Քարէն Եփփէ՝ Հայ Որբերու Պահապան Հրեշտակը

0 0
Read Time:16 Minute, 34 Second

 

Քարէն Եփփէի կիսանդրին՝ Ազգային “Քարէն Եփփէ” Ճեմարանի շրջաբակին մէջ

 

 

 

Բժիշկ կարպիս Հարպոյեան

Մոնրէալ, 20 Յուլիս 2020

Քարէն Եփփէ ծնած է 1 Յուլիս 1876-ին, Դանիոյ Լիւմպէրկ քաղաքը: Ան կ’ըլլայ երեք քոյրերու անդրանիկը: Անոր հայրը եղած է լաւ պատրաստուած եւ ազատամիտ  ուսուցիչ մը ու պաշտպանը կիներուն ուսում ստանալու իրա-ւունքին:  Քարէն  փոքր տարիքէն հետեւած է հօրը ուսումնական դաստիարա-կութեան եւ 6 տարեկանին  սկսած է կարդալ պատմական գիրքեր:   Ան նախա-կրթարանի ուսումը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ: 13 տարեկանին հայրը զինք կը ղրկէ Գերմանիա գերմաներէն լեզուին  տիրապետելու համար: Ան մէկ տարիէն կը սորվի գերմաներէն լեզուն:

Քարէն Եփփէի հայրը

Քարէնին ծնողքը կը փափաքի, որ ան բժշկութիւն ուսանի, սակայն Քարէն կը նախընտրէ ուսողութեան ճիւղը:  Գերմանիայէն վերադառնալէ ետք ծնողքը զինք կ’ուղարկեն  Գոբենհակընի գիշերօթիկ  դպրոցներէն  մէկը։ Գիշեր մը դպրոցի տնօրէնը, բարձրաձայն կ’ընթերցէ  Գերմանական Արեւելեան Առաքելութեան դանիացի միսիոնար Օժէ Մեյըր Պենետիքդսընի թերթերէն մէկուն մէջ գրած յօդուածը, որ ականատեսի աչքերով կը պատմէր 1896-ի հայերու դէմ  համիտ-եան ջարդերու մասին։ Այդ օրերուն լուրեր կը հաղորդուին հայկական  ջարդերու մասին ամէն կողմ եւ Հայ որբեր պատսպարող եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարները մամուլի միջոցով իրենց քաղաքացիներուն խիղճը կ’արթնցնեն։

Օժէ Պենետիքդսըն եղած է Հայկական հարցին եւ պատմութեան քաջածանօթ գրող եւ մասնագէտ քաղաքագէտ մը: Ան պայքարած է անիրաւութեան դէմ եւ եղած արդարութեան մարդ: Օժէ Պենետիքդսըն  դէպի Պարսկաստան իր ուղեւո-րութեան ընթացքին կ’անցնի Ուրֆայէն եւ հոն կ’այցելէ  Գերմանական Արեւել-եան Միսիոնարութեան կեդրոնը եւ դպրոց-որբանոցը, որոնք կը ղեկավարուէին գերմանացի կղերական Եոհաննէս Լեփսիուսի կողմէ: Օժէ կը ծանօթանայ այս կեդրոնին եւ դպրոց-որբանոցին ու կը մտերմանայ Լեփսիուսի հետ: Ան Դանիա վերադառնալէ ետք 1902-ին կը նախաձեռնէ հիմնել աշխարհիկ կազմակերպու-թիւն մը օգնութեան հասնելու համար օսմանեան պետութեան մէջ տառապող հայ ժողովուրդին: Ան կ’անուանէ այս կազմակերպութիւնը՝ «Հայերու դանիացի ընկերներ» անունով:

Յաջորդ օրերուն Քարէն Եփփէ ներկայ կ’ըլլայ Օժէի մէկ դասախօսութեան, ուր Օժէ կ’անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ օսմանցիներուն կատարած հայկական կոտորածներուն եւ ջարդերուն ու ան կը վերջացնէ իր խօսքը հայերուն օգնելու կոչով: Քարէն լրջօրէն կը հետեւի դասախօսին եւ իր մէջ կ’արթննայ հայկական ողբերգութեան շուրջ մեծ հետաքրքրութիւն: Ան կ՛ուզէ մասնակից դառնալ եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարներու սրբազան գործին եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ բնակչութեան օժանդակող միջազգայնօրէն տարուած ջանքերուն:

Քարէն Եփփէ՝ երիտասարդուհի

Քարէն Եփփէ կը տեսնուի Օժէին հետ եւ կ’իմանայ անկէ, որ Լեփսիուս պէտք ունէր ծառայասէր եւ պատրաստուած ուսուցչուհիի մը աշխատելու համար Ուրֆայի դպրոց-որբանոցին մէջ:  Ան կը հրաժարի ուսումէն եւ  նամակագրա-կան կապեր կը հաստատէ Ուրֆայի մէջ որբահաւաքի գործ կատարող գերմանացի՝ Եոհաննէս Լեփսիուսի եւ ամերիկացի՝ Միս Շաթիկի հետ եւ կ’որոշէ երթալ Ուրֆա եւ միանալ այդ դպրոց-որբանոցի անձնակազմին: Քարէն ինք պիտի վճարէր իր ճամբորդութեան ծախսը, սակայն ան անկարող էր: «Հայերու դանիացի ընկերներ» կազմակերպութիւնը բարեսիրտ բարեկամ մը կը գտնէ, որ յանձն կ’առնէ Քարէնին ճամբորդութեան ծախսը: Ուստի 1903-ին, հակառակ հօր կամքին, Քարէն Եփփէ կը մեկնի Ուրֆա միանալու Գերմանական առաքելու-թեան:

Եփփէ հրաժեշտ կ’առնէ իր ծննդավայրէն եւ շոգեկառքով կը մեկնի Իտալիա անցնելով Պերլինէն: Ան նաւով կը հասնի Պոլիս եւ հոնկէ կ’ուղղուի դէպի Մերսին: Ճամբան իրեն կ’ընկերակցի Զուիցերիացի քարոզիչ Եագոպ Քիւնցլէր: Երկուքը միասին Մերսինէն ճամբայ կ’ելլեն շոգեկառքով եւ կը հասնին Ատանայ: Անոնք կը շարունակեն իրենց ճամբորդութիւնը հասնելու համար Ուրֆա՝ մաս մը ձիակառքով եւ մաս մը էշերով: Ուրֆայի մուտքին հայ ժողովուրդը կը դիմաւորէ Քարէն Եփփէն հացով ու աղով ու կը տրամադրէ անոր ձի մը, որպէսզի ձիով հասնէր Ուրֆայի կեդրոնական շուկան: Սակայն Քարէն կը մերժէ հայերուն առաջարկը եւ իր բարեկամ էշով կը հասնի Ուրֆայի կեդրոնը:

Ուրֆա չմեկնած ան կը ստանձնէ Ուրֆայի մէջ երկու հայ որբերու՝ Լուիզա Նաթանեանի եւ Միսաք Մելքոնեանի  խնամքի ծախսերը: Հետագային ան կ’որդեգրէ այս երկու որբերը եւ կ’ամուսնացնէ զանոնք իրարու հետ: Միսաք կը դառնայ Քարէն Եփփէի լաւագոյն օգնականներէն մէկը մինչեւ իր կեանքին վերջը:

Քարէն Եփփէ Ուրֆա կը հասնի 4 Հոկտեմբեր 1903-ին: Ուրֆա հասնելէ ետք 27 տարեկանին իրեն կը վստահուի 300 հայ որբերու խնամքն ու դաստիա-րակութիւնը Միլլէթ Խանի գերմանական դպրոց-որբանոցին մէջ։ Եփփէ շուտով հայերէն կը սորվի։ Ան ժողովուրդին կողմէ կը ճանչցուի «Միս Եփփէ Մայրիկ» անունով: Հայերէնի կողքին ան կը սորվի արաբերէն, թրքերէն եւ քրտերէն լեզուները:

Քարէն Եփփէ 300 հայ որբերու խնամքի եւ դաստիարակութեան սրբազան գործը կը ստանձնէ եւ իր մանկավարժական մեթոտներով եւ դաստիարակ-չական սկզբունքներով կը նուիրուի որբերուն դաստիարակութեան: Նախ եւ առաջ ան կը զբաղի որբերուն ֆիզիքական առողջութեամբ, եւ ետքը կը զբաղի անոնց մտային եւ հոգեկան դաստիարակութեամբ:

Որբանոցին մէջ որբերը կը դաստիարակուին ապագային ինքնուրոյն կեանք մը ունենալու հեռանկարով: Հոգեպէս կը կազդուրէ Հայ որբերը, կը ներշնչէ անոնց վստահութեան զգացում, որպէսզի հայ համայնքի կենսունակութեան վերականգնման նպաստող տարրերու վերածուէին:

Քարէն Եփփէ կը փորձէ յուսալքութեան, ընկճուածութեան եւ անզօրութեան զգացումներէն ձերբազատել Հայ որբերը: Կ’ամրապնդէ անոնց մէջ կարգապա-հութեան եւ պատասխանատուութեան ոգին:

Որբերուն առօրեայ յայտագիրը կազմուած կ’ըլլայ խաղի եւ աշխատանքի յայտագիրներով: Իւրաքանչիւր որբի յատուկ պարտականութիւններ եւ աշխա-տանքներ կը հայթայթէ, որպէսզի անոնց մէջ զարգանար միտքը, ֆիզիքական ուժը եւ հոգեկան ներաշխարհը: Ան կարեւորութիւն կու տայ երեխաներուն անհատականութեան եւ նախաձեռնութիւններուն անկաշկանդ զարգացման:

Որբանոցին աշակերտները դասի պահուն

Երեխաներուն կրթական յայտագիրը կը հարստացնէ հայոց պատմութեան հերոսապատումներով,  հայերէնի, հայ արժէքներու եւ լեզուի ու գրականու-թեան դասաւանդումով, աշակերտական դասախօսութիւններով, բարձրաձայն ընթերցումներով, գրադարանի գործածութեամբ, հոգեւոր եւ կրօնական դաս-տիարակութեամբ եւ ընդհանուր քրիստոնէական եւ յատուկ Հայ եկեղեցւոյ դաստիակութեամբ ու  համամարդկային արժէքներու եւ բարոյական հասկա-ցողութեան փոխանցումով: Այս բոլորը կ’իրականան  վաստակաւոր ուսուցիչնե-րով եւ քարոզիչներով:

Քարէն Եփփէ կը հաւատայ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ուրոյն դիմագիծին: Ան արգելք կը հանդիսա-նայ առաքելական եկեղեցւոյ պատկանող որբերուն կորզումը դէպի բողոքական եկեղեցի:

Ան կը հիմնէ որբանոցին մէջ արհեստանոցներ եւ ձեռային աշխատանքներու աշխատանոցներ, ուր  բոլոր որբերը կը ծանօթանան զանազան ասպարէզի մասնագիտութեան գիտելիքներուն եւ կը սորվին արհեստներ ու կ’արտադրեն  արուեստի գործեր, որպէսզի ինքնաբաւ դառնան:

Ձեռագործի աշխատանոց

    Իւրաքանչիւր որբուկին համար Եւրոպայի մէջ կը գտնէ  հոգեծնողներ եւ կը ջանայ, որ որբերուն եւ անոնց հոգեծնողներուն միջեւ կապերը ամրապնդուին նամակագրութեամբ: Հոգեծնողները նուէրներ կը ղրկեն ըստ որբերուն նախասիրութեան:

Շատ մը որբեր դաստիարակուելէ եւ զարգանալէ ետք, պատանի կամ երիտասարդ,  կը հեռանան որբանոցէն եւ կը մտնեն կեանքի ասպարէզը պատ-րաստ աշխատելու եւ արտադրելու: Քարէն Եփփէ ամէն միջոցի կը դիմէ, որպէսզի հեռացող տղաքն ու աղջիկները այցելէին որբանոց եւ մնայուն կապի մէջ ըլլային միշտ որբանոցի հետ: Ան հեռացողներուն տեղ շուտով նորեր կ’ընդունի:

Տարիներու ընթացքին որբանոցի հասուն աղջիկներէն եւ տղոցմէ շատեր  կ’ամուսնանան եւ ընտանիք կը կազմեն  Եփփէի ջանքերով եւ միջնորդութեամբ:

1908-ին Քարէն Եփփէ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը, ուր դասախօսու-թիւններ կու տայ հայկական ողբերգութիւններու մասին: Ան շուտով կը հասնի Ուրֆա, ուր կը շարունակէ իր ծառայական գործունէութիւնը: Եփփէ  ջուր եւ սնունդ կը մատակարարէ Ուրֆայէն անցնող  բռնագաղթուող հայերու կարա-ւաններուն։ Չնայած ահաւոր  սպանդին ան  կը շարունակէ աշխատիլ եւ օգնել փախչող հազարաւոր հայերուն՝ անոնց քիւրտի ու արաբի շորեր հագցնելով։

Ուրֆայի հերոսամարտին Եփփէ իր կարելին կ’ընէ  հայերուն սնունդ եւ դեղորայք հասցնելով եւ խնամելով ու մատակարարելով հազարաւոր գաղթականներ եւ որբեր:

Ուրֆայի հերոսամարտի ոչ բաղձալի աւարտէն ետք կը սկսի հայերու աքսորը եւ գաղթականութեան արհաւիրքը:  Տեղի կ’ունենան տուներու խուզարկում-ները: Խուզարկութիւններու ընթացքին թուրքերը կը գրաւեն եւ իրենց հետ կը տանին տասնեակ մը հայ երիտասարդներ, աղջիկներ եւ երեխաներ: Կը խուզարկուի Եփփէի տունը, ուր ապաստանած կ’ըլլայ քահանայ Գարեգին Ոսկերիչեանը:  Եփփէ  ճարպիկութեամբ  կը փախցնէ քահանան  շրջակայ այգիները, սակայն թուրքերը կրկին ու կրկին կը խուզարկեն իր տունը: Ի վերջոյ Տէր Գարեգին իր կնկան հետ անձնասպան կ’ըլլայ, որպէսզի չյանձնուի թուրքերուն: Խուզարկութիւններու ընթացքին կը ձերբակալուի նաեւ Եփփէի որդեգիր աղջիկը՝ Լուիզան, որ մի քանի օր ետք կաշառքով կ’ազատագրուի:  Եփփէի որոշումով իր որդեգրած տղան՝ Միսաք, Եփփէի տան ճաշասենեակին մէջտեղ  փոս-խոռոչ մը  կը փորէ եւ կը ծածկէ տախտակներով եւ գորգով մը ու կը տեղաւորէ սեղան մը գորգին վրայ: Այս խոռոչին մէջ կը պատսպարուին 6 փախստական հայեր: Իսկ Եփփէ իր տան նկուղին մէջ երկու տարի շարունակ կը պատսպարէ բազմաթիւ փախստական երիտասարդ հայեր:

Այդ դժնդակ օրերուն Եփփէ ուժասպառ կ’ըլլայ ծանր աշխատանքէ եւ 30 օր կը կորսնցնէ իր գիտակցութիւնը:  Այդ շրջանին իրեն օգնութեան կը հասնին իր քով ծառայողները եւ զինք կը բուժէ Եագոպ Քինցլէր: Կամաց-կամաց ան կը գտնէ իր գիտակցութիւնը եւ առողջութիւնը: 1917-ի աշնան իր երկու որդեգիր զաւակները կը յանձնէ քիւրտ ընտանիքի մը որպէս ապահով անձեր եւ ինք կը մեկնի Դանիա հիւանդ վիճակով:

Քարէն Եփփէ ապաքինուելէ ետք Դանիոյ մէջ դասախօսութիւններով ու յօդուածներով հանդէս կու գայ հայ ժողովուրդի ապրած ահաւոր եղեռնին շուրջ եւ կ՚աշխատի նիւթական օժանդակութիւններ հաւաքելով Հալէպ հասնիլ հայ խլեակներուն օգտակար ըլլալու համար։ Ան կ՚իմանայ, որ իր որդեգիրները՝ տէր եւ տիկին Միսաք եւ Լուիզա Մելքոնեանները ողջ են ու Հալէպ կը գտնուին եւ շատերու պէս կ՚ուզեն Պոլիս, Եւրոպա կամ Ամերիկա անցնիլ։ 29 օգոստոս 1920 թուակիր իր ձեռքով գրուած հայերէն նամակին մէջ կը գրէ անոնց. «Ես ալ կ՚ըսեմ, թէ Ուրֆա ի՜նչ կորսնցուցած ենք։ Երբ որ Հալէպ գործ մը կրնաք գտնել՝ հոն մնացէք, ես ալ հոն կու գամ, անկէ Հայաստան կ’երթանք, Պոլիս անպիտու տեղ մըն է, վաԶ անցէք»:

Քարէն Եփփէ Ուրֆա իր վերադարձը անհնար գտնելով, 1921-ին Հալէպ կու գայ ու բոլորովին անհատական ճիգերով կը լծուի տարագիր իր սիրելի ժողովուրդին վերապրող խլեակներուն օգտակար դառնալու գործին։ Իրեն զօրավիգ կը կանգնի Հայերու Դանիացի Բարեկամներ Ընկերակցութիւնը։

Ան իր ծառայութիւնները կը սկսի Հալէպի Սիւլէյմանիէի հիւղաւանին մէջ իբրեւ պաշտպան այրի կիներու եւ որբերու։ Հայ այրի կիներու եկամուտի աղբիւր հայթայթելու մտահոգութեամբ Թիլէլ թաղամասին մէջ (հաւանաբար Հոգետու-նին մէջ) կը հաստատէ ասեղնագործութեան աշխատանոց մը, ուր մեծ թիւով կիներ կ՚աշխատին աւելի քան քառորդ դար։ Այս գործին մէջ իրեն զօրավիգ ու գործակից կը դառնայ Լեհ ծագումով ու իր կողմէ որդեգրուած Լիոփոլտ Կաշշիկը (Leopold Gassczyk), որ թղթակցութիւններով Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Նորվեկիոյ, Տանիմարքայի, Հոլանտայի եւ այլ երկիրներու մէջ շուկայ կը պատրաստէ հայ կիներուն ձեռային աշխատանքներուն։

Ուրֆայի ասեղնագործ

Եփփէ կ’աջակցի Ազգերու Լիկայի ջանքերուն՝ Ցեղասպանութեան ընթացքին ստրկութեան ու սեռական շահագործման տարուած հայ կիներուն ու աղջիկ-ներուն փնտռտուքի եւ գտնելու գործին մէջ։ Եւրոպա հաւաքուած գումարներով ան կրնայ  արաբներէն գնել բազմաթիւ կիներ ու երեխաներ։

1922-ին Քարէն Եփփէ կը նշանակուի Ազգերու Լիկայի լիազօր ներկայացուցիչ, զբաղելու համար գաղթական հայերու տեղաւորման հարցերով։ Այս գործին համար պիւտճէ կը տրամադրուի անոր։ Քարէն Եփփէ կը մասնակցի Սուրիոյ հիւսիսը շարք մը բնակավայրերու մէջ հայ գաղթականներ տեղաւորելու ու զանոնք ֆինանսաւորելու գործին, իր գործունէութեան կայաններ դարձնելով Ճարապլուս, Թէլ Ապիատ, Ռաս Իւլ Այն, Թէլ Սիմէն, Ապու Թինա եւ Խրպէթ Ռըզ գիւղերը։ Իր հիմնած ու հայերով բնակեցուցած Թինա գիւղը ամբողջութեամբ կ՚առնէ Հայերու Դանիացի Բարեկամներ Ընկերակցութեան հոգատարութեան տակ եւ անոր վերակացու կը նշանակէ իր որդեգիր զաւակը՝ Միսաք Մելքոն-եանը։

Քարէն Եփփէ հազարաւոր քիլոմեթրներ կը շրջագայի միջագետքեան անապատին մէջ գերութեան մէջ պահուող հայ կիներն ու երեխաները ազատագրելու համար: Այս  աշխատանքին մէջ անփոխարինելի գործ կը կատարէ իր «ֆորտ Աննա»  մակնիշով մեքենան, որ քանի քանի անգամներ վտանգի ենթարկուած է եւ վնասուած է այս առաքելութեան ընթացքին:

Քարէն Եփփէի «ֆորտ Աննա» ինքնաշարժը եւ անապատի որբանոց մը

Ան կը մեկնի Սուրիոյ անապատ՝ Տէր զօր, Հասիչէ եւ մօտակայ շրջանները ու կը կատարէ փրկարար աշխատանք ազատագրելով հազարաւոր հայ գաղ-թական աղջիկներ եւ կը տեղաւորէ զանոնք գաղտնի կեդրոններու մէջ: Հետագային ասոնց կը փոխադրէ Հալէպ:

Քարէն Եփփէ փրկուած հայուհիներուն հետ

Եփփէ կը հանդիպի արաբ գիւղապետի մը՝ Շէյխ Հաճիմ Փաշա,  եւ երկար ու դժուար բանակցութիւնէ ետք անկէ վարձու կ’առնէ  30 ընտանիք կերակրելու համար բաւարար մեծութեամբ գիւղատնտեսական հող մը Եփրատի շրջանի արեւելեան  հողատարածքին մէջ։ Այդ օրերուն իրեն կը միանան Դանիացի երկու օգնականներ՝ Ճէնի Ճէնսըն եւ Քարէն Պժէր, որոնք մեծապէս օգտակար կը հանդիսանան իր որբախնամ գործին:

Սուրիական անապատին մէջ կը հիմնուին իր ջանքերով  եւ Լեփսիուսի միջոցաւ Թել Սամեն, Թել Արմէնի եւ ետքը Շարբ Պետրոս գիւղերը: Կը ստեղ-ծուի գիւղատնտեսական կառոյցներ ուր կը գործեն հայ գաղթականներ: Անապատին մէջ հաւաքուած որբերուն համար փլատակ աւաններու մէջ կը հիմնէ դասարաններ, ուր որբերը կը սորվին հայերէն եւ հայոց պատմութիւն:

Անապատային հայկական դպրոց…

Ռասէլ Այնի մէջ կը հիմնէ փախստականներու վեցերորդ կեդրոնը, ուր կը տեղաւորուին հարիւրաւոր հայ փախստականներ:

Քարէն Եփփէի ամենէն սուրբ գործը կ՚ըլլայ որբեր ու այրի կիներ հաւաքելու արշաւը, որ կը կատարէ շատ յանդուգն քայլեր առնելով ու յաճախ շրջելով գիւղէ գիւղ։ Այդ գործին մէջ իրեն աջակից կը դառնան իր խիզախ որդեգիրը՝ Միսաք Մելքոնեան եւ արաբ ցեղապետեր։

Հազարաւոր այրիներ, որբեր եւ չափահաս մարդիկ կ՚անցնին թրքական սահ-մանը ու կը ներկայանան այս կայաններուն։ Իր քով կը հասնին մեծ թիւով իսլամացած Հայ կիներ եւ աղջիկներ: Իւրաքանչիւր բերուած հայուն համար 10 օսմանեան ոսկի կը վճարէ Քարէն Եփփէ։

Փրկուած իսլամացած հայուհիներ

Քարէն Եփփէ փրկուած հայերը կը տեղաւորէ իր հիմնած գիւղերուն մէջ, փոքրերն ու այրի կիները կ՚առնէ իր անմիջական խնամքին տակ, իսկ ուրիշ-ներու համար կայք կը գտնէ Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանին հետ գոր-ծակցաբար։

Մինչեւ 1929 ընդհանուր փրկուած հայ աղջիկներուն եւ տղոց թիւը կանցնի 1900-ը: Ասոնց մեծ մասը կը գտնեն իրենց հարազատները Հալէպի մէջ:

Քարէն Եփփէ կը փորձէ հաւաքուած երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները ամուսնացնել եւ անապատին մէջ կը կատարէ հաւաքական առաքելական պսակադրութիւն Հայ եկեղեցականներու օրհնութեամբ:

Հաւաքական պսակադրութիւն

Ազգերու Դաշնակցութեան տրամադրած պիւտճէով Քարէն Եփփէ կը պաշտօնականացնէ Հալէպի մէջ հայ որբ-այրիներ եւ անոնց որբերը խնամելու գործը եւ իր հաստատութիւնը կը կոչէ «OEUVRE DE PROTECTION DES FEMMES ET DES ENFANTS» (Կանանց եւ Մանուկներու Պաշտպանութեան Գործ), որ նախ կը գործէ Հալէպի Թիլէլ թաղամասին  մէջ։ 1924-ին իր անունով կը գնէ քաղաքէն դուրս Մէյտան կոչուող վայրը տասը հազար քառ. մեթր տարածութեամբ հողաշերտ մը, ուր 1926-ին եւ 1929-ին կը կառուցէ ինը միայարկ տաղաւարներ 80 սենեակներով եւ հոն կը պատսպարէ իր որբ այրիները իրենց 200 որբերով։

Քարէն Եփփէ սերտ գործակցութեան մէջ կը մնայ հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ազգային իշխանութիւններուն հետ։ Ան յաճախ խորհրդակցական հան-դիպումներ կ՚ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթո-ղիկոս՝ Սահակ Խապայեանի ու Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս Սիւրմէեանի հետ։ Իր գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը կ’ըլլայ հայութեան վերադարձնել իր հաւաքած որբերը՝ անոնց ապահովելով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ու ազգային վարժարանի դաստիարակութիւնը։

Մեծ կ՚ըլլան Քարէն Եփփէի նիւթական եւ բարոյական նպաստները իր Մէյտանի կալուածին հարաւային կողմը գտնուող Ազգային Սահակեան Վարժարանի (1927), Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ (1930) շինութեանց եւ առհասարակ Մէյտանի մէջ հայ գաղթականներուն համար մնայուն բնակութիւն հաստատելու աշխատանքներուն մէջ։ Նորաբնակները շրջանը կը կոչեն «Նոր Գիւղ»։

Սահակ Կաթողիկոս 21 Մարտ 1926 թուակիր իր կոնդակով բարձրօրէն կը գնահատէ Քարէն Եփփէի մարդասիրական մեծ ծառայութիւնները։ Դանիոյ պետութիւնն ալ զինք կը պատուէ Պատուոյ Լէգէոնի Ասպետի Առաջին Կարգի Շքանշանով։ 1928-ին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան Քարէն Եփփէի հայանպաստ գործունէութեան 25 ամեակին առթիւ յոբելինական հաւաք մը կը կազմակերպէ Հալէպի Ազգ. Հայկազեան Մանկապարտէզի սրահին մէջ։

Քարէն Եփփէ ծանրաբեռնուած վիճակի մէջ այլեւս չի կրնար դիմագրաւել ծանր աշխատանք: Ան կը հիւանդանայ մալարիայով եւ կը մահանայ 7 Յուլիս 1935-ին 59 տարեկան հասակին:

Ծնունդով դանիացի բողոքական Քարէն Եփփէ իր կեանքին երկրորդ կէսէն աւելին կ՚ապրի ու կը մեռնի իբրեւ հայ առաքելական։ Իր կտակին համաձայն յուղարկաւորութիւնն ու թաղման ծէսը կը կատարէ հայ առաքելական եկեղեցին՝ Առաջնորդ Արտաւազդ Արքեպիսկոպոսի, եկեղեցական դասուն եւ բազմա-հազար հայորդիներու մասնակցութեամբ։ Առաջնորդը կը փափաքի, որ Քարէն Եփփէ թաղուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ բակին մէջ, որուն «կնքա-հայր»-ներէն մէկը  եղած էր հանգուցեալը։ Տեղական Ֆրանսական իշխանու-թիւնը արգելք կը հանդիսանայ։

Քարէն Եփփէի շիրիմը կը գտնուի Հալէպի հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ։ Իսկ անոր կիսանդրին զետեղուած է Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջաբակին մէջ։

Քարէն Եփփէի տապանաքարը՝ Հալէպի ազգային գերեզմանատան մէջ

 

 

Քարէն Եփփէի որդեգիրը՝ Միսաք որ Քարէն Եփփէի կարեւոր աշխատակիցը եղած էր երկար տարիներ,  կը շարունակէ  Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան տարած-քին հայերը փրկելու սրբազան աշխատանքը նոյնիսկ անոր մահէն ետք: Միսաք կը ստանձնէ «Հայաստանի Դանիացի Բարեկամներ»-ու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործունէութեան վերահսկողութիւնը: Սակայն կազմակերպութիւնը չկարողա-նալով Դանիոյ մէջ հարկ եղած դրամահաւաք կատարել՝ կազմակերպութեան եւ Միսաքի գործունէութիւնները կը դադրին: Կազմակերպութիւնը Համաշխարհա-յին Բ. պատերազմի յաջորդող տարիներուն կը լուծուի եւ Միսաք իր ընտանիքին հետ կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ եւ կը հաստատուի Գալիֆորնիա, ուր կը մահանայ 1978ին:

Քարէն Եփփէի մասին գրուած են  մի քանի գիրքեր դանիացի գրողներու կողմէ:

Այդ գիրքերէն մէկն է՝ «Քարէն Եփփէն եւ հայ ժողովուրդը՝ կեանք մը, կանչ մը», հեղինակութեամբ՝ Քէյթ Ղոյստա (դանիացի գրող), տպագրուած՝ 2013-ի Մա-յիսին դանիերէն լեզուով:

Քարէն Եփփէ իր կեանքի ընթացքին գրած է գիրք մը՝ «Միսաք», որ 2015-ին անգլերէնի թարգմանուած է J. Kauffeldt-ի կողմէ «Misak, An Armenian life» անունով: Գիրքը հիմնականօրէն կը խօսի իր որդեգրած զաւկին՝ Միսաքի մասին:

Դանիացի ժողովուրդը յաւերժացուցած է Եփփէի ծառայական գործունէու-թիւնը  փորագրելով անոր անունը  յիշատակի խոշոր ժայռի մը վրայ եւ զետեղելով այդ ժայռը Քարէն Եփփէի  ծննդավայրին մէջ:

Քարէն Եփփէի մասին գրուած երեք գիրքեր
Նաեւ գիրք մը անգլերէնի թարգմանուած

 

Յիշատակի ժայռը

Իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը նախաձեռնութիւնը կ’առնէ եւ Խաչքար մը կը զետեղէ այս յիշատակի ժայռին մօտ:

Խաչքար՝ ի յիշատակ Քարէն Եփփէի

Քարէն Եփփէի կիսանդրին նաեւ զետեղուած է Երեւանի պետական համալասարանի  մուտքին:

Քարէն Եփփէ իր կեանքը նուիրած է Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան զոհերու փրկութեան գործին: Ան գնահատելի ժառանգութիւն թողած է իր սիրած հայերուն՝ հող, ապրուստ եւ ապագայ, իսկ իր հիմնած գիւղերէն վեցը գոյութիւն ունին  այսօր։ Ան իր մահէն առաջ հայանուէր փրկարար աշխատանքները դրած է ամուր հիմերու վրայ:

Հայ ժողովուրդը զինք կոչած է՝ «Հայ որբերու պահապան հրեշտակը»:

Քարէն Եփփէի կիսանդրին Հայաստանի պետական համալսարանին մուտքին

 

Իր մահէն 12 տարի ետք 1947-ին Հալէպի ազգային առաջնորդարանի եւ առաջնորդին՝ Զարեհ եպիսկոպոս Փայասլեանի ջանքերով Քարէն Եփփէի հիւղաւաններու կալուածին վրայ  կը հիմնուի Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը:

Հայ որբերուն պահապան հրեշտակը

Զարեհ Եպիսկոպոսին խնդրանքին ընդառաջ երթալով Դանիական Բարեսիրական Միութիւնը Հայ ազգին կը նուիրէ 10.000 քառ. մեթր տարա-ծութեամբ մեծարժէք հողը, որուն վրայ այրիանոցի համեստ բնակարաններ կային: Այս կալուածին վրայ կը  հաստատուի Ազգ. Ճեմարանը Քարէն Եփփէ անունով ի գնահատութիւն եւ երախտագիտութիւն մեծ հայասէրին չարչա-րագին ծառայութեանց հանդէպ հայ ժողովուրդին:  Ուստի Հալէպահայութիւնը բախտաւորութիւնը կ’ունենայ ականատես ըլլալու Քարէն Եփփէ ճեմարանի բացման:

Ազգային “Քարէն Եփփէ” ճեմարանը՝ 1947-ին
․․․եւ այսօր

Ճեմարանի բացման հանդիսութեան նախագահած է Սուրիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Զարեհ Եպիսկոպոս Փայասլեան: Ան իր Խօսքին մէջ ըսած է՝ «Այսօր Հալէպի մէջ շատ կան երկրորդական վարժարաններ, անգլիական, Ամերիկեան, ֆրանսական կրթարաններ, սակայն անոնք չեն պատրաստեր ճշմարիտ եւ գիտակից հայ հանրային մարդը,  որուն այնքան պէտք ունի այսօր գաղթահայութիւնը, ազգային իր գոյութիւնը անաղարտ ու ապահով պահելու համար հազար ու մէկ յորձանքներու, փոթորիկներու դէմ: Հայ ծնողներու վրայ կը ծանրանայ պարտականութիւնը գիտակցելու այն անփոխարինելի դերին, զոր կոչուած է կատարելու Հայ երկրորդական վարժարան մը, վաղուան Հայ մայրերն ու հայրերը պատրաստելու համար»:

Զարեհ Եպիսկոպոս կը կատարէ ազգային “Քարէն Եփփէ”  ճեմարանի բացումը

Տարիներ ետք Ճեմարանի հին հիւղահաւանները կը քանդուին եւ կը կառուցուի արդիական ճեմարանը: Ան կը գործէ մինչեւ այսօր:

  Քարէն Եփփէի կիսանդրին զետեղուած է Ճեմարանի շրջաբակին մէջ:

Քարէն Եփփէ ճեմարանի հիմնադրութիւնը դրական արձագանք գտած է հայկական Սփիւռքի զանա-զան գաղթօճախներու մէջ: Սփիւռքի հայութիւնը ու-րախութեամբ ընդունած է Հալէպահայութեան այս մեծ իրագործումը:

Քարէն Եփփէ ճեմարանը  սոսկ դպրոց մը չէ եղած, այլ հայակերտումի եւ մարդակերտումի լուսաւոր կեդրոն մը: Ան եղած է ազգային ոգին մարմնաւորող կրթամշակութային միջնաբերդ մը: Հոն հայ աշակերտին փոխանցուած է  ազգային դաստիարակութիւն, եւ համապարբակ ուսում եւ կրթութիւն:

Ճեմարանը Սփիւռքահայութեան իրականութեան մէջ ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ բախտորոշ եւ վաւերական ներկայութիւն եւ մեծ դերակա-տարութիւն ազգապահպանման սրբազան գործին մէջ:

Ճեմարանը տուած է հազարաւոր շրջանաւարտներ, որոնք այսօր կը գտնուին Սուրիոյ եւ սփիւռքի զանազան հայահոծ կեդրոններու մէջ եւ կը գործեն հանրային, կրթական, եւ մշակութային ու այլ բնագաւառներու մէջ: Անոնք մեծ ներդրում ունեցած են  հայապահպանման սրբազան գործին մէջ: Ճեմարանը տուած է սփիւռքին բազմահազար ուսուցիչներ, մտաւորականներ, նշանաւոր ազգային գործիչներ եւ հրապարակագիրներ:

Քարէն եփփէ ճեմարանը հիմնադրութենէն մինչեւ օրս արժանացած է Սուրիոյ Հայոց Թեմին ազգային Առաջնորդարանին եւ իրարայաջորդ Ազգային Իշ-խանութիւններուն ամբողջական հոգատարութեան եւ նիւթական ու բարո-յական օժանդակութեան: Հալէպահայութիւնը միշտ նեցուկ կանգնած է Ճեմարանի գոյութեան, յարատեւութեան, վերելքին եւ բարգաւաճումին՝ հաւատալով նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան անոր անժխտելի դերակատարութեան:

Փառք ու պատիւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին:

Յաւերժ խաղաղութիւն Հայ որբերու պահապան հրեշտակ՝ Քարէն Եփփէի հոգիին:

Օգտագործուած աղբիւրներ՝

  1. Հայրունի, Աշոտ Ն., Վէմ համահայկական հանդէս, Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր 2017 եւ Յունուար-Մարտ 2018, Երեւան.
  2. Հայկական ուսումնասիրութիւնների Անի կեդրոն, Քարէն Եփփէ՝ նրա ջանքերով գերութիւնից ու ստրկութիւնից փրկել է 2000 Հայ կին, Երեւան.
  3. Ռատիօ Վատիկան, հայերէն հաղորդում, Քարէն Եփփէն եւ հայ որբուկները, 13 Յունիս 2019.
  4. 4. Karen Jeppe Վիքեբետիա հանրագիտարան.
  5. 5. Jeppe, Karen, Misak, An Armenian life, (Gomidas Inst. 2015), translated, edited and introduced by J. Kauffeldt.
  6. 6. Garivo network, Karen Jeppe, a righteous woman for the Armenians.
  7. Eva Lous, The Danish peace academy, Karen Jeppe, Denmark’s first peace philosopher, 2003.
  8. UWC, Dilijan College, Karen Jeppe, Danish missionary and social worker.
  9. 9. Matthias Bjenlund, Karen Jeppe, AAGE Meyer Bene-dictsen and the Ottoman Armenians, National survival in imperial and colonial settings, Danish institute for study abroad, January 2008.

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles