ԿԸ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒԻ՞ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆՈՐ-ՕՍՄԱՆԱԿԱՆ ԿԱՅՍԵՐԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 8 Second

Մարք Յարութիւնեան

Փարիզ 

            Այլեւս դիւանագիտական զգուշութիւններէն հեռանալով, արեւմտեան մամուլը, քաղաքական շրջանակները եւ հանրային կարծիքը կը թուի թէ աւելի քան մտահոգ են Թուրքիոյ նախագահի նոր-օսմանական յարձակապաշտ նախաձեռնութիւններով: Ան կը խօսի եւ կը գործէ որպէս մեծ պետութիւն: Պիտի չզարմանամ եթէ վաղը Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ մնայուն աթոռ մը պահանջէ:

            Արեւմուտքը իր հակախորհրդային առճակատման համար գործածեց Թուրքիան, ըրաւ լիաբուռն յատկացումներ, զինեց ժամանակակից գերարդիական զէնքերով: Նպատակ էր վերջ տալ Խորհրդային Միութեան տիրակալութեան եւ վտանգին, որոնք իրենց դրսեւորումը գտած էին Վիեթնամի պատերազմով, որ աւարտած էր արեւմտեաններու պարտութեամբ եւ Խորհրդային Միութեան յաղթանակով:

            Տկարացնելու համար Խորհրդային Միութիւնը, օգտագործուեցաւ Աֆղանիստանի խորհրդային ներխուժման դէմ ըմբոստութիւնը, զայն վերածեցին իսլամականութեան կռիւի՝ ընդդէմ խորհրդային գրաւման բանակին: Արեւմտեան ճակատը իսլամականութեան պաշտպանութեան եւ տարածման նպաստեց, առիթ տալով, որ օսմանեան խալիֆայութեան գաղափարը,  զոր փակագիծի մէջ դրած էր Թուրքիոյ աշխարհիկ եւ ազգայնական հանրապետութիւնը, վերածնի: Այդ գաղափարը իր մէջ կը կրէր, եւ կրէ, օսմանեան կայսրութեան եւ անոր հզօրութեան վերականգնումը, որ կ’ենթադրէ վերանուաճումը օսմանի լուծէն ազատագրուած երկիրներու: Թուրքիան իր զինանոցին մէջ ներառած է այդ գաղափարը, կը ձգտի իսլամութեան առաջնորդութեան, այսինքն, առաջին հերթին, իսլամ ժողովուրդներու հպատակեցման, վերջ տալով արաբ ժողովուրդներու ազատութեան եւ անկախութեան:

            Այսօր Էրտողանի Թուրքիան այս քաղաքական արկածախնդրութիւնը կը մարմնաւորէ: Ան օգտուած է եւ կ’օգտուի ամերիկեան օժանդակութենէն, որ տրուեցաւ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ եւ կրօնական մոլեռանդութեամբ յատկանշուող բազմամարդ Փաքիստանի, նոյն հունով վասն հաւատքի (ճիհատ) կռուողներու, ապակայունացուց Խորհրդային Միութիւնը, մասնաւորաբար Աֆղանիստանի մէջ զայն պարտութեան մատնելով: Այդ եղաւ իսլամ ծայրայեղական կռուողներու յաղթանակը, որ անոնց ներշնչեց տարածման ծաւալապաշտական միտքը:

            Այդ ալիքին վրայ յայտնուած է Թուրքիան, իսլամութեան առաջնորդի փառասիրութեամբ, ստուերի մէջ ձգելով Սէուտական Արաբիան: Անցեալին Արաբիան ընդգրկուած էր օսմանեան կայսրութեան մէջ: Խալիֆայութեան վերստեղծումով, հակառակ անոր որ իսլամութեան սուրբ վայրերը Սէուտական Արաբիոյ մէջ կը գտնուին, կայսրութեան վերականգնումով, Խալիֆայութիւնը թրքական պիտի դառնայ: Այսինքն արաբ ժողովուրդը պիտի ենթարկուի թրքական տիրապետութեան:

            Իսլամութեան առաջնորդութեան դերը ուզեց ստանձնել Իրանը, իմամ Խոմէյնի իշխանութեան տիրացումով, 1979-ին, բայց շիիները բաւարար  ուժ չէին ներկայացներ սիւննիներուն դէմ եւ արաբ չէին: Այս մրցակցութեան հետեւանքները կը տեսնենք Լիբանանի մէջ, Հըզպոլլայով, եւ Եէմէնի մէջ Հութիներով: Նոյն հունով, շիիները զօրակցեցան Պաշշար Ալ Ասատի ալեւիներուն: Ճշդում մը անհրաժեշտ է. Պաշար Ալ Ասատ ծաւալապաշտ չէ, չի մտադրեր ուրիշներու վրայ տարածել իր իշխանութիւնը, ան ձեւով մը ազգայնական է, կը հետաքրքրուի իր երկրով եւ անոր ժողովուրդով:

            Կասերապաշտական փառասիրութիւն ունի Թուրքիան, որ սիւննի է, եւ կրօնական այդ պատկանելիութիւնը կ’օգտագործէ իսլամ մեծամասնութեան վրայ իր տիրակալութիւնը հաստատելու համար, կ’օգտագործէ ծայրայեղականները, Իսլամ Եղբայրները, անոնց օժանդակելով: Վերջինները աւելի դէմ են արաբ թագաւորութիւններուն քան շիիներուն: Թուրքիոյ մէջ, Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութիւնը (AKP) իշխանութեան տիրացաւ եւ արմատապէս փոխեց Մուսթաֆա Քեմալի քաղաքական ժառանգութեան ըմբռնումը, հեռանալով անոր ազգային, աշխարհիկ եւ արեւմտեան ուղղութենէն: Եւ իսլամութիւնը վերածեց քաղաքական հանգանակի, որուն ներշնչումով  ծնունդ առած է թուրք կայսերական երազանքը: Ան այլեւս չի թաքցներ անգամ իր միտումը, իր ազդեցութիւնը վերականգնելու համար օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ եղած երկիրներուն վրայ, երկրին մէջ ազատ ընթացք կու տայ տայ ազգայնականութեան, եւ երկրէն դուրս կ’օգտագործէ կրօնը, որպէսզի ստեղծէ համագործակցութիւններ, հող պատրաստելու համար նոր օսմանականութեան:

            Եթէ այս կացութիւնը մենք կը տեսնենք, ինչպէ՞ս կրնան չտեսնել Արեւմուտքը եւ Ռուսիան:

            Մ․Ա․Կ․-ը, հրշէջի յաջող-ձախող իր թափահարումներէն հեռանալով, քաղաքական կեցուածք պէտք է ցուցաբերէ, ըմբռնէ Թուրքիոյ ներկայի նախաձեռնութիւնները, նկատի ունենայ անոր նուաճողական մնայուն ուղղութիւնը, որ հիմնուած էր եւ այսօր ալ կը հիմնուի այլամերժական ազգայնականութեան վրայ: Միշտ պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, որ դպրոցներու մէջ կը սորվեցնէին՝«երանի անոր որ թուրք եմ կ’ըսէ» (նէ մուտլու թիւրքիմ տիյէնա):

            Այդ ազգայնականութեան հետեւանքը եղաւ հայոց ցեղասպանութիւնը, բնաջնջումը ասորիներու եւ յոյներու, որ այսօր ալ կը շարունակուի քիւրտերու դէմ, հակառակ կրօնական նոյնութեան, ինչ որ կը վկայէ անզսպելի ցեղապաշտութեան մասին:

            Թուրքիա, ամենայն անպատժելիութեամբ, յագուրդ կու տայ իր նուաճող ազգայնականութեան, գրաւման տակ պահելով Եւրոմիութեան անդամ երկիր Կիպրոսի կէսը, եւ աշխարհ կրաւորականութեամբ կ’ընդունի, կարծէք հաշտուած է իրողութեան հետ, թերեւս զայն համարելով կատարուած իրողութիւն (fait accompli): Սուրբ Սոֆիա եկեղեցիին մզկիթի վերածումը նոյնպէս մարտահրաւէր մըն էր, որուն հետ կարծէք աշխարհ նոյն մեղաւոր կրաւորականութեամբ հաշտուեցաւ:

            Այս բոլոր նախայարձակումները կարծէք բաւարար պատճառ են, որ Թուրքիա ոչ միայն Եւրոմիութեան մէջ տեղ չունենայ, այլ նաեւ Ատլանտեան Ուխտի (ՆԱԹՕ), երբ ան կը շարունակէ ասպարէզ կարդալ անոր անդամ երկիրներուն: Թրքական յանդգնութեան պատճառը միայն իր ուժին մէջ չէ, այլ նաեւ իր դէմ գտնուողներուն կողմէ պատշաճ հակազդեցութեան պակասի, այսինքն՝ տկարութեան: Երբ տեղի կու տան, քայլ մը ետ կ’րթան, պատճառ չկայ որ նահանջի երկրորդ քայլը չհետեւի:

            Յաճախ կը յիշեմ Առաջին Համաշխարհայինի օրերուն Թուրքիոյ մէջ Ամերիկայի դեսպան Հանրի Մորկանթաուի դիպուկ բանաձեւումը, ըստ որուն Թուրքիան քաղաքական աւազակ մըն է, այսինքն՝ պատեհապաշտ: Ան այսօր զէնքի վերածած է Միջերկրականի աւազանին մէջ յայտնուած դժբախտ գաղթականութիւնը, որուն մէկ մասը, դէպի Եւրոպա ճամբուն վրայ, ապաստանած է Թուրքիա: Ինչո՞ւ չխօսիլ Եւրոպայի թուրք գաղթականութեան մասին, որ որպէս ներքին ճնշման միջոց կը գործածուի:

            Եւրոմիութիւնը բացորոշ վտանգը եւ սպառնալիքները դիմագրաւելու համար իսկական մէկ եւ միացեալ վերաբերում եւ կեցուածք չունեցաւ: Ժամանակավրէպ դարձած քաղաքականութեան մը հետեւելով, Եւրոմիութիւնը չգտաւ Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան ճիշդ ուղին, քանի որ նոյն վտանգը կը դիմագրաւեն երկուքն ալ:

            Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն, Լիպիոյ հարցով, դատապարտեց Թուրքիոյ «պատմական եւ ոճրային պատասխանատուութիւնը»: Ըստ նախագահ Մաքրոնի, «Թուրքիա Պերլինի խորհրդաժողովի իր յանձնառութիւններէն ոչ մէկը չի յարգեր», եւ «կ’ուժեղացնէ իր զինուորական ներկայութիւնը» այդ երկրին մէջ: Աւելցուց նաեւ, որ Թուրքիա «կը յաւակնի Ատլանտեան Ուխտի (ՆԱԹՕ) անդամ ըլլալ»: Պերլինի խորհրդաժողովին, գումարուած 1884-1885-ին, որոշուած էր եւրոպական երկիրներու համագործակցութիւնը եւ Արեւմտեան Ափրիկէի բաժանումը: Ողջմիտ ընթերցողը հարց կրնայ տալ, թէ ի՞նչ կը բանին Եւրոմիութեան եւ Ատլանտեան Ուխտի միւս անդամները, թրքական նախայարձակումներուն դէմ: Բառերը անվարան ճիշդ պէտք է գործածել:

            Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու միակ պատասխանատու անձնաւորութիւնն է Էմմանուէլ Մաքրոն, որ առանց խուսանաւումներու կը յայտարարէ, թէ Թուրքիա կը հետապնդէ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւն, թելադրուած ազգայնամոլութենէ եւ կրօնամոլութենէ: Բայց առանձին է: Այդպէս եղած է նաեւ պատմութեան ընթացքին: Եթէ քիչ մը պեղենք պատմութիւնը, կը հանդիպինք  Պիոս Բ սրբազան պապին, որ 1559-ին, Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն  վեց տարի ետք, ըսած է, թէ «…մենք խոր քունով կը քնանանք… եւ կը ձգենք որ Թուրքերը ազատօրէն գործեն: Ամենափուճ պատճառներով քրիստոնեաները զէնքի կը դիմեն իրարու դէմ եւ արիւնալի կռիւներ կը մղեն, եւ երբ հարցը կը վերաբերի Թուրքերու դէմ կռուելու, ոչ ոք յանձն կ’առռնէ իր ձեռքը կը բարձրացելու»: Այս ըսած է Մանթուի տիեզերական ժողովին: Իր խօսքը յստակ է «Թուրքերու դէմ կռուելու» մասին, եւ ոչ իսլամութեան:

            Պիոս Բ․ պապի խօսքէն յիսուն տարի վերջ, Ֆրանսայի Ֆրանսուա Ա թագաւորը դաշնակցած է Թուրքերուն, որպէսզի սահմանափակէ գերմանական Հապզպուրկներու ազդեցութիւնը:

            Այսօր Էմմանուէլ Մաքրոն անմիջականէն անդին, կ’անդրադառնայ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական իրական վտանգին: Կ’ենթադրեմ, որ իր կեցուածքը սոսկ բառային զարդարանք չէ, առճակատման մը նախանշանները կան, եթէ միջազգային համայնքը չզսպէ թրքական նկրտումները:

            Կրկին պէտք է ըսել, որ Եւրոմիութեան եւ Ատլանտեան Ուխտի անդամները իրատեսութեամբ պէտք է զօրավիգ կանգնին Էմմանուէլ Մաքրոնի Թուրքիոյ նկատմամբ ճշդած վերաբերումին, փոխանակ հետապնդելու անմիջական շահեր, ինչպէս յաճախ պատահած է պատմութեան ընթացքին: Իրապէս համբակ քաղաքագէտ պէտք է ըլլալ, չտեսնելու համար, որ Թուրքիա բանակ կը պահէ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ, որոնք իր նախկին կայսրութեան նահանգներն էին, զորս նոր կայսրութեան մը մէջ հաւաքելու ծաւալապաշտական թափանցիկ փառասիրութիւնը ունի:

            Արեւմուտքը, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան դատապարտուած են միասին աշխատելու ուրուագծուող թուրք ծաւալապաշտական-համաթրքական վտանգին դէմ, եթէ կ’ուզեն խուսափիլ նոր օսմանականութեան եւ Երրորդ Համաշխարհայինի մը աննախատեսելի հետեւանքներով սպառնալիքէն:

            Թուրքիա հայկական ցեղասպանութեան յանցանքը չընդունելով, Արեւմուտքը, Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան ոչինչ ընելով արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը վերականգնելու համար, անուղղակի եւ ուղղակի քաջալերող-մեղսակից են, մեղմ խօսելով, ապագայ բարդութիւններուն:

            Ինչպէս Թուրքիան կրնայ ցանկալ Եւրոմիութեան անդամ դառնալ եւ մնալ Ատլանտեան Ուխտին մէջ, յարձակապաշտ նախաձեռնութիւններ ունենալով անոնց անդամներուն դէմ:

            Մաքիավէլն անգամ պիտի չհասկնար այս անսանձ պատեհապաշտութիւնը եւ Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ կրաւորականութիւնը:

            Գալիք օրերը լաւ յոյսեր չեն ներշնչեր: Համաշխարհայնացումը այնպէս է, որ ոչ ոք կրնայ թաքնուիլ իր ապահովութեան ցանկապատի ետին:

            Եթէ Թուրքիոյ նուաճողական-կայսերական փառասիրութիւնները այսօր չսահմանափակուին, վաղը կրնայ ուշ ըլլալ, եւ աշխարհ ինքզինք կը գտնէ անցանկալի եւ ծանրակշիռ հետեւանքներով պատերազմի մը մէջ:

             Ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու, որ արդէն ուշ է, չէինք գիտեր, չէինք հասկցած:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ԿԸ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒԻ՞ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆՈՐ-ՕՍՄԱՆԱԿԱՆ ԿԱՅՍԵՐԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ

  1. Շատ շիտակ ներկայացում մըն է աս գրութիւնը: Երանի թէ Մ.Յ. գրէր որ Թիւրքերուն աս ծրագիրներուն վնասւողը մենք ալ պիտի ըլլանք. Հայաստանի մասին գրեթէ բան մը չիկայ գրածին մէջը: Վրան ալ աւելցնենք, որ մենք ալ պէտք է բան մը ընենք աս ծրագիրին դիմացը, միայն լաւ բաներ գրելով եւ դիտելու մէջ մնալով, կը նմանինք իր յիշած Պապին, որ ըսէր է որ իրենք քնացեր են եւ թիւրքերը ինչեր ըրէր են: Խօսին հետ գործն ալ կարեւոր է: Հայաստանին ինչին կը պակսի, որ Կիպրոսին, Ֆրանսային, արաբներուն հաւաքէ եւ թիւրքերուն դէմ ճակատ պատրաստէ: Մէկը ինծի թող չիըսէ, որ մենք տկար ենք, ձեռքերներս ի՞նչ կուգայ որ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles