Արեւմտահայերէնը Եւ Հայաստանը

0 0
Read Time:5 Minute, 15 Second

Տարօն Հալլաճեան

Սփիւռքին մէջ մեծնալով, մեր հարազատները, ուսուցիչները եւ հոգեւոր առաջնորդները Հայաստանը ընդհանրապէս ներկայացուցած են որպէս աւանդ. երազային ու հրաշալի վայր մը, հարազատ մեր բոլորին։ Նախքան իմ առաջին այցելութիւնս տասը տարիներ առաջ, պատանի հասակիս կ՚ակնկալէի որ փողոցները պիտի լսէի ծանօթ հայերէն մը, պիտի կարդայի խանութներու պաստառներէն ու ցուցափեղկերէն այն բառերը որոնք մեզի սորվեցուցած էին շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս ու պիտի կարենայինք տեսնել, ապրիլ ու շնչել այն մեսրոպեան լեզուն որմով մեծցած էինք սփիւռքին մէջ։ Իրականութիւնը, ինչպէս ընթերցողը արդէն գուշակեց, քիչ մը յուսահատական էր։ Ծանօթ բառերու փոխարէն կը լսէի շատ մը ռուսերէն կամ անգլերէնէ իւրացուած բառեր, խանութներէն խորթ հայատառ անգլերէնի թարգմանութիւնները կը կարդայի ու գրախանութներուն
մէջ գիրք մը չէի կրնար գտնել դասական ուղղագրութեամբ գրուած, ու դեռ աւելի՛ն, արեւմտահայերէնի բոլորովին չգոյութիւնը, սկսելով Վերնիսաժէն ու զանազան գրախանութներէն ՝ մեծապէս նկատելի էր։
Անշուշտ, հարկ է անդրադառնալ որ նաեւ խօսակցական Արեւմտահայերէնի մէջ կայ օտար բառերու յաճախակի օգտագործումը, ինչպէս թրքերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն բառեր, ու բնական իրականութիւն մըն է որ տուեալ շրջանակը լեզուին վրայ իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ։ Նպատակս չէ, մէկ լեզուն միւսին հետ բաղդատել, այլ պարզապէս ուշադրութեան դարձնել թէ ժամանակը շատոնց անցած է, որ արեւմտահայերէնը պէտք է դառնայ շօշափելի ներկայութիւն մը Հայաստանէն ներս, ապահովելու համար լեզուին գոյատեւումը։
Տասը տարիներ անցած են Հայաստանի առաջին այցելութենէս, ու ատկէ վերջ հինգ անգամ եւս եկած եմ Հայաստան։ Իւրաքանչիւր ատեն արեւմտահայերէնով գիրք գտնելը մարտահրաւէր մըն է ինծի համար։ Անդրադառնալով, որ Սուրիոյ պատերազմի ժամանակ, զանգուածներ ապաւինեցան Հայաստանի մէջ, ու ներկայիս այն պատանիներն ու երիտասարդները մաս կը կազմեն Հայաստանի կրթական համակարգին, հարցում կը ծագի թէ Հայաստանի կառվարութիւնը ի՞նչ քայլեր կ՚առնէ արեւմտահայերէնը աւելի մատչելի ու հասանելի դարձնելու արեւմտահայերէն խօսող ու կարդացող զանգուածներուն համար։
Այժմ Լիբանանը կ՚ապրի ընկերային-քաղաքական եւ տնտեսական լուրջ տագնապալից օրեր, ու գաղութը հայաթափումէ կը տառապի։ Նաեւ Հալէպը, որ արդէն պատերազմէն նոր սկսած էր վերականգնելու, կը դիմագրաւէ համավարակի սպառնալից տարածումը։ Արեւմտահայերէնը աւելի քան երբեք կը գտնուի ճգնաժամի մը դիմաց։ Հաշուի առնելով որ Սուրիան եւ Լիբանանը անցնող մէկ դարուն ընթացքին, համայն հայութեան համար կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են սփիւռքին հասցնելու Արեւմտահայերէնի ուսուցիչներ, հոգեւորականներ, գրողներ եւ հասարակական գործիչներ, ներկայիս այս աղբիւրը չորացումի կ՚ենթարկուի ու համայն հայութիւնը մտահոգիչ հանգրուան մը կը դիմագրաւէ։ Ուստի այնքան աւելի կենսական է ներկայիս, Հայաստանի կառավարութեան դերը ապահովելու կրթական միջոցներ որպէսզի արեւմտահայերէնը վայելէ պետութեան մը երաշխաւորումն ու պաշտպանութիւնը։
Քսաներորդ դարուն կիսուն, արեւմտահայ մտաւորականութիւնը առողջ գոյավիճակ մը կ՚ապրէր։ Լիբանան, Սուրիա, Կիպրոս եւ այլ հայաշատ միջին արեւելեան երկիրներու մէջ կային որակաւոր հայկական վարժարաններ որոնց հունձքերը սփիւռքին կը հասցնէին ուսուցիչներ, խմբագիրներ, հրապարակախօսներ եւ այլն։
Ներկայիս, մեծապէս զգալի է հայ մտաւորականութեան նահանջը հրապարակագրութեան, գրականութեան եւ այլ մտաւորական ու մշակութային ոլորտներէն ներս։ Հոս կ՚ուզեմ պարզել մի քանի կարեւոր հիմնահարցեր.-

Ա. Արեւմտահայերէնը ուշ սկսաւ զարգանալ ու արդիականանալ համացանցային աշխարհին հետ։ Ներկայիս նախաձեռնութիւններ ու բջջային կիրարկումներ կան որոնք մատչելի դարձուցած են մեր դասական ու այլ յայտնի գրողներուն գործերը ` առընթեր իրենց ձայնագրութիւններով, սակայն, դեռ մեծապէս զգալի է արդի թարգմանութիւններուն պակասը ոչ-երեւակայական (non-fiction) նիւթերու քանակին ու նաեւ առցանց պարբերաթերթեր որոնք աշխարհիկ նիւթեր կ՚արծարծեն, ներկայացնելով աւելի լայն պաշար մը արեւմտահայերէնով։
Արեւմտահայերէնը դժուարած է իր նեղ շրջանակէն դուրս անցիլ, որովհետեւ պետական ու համալսարանական մակարդակներու վրայ, երաշխաւորում չի վայելէր։
Անշուշտ, մէկը կրնայ պատասխանել որ այսպիսի աղբիւրներ արդէն անգլերէնով կամ այլ լեզուներով ամենուրէք են, եւ այո, ճիշդ դիտողութիւն կ՚ըլլայ, սակայն եթէ արեւմտահայերէնով ալ չհրամցուին, նոյնիսկ այն անհատները որոնք պիտի ուզէին արեւմտահայերէնով ըմբոշխնել այդպիսի նիւթերը, հարկադրաբար կը դիմեն օտար լեզուով հրապարակած հրատարակութիւններու։ Պահանջքը կը ստեղծուի եթէ հետաքրքրաշարժ ու զանազան ձեւերով ու կերպերով հրամցուի ու մատչելի դարձուի։ Հայաստանի գրադարաններուն մէջ մեծապէս նկատելի է օտար գիրքերու թարգմանութիւնները այլազան նիւթերու շուրջ։ Շահաւէտ պիտի ըլլար
որ խմբակներ կազմուին որպէսզի ոչ-երեւակայական ոլորտէն ներս արեւմտահայերէնով թարգմանուին զանազան գիրքեր աշխարհագրութեան, պատմութեան, գիտութեան, եւ այլ նիւթեր, որպէսզի արեւմտահայերէնը մտնէ համաշխարհային լեզուի ու գրականութեան շուկային մէջ, ու չմնայ լուսանցքին մէջ սահմանուած միայն հայկական մշակոյթի, հայ գրականութեան ու հայոց պատմութեան նեղ շրջանակին մէջ։

Բ. Արեւմտահայերէնը յուզող համագումարներ կամ հաւաքներ ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենան սփիւռքին մէջ։ Թելադրելի պիտի ըլլար որ այսպիսի համագումարներ աւելի յաճախ սկսին տեղի ունենալու Հայաստանի մէջ, որպէսզի արեւմտահայերէնը աւելի կենդանի ներկայութիւն ունենայ Հայաստանի մէջ։ Այս մօտեցումը կը նպաստէ արեւելահայ ու արեւմտահայ գիտնականներու փոխ-յարաբերութեան ու յաւելեալ փոխ- հասկացողութեան։

Գ. Արդէն որոշ լրատուական կայաններ, զոր օրինակ Շանթ լրատուական կայանը, լրագրող Սագօ Արեանին միջոցաւ, սկսած է յատուկ հաղորդումներ պատրաստել արեւմտահայերէնով ու նաեւ հաղորդումներ տեղի կ՚ունենան ուր նոյն խօսակցութեան մէջ կը լսուի թէ՛ արեւելահայերէն ու թէ՛ արեւմտահայերէն։
Այս կը նպաստէ աւելի համապարփակ (inclusive) մթնոլորտ մը որ կը մօտեցնէ այդ երկու բեւերները, կը դարձնէ Արեւմտահայերէնը որպէս կենդանի լեզու Հայաստանէն ներս ու վաւերացման զգացում մը կը շնորհէ այն արեւմտահայ զանգուածներուն որ իրենց գիտցած Հայերէնն ալ իր իւրայատուկ տեղն ալ ունի Հայաստանէն ներս։

Դ. Հայաստանը ներկայիս չէ հրչակածոր արեւմտահայերէնը երկրին պաշտօնական երկրորդ լեզուն է, բայց այս քայլը մեծապէս կը նպաստէ արեւմտահայերէնի գոյատեւումը։ Եթէ պաշտօնական յայտագիրներ, համալսարանական դասեր եւ այլ ակատեմական ու մասնագիտական ոլորտներէն ներս արեւմտահայերէնը ունենայ պաշտօնական դիրք, այն ատեն լեզուն կը շրջանցի միայն թերթի ու խօսակցական լեզու ըլլալէն ու կը դառնայ աւելի կենսունակ եւ կը ստիպուի քայլ պահել արդիականացման հետ։

Ե. Վերջին կէտիս մէջ պիտի ուզեմ անդրադառնալ հայ դպրոցի դերակատարութեան մասին։ Այս անցնող մի քանի տարիներուն ընթացքին դժբախտաբար համայն հայութիւնը գուժեց բազմաթիւ հայկական վարժարաններու վերջնական փակումը։ Իւրաքանչիւր դպրոցի փակումով, Հայութիւնը անշուշտ կը ցաւի, որովհետեւ իրենց տեղ նոր վարժարաններու բացումները չենք տեսներ։ Ներկայ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը նկատի ունենալով, ու ենթադրելով որ Լիբանանէն աւելի հայեր պիտի հաստատուին Հայաստանի մէջ մօտ ապագային, արդեօ՞ք ժամանակը հասած է որ վարժարաններ բացուին Հայաստանին մէջ որոնք
արեւմտահայերէնը կը գործածեն որպէս առաջին դաստիարակուող լեզուն։ Ըլլալով Հայաստանի մէջ, առիթ կ՚ընձեռուի որ դպրոցական գրեթէ բոլոր դասանիւթերը դասաւանդուին արեւմտահայերէնով, ուր հիմնականաբար սփիւռքին մէջ կը ստիպուին դասաւանդուելու տեղական պետական լեզուով։ Սա առիթ կը ստեղծէ որ նոր դասագիրքեր հրատարակուին, արդիականացնելով Արեւմտահայերէնը գիտնական
աշխարհէն ներս։

Հետեւաբար, սիրելի հայրենակիցներ, գիտեմ որ վերոյիշեալ կէտէրը լոկ գաղափարներ ու առաջարկներ են միայն, սակայն գրեցի յուսալով որ մեր ազգային ղեկաւարները աւելի լայն օրէն սկսին քննարկելու թէ ի՞նչպէս կրնանք աւելի շաղկապել եւ ընդելուզել մեր ժողովուրդը։ Փոքր ածու մըն ենք, ու ներկայիս անդրադառնալով աշխարհի արագընթաց զարգացումը, որոշ հայկական գաղթօճախներու անկայունութիւնը, պարտ ենք մտածել ու նախաձեռնել լուրջ ծրագիրներ որոնք պիտի ամրապնդեն մեր լինելութիւնը, ինքնութիւնը եւ մշակոյթը։ Ի վերջոյ, արեւմտահայերէնը Հայ ժողովուրդին նոյնպէս կը պատկանի ինչպէս արեւելահայերէնը։ Ցեղասպանութեան զոհուած արեւմտահայ գրողները նոյնչափով կը պատկանին արեւելահայ զանգուածներուն, ինչպէս անուրանալի կերպով Խորհրդային Միութեան գրողները արեւմտահայ զանգուածներու համար կը մնան հարազատ։ Հայաստանը համայն հայութեան տունն է։ Հա՛րկ է որ մենք կամուրջներ կառուցենք որպէսզի մեր ժողովուրդը դառնայ աւելի միակամ։ Ուստի կարեւոր է որ մենք բոլորս ՝ Հայաստան, Արցախ եւ
սփիւռք երրեակը, միասնաբար աշխատինք ամրագրելու մեր մշակոյթն ու ապագան, մշակելով աւելի համերաշխ, միասնական եւ հաւաքական հասարակութիւն մը, որպէսզի մենք կարենանք դիմագրաւել մեր մարտահրաւէրները միահամուռ կերպով։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles