ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Վերջերս մամուլին մէջ լոյս տեսաւ («Հետք» կէտ Էյ Էմ եւ «Ազդակ») Վահան Զանոյեանի «Նոր շարժառիթ համահայկական զարթօնքի եւ միաւորման» խորագրով յօդուածը։ Հոն, հեղինակը ախտաճանաչում մը կը կատարէ Հայաստանի ներկայ քաղաքական դաշտի (իշխանութիւն-ընդդիմութիւն) իր պատկերացումներուն եւ կ՚առաջադրէ լուծումներ։
Սկիզբէն իսկ կ՚ուզենք հաստատել, թէ մեր ըսելիքները բացարձակապէս չեն մեկնիր նախորդ տասնամեակներուն Հայաստանը ղեկավարած ուժերուն-անհատներուն նկատմամբ մեր տածած համակրանքէն, կամ հակակրանքէն։ Հոս զգացականութիւնը տեղ չունի։ Իբրեւ դաշնակցականներ, մենք միշտ կ՚ուզենք Աստուծոյ եւ կայսեր տալ ինչ որ իրենցմէ իւրաքանչիւրին կը պատկանի, որպէսզի նպաստենք հանրային քննարկումի առողջ նկարագրին, հեռու՝ ամբոխահաճոյ աղմկարարութենէ։
Ու ինչպէս մեր խորագիրը կը թելադրէ, մեր ըսելիքները անպայման քննադատութիւնը չեն յօդուածագիր Վ. Զանոյեանին։ Այլ՝ մեր կողմէ հայկական ազգային-քաղաքական ներկայ իրավիճակը վերլուծելու եւ լուծում առաջարկելու ճիգ մը։
2018-ի գնահատական
Սկսինք 2018էն։ Այդ թուականի Ապրիլէն ասդին, հարիւրաւոր, եթէ ոչ հազարաւոր վերլուծական յօդուածներ լոյս տեսած են, բանաւոր թէ գրաւոր հարցազրոյցի ձեւաչափով ելոյթներ եղած են, փորձելով բնութագրել, թէ ճիշդ ի՞նչ էր պատահածը։
Իշխանական շրջանակներու քարոզչական ոչ այնքան խորք ներշնչող թեզը այն է, որ «ժողովուրդը դժգոհ էր» նախորդ վարչակազմէն, «յեղափոխութիւն» ըրաւ եւ նոր իշխանութիւն ձեւաւորեց։
Ժողովուրդին գոհ-դժգոհ ըլլալու շատ ենթակայական երեւոյթը չենք ուզեր քննարկել հոս, որովհետեւ իշխանութիւններուն շատ սիրած «ժողովուրդ» բառով բնութագրուող հաւաքականութիւնը, մէկուկէս տարի առաջ, գրեթէ նոյն տոկոսով (եւ մասնակցութեան շատ աւելի բարձր տոկոսով) իշխանութիւնը յանձնած էր Հանրապետական կուսակցութեան, իսկ ատկէ առաջ՝ 2008ին եւ 2013ին, նոյն կուսակցութեան նախագահական թեկնածուին ի նպաստ քուէարկած էր։
Նոյն այս ընտրութիւններուն իրենց օրհնութիւնը տուին օտար դէտերը եւ դեսպանատուները, երբեմն ընդգծելով, որ եղած են խախտումներ, որոնք սակայն արդիւնքներուն վրայ ազդեցութիւն չեն ունեցած։ Այնպէս որ, այդ ընտրութիւններունց վաւերականութիւնը չի կրնար խնդրոյ առարկայ։
Կեդր. ընտրական յանձնաժողովին հրապարակած պաշտօնական թիւերը հետեւեալը կ՚ըսեն.- 2018ի ԱԺ ընտրութիւններուն մասնակցած են ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն 48.6 տոկոսը, մինչդեռ մէկուկէս տարի առաջ կայացած՝ ԱԺի ընտրութիւններուն (2017ին), այդ նոյն տոկոսը 61 էր։ 2018ին, Փաշինեանի գլխաւորած խումբը ստացաւ քուէներուն 70 տոկոսը, որ քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներու… 34 տոկոսն է։
Այսինքն, ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն 66 տոկոսը (որ ժողովուրդին երկու երրորդն է) կա՛մ չէ մասնակցած ընտրութիւններուն, եւ կամ ալ քուէ չէ տուած Հանրապետականներուն նման անդադար «մենք մեծամասնութիւն ենք» ըսողներուն։ Պարզ է, չէ՞։
Ի հարկէ, օրինականութեան խնդիր չենք դըներ հոս. բնա՛ւ։ Եթէ ընդունինք վերոնշեալ՝ «ժողովուրդը իշխանութիւն փոխեց» թեզը, իբրեւ ապացոյց-տուեալ եւ փորձենք մեր լուծումները հիմնել ա՛յս ու միայն ա՛յս տրամաբանութեան վրայ, լիովին կը վրիպինք։ Ինչ որ է պարագան Վահան Զանոյեանին։
Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը կարելի չէ ճշգրտօրէն կամ լրջօրէն վերլուծել առանց նկատի առնելու աշխարհաքաղաքական պարունակը, ներառեալ՝ Արեւմուտքին կողմէ Ռուսիոյ դէմ մղուող նոր Պաղ պատերազմի հանգամանքը։
Մակերեսային պիտի ըլլայ իրերու հոլովոյթը դիտարկել ինքնամատոյց պրիսմակով առանց նկատի ունենալու համակարգային («սիսթէմիք») շարժագիծեր՝ ինչպիսին են Վրաստանի, Սերպիոյ, Ուքրանիոյ եւ այլ պարագաները։ Պարզ լոզունգային եւ մեթոտաբանական բաղդատական մը ցոյց կու տայ զուգահեռներ, որոնց վրայէն այնքան ալ պատահական ձեւով կարելի չէ անցնիլ։ Տածել ժողովուրդին մէջ հեղինակաւորուած (empowered) ըլլալու զգացումը՝ ապա կայացնել որոշումներ, շրջանցելով օրինական կամ սահմանադրական տրամադրութիւնները նոյն այդ «հեղինակաւորուած» ժողովուրդին անունով, որ խորքին մէջ ամլացած է, սահմանադրութեան գերակայութեան ականահարուած ըլլալուն պատճառով։ Նոյնանման լոզունգներ են՝ ըլլան անոնք Երեւանի մէջ՝ «իւրաքանչիւր քաղաքացի վարչապետ է»ով, կամ Պէյրութի մէջ անցնող հոկտեմբերին՝ Ամերիկեան համալսարանի նախագահին պնդումով՝ «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը ղեկավար մըն է», երբ կը խօսէր ցուցարարներուն…։
Ահա այս տուեալներո՛վ է, որ կը բացատրուին ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի ձերբակալութիւնն ու դատական քաշքշուքները, Ռոպերթ Քոչարեանի ձերբակալութիւնը, բանակի եւ ուժային այլ կառոյցներու բարձրաստիճան սպաներու դէմ դատական հետապնդումները եւ այլն։ Այստեղ չենք քննարկեր պարագաներու էութիւնը։
Հարցը կը կայանայ օրինական չափորոշիչներու փոխարինումը քաղաքական վարքագծի շարժառիթներով, որ օրինական դրոյթը ընդհանրապէս կը դարձնէ կամայական։
Կարելի չէ օրինակ անտեսել Ռուսիան և ՀԱՊԿը վարկաբեկելու ամերիկեան ճիգերը Խաչատուրովի ձերբակալութեան պարագային։ Հարկ է մտորել՝ սա ի՞նչ բարիք կը բերէ Հայաստանին։
Իրերու այս դրութեան մէջ, յանկարծ Երեւան կ՚այցելէ նախագահ Թրամփի ազգային ապահովութեան խորհրդական տխրահռչակ Ճան Պոլթընը, իշխանափոխութենէն քանի մը ամիս վերջ, եւ հայ հանրութեան, մեզի, կը յայտարարէ, թէ մենք պէտք է հրաժարինք մեր «պատմական կարծրատիպերէն»։ Հասկնալի հայերէնով՝ մոռցէք ձեր պատմական իրաւունքները Արցախի եւ Թուրքիայէն պահանջատիրութեան մասով։
Կ՚ուզենք ճիշդ հասկցուիլ։ Այս իմաստով, զուգահեռներ ունեցող երկիրներուն մէջ (ու այս պարագային մեզ հետաքրքրողը առաջին հերթին Հայաստանն է) բնականաբա՛ր կային ընկերային, տնտեսական, կենսոլորտային ու այլ սուր եւ արդարացի խնդիրներ։ Սակայն այդ խնդիրները նաեւ դարձան շահագործումի առարկայ, աշխարհաքաղաքական մեծ խաղադաշտին մէջ՝ Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտին նեղցնելու եւ սահմանափակելու համար, նոյնիսկ իշխանափոխութիւններ կատարելու ճամբով։ Հետաքրքրական է. մինչ 2018ի Ապրիլէն առաջ մեր երկրի ընկերային, տնտեսական ու այլ հարցերուն վերաբերող յոռի երեւոյթներուն դէմ ինչքան մեծ աղմուկ կը ստեղծուէր։ Հիմա սակայն, երբ նոյն հարցերը կան ու աւելի՛ սրութեամբ կան… ո՞ւր են այդ նախկին աղմկողները, «իրաւապաշտպանները»։ Վերջին ամենացայտուն օրինակը Մաշտոցի պուրակի պարագան էր, տակաւին վերջերս…
Այս բաժինին իբրեւ եզրակացութիւն.- Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, հայկական ազգային օրակարգը կորսուած, անհետացած կը թուի ըլլալ Հայաստանի մէջ։ Քիչեր կ՚անդրադառնան, որ խնդրոյ առարկան մեր պետական-ազգային ապահովութիւնն է։ Այս ծիրէն ներս ալ՝ մեր պետական շահերու առաջնահերթութիւնը մեր երկրի տնտեսութիւնն ու վարչակառավարման համակարգը առողջ հիմերու վրայ զետեղելն է, երկրի իրաւական հիմքերու ապրապնդումն է (այլ ոչ թէ այդ լոզունգին տակ անոր ականահարումը), սերունդներու համերաշխութեան հիմքերու ստեղծումն է, մաքուր կենսոլորտն է։ Ու այս բոլորը՝ առանց թոյլ տալու, որ օտար ուժեր շահագործեն մեր ներքին խնդիրները, պարզապէս իրենց աշխարհաքաղաքական շահերը առաջ տանելու համար, բան մը, որուն ականատես ենք յատկապէս վերջին աւելի քան 2 տարիներուն։
Իշխանութիւն-Ընդդիմութիւն
Ճիշդ կ՚ըսէ Վահան Զանոյեան, երբ իր յօդուածին սկիզբը կը հաստատէ. «Հայաստանի եւ Արցախի բանակներուն ռազմական յաղթանակները կ՚իմաստաւորուին եւ կ՚արժեւորուին միայն եթէ առաջնորդեն զուգահեռ ներքաղաքական եւ դիւանագիտական յաղթանակներու։ Այլապէս, մեր լինելութեան սպառնացող վտանգները չեն մեղմանար եւ մենք պատրաստ չենք ըլլար թշնամիին յաջորդ ոտնձգութիւնը աւելի արդիւնաւէտ կերպով դիմագրաւելու կամ կանխելու»։
Քիչ անդին սակայն կ՚ընէ սեւուճերմակ հաստատում մը, ըսելով, թէ հանրութեան համար «բարոյավարկ (credibility) ունեցող քաղաքական ընդդիմութիւն գոյութիւն չունի խորհրդարանէն ներս թէ դուրս» եւ թէ ասիկա լուրջ խնդիր է երկրին համար։ Արդարօրէն աւելցնելով, որ «առողջ քաղաքական մթնոլորտ ստեղծելու համար անհրաժեշտ է ունենալ ազդեցիկ ընդդիմիւթիւն, որմէ այսօր դժբախտաբար զրկուած է մեր երկիրը»։ Բայց անմիջապէս կ՚աւելցնէ. «Այս մէկը իշխանութեան յանցանքը չէ (թէեւ իշխանութիւնը կրնայ աւելի կառուցողական դեր խաղալ {…})։ Իշխանութիւնը չէր որ ժողովուրդին աչքին վարկաբեկեց գլխաւոր ընդդիմադիր ուժերը եւ անոնց ղեկավարները։ Այդ վճիռը ժողովուրդը ի՛նքը առաւ, հիմնուած տասնամեակներ շարունակ անոնց վարած գործունէութիւններուն վրայ»։
Իսկ ո՞վ եւ ի՞նչ չափորոշիչներով ճշդած է թէ խորհրդարանէն ներս թէ դուրս «բարոյավարկ» ունեցող ընդդիմութիւն չկայ։ Թէ ԱԺէն ներս Լուսաւոր Հայաստանի «ընդդիմադիր» նկարագիրը լրջօրէն վիճելի է՝ կասկած չկայ։ Սակայն Բարգաւաճ Հայաստանի պարագան տարբեր է։ Այս խմբակցութիւնը ունի երկրորդ ամենամեծ թիւով պատգամաւորները ԱԺէն ներս եւ ուզենք կամ չուզենք, ունի ժողովրդային որոշ հենք։ Իրականութիւն է նաեւ այն, որ ամէն անգամ երբ այս խմբակցութիւնը բարձրաձայնեց իր ընդդիմութիւնը իշխանութեան այս կամ այն քայլին նկատմամբ, անմիջապէս յաջորդեցին «քրէական» հետապնդումները այդ կուսակցութեան պատկանող անհատներուն, կամ անոնց յարող անհատներուն ու հաստատութիւններուն նկատմամբ։ Ամենացայտուն օրինակը՝ մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ, երբ Գագիկ Ծառուկեան հրապարակաւ խստօրէն քննադատեց կառավարութիւնը եւ մնացեալը ծանօթ է բոլորիս…
Վ. Զանոյեան իրողութիւններուն դէմ կը մեղանչէ յստակօրէն, երբ կ՛ըսէ թէ «իշխանութիւնը չէր որ…վարկաբեկեց» ընդդիմութիւնը։ Հապա ինչո՞վ զբաղուած են Ն. Փաշինեանն ու իր անմիջական գործակիցները 2018ի Ապրիլէն ու բառացիօրէն մինչեւ այսօր, իրենց գրեթէ ամէնօրեայ նախատինքներով, անարգական ածականներով («վնգստացողներ», «սերմացու գողացող մկներ», «շնաբարոյ դուրսպրծուկներ»), «ասֆալտին փռելու», «թաթիկները կտրելու», «պատերին ծեփելու» սպառնալիքներով։ Հապա՞ այն հսկայական գումարները, որոնք պետական պիւտճէէն յատկացուած են վարչապետին կից հանրային կապերու վարչութեան, որպէսզի հազարաւոր «ֆէյքերու» միջոցով ամէնօրեայ ու ամէնժամեայ նախատինքներով լեցնեն մամուլն ու ընկերային ցանցերը՝ ընդդէմ բոլո՛ր ընդդիմախօսներուն, ըլլան անոնք անհատ, կամ կազմակերպութիւն։
Գալով ժողովուրդի վճիռին մասին յօդուածագրին ակնարկութեան, հո՛ս է, որ երեւան կու գայ, թէ ինք իր վերլուծումին մէջ լրջօրէն վրիպած է։ Վրիպած է, որովհետեւ ինք չի տեսներ, թէ Հայաստանի մէջ կատարուածը աշխարհաքաղաքակա՛ն ու ոչ անպայման հայկական օրակարգ հետապնդող որոշումի մը հետեւանքն էր, հակառակ որ կուտակուած ժողովրդային ցասումը հարազատօրէն բայց զուգահեռաբար պոռթկաց։ Այս իմաստով կարելի չէ թէզ առաջադրել անտեսելով Ռուսիան մեկուսացնելու ճիգի մը ցայտուն հանգամանքը։
Անհասկնալի է յօդուածագիր Զանոյեանի այն հաստատումը, թէ «անցնող երկու տարիներու հրապարակային քաղաքական խօսոյթը (discourse) եղած է ցաւալի, պառակտիչ եւ անյարիր Հայաստանի նման ճակատագրական վտանգներու առջեւ գտնուող երկրի մը մէջ գործող ոեւէ քաղաքական գործիչի կողմէ։ Այս խնդրին մէջ, ի տարբերութիւն նախորդին, բոլոր գործիչները մեղաւոր են, ներառեալ իշխանութեան ղեկավարները»։
Այս մօտեցումը իրողութիւնները անտեսելու օրինակ մըն է, որովհետեւ կարելի չէ մէկ ջուրով լուալ իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը (*)։ Ինչպէս վերը ըսինք, իշխանութիւններուն կողմէ առաջին իսկ օրէն «վարքագիծի» վերածուեցաւ նախատական ու սպառնալիքներու բառապաշարը։ Յետադարձ ակնարկով, շատ տարբեր բան ալ կարելի չէր ակնկալել։ Օգտագործուած բառապաշարը շատոնց արդէն պէտք է յուշէր այդ մէկը։ Ի վերջոյ բառապաշարը միտքի արտայայտիչն է։ Եւ ակնկալել, որ երկրին մէջ հանրային խօսոյթը փոխանակ պառակտիչ ըլլալու՝ շինի՞չ ըլլայ։ Տրամաբանական չէ այս ակնկալութիւնը, չըսելու համար պատրանքը։
Տարակարծիք չենք յօդուածագրին յաջորդ միտքին հետ, որ «յառաջադէմ երկիրներու քաղաքական ընդդիմութիւնը, ընդհանրապէս, իշխանութեան հետ բաժնելով հանդերձ երկրին գերագոյն շահերուն հասկացողութիւնը, կ՚ունենայ լուրջ տարակարծութիւններ կապուած զանոնք իրագործելու քաղաքականութեան (…)։ Ընդդիմութեան ամէնէն խիստ եւ խնդրայարոյց դրսեւորումը կրնայ հանդիսանալ իբրեւ իշխանութեան ՄՐՑԱԿԻՑԸ, բայց ո՛չ իշխանութեան ԹՇՆԱՄԻՆ (ընդգծումները Վ.Զ.ին) եւ փոխադարձաբար (…)։ Իսկ ամէնէն բարենպաստ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւնը կը ստացուի երբ երկու տարակարծիք խմբակցութիւններ կրնան գտնել բաւարար հասարակաց եզրեր եւ կը սկսին գործակցիլ (թեկուզ որոշ վերապահումներով եւ զիրար վերահսկելով) յանուն ազգային եւ պետական գերագոյն շահերուն»։
Բայց Ինչքա՞ն «Յառաջադէմ» Է
Ըստ յօդուածագրին, այսօր չկան գործակցող կամ մրցակից ներքաղաքական շփումներ, «ունինք ընդհանրացած թշնամական կեցուածք եւ խօսոյթ (…) Նոյնիսկ քաղաքական խմբակցութիւններ, որոնք աւանդաբար մշակած եւ պահպանած են բարձր մակարդակի ազգային բարոյականութիւն, անբացատրելիօրէն կը խզուին իրենց աւանդոյթներէն, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի իշխանութիւնը քննադատելուն եւ վարկաբեկելուն»։
Ափսոս, որ յօդուածագիր Վահան Զանոյեան անգամ մը եւս թացը չորին հետ կը խառնէ ու կ՚այրէ։ Անգամ մը եւս վճռականապէս կը հիշեցնենք բոլորին, թէ 2018ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն վերջ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը ԲԱԶՄԻՑՍ հրապարակեց իր մասնագիտական դիտարկում-քննադատութիւնները իշխանութիւններու առած այս կամ այն քայլին կամ որոշումին նկատմամբ՝ միաժամանակ (այո՛, միաժամանակ) կատարելով անհրաժեշտ առաջարկութիւնները, առաջադրելով լուծումները (ողջ մնայ Կուկըլը)։ Բայց ի՞նչ եղաւ իշխանութիւններուն արձագանգը այս բոլորին նկատմամբ՝ բացարձակ արհամարհական անտեսում։ Ոչ մէկ քննարկում. ոչ մէկ խորհրդակցութիւն լուծումներ առաջարկող կողմերու հետ։ Տարբեր խօսքով, իշխանութիւնը իր այս արհամարհական լռութեամբ գործնապէս փաստեց, թէ ինք ոչ մէկ ատեն լրջօրէն հետաքրքրուած է երկրին սպառնացող ռազմավարական խնդիրներով։ Իշխանութիւնը մնաց միթինկային ամբոխավարութեան սահմաններուն մէջ, առանց որ ցուցաբերէ ընդդիմութեան հետ հաշուի նստելու պետական տարրական իմաստութիւն։ Իշխանութիւնը շարունակեց այլ կարծիք ունեցողներուն հասցէին գործածել նախատական ու սպառնալից արտայայտութիւններ եւ բառապաշար՝ ամէնէն բարձր, վարչապետական ամպիոնէն իսկ։ Անդադար «դաւադիր ուժեր», «վնգստացողներ», «բացիլ»… Այս բառապաշարը յատուկ է փողոցային գռիհներուն, բայց ո՚չ վարչապետական ամպիոնին։ Արդի՞ւնքը, այսօր, նոյնինքն Վահան Զանոյեանի բառերով, «ունինք ընդհանրացած թշնամական կեցուածք եւ խօսոյթ»։
Չյիշեցնե՞նք Արաբական ծոցէն հրաւիրուած եւ արքայական ընտանիքին պատկանող ներդնողներուն մասին (հրաւիրուած Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին կողմէ), որոնք բացայայտօրէն… արհամարհական ու վիրաւորական վերաբերումի արժանացան Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանին (աւելի ծանօթ «կարգին Հայկօ» անունով) կողմէ։ Այդ վերաբերումը ո՛չ մէկ բարիք բերաւ մեր երկրին, չըսելու համար աւելին։
Հետեւաբար նաեւ, ամբողջութեամբ հիմնազուրկ կը համարենք Վահան Զանոյեանի այն տեսակէտը, թէ «ընդդիմութիւնը» իր քննադատութիւններուն մէջ հաւատք չէր ներշնչեր, որովհետեւ անցեալին ի՛նք նման բաներ ըրած կամ «լուռ մնացած էր»։ Կ՚երեւի պէտք է յիշեցնենք Մաշտոցի պուրակի խնդիրը, երբ քանի մը տարի առաջ այդ օրերու ընդդիմադիրները (որոնք այսօր իշխանական օղակներու մէջ դիրքեր կը գրաւեն) արդար աղմուկ բարձրացուցին, ինչ որ մայրաքաղաքը յանգեցուց «Տարօն ջան, սիրուն չի»ին…։ Իսկ հիմա, երբ նոյն պուրակին քանդումը կատարուած փաստ է՝ նոյն «կարգին Հայկոյին» որոշումով, կը լսուի «թեղուտները ծերացած ծառեր էին» արդարացումը։ Կ՛երեւի Տարօն Մարգարեանի օրով շատ առոյգ էին նոյն այդ ծառերը…
Խօսի՞նք ապօրինի պարգեւավճարներուն, կամ նախարարներու ամսականները բարձրացնելու ԳԱՂՏՆԻ որոշումին մասին, ինչ որ իր կարգին դարձեալ հակաօրինական է։
Դատաիրաւական Խնդիրներ
Անցնինք դատաիրաւական խնդիրներուն, որոնց կ՚անդրադառնայ Վահան Զանոյեան։
Ինք եւս ամբոխահաճոյ մտածողութեամբ կը մօտենայ խնդիրներուն, առանց խորքային վերլուծումի, երբ կ՚ըսէ, թէ թէական է որ հանրութեան նոյնիսկ մէկ չնչին հատուածը կը հաւատայ որ դատաիրաւական համակարգը, ինչպէս որ է, երկրին արդարութեան երաշխիք կրնայ հանդիսանալ կամ երբեւէ եղած է իսկապէս անկախ։ Եթէ այդպէս ըլլար, խորհրդարանը կարիք չէր զգար փոփոխութիւններ առաջարկելու։ Ուրեմն, այդ հիման վրայ եղած առարկութիւնները (նոյնիսկ եթէ որոշ հիմք ունէին) չէին կրնար լուրջի առնուիլ»։ Որո՞ւ կողմէ «լուրջի առնուէին», հանրութեա՞ն, Վենետիկի յանձնաժողով՞ին, կառավարութեա՞ն. դարձեալ յստակ չէ յօդուածագրին լեզուամտածողութիւնը։
Ուրեմն հաստատենք։ Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտօնավարութեան առաջին տարիներուն, Հայաստան (Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ միասին) անդամակցեցաւ Եւրոպայի խորհուրդին։ Ու իբրեւ այդպիսին, ստանձնեց շարք մը պարտաւորութիւններ, ներառեալ դատաիրաւական համակարգի բարեկարգումը։ Եւրոպական համապատասխան կառոյցները պարբերաբար կ՚այցելէին Հայաստան ու շատ մօտէն կը ստուգէին Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու իրականացման գործընթացը։ Այս բոլորը բերին կարեւոր փոփոխութիւններ Հայաստանի դատաիրաւական համակարգէն ներս, հասնելով մինչեւ սահմանադրական երկու փոփոխութիւններու եւ հանրաքուէներու, Վենետիկի յանձնաժողովի բառացիօրէն արծուաբիբ հսկողութեան տակ։ Ճիշդ հասկցուինք. մեր երկրի դատական համակարգը չհասաւ իտէալական մակարդակին, սակայն այդ ուղղութեամբ լուրջ քայլեր առնուեցան եւ այս գործընթացը շարունակական է։
Հասանք 2018-ի Օգոստոսի 17ժը։ Այդ օրը նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարման 100-րդ օրն էր։ Հրապարակը հաւաքուած բազմութեան, ակնարկելով դատաւորներուն, ան յայտարարեց. «Ինչի Հայաստանում կա՞յ մի դատաւոր որ կարա ինձ ասի «չէ»։ Փաշինեան բացէ ի բաց յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ չկայ դատաւոր մը, որ կը յանդգնի իրեն «ոչ» ըսելու… Ու ասիկա նոյն այն անձին կողմէ, որ իր ընդդիմադիր եղած օրերուն, օրուան իշխանութիւնները կ՚ամբաստանէր «զանգովի արդարադատութիւն» կիրարկելու մեղքով։ Ըսել չենք ուզեր, թէ նախորդ վարչակարգին օրերուն մեր դատական համակարգը իտէալական էր, սակայն, ինչպէս փաստերը ցոյց կու տան, կար զարգացում, կար դրական գործընթաց մը՝ դատաիրաւական համակարգի անկախութեան ուղղութեամբ։
Պարտաւո՛ր ենք յիշեցնելու նաեւ 2018ի հոկտեմբերին բացայայտուած հեռաձայնային խօսակցութիւնները, որոնք առնչուելով հանդերձ Ռ. Քոչարեանի ձերբակալութեան, ցոյց կու տային դատաւորներուն կախուածութիւնը նոյնինքն վարչապետ Ն. Փաշինեանէն, կամ իր անմիջական ստորադասներէն։ Վահան Զանոյեանին կը թելադրենք կարճ փնտռտուք մը ընել ԵուԹիւպի մէջ ու լսել այդ ձայնագրութիւնները։
Գանք խորհրդարանին կողմէ դատաիրաւական համակարգի բարեփոխման «կարիքը զգալու» հարցին։ Բայց առնուազն դատաիրաւական խնդիրներու մասով, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ունի կասկածելի որակ։ Սոսկ այն փաստը, որ Փաշինեանի ունեցած 88 պատգամաւորներէն աւելի քան 50ը, նախ քան ԱԺի անդամ ընտրուիլը, իրենց կեանքին մէջ ՈՉ ՄԷԿ ԳՈՐԾ ԱՇԽԱՏԱԾ ԵՆ։ Ստուգեցէք իրենց հրապարակուած կենսագրականները ու պիտի տեսնէք։
Ամբողջ Սահմանադրական դատարանի հարցը ընթացաւ հակաօրինական միջոցներով, սկսելով դատաւորներուն «վաղաժամ թոշակի» առաջարկէն, հասնելով հանրաքուէի օրէնքին։ Տակաւին չենք խօսիր Վահէ Գրիգորեանի ընտրուելուն ու ամբողջ մէկ տարի ոչինչ ընելով վարձատրուելու արատաւոր երեւոյթին մասին։ Ու այս պարագային այս ապօրինութիւններուն մասին բարձրաձայնողները եղան ոչ միայն ընդդիմադիր ուժեր կամ անհատներ, այլեւ քաղաքական դաշտին չպատկանող օրէնսգէտ- սահմանադրագէտներ։
Համավարակի Պարագայ
Վահան Զանոյեան կը հաստատէ, թէ միջազգային հեղինակաւոր մասնագէտներ հրապարակաւ կ՚ընդունին, թէ «տակաւին շատ բան չեն հասկնար նոր ժահրին մասին (…) մեր հանրութիւնը արդէն ինքնավստահութեամբ դիրքորոշուած կը թուի ըլլալ համաճարակին նկատմամբ» ու կը մեղադրէ «ժողովուրդին ծայրայեղ անկարգապահութիւնն ու նախապաշարումները», անմիջապէս աւելցնելով՝ «Անշուշտ կառավարութիւնը սխալներ գործեց, մանաւանդ ժահրի սկզբնական շրջանին» եւ ապա ունեցաւ «օրինակելի վարմունք», օրինակ՝ առողջապահութեան նախարարը ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրեց իր սխալներուն համար, ինչ որ «հազուադէպ եւ գնահատելի» է, իսկ ընդդիմադիրները «չգնահատեցին» այս ժեստը «եւ այսպիսով փախցուցին իրենց անաչառութիւնը ապացուցելու թանկագին առիթ մը»։
Զանոյեան թերեւս չի յիշեր, թէ համավարակէն կարճ ատեն մը առաջ, դատ բացուած էր առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի դէմ ու դատարանը վճռած էր, որ ան պէտք է ներողութիւն խնդրէր հայցուորէն։ Սակայն նախարար Արսէն Թորոսեան ամենայն ամբարտաւանութեամբ հրապարակաւ մերժեց ենթարկուիլ դատական վճիռին՝ այս իշխանութիւններուն յատուկ «օրինակելի վարմունք» ցուցաբերելով ու ոչ ոք զինք հաշուի կանչեց դատական վճիռը արհամարհած ըլլալուն համար…։ Անցանք։
Համավարակի առաջին իսկ օրերուն, 2019ի Դեկտեմբերի վերջերուն, ՄԱԿի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը ազդարարեց բոլոր երկիրները վերահաս վտանգին կապակցութեամբ։ Զարմանալիօրէն, «փոփիւլիստ» ղեկավարներով կառավարուող երկիրներն էին ամէնէն աւելի վնասուողները այս համավարակէն՝ Մ. Նահանգներ, Անգլիա եւ… Հայաստան։ Իսկ Քուպան, Թայլանտը, Հար. Քորէան եւ… դրացի Վրաստանը արձանագրեցին լուրջ յաջողութիւններ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ շատ լուրջի առին վերահաս վտանգը եւ զայն չստորադասեցին իրենց քաղաքական հաշուարկներուն։ Մինչ Թիֆլիսի մէջ, իշխանութեան որոշումով ամէն օր կը հականեխուէինր փողոցներն ու նոյնիսկ շէնքերու մուտքերն ու վերելակները, անդին Երեւանի աւագանիի Իմ քայլի անդամները ընկերային ցանցերու վրայ կը ծաղրէին վրացիներուն «թիթիզութիւնները»։ Արդիւնքները խօսուն են եւ չենք ուզեր մտնել ատոնց մանրամասնութիւններուն մէջ։ Հետեւաբար, կրկին խոր վրիպումի մէջ է յօդուածագիր Վահան Զանոյեանը։
Իսկ իր այն հաստատումը, թէ յաջող ընդդիմադիր խմբակցութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ ունի յստակ քաղաքական տեսլական ու ծրագիր, որ կիրթ ու «մասնագիտօրէն հիմնաւորուած» կը բանաձեւէ իր քննադատութիւնը, «միաժամանակ ընդգծելով իր հասարակաց եզրերը (եթէ կան) իշխանութեան քաղաքականութեան հետ», չի՛ դիմանար լուրջ քննադատութեան, որովհետեւ ինչպէս նշեցինք, իշխանութիւնը բացարձակապէս հետաքրքրուած չէ երկրի խորքային բարօրութեամբ։ Իշխանութեան օրակարգը ազգային ըլլալու յատկանիշէն զուրկ է ու յստակօրէն կ՚առաջնորդուի «քոզմոփոլիթ» վարքագիծով ու մտածելակերպով։
Ի՞նչ Ընել
Զանոյեան կ՚ընդունի, որ իշխանութիւնը կարճատես մօտեցում ցուցաբերած է եւ տակաւին կը վարուի իբրեւ «ընդդիմութիւն» ու «կը նուաստացնէ ոչ միայն իր հեղինակութիւնը այլ նաեւ ժողովուրդի քուէն»։ Շարունակելով, կը քննադատէ Փաշինեանը իր բառապաշարին համար (տալով մեր նշած օրինակներէն), կէտ մը որուն մենք արդէն անդրադարձանք։ Ան նաեւ համոզիչ չի գտներ անդադար «հիները» մեղադրելու վարքագիծը։ Ու աւելի վարը կը հաստատէ, որ իշխանութիւնը «գործող ու սպասարկող կազմակերպութիւն է։ Ինքզինք պիտի արժեւորէ իր գործով եւ առաջացուց արդիւնքներով»։ Շա՛տ աղէկ։
Իբրեւ առաջադրանք, Զանոյեան դիտել կու տայ, թէ նախկին մենաշնորհային համակարգը պէտք է քանդել, «որպէսզի իսկական արդարութիւն տիրէ», սակայն, կ՚աւելցնէ ան արդարօրէն, իշխանութիւնը «կը թուի թէ մինչեւ հիմա աւելի տրամադրուած է մենաշնորհային համակարգին հետ համակերպելու եւ գործակցելու, քան զայն հակակշռի տակ առնելու», հետեւաբար, կ՚առաջարկէ որ «իշխանութիւնը ընդլայնէ փորձագէտներու իր շրջանակը»։
Ըստ իրեն, «պետութիւնը» պէտք է նախաձեռնէ (ՎԲ.- Հաւանաբար ըսել կ՚ուզէ «կառավարութիւնը». տարբեր բաներ են) ստեղծելու մասնագիտական մարմիններ, հիմք ընդունելով բացառապէս ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ մասնագիտութիւնը, «առանց նկատի առնելու անոնց քաղաքական հակումը»։ Մասնագիտական հիմքով նման խումբի ստեղծումը, իր խորհուրդներ պիտի տայ իշխանութիւններուն, ըստ Զանոյեանի, կրնայ հանդիսանալ «ազգը միաւորող ՆՈՐ ՇԱՂԱԽ… հեռու քաղաքական պառակտումներէ»։
Եւ մեր համոզումով, հո՛ս թաղուած է շան գլուխը։ Որովհետեւ յօդուածագիր Զանոյեան այս ձեւով կ՚անտեսէ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ, գաղափարախօսական հենքին կարեւորութիւնը ու ասիկա իր վերլուծումներուն ամէնէն խոցելի կէտն է։
Ի վերջոյ «մասնագէտները» հայեցակարգի՛ մը հիման վրայ պէտք է գործեն, ոչ թէ ներկայիս պարզուած պատկերին նման՝ ամէն օր բան մը…։ Օրինակ, տնտեսական բնագաւառէն ներս, պիտի շարունակուի՞ ցարդ եւ վաղուց ի վեր որդեգրուած նէօլիպերալ վարքագիծը, թէ ժողովրդանպաստ եւ ձախ թեքումով համակարգ մը պիտի ստեղծուի։ «Մասնագէտ» ըլլալը բաւարար չէ երկրի մը տնտեսութիւնը ոտքի կանգնեցնելու համար։ Փաստօրէն, Ռիչըրտ Ուոլֆն ալ, Մայքըլ Հատսընն ալ տնտեսագէտներ են (երկուքն ալ շատ ծանօթ իրենց ընկերվարական հակումներով, մանաւանդ առաջինը), Շիքակօ Սքուլ աֆ Իքոնիմիքսի տիտղոսակիրներն ալ տնտեսագէտներ են՝ գաղափարական հենքի իմաստով նշուածներէն լեռուձոր տարբերութեամբ։
Նոյն «Շիքակոյի տղաքն» էին, որ Խ. Միութեան փլուզումէն վերջ Ռուսիոյ պարտադրեցին տնտեսական խնդիրներու լուծման «շոք թերափին», որուն արդիւնքով «թերափիէն» օգտուեցաւ միայն երկրի նորելուկ ընտրանին, իսկ ռուս ժողովուրդին մնաց աղքատացման «շոքը»։ Նոյն բանը կրկնուեցաւ-պատճէնահանուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ, Լ. Տ. Պետրոսեանի օրերուն։
Այս օրերուն ականատեսն ենք կրթական բնագաւառի «մասնագէտներու» գործած աւերներուն մեր երկրի կրթական համակարգէն ներս։ Կարծէք պատերազմ յայտարարուած է ամէն ինչի դէմ, որ կապ ունի ազգայինի հետ։
Մէկ խօսքով, ըլլա՛յ տնտեսութեան, ըլլա՛յ երկրի վարչակառավարման համակարգէն, ընկերային, կրթութեան, պաշտպանութեան, արտաքին քաղաքականութեան, այսինքն բոլո՛ր բնագաւառներէն ներս, անհրաժեշտ է որդեգրել ազգային արժէքներու հայեցակարգէն բխած մէկ հիմնական ներքին տրամաբանութիւն։ Մեր համոզումով, Հայաստանի լաւագոյն ապագան կը կայանայ ընկերվարակա՛ն համակարգին մէջ, ուր ոչ տեղ ունին մենաշնորհները, ոչ ալ շահագործման գործիքներու տէր խմբաւորումները, ներքին թէ արտաքին։ Համակարգ մը, որ ի վիճակի է համախմբելու, այլ ոչ թէ պառակտելու։
Ընկերվարակա՛ն Հայաստանն է գրաւականը մեր ազգի գոյատեւման ու բարգաւաճումին, ուր հայութիւնը (եւ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւնները) կարենայ ապրիլ արժանապատիւ աշխատանքի արդար վաստակով, վայելելով պետական կառոյցներու պաշտպանութիւնը, ու իր կարգին տէր կանգնելով այդ կառոյցներուն նկատմամբ իր պարտաւորութիւններուն։ Միայն ընկերվարական կարգերով օժտուած Հայաստանն է, որ կրնայ տոկալ արդի մարտահրաւէրներուն։
Իբրեւ կուսակցութիւն, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պիտի ընթանայ ա՛յս ուղիէն, ա՛յս ռազմավարութեամբ, ներքին կամ արտաքին շարք մը ուժերու համար ատիկա հաճելի ըլլայ կամ ոչ։
(*) Յօդուածագիրը տողատակի նշումի մը մէջ կը հաստատէ, թէ ինք խուսափած է հասցէագրելէ որեւէ ընդդիմադիր կուսակցութիւն եւ կ՚ընդունի, որ ընդդիմութեան ընդհանրացումը ունի իր թերութիւնները։ Կը շարունակէ. «Յօդուածին մէջ ըրուած (ՎԲ.- Արդեօք «ըսուա՞ծ») որոշ (բայց ոչ բոլոր) դիտարկութիւններուն ամէնէն յարգելի բացառութիւնը ՀՅԴն է, որ իր իւրայատուկ պատմութեամբ եւ յատկանիշներով կը տարբերի միւս բոլոր ընդդիմադիր ուժերէն»։ Այս հաստատումը մեր ըսելիքներու էութենէն բան չի փոխեր, որովհետեւ մենք ՀՅԴի պաշտպանողականը չէ որ կը կատարենք հոս։