրդին նուիրուելու պատրաստակամութիւնով, ազգային վեհ հոգուով եւ պայքարելու ուրոյն կամքով լիցքաւորուած են այս մերթ անծանօթ ու «կորսուած», մերթ հանրածանօթ եւ հռչակ սփռած հերոսները:
Անոնք իբրեւ ազգային ոգիով սնուցող սերունդներ եւ ժառանգ…շատ բան ձգած են հայ ժողովուրդին:
Հետեւաբար նման տիպարներու ներկայութիւնը որոշ չափով եւ արդարօրէն շօշափելի դարձնելու ամէն տեսակի նախաձեռնութիւն, կամ փորձ իր ուրոյն ու գնահատելի տեղն ու արժէքը ունի ազգային իրականութեան մէջ:
Ասոր արդիւնքն է Հ.Յ.Դաշնակցութեան արխիւներու հիմնարկին ներկայութիւնը, գոյութիւնը եւ մանաւանդ գոյատեւումը:
Մարտահրաւէրները շատ են, սկսելով մօտակայ անցեալի մը  բնական տարիներու թաւալման արդիւնք  հետզհետէ հեռացման ու մոռացման…մինչեւ օտարամոլութեան սպառնալիք:
Երբեմն նուազ հետաքրքրական, այս գանձ արխիւները կը ներկայացնեն անցեալի մը՝ մարդկային եւ դաշնակցական տիպարներու, կենցաղի ու գաղափարական բարքերու իրապաշտ «կեանք մը, թէկուզ կամք մը՝ ինչպէս որ էր»… մահուան գնով ծառայելու ազգին ու հայրենիքին:
Սրբազան ժառանգի, աւանդի եւ կամքի Հ.Յ.Դ. Պատմութեան արխիւն է, որ ցայսօր հինգ հատորներով կտակ մըն է… նահատակներուն:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles